1975-ի աշնան ծնողքս զիս ուղարկեց Պէյրութ` իբրեւ գիշերօթիկի աշակերտ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի, աւարտելէ ետք Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց վարժարանը (այդ օրերուն նախակրթարան, այժմ` երկրորդական Ճեմարան): Այնտեղ հետս վերցուցած ու տարած էի ծնողացս ու իմ ուսման պապակս, իսկ Ճեմարան այդ ծարաւը յագեցնելու յորդառատ աղբիւրն էր:
Ն. Փալանճեան ճեմարանը, իր դասարան ու դասապահներէն զատ ունէր մեծ գրադարան-մատենադարանը, որուն պատասխանատուներն էին օրդ. Բրաբիոնը (մականունը չեմ յիշեր) ու հանգուցեալ ընկ. Սերժ Թովմասեանը:
Ճեմարանի գրադարանը երբ կը մտաբերեմ, աչքիս առջեւ կ՛երեւին այնտեղի հսկայ երկու սեղանները, որուն վրայ փռուած կ՛ըլլային «Ազդակ» օրաթերթի օրուան երկու օրինակներ:
Զբօսանքներուն, կէսօրուան դադարին «Ազդակ»-ի երկու թիւերը իրար ձեռքէ կը խլէինք, ինչ որ ստիպեց օրդ. Բրաբիոնը, որ անոնց թիւը չորսի բարձրացնէ:
Երկուշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը թերթը ձեռքէ ձեռք խլողներուն թիւը աւելի բարձր կ՛ըլլար, որովհետեւ անոր մարզական էջը մշակուած կ՛ըլլար Յ. Գալփագեանին կողմէ:
Դասապահներէս ետք «Ազդակ»-ը ինծի համար դարձաւ հոգեկան սնունդ, բժշկական լեզուով` «սնունդի լրացուցիչ, (dietary supplement):
Անկուշտօրէն կը լափէի քաղաքական, ազգային, գրական, մշակութային… եւ այլն… գրութիւններ, մինչեւ իսկ նուիրատուութիւններն ու մահազդները…
Այսօր, 45 եւ աւելի տարիներ ետք, յօդուածագիրներէն միայն կը յիշեմ (ափսոս), Նուպար Չարխուտեանը եւ իր «Խաւարի ասպետներ»-ու շարքը, իմ համագիւղացիս` Գէորգ Աբէլեանը, «Ձիւնական»-ը եւ անոր նշմարները…
Քաղաքական լուրերէն կը յիշեմ թրքական ուժերու Կիպրոս ներխուժումը, մանաւանդ իր նախնիներու ծիները ժառանգած թուրք զինուորի մը նկարը, որ տան մը պատուհանէն վար կը սահէր` ձեռքին շալկած աւարած գուլպաներու տրցակ մը: Կը յիշեմ Քամպոտիոյ պատերազմի սահմռկեցուցիչ նկարները:
Այդ օրերուն «Ազդակ»-ը կը գործակցէր «ԱՖՓ»-ի, «Ռոյթըրզ»-ի եւ «Այ. Փի.» լրատուամիջոցներուն հետ:
1975-ին սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, երբ աղուամազ պատանի, նորագիր էի ԼԵՄ-ի շարքերուն:
Մեզի` ԼԵՄ-ականներուս, ԶՈՄ-ականներուն եւ այլ ընկերներու վիճակուեցաւ հերթով պահակութիւն կատարել Ն. Փալանճեան ճեմարանի դիմացը գտնուող Համազգային ակումբին, Ս. Նշան` Խանամիրեան վարժարանին, ՀՄԸՄ-ի ակումբին, Արա Երեւանեան ակումբին ու անոր դիմաց գտնուող «Ազդակ»-ի խմբագրատան:
Հոն քանիցս հանդիպած եմ ընկ. Վարանդ Փափազեանին, որ խմբագրապետն էր «Ազդակ»-ին:
Պատերազմական նորաստեղծ իրավիճակին մէջ «Ազդակ»-ը կանգ չառաւ լոյս տեսնելէ. մենք` զրկուած դպրոցի դասապահներէն, «Ազդակ»-ը շարունակեց «սնունդ» ջամբել մեզի:
1975-ի ամառը լքեցի Լիբանանը ու վերադարձայ Սուրիա:
«Ազդակ»-ը հասաւ ետեւէս Սուրիա: Ճշգրիտ տարեթիւը չեմ յիշեր, 1977 թէ 1978, երբ սուրիական պետութիւնը ի շարս կարգ մը լիբանանեան պարբերականներուն, «Ազդակ»-ին ալ արտօնեց մուտք գործել ու ցրուել Սուրիոյ մէջ:
Այդ «աւետիսը» երբ լսեցի, կը գտնուէի Հալէպի «Թիլելի» պատմական ակումբը: Անմիջապէս սլացայ Ճորճ Ստամպուլիին գրատունը, որ սկսած էր վաճառել օրաթերթը:
Թերթը` «Ազդակ»-ը, Դամասկոսի ճամբով երեկոյեան կը հասնէր Հալէպ, հանգուցեալ ընկ. Զաւէն Սապունճեանին գրախանութը (Օմար Խայամ):
«Ազդակ»-ի տարիներու գլխաւոր ցրուիչը ընկեր Օննիկ Տէր Յովհաննէսեանն էր. մեր ամմօ Օննիկը:
Արեւշատ օր մը Հալէպը լքելով, եկայ հաստատուելու ծննդավայրս` Քեսապ: «Ազդակ»-ը դարձեալ հասաւ ետեւէս, հոն ունեցաւ մօտ 50 բաժանորդ:
Թէեւ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը եւս կը հասնէր Քեսապ, սակայն «Ազդակ»-ին համն ու հոտը տարբեր էր:
Օրուան ցրուիչը (այժմ հանգուցեալ) չէր կամենար չծախուած թիւերը վերադարձնել Հալէպ ու գտած էր լուծումը. այսպէս, օրինակ` օգոստոս 1-ի թիւին կցելով եւս 1 թիւը, զայն կը վերածէր օգոստոս 11-ի, թէկուզ ընթերցողը կամ գնողը անդրադառնար, որ ինք ծանօթ էր 10 օրեր ետք ընթերցած լուրերուն ու գրութիւններուն, նոյնիսկ մահազդներուն…
Սուրիոյ այսօրուան 10-ամեայ տագնապին սկիզբը «Ազդակ»-ը չկրցաւ այլեւս Սուրիա հասնիլ:
Սակայն շուտով ունեցաւ իր ելեկտրոնային տարբերակը:
Ու ցայսօր ան կը շարունակէ սպրդիլ, այլ հաստատակամ մուտք գործել տուներէն, սրտերէն ու մտքերէն ներս:
Քանատայէն կնքահայրս` Զաւէն Ինճեճիկեանը (այնտեղի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին առաջին խմբագիրն ու զերօ թիւի հրատարակիչը), գրութիւններս կ՛ընթերցէ «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային էջէն ու ինծի կը յղէ իր մեկնաբանութիւնները:
Սուրիա-Լիբանան երթեւեկութիւնը կասեցուեցաւ «Քորոնա»¬ի, Պէյրութի նաւահանգիստի ծանօթ պայթումին, թէ տնտեսաքաղաքական տագնապին պատճառով: Երբ այդ արգելքը չկար, յաճախ հնարաւորութիւն կ՛ունենայի Պէյրութ այցելելու: Վերադարձին, հետս անպայման կ՛ունենայի «Ազդակ»-ի շահեկան ու իմ գրութիւններս պարունակող թիւեր, զորս ինծի կը վերապահէին պէյրութաբնակ մօրաքոյրս ու քոյրս: Իսկ «Ազդակ»-ի բացառիկներէն օրինակներ կը ստանայի «Ազդակ»-ի խմբագրապետէն կամ գլխաւոր խմբագիրէն: Ու այսպէս լիցքաւորուած կը վերադառնայի Քեսապ:
Հիմա, որ «Ազդակ»-ը թեւակոխած է իր 95-ամեակը, տպագիր թէ ելեկտրոնային տարբերակներով, կը շարունակէ, մտքի, թէ հոգիի սնունդ ջամբել իր սիրելիներուն, զինք սիրողներուն` մինչեւ ամերիկեան-աւստրալական հեռաւոր ափեր:
Ու մնալով հայկական թէ դաշնակցական մամուլի գլխաւորը, ան ինքնավստահ կը դիմէ դէպի իր 100-ամեակը` անկէ անդին անցնելու հաստատակամութեամբ:
Ինծի համար «Ազդակ»-ը կը մնայ այն լայն պատուհանը, ուրկէ կը տեսնեմ հայաշխարհը եւ կը փորձեմ նոյն պատուհանէն ընթերցողներուն ցոյց տալ հայկական Քեսապը:
Անմահութիւն ու անշէջ երթ կը մաղթեմ «Ազդակ»-ին:
Քեսապ



