Յօդուածներ

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Հասարակական-Քաղաքական  Գործիչ Եւ Գրող Ալվարդ Պետրոսեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Հասարակական-Քաղաքական Գործիչ Եւ Գրող Ալվարդ Պետրոսեան

Երէկ` 10 մարտ 2022-ին իր մահկանացուն կնքեց գրող, արձակագիր, հրապարակախօս, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ շքանշանակիր, ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ Ալվարդ Պետրոսեանը: Ալվարդ Պետրոսեան ծնած է 4 հոկտեմբեր 1946-ին, Երեւան: Շիրվանզադէի անուան դպրոցը աւարտելէ ետք, 1968-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: 1969-էն 1975-ին աշխատած է Պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէին մէջ իբրեւ խմբագիր: 1975-էն 1979-ին...

4 Մեթր Քառակուսի

4 Մեթր Քառակուսի

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Այսպէս անուանած էին ծրագիրը եւ այսքանով սահմանած այն տարածքը, ուր պիտի իրականացուէր ան` ամբողջ բեմի տարածքէն միայն 4 մեթր քառակուսին օգտագործելով: Ընդհանուր 26 ներկայացումներէ թիւով միայն 3-ը հասան հանդիսատեսիս: Անոնք էին «Սպասելով Նոյին», «Կարծես Կ՛ապրինք» եւ «Ես»-ը: Մասնակիցները իրենց ներկայացումներուն մէջ պէտք էր ներառէին «Քորոնա» համաճարակը, Պէյրութի նաւահանգիստի օգոստոս 4-ի պայթումը, Լիբանանի ժողովրդային շարժումը եւ ներկայացումը կատարէին միայն...

Յաջողած Եւ Բարեգործ Գաղթականներ

Յաջողած Եւ Բարեգործ Գաղթականներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ   Հակամարտութիւնները, պատերազմները, քաղաքական հալածանքները, տնտեսական տագնապները, նոյնպէս ոմանց ընչաքաղցութիւնը համաշխարհային գաղթի պատճառներէն են: Անշուշտ գաղթականները զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն. բոլորը չէ, որ կը յաջողին, կամ իրենց երազները իրականացած կը գտնեն: Սակայն ոմանք` յաղթահարելով ամէն տեսակի անպատեհութիւնները, բարեկեցիկ կեանք կ՛ունենան, եւ ամէնէն կարեւորը` չեն մոռնար իրենց կրած տառապանքը եւ կը փորձեն օգտակար ըլլալ այլոց: Հեղինակաւոր «Ֆորպս» կայքի հրապարակած...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (38) Սուրբ Զատիկին Տիրայր եպս. Փանոսեան կը պատարագէ  Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ երեք քարոզ կու տայ: Ան առաջին քարոզը կու տայ «Հայր մեր»-էն առաջ, քարոզի սովորական տեղը: Երկրորդը` սուրբ հաղորդութիւնը բաշխելէն ետք: Երրորդը` վերջին աւետարանը կարդալէն առաջ: Ինչո՞ւ: Ինքն է պատմողը եւ լուսաբանողը. «Գիտես: Հալէպի ժողովուրդին հաւատքը նկարագրելու պէտք չունիմ: Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն է կանուխ...

Դուն Հոն Չես Այլեւս (Մելքոն Տէմիրճեանի Պայծառ Յիշատակին)

Դուն Հոն Չես Այլեւս (Մելքոն Տէմիրճեանի Պայծառ Յիշատակին)

ԹԱՄԱՐ Ս. Բնաւ չեմ սիրած մահագրութիւնները, կամ մահուան պարագաներուն պատուիրուած չոր ու ցամաք գրութիւնները. կարծես ստիպուած ես մեռնող մարդուն մասին անպայման լաւ բաներ գրել` ամօթ համարելով հարազատներուն եւ սիրելիներուն առջեւ հանգուցեալին  թերութիւններուն կամ սխալներուն մասին խօսիլ, իրենց խոցուած սիրտն ու զգացումները չվիրաւորելու նկատառութեամբ: Եւ, ի վերջոյ, մէկու մը տկար կողմերուն կամ սխալ ընթացքին մասին խօսիլը համարձակութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ դամբանականներուն...

Պարոն Յակոբը

Պարոն Յակոբը

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն բուրդէ գլխարկը` գլխուն, կամուրջի նմանող լսողական գործիքը` ականջներուն, պարոն Յակոբը այսպէս խօսեցաւ առաջին անգամ «Զում»-ի պաստառէն, երբ իրարու հանդիպեցանք: - Հայերէն կը խօսիմ, կը կարդամ, բայց գրաւոր հայերէնս կ՛ուզեմ բարելաւել: Կ՛ուզեմ հայ գրագէտներու գործերուն ծանօթանալ: Ամէն երկուշաբթի ժամը եօթնին էր մեր ժամադրութիւնը: Այդ ժամանակ պրն. Յակոբ եօթանասունութ տարեկան էր: Ժրաջան «աշակերտ»` իւրաքանչիւր դասէ ետք` «լա՛ւ....

Կիներու Միջազգային Օրուան  Եւ Ուսուցչաց Տօնին  Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի  Համացանցային Գրառումները

Կիներու Միջազգային Օրուան Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումները

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառումներ, որոնք կը վերաբերին Կիներու միջազգային օրուան եւ Ուսուցչաց տօնին: Առաջին առիթին վերաբերող գրառումին մէջ երեսփոխան Բագրատունի կը նշէ. «Կինը հասարակութեան կէսը չի կազմեր, այլ անոր հիմքը: Հայրենասիրութեան անոր դաստիարակութիւնը կը կերտէ պարկեշտ քաղաքացին, իսկ անոր մարմնաւորած դիմադրութիւնը կը կերտէ տոկացող ժողովուրդ մը: Կիներու...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. Շրջանցել Ներկայ Ամբոխավարական Ժամանակաշրջանը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ «Պատմութիւնը մեզ ոչինչ է սովորեցրել, մենք մեր պոռոտախօսութեան զոհը պիտի դառնանք»: ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ 2016-ը մարդկային-հասարակական պատմութեան էջերուն մէջ պիտի յատկանշուի մէկ կէտով` ամբոխավարական քաղաքականութեան վերելքով (որուն հետեւանքները դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ իսկ օրս): Յիշեալ թուականին Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն աջակողմեան-ամբոխավար թեկնածու Տոնալտ Թրամփի յաղթանակը իրեն հետ համաշխարհայնօրէն վերաշխուժացուց ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները, որոնք կ՛օգտագործեն նոյնինքն իրենց ամերիկացի գաղափարակիցին (Թրամփի) ռազմավարութիւնը,...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Սրբոց Վարդանանց Տօնի Յիշատակում - Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 25 փետրուարին, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային-կրօնական կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող, Աւարայրի դաշտին վրայ նահատակուած Վարդանանց սուրբերուն յիշատակութեան, որ եկաւ ճակատագրական վճիռը տալու հայ ժողովուրդի անկախ եւ քրիստոնավայել...

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին ի նպաստ 13 մարտ 2022-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունենալիք բարեսիրական համերգին ելոյթ պիտի ունենայ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը, որուն հետ այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց: «ԱԶԴԱԿ».- Ձեր երկրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, ուր կայ մեծաթիւ գաղութ մը: Ի՞նչ են ձեր զգացումներն ու մտածումները: ՍԻՊԻԼ.- Իրականութեան մէջ իմ երրորդ այցելութիւնս...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Կարօտի Նամակ` Դաստիարակ-Ուսուցիչներուս (9 Մարտ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ    Ո՛չ, շփոթ չկայ մեր մտքին մէջ, երբ կ՛արտասանենք վերոյիշեալ երկու բառերը: Աւելի՛ն. միտում ալ չունինք, այսպէս ըսած, դասակարգելու կամ պիտակաւորելու այն տիպարները, որոնք մեր կեանքին ուղղութիւն են տուած, մեր միտքը հարստացուցած, հոգին ազնուացուցած եւ օր մըն ալ հեռացած են այս աշխարհէն, գեղեցիկ յուշեր եւ անմոռանալի յիշատակներ թողնելով մեզի`  աշակերտներուս, ուսանողներուս եւ ողջ շրջապատի մը առհասարակ: Այլապէս ալ խօսքը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ-ի Մարտիկ, Արցախեան Նահատակ Յակոբ Ռոստոմեանի Նուիրուած «Ռոստ» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ներկայացումը Փետրուարի 25-ին, «Մոսկուա» թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի մարտիկ, 2020 թուականի արցախեան ազատամարտի նահատակ Յակոբ Ռոստոմեանի նուիրուած «Ռոստ» ժապաւէնի անդրանիկ ներկայացումը: Ժապաւէնը համալրեց «Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարը, որուն բեմադրիչն է Սամուէլ Թադէոսեանը: «Յակոբ Ռոստոմեան քաջարի մարդու տեսակ էր, որ մեծցած էր հայրենասիւն ընտանիքի եւ հայրենատէր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան  Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Եւ Երեւանի Բնակիչներուն Դիմադրութիւնը Եւ Պարսկական Բանակին Յառաջխաղացքը Դէպի Գանձակ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Եւ Երեւանի Բնակիչներուն Դիմադրութիւնը Եւ Պարսկական Բանակին Յառաջխաղացքը Դէպի Գանձակ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշի Պարսկաստանի տիրակալ Աղա Մոհամէտ խան Ղաջար 1795-ի օգոստոսին պաշարած էր Շուշին, եւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան ու անոր միացած հայեր, Վարանդայի մելիք Ջումշուդի, Գիւլիստանի մելիք Աբովի եւ Դիզակի մելիք Աբասի գլխաւորութեամբ, կը պաշտպանէին բերդաքաղաքը: Աղա Մոհամէտ խան կատարեալ անյաջողութեան մատնուեցաւ: Շուշիի բերդին մէջ ամրացած Իպրահիմ Խալիլ խան, մելիք Ջումշուդ, մելիք Աբով եւ մելիք Աբաս կատաղի դիմադրութիւն ցոյց...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Արտասանուած Խօսք` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Արտասանուած Խօսք` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ

Յարգելի’ ընկերուհիներ Ճիշդ է, որ 8 մարտին կը զուգադիպի Կիներու միջազգային օրը, սակայն անիկա, իմ համոզումովս, տկար խորհրդանիշ մըն է։ Խորհրդանիշ մը, որ միայն այդ օրուան ընթացքին աշխարհը կը փորձէ զբաղեցնել կնոջ կարեւորութեամբ, կնոջ իրաւունքներով եւ կնոջ դերակատարութեամբ։ Անցաւ 8 մարտը։ Վե՞րջ։ Հաստատ ոչ սիրելիներ։ Կինը օրական դրութեամբ պէտք է արժեւորել եւ կարեւորել, որովհետեւ ան օրական դրութեամբ նուաճումներ կը գործէ...

Ողջո՛յն` Լիբանանահայ Կրթական Մշակներուն

Ողջո՛յն` Լիբանանահայ Կրթական Մշակներուն

Մեր օրերու տաղտուկն ու մտահոգութիւնները մեր յիշողութենէն չեն ջնջած «Ուսուցչաց տօն»-ը, եւ մենք չենք մոռցած լիբանանահայ մեր վարժարանները, որոնք անկասկած պէտք է կանգուն մնան, որպէսզի իբրեւ ազգային դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն կանգուն մնանք մենք եւ գալիքին համար ալ ստեղծենք նոր վաստակ: Ուստի, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը իրենց գոյութեան ծանրագոյն պահերը կ՛ապրին, Ուսուցչաց տօնին առիթով մենք  սիրով ու յարգանքով կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր...

«Մենք Լիբանան Չենք Եկած Գնահատանք Կամ Շնորհակալութիւն Ստանալու, Այլ Եկած Ենք Միայն Ծառայելու»  Հաստատեց Պերճ Աբգարեան

«Մենք Լիբանան Չենք Եկած Գնահատանք Կամ Շնորհակալութիւն Ստանալու, Այլ Եկած Ենք Միայն Ծառայելու» Հաստատեց Պերճ Աբգարեան

Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, կիրակի, 6 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Մայրիկ» ճաշարանին մէջ ունեցան ծանօթացման ընթրիք մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայ աւետարանական համայնքին կողմէ` վեր. Հրայր Չոլաքեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան...

Ֆրեզնոյէն Հայ Բժիշկներու Առաքելութիւնը Լիբանանի Մէջ

Ֆրեզնոյէն Հայ Բժիշկներու Առաքելութիւնը Լիբանանի Մէջ

ԱՐԱ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ Գարնան սկիզբն ենք, նաեւ յոյսի մը սկիզբը` մեր լիբանանահայ ազգակիցներուն: Քանի մը օրեր առաջ, կէս գիշերը անց, Պէյրութի «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը  հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիպատոս Պերճ Աբգարեանի հետ: Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Լիբանանի մէջ իրականացուելիք բժշկական առաքելութեան մը մասին: Արդարեւ, Ֆրեզնոյէն խումբ մը բժիշկներ Պէյրութ հասան արդէն իրենց հետ տանելով մօտաւորապէս երեսուն պայուսակներ, գլխաւորաբար...

Քեսապի Տային

Քեսապի Տային

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քեսապի Տայիի` Ովսիա Սաղտըճեանի հարազատները գեղեցիկ գաղափարը ունեցան առանձին գիրքով մը անմահացնելու ժողովրդական հերոսի դիւցազնական յիշատակը եւ պատմութեան յանձնելու անոր փառապանծ սխրագործութիւններէն յատկանշական պատկերներ: Տայի, բուն անունով` Ովսիա Սաղտըճեան, ծնած է 1887-ին, Քեսապի Գալատուրան գիւղին մէջ: Գալատուրան, Կասիոս լերան հարաւային լանջին փռուած Քեսապ աւանէն արեւմուտք, ինը քիլոմեթր երկարութեամբ եւ կասլիի (դափնիի) անտառախիտ լեռներով շրջապատուած նեղ հովիտ մըն է,...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Վերլուծում Եւ Կարծիք. Ի՞նչ Կրնայ Ֆլորէնս Նայթինկէյլ Մեզի Սորվեցնել Ճարտարապետութեան Եւ Առողջութեան Մասին - Ինչպէ՞ս Կառավարել Պատերազմի Մտահոգութիւնը Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ  Վերլուծում Եւ Կարծիք Ի՞նչ Կրնայ Ֆլորէնս Նայթինկէյլ Մեզի Սորվեցնել Ճարտարապետութեան Եւ Առողջութեան Մասին Ֆլորենս Նայթինկէյլ (19-րդ դարու հիւանդապահուհին եւ հանրային առողջութեան հետազօտողը գիտէր լոյսին դերակատարութեան մասին` հիւանդութիւններու դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման մէջ) 19-րդ դարու վերջը Ֆլորէնս Նայթինկէյլ յեղափոխութիւն ըրաւ...

Սթափելու Ժամանակը

Ուքրանական Պատերազմի Հետքերով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այս օրերուն բոլոր հայեացքները ուղղուած են դէպի Ուքրանիա: Ամիսներ տեւող ահազանգիչ յայտարարութիւններէ, զգուշացումներէ եւ սպառնալիքներէ ետք, Արեւմուտքը սկսաւ զանգուածաբար զինել Ուքրանիան, զայն մղելով գործողութեան` ազատագրելու համար անջատուած ռուսամէտ երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւնները: Այս հողամասերը, Ուքրանիոյ միացնելու գործողութիւնը հազիւ սկսած, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ երկու հանրապետութիւններու անկախութիւնը, անոնց հետ կնքեց բարեկամութեան դաշնագիր, ապա, անոնց խնդրանքին ընդառաջելով` սկսաւ զինուորական յարձակման: Կանխաւ...

Page 357 of 1112 1 … 356 357 358 … 1,112

Արխիւներ