Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարական Առաջնորդը

March 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Երկարամեայ գոյութեան տարեդարձի նշումը անցեալէն աւելի ներկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման պէտք է ծառայէ: 95 տարիներ ամբողջ «Ազդակ» անխափան լոյս տեսած է: 95 տարիներ, շաբաթը վեց օր օրաթերթը տեղեկացուցած է, մեկնաբանած, լուսաբանած եւ հանրային կարծիք ձեւաւորած: Սկիզբը` 4 էջ, ապա` 6, աւելի ուշ` 8 եւ 10 էջ, «Ազդակ» այժմ վերադարձած է 8 էջի ծաւալին: Իր գոյութեան սկիզբէն շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած առաջին սերունդին համար «Ազդակ» իւրօրինակ դպրոց էր: Ոչ միայն թերթին շնորհիւ դպրոցէ ու կրթութենէ զրկուած հազարաւոր երիտասարդներ կարդալ սորվեցան, այլ նաեւ ստացան այն տեղեկանքը, ուսումը, զոր դպրոցը կը ջամբէ սովորաբար: «Ազդակ» երկար տարիներ ՀՅ Դաշնակցութեան անպաշտօն տեղեկատուն էր: Աւելի ուշ, դառնալով կուսակցութեան պաշտօնական օրկանը, թերթը աւելի արմատացուց գաղափարական առաջնորդի իր դերակատարութիւնը: Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը իր լրատուութեամբ խորքային յօդուածներով, բանավէճերով, յատուկ նիւթերու նուիրուած էջերով միշտ համապարփակ մօտեցում ցուցաբերեց, լուսաբանելով թէ՛ լիբանանեան ու միջազգային անցուդարձերը, եւ թէ՛ Հայաստանի եւ սփիւռքահայ գաղութներու առօրեան:

«Ազդակ»-ի բացառիկներու ծաւալուն համարները, տարեսկիզբին կամ տօնական ու յոբելենական առիթներով, կը հանդիսանան հայ կեանքի ուշագրաւ հանրագիտարան մը, «Ազդակ» միաժամանակ կը հանդիսանայ հայ ազատագրական պայքարի, Հայ դատի հետապնդման, ազգային կարեւոր իրադարձութիւններու առանցքային հանդիսարան մը:

Դաշնակցութեան թերթերը ամէն տեղ հանդիսացած են դաշնակցական ու համակիր մտաւորականութեան համար հանդիպման, քննարկումի ու մտքերու փոխանակման վայրեր: «Ազդակ» բացառութիւն չի կազմեր: Վերջին տասնամեակին «Ազդակ» կազմակերպեց բազմաթիւ դասախօսական հաւաքներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ, քննարկումի առիթներ: Դժբախտաբար համավարակը, այլ շատ մը ձեռնարկներու նման, արգիլեց նման համախմբումներու կայացումը: Հարկ է սակայն, որ համավարակի հետզհետէ թուլացումով, մտաւորականներն ու յատկապէս երիտասարդները համախմբող այդ հաւաքները վերակենդանանան` ստեղծելով կենդանի հաղորդակցութեան ու առողջ բանավէճի մտաւորական անհրաժեշտ միջավայրը:

Հաղորդակցական միջոցներու արդիականացման ներկայ ժամանակներուն, «Ազդակ» եւս կորսնցուց բաժանորդներու ստուար թիւ մը: Սակայն, իր ամէնօրեայ առցանց տարբերակով շահեցաւ ընթերցողներու աւելի մեծ թիւ մը, Լիբանանի սահմաններէն ալ անդին, Հայաստանի ու Արցախի եւ հայկական սփիւռքի հեռաւոր շրջաններուն մէջ: Իր առցանց տարբերակին միջոցով «Ազդակ» այժմ կը հանդիսանայ հայկական մամուլի ամէնէն աւելի տարածուած օրկաններէն մէկը:

«Ազդակ» նաեւ կը կազմակերպէ, ամսական դրութեամբ, առցանց դասախօսութիւններ եւ վիճաբանական ասուլիսներ, որոնց կը հետեւին հայկական աշխարհի մտաւորականներ: Այս միջոցառման ընթացքին կը քննարկուին քաղաքական, պատմագիտական, տնտեսական ու ընկերային այլազան այժմէական հարցեր:

Իր 95-ամեայ երթին շարունակութիւն եւ յաւելեալ ծաւալում կը մաղթենք «Ազդակ»-ին:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ն ու Ես

Յաջորդը

Ուղերձ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.