Հեղինակ` ԳԷՈՐԳ ԿԱԼԼՈՇԵԱՆ
Այսօր Հայաստանն ու համայն հայութիւնը թեւակոխած են պատմաքաղաքական այնպիսի փուլ մը, որ կը պարտադրէ համահայկական անյետաձգելի հակապայքար կանխարգիլելու համար օրէ օր ծաւալող փանթրքութեան դրսեւորման վտանգը: Մէկ կողմէ, հայկական ինքնութեան պահպանումը խաթարող այս ալիքին դէմ պայքարը, միւս կողմէ հանրութիւնը այս բոլորին իրազեկ դարձնելու մարտահրաւէրը կը պահանջեն քաղաքականօրէն առողջ հասարակութեան մը վերազարթնումը` իր մտաւորականութեամբ եւ մասնագէտներով, կազմակերպելու համար պահանջատիրական մեր պայքարի նոր փուլը:
Ermenihaber.am լրատուական կայքին կողմէ թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական կազմակերպութեան քաղաքական թեւի` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ-MHP) անդամ Հասան Օքթային հետ 15 փետրուար 2022-ին կատարուած եւ ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածուած հարցազրոյցը (*) օրինակ մըն է Օսմանական կայսրութեան վերջին տասնամեակի ղեկավարող կուսակցութեան (Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն) գաղափարախօսութեան ժառանգորդ` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քաղաքականութեան ու սփիւռք-Հայաստան բաժանման թեր թէզի պաշտպանութեան: Անիկա նաեւ փորձ մըն է ջլատելու որոշ զանգուած մը հայկական ինքնութենէ ու զայն դարձնելու Թուրքիոյ բարեկամներ. մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնք կը պահանջեն ազգովին յաւելեալ զգաստութիւն` թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ ալ սփիւռքի մէջ` ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու, այդ գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուելու եւ տեղեկատուական պատերազմին մէջ հմտօրէն սպառազինուելու իմաստով:
Միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող նման նիւթեր հարկ է հայթայթել հանրութեան, ստեղծելու համար հանրային առողջ կարծիք մը, որ ատակ է արդարօրէն դատելու այս բոլորին վտանգաւոր հետեւանքները` աշխարհաքաղաքական, անվտանգային, տնտեսական, հոգեւոր ու մշակութային ոլորտներուն վրայ եւ արդիւնաւէտ միջոցներով հակազդելու` յանուն հայութեան շահերու պաշտպանութեան: Բոլոր սերունդներուն մօտ վառ պէտք է պահել ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի տեսլականը:
ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբ
Թուրք Ազգայնական Գործիչը` Հայ-Թրքական
Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Մասին
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն նշանակմամբ սկսած հայ-թրքական երկխօսութեան գործընթացը բազմակողմանիօրէն ներկայացնելու համար, Ermenihaber.am-ը նախաձեռնած է հարցազրոյցներու շարքի մը` Թուրքիոյ ու Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու հետ:
Հայ եւ թուրք ընթերցողներուն կը յանձնենք յիշեալ գործիչներուն տարասեռ տեսակէտները` հայ-թրքական կապերու կարգաւորման վերաբերեալ:
Այս անգամ, հարցեր ուղղած ենք թրքական «Գորշ գայլեր» (թրքերէն` Bozkurtlar) ծայրայեղական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը համարուող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ-MHP) անդամ Հասան Օքթային: Ան մնայուն կերպով կը հետեւի հայաստանեան իրադարձութիւններուն եւ վերլուծումներ կը կատարէ հայ-թրքական նիւթերու մասին:
Համառօտ կենսագրական
Դոկտոր Հասան Օքթայ աւարտած է Պոլսոյ համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը: Դասախօսած է Վանի «Եիւզիւնճիւ եըլ» համալսարանին մէջ:
2002-2005 թուականներուն ղեկավարած է Հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնը, որ «Եւրասիա» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղն էր:
2004-ին այցելած է Հայաստան եւ հանդիպում ունեցած շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Աշխատած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ:
2009-ին հիմնած է «Կովկասեան ռազմավարական վերլուծութիւններու կեդրոն»-ը (KAFKASSAM) եւ ներկայիս անոր նախագահն է:
Նախապէս եղած է Ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդի կազմին մէջ:
Հ.- Թուրքիոյ մէջ տարբեր քաղաքական ուժեր տարբեր դիրքորոշումներ ունին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Ձեր կուսակցութեան դիրքորոշումը ինչո՞վ կը տարբերի միւս ուժերու դիրքորոշումներէն:
Պ.- Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ այլ քաղաքական ուժերուն եւ կուսակցութիւններուն, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան դիրքորոշումը` Հայկական հարցին, հայերուն եւ Հայաստանին նկատմամբ, բաւական պարզ ու յստակ է: ԱՇԿ-ն երկիմաստ վարքագիծ չի դրսեւորեր, հայերը չի հեռացներ: Կը կարեւորէ քաղաքացիական կապը ու անոր համապատասխան քաղաքականութեան իրականացումը: Այստեղ ամէնէն կարեւոր չափորոշիչը պարզութիւնն է եւ քաղաքացիական իրաւունքը: Որքան ալ ընդդիմադիրները փորձեն սեւցնել եւ այլակերպել միեւնոյն է կուսակցութեան հիմնադիր Ալփարսլան Թուրքէշը, այն թեմաները, որոնց շուրջ կը խօսէր ան Հայաստանի հիմնադիր նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին հետ, այսօր չկան օրակարգի վրայ: Թուրքէշը խնդրի լուծման համար կարելին կ՛ընէր: Հակառակ անոր որ իշխանութեան ղեկին չէր եւ շարունակաբար իր հակառակորդներուն կողմէ կը մեղադրուէր ազգայնամոլութեամբ, անոր հիմնադրած կուսակցութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը իսկապէս կամեցող, գուցէ եւ միակ քաղաքական ուժն էր: Այս խնդրին շուրջ Տէր Պետրոսեանի ու Թուրքէշի հանդիպումները եւ այդ օրերուն տեղի ունեցող գործընթացները Ժան Տիւնտարի կողմէ հրապարակուած են մամուլին մէջ. կը կրկնեմ, նոյնիսկ բոլոր դրական զարգացումները հաշուի առնելով հանդերձ, այդ բոլորը այսօր տեղի չեն ունենար:
ԱՇԿ-ն Հայաստանը կ՛ընկալէ որպէս անկախ պետութիւն եւ դրացիական յարաբերութիւններուն կը նայի բարի դրացնութեան տեսանկիւնէն: Ակնկալիք ունի, որ Հայաստան տարածաշրջանային խաղաղութեան համար իր լուման ներդրէ, եւ ԱՇԿ-ն ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի քայլերուն: Անձամբ ես շատ այցելած եմ Հայաստան: Բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու ու հիմնադրամներու հետ ունեցած եմ հանդիպումներ:
Թուրքիոյ մէջ մեր kafkassam.com կայքը հայերէն նիւթեր կը հրապարակէ: Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ռազմավարական հետազօտութիւններու այս կեդրոնը Պոլսոյ հայ համայնքի կայքերէն եւ հրատարակութիւններէն զատ հայերէն նիւթեր հրապարակող առաջին եւ միակ կայքն է: Բացի ատկէ, ԱՇԿ-ի հետ սերտ կապերով յայտնի «Պետութիւն» ամսագրի «Հայաստանը, Հայկական հարցը եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը» յօդուածին մէջ մանրամասն անդրադարձ կատարուած է բոլոր այս նիւթերուն: Եւ եթէ մեր ըսածները հաշուի առնուէին, հիմա խաղաղութիւն հաստատուած կ՛ըլլար` առանց 44-օրեայ պատերազմին եւ երկու կողմերուն տուած զոհերուն:
Հ.- Նախապէս, ինչպէս գիտենք, եղած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու կարգաւորելու փորձեր, որոնք, սակայն, ձախողած են:
Ձեր կարծիքով, Թուրքիան ի՞նչ քայլեր պիտի առնէ, որպէսզի գործընթացը նորէն չձախողի:
Պ.- Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած սպասելիքները այն չեն, որոնք ներկայացուած են մամուլով: Հայաստան, սեփական ոտքերու վրայ կանգնած անկախ պետութիւն ըլլալով, Թուրքիայէն կ՛ակնկալէ բարի կամքի դրսեւորմամբ` դրացիական, հարեւան երկրի բնորոշ վերաբերմունք: Անկէ զատ, եթէ Հայաստան Թուրքիայէն փորձէ այլ ձեւակերպումներով սպասելիքներ ունենալ, այդ մէկը մնայուն կերպով խոչընդոտ պիտի դառնայ Հայաստանին` որպէս պետութիւն կայանալուն ու հայ ժողովուրդին` որպէս ազգ կայանալուն: Հայոց պատմութիւնը չիմացողներուն կողմէ հայերուն պատմութիւն մատուցելու, առանց վերջին 200 տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդի տառապանքներուն նայելու Հայաստանը փակուղիի առջեւ դնողներուն ի հակադրութիւն` Փաշինեան կարեւոր առիթ մըն է Հայաստանի համար: Հայերը պէտք չէ այս առիթը փոխարինեն անցեալի կաղապարուած, հայ ժողովուրդին ոչ մէկ օգուտ տուած պնդումներով:
Հայաստանի հասցէին ուղղուած նախազգուշացումներուն եւ քննադատութիւններուն մեծ մասը նաեւ Թուրքիոյ կը վերաբերի: Թուրքիոյ եւ թուրքերուն համար հայերը հազարամեայ համակեցութեան փորձ ունեցող դրացիներ են, որոնք մշակութային միջավայրի առումով երբեմն այնքան մօտ են թուրքերուն, որ երկու տարբեր կրօններու պատկանող մէկ ազգ կը թուին ըլլալ: Թուրքերուն եւ Թուրքիոյ համար հայերը դրացիներ են, որոնցմէ կարելի չէ հրաժարիլ: Այս կացութեան մէջ Թուրքիան պէտք է առանց որեւէ նախապայմանի, բաց սրտով վերակառուցէ հայ-թրքական ընդհատուած յարաբերութիւնները: Հայաստանի անուան տակ առաջադրուող պայմանները, ինչպէս Փաշինեան ըսաւ, Հայաստանի ժողովուրդի պայմանները չեն, այլ` կորսնցնելու բան չունեցող սփիւռքի հարկադրանքը: (Փաշինեանին վերագրուող յիշեալ արտայայտութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան – Խմբ.):
Հայ ժողովուրդը արդէն պէտք է ապրի իր իրականութեան մէջ, ոչ թէ ուրիշներու համար: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ստալինեան Ռուսիոյ ձեռքը այլեւս Թուրքիոյ դէմ օգտագործուող առաջնագիծի տարածք չէ, այլ Թուրքիոյ ամէնէն մօտիկ դրացին: Այս հոգեբանութիւնը պէտք է փոխուի, եւ հայ ժողովուրդը արդարօրէն վաստկած իր անկախութիւնը պիտի կերտէ իր պատմութեան հետ հաշտուելով:
Հ.- Ինչպէ՞ս է Թուրքիոյ հանրային տրամադրութիւնը այս հարցին շուրջ: 44-օրեայ պատերազմէն ետք ի՞նչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Արդեօք հանրային պահանջ կա՞յ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով:
Պ.- Ղարաբաղի առաջին պատերազմը հայ ժողովուրդին պատերազմը չէր: ԽՍՀՄ-ի փլուզման ժամանակ, ստալինական տրամաբանութեամբ, Ռուսիա կ՛ուզէր շարունակել Հայաստանը օգտագործել` իբրեւ Թուրքիոյ դէմ առաջնագիծի յենակէտ. այդ պատճառով, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ուսին դրաւ Ղարաբաղ կոչուող բեռը: Լեռնային Ղարաբաղը եւ 7 շրջանները Հայաստանին ոչ մէկ օգուտ տուին: Հայաստան անընդհատ կքեցաւ այդ բեռին տակ, իսկ հայ ժողովուրդը` անընդհատ աղքատացաւ: Հայաստանի բնակչութիւնը օրէ օր նուազեցաւ, ապագայ չտեսնող բազմաթիւ հայ ընտանիքներ լքեցին երկիրը: Մենք ուշի ուշով կը հետեւէինք 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին սկիզբ առած եւ 44 օր տեւած պատերազմին:
Նախ եւ առաջ, անիկա այնպիսի իրավիճակ էր, որ կարելի էր առանց պատերազմի` խաղաղութեան ճամբով խնդիրը լուծել: Երկու երկիրներէն ընդհանուր շուրջ 10.000 երիտասարդ զոհ գնաց այս անիմաստ պատերազմին: Հազարաւոր ընտանիքներու օճախին ճրագը մարեցաւ: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը միասին տեսան պատերազմի դաժան դէմքը… 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղը նորէն ռուս խաղաղապահներու անուան տակ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ անցաւ: Յայտնի չէ, թէ ռուս խաղաղապահները ե՞րբ դուրս կու գան Լեռնային Ղարաբաղէն:
Ահա այս կէտին մէջ է, որ Թուրքիան, 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ու անիմաստ պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութենէն մեկնած, գործի անցաւ: Նախ առաջարկեց 6-ի փլաթֆորմը, ապա Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սկիզբ առին բանակցութիւնները:
Թուրք հասարակութիւնը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերսկսման հարցին նկատմամբ ծայր աստիճան զգայուն է եւ մեծ ակնկալիքներ ունի: Ամէն օր կ՛աւելնան թիւերը այն մարդոց, որոնք կը հաւատան առանց նախապայմաններու յարաբերութիւնները կարգաւորելու տեսակէտին: Եթէ այս գործընթացը խոչընդոտել փորձողները շարունակեն նախապայմաններու անուան տակ այլ արտայայտութիւններով հանդէս գալ, միայն Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պիտի տուժեն: 10 հոկտեմբեր 2009-ին ստորագրուած, անփորձ եւ սադրանքներու ենթարկուելու տեսանկիւնէն խոցելի գրութիւններով արդէն փորձուած է խաղաղութիւն հաստատել, որ սակայն առանց կեանքի կոչուելու, օրակարգէն դուրս եկաւ: Հիմա աւելի մանրակրկիտ եւ տրամաբանական մօտեցումով, առանց նախապայմաններու կամ վերջնագիրներու, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, նոյնիսկ Ազրպէյճանի միջեւ պէտք է ժամ առաջ կարգաւորուին յարաբերութիւնները: Թուրք հասարակութիւնը անոր պատրաստ է:
Հ.- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկիզբ առած երկխօսութեան գործընթացէն ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք, մանաւանդ երբ հաշուի առնենք Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին առկայութիւնը: Որպէս քաղաքական գործիչ, ի՞նչ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունին ձեզի համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները:
Պ.- Առանց նախապայմաններու եւ վերջնագիրներու, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները պէտք է նորէն կառուցուին: Այս յարաբերութիւններուն Հայաստանի մէջ տարակուսանքով վերաբերող մեծ զանգուածին առկայութիւնը պէտք չէ վախցնէ իշխանութիւնները: Անոնք, որոնք երէկ առանձին ձգեցին Հայաստանը 44-օրեայ պատերազմին, եւ անոնք, որոնք իրենց յոյսը դրած էին Հայաստանը առանձին ձգողներուն վրայ, ըսելիք պէտք չէ ունենան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարի կամքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մասին:
Հայաստան ի վիճակի չէ նման այլ արկածախնդրութեան մը տակէն դուրս գալու: Այդ մէկը արդէն կը նշանակէ Հայաստանի վերջնական պարտութիւն, Հայաստանի վերջնական կործանում: Հայաստան այս պատերազմին սորվեցաւ, պարտուելով հանդերձ, յաղթանակ տանիլ: Հայաստան 44-օրեայ պատերազմին կորսնցուց բազմաթիւ երիտասարդներ, բայց նաեւ ականատես
եղաւ նոր Հայաստանի մը ծնունդին: Հարաւային Կովկասի մէջ հինցած կաղապարներով, ստալինեան, ոստիկանական յենակէտի տրամաբանութեամբ պետութիւններ այլեւս պէտք չէ ըլլան: Եւ այս մէկը պարզ դարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդին համար:
Հայաստանին վրայ պարտադրուած բոլոր այլընտրանքները 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին սպառեցան, եւ Հայաստան արդէն իր ոտքերուն վրայ ինքնուրոյն կանգնելու, ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու եւ յառաջ շարժելու առիթը ստացաւ: Հայ մտաւորականները` ժողովուրդի ընկալումներուն վստահելով, պէտք է նոր դրացիութեան եւ ռազմավարութեան համար փաստարկներ զարգացնեն: Հինէն եկած յայտնի վախերը հայ ժողովուրդին ոչինչ կու տան: Հիմա որոշում կայացնելու ժամանակն է. կա՛մ նախկին յայտնի հիւանդագին մօտեցումներով հայ ժողովուրդը տանիլ դէպի կորուստի խաւար ճամբաներ, կամ ալ 200 տարուան մղձաւանջէն արթննալ եւ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ վերահիմնել դրացիական յարաբերութիւնները: Այս գործընթացին մէջ թրքական պետութեան եւ թուրք ազգի պատասխանատուութիւնն ալ չափազանց մեծ է:
Յետգրութիւն
Հասան Օքթայ նշեց, որ ինքը վերոյիշեալ հարցումներուն չի պատասխաներ կուսակցութեան անունով, այլ որպէս ազգայնական գործիչ կ՛արտայայտէ իր տեսակէտը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Ուշադրութիւն
Հարցազրոյցներուն առկայ վիճելի ձեւակերպումները կրնայ ըլլալ չհամընկնին խմբագրութեան տեսակէտներուն: Բովանդակային առումով, առանց խմբագրական միջամտութիւններու, կարծիքներու ամբողջական հրապարակումը սկզբունքային կարեւորութիւն ունի հետեւեալ նպատակներուն համար.
1.- Ցոյց տալ հայկական լսարանին Թուրքիոյ քաղաքական-հասարակական հանրութեան մտածողութեան տարբեր շերտերը եւ վերաբերմունքը հայ-թրքական երկխօսութեան նկատմամբ:
2.- Ներկայացնել մեր լսարանին Թուրքիոյ մէջ ծաւալող հակահայկական տրամադրութիւններուն ալիքը:
3.- Աջակցիլ հայ փորձագիտական հանրութեան եւ պետական կառոյցներուն` այս թեմայով առաւել հասցէական գործելու եւ արձագանգելու:
4.- Պահպանել հարցազրոյցի լրագրողական վարուելակերպի կանոնները:
Հեղինակ` ԳԷՈՐԳ ԿԱԼԼՈՇԵԱՆ
Աղբիւր` Ermenihaber.am
Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՋԱՀ յանձնախումբ
* Թուրք ազգայնական գործիչը Ermenihaber.am-ի հետ խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին. Գէորգ Կալլոշեան. Ermenihaber 15/02/2022. https://www.ermenihaber.am/am/news/2022/02/15/Հասան-Օքթայ-Թուրքիա-Հայաստան/225305