«Ազդակ»-ի հետ իմ ճանապարհորդութիւնս տարիքիս համազօր է, որովհետեւ օրաթերթը մեր տան մէջ մնայուն ներկայութիւն է` բացի անկէ, որ հայրս աւելի քան 30 տարի «Ազդակ»-ի ցրուիչը եղած է, «Ազդակ»-ը ոչ միայն մեր տան մաս կը կազմէ, այլեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը տուն է ինծի համար:
Մանկութեանս, «Ազդակ»-ը հօրս «Լէնտի»-ին ետեւ ամրացուած կանաչ պայուսակի մէջ զետեղուած թերթերու տրցակներն էր, որոնցմէ մէկ հատը հայրս` նստասենեակի իր անկիւնը նստած, առտուընէ իրիկուն կ՛ընթերցէր` շրթունքները անձայն շարժելով. Շաղզոյեանին հին դուռին առջեւ ժպտադէմ պահակ Գրիգոր Շէրնէզեանն էր. շաբաթ օրերու մանկապատանեկանի էջն էր. ֆութպոլի մրցաշարքերուն ժամանակ պատասխանուելիք եւ «Ազդակ» վերադարձուելիք խաղերն էր. տանս գրադարանին մէջ չկազմուած հին թերթօններն էր եւ` մօրս լուծած խաչբառները:
Երբ 8-րդ դասարանիս ամառը հասաւ, ծնողքս քաջալերեց, որ անպայմանօրէն մասնակցիմ «Ազդակ»-ի կազմակերպած լրագրողներու դասընթացքին: Հաւանաբար այս պիտի ըլլար առաջին անգամը, որ խմբագրատուն պիտի մտնէի: Շատ լաւ կը յիշեմ հին շէնքին կէս յարկը բարձրանալս` հանդիպելու համար Նելլիին (Աբրահամեան), որ զիս ուղղեց առաջին յարկ` Վիգէն Աւագեանին քով: Կը յիշեմ յուսախաբութիւնս` ուշացած ըլլալուս համար, որովհետեւ վարժողութեան միւս մասնակիցները այդ օրը դաշտային աշխատանքով արդէն մեկնած էին հարցազրոյցի մը: Սակայն Աւագեանը, կարծես նկատելով հոգեվիճակս, ինծի տուաւ մանուկ-պատանիներու վերաբերող յօդուած մը պատրաստելու պարտականութիւնը, եւ ահաւասիկ ես գրած եղայ «Ազդակ»-ի իմ առաջին գրութիւնս` օդապարիկի մասին: Այն ժամանակ Պէթին (Փանոսեան), այդ օրերուն այլ պարտականութիւններու կողքին թղթակցութիւններու պատասխանատուն, կարծես որդեգրեց զիս եւ ես ինքզինքս սեպեցի «Ազդակ»-ի խմբագրատան անդամ` լրագրութեան աշխարհին առաջին քայլերս առնելով Պէթիին ընկերակցելով, մինչեւ որ ամառը հասաւ իր աւարտին եւ ես վերադարձայ աշակերտական մտահոգութիւններուս: Քանի մը տարի ետք, Հայկազեանի հայագիտականի ճիւղի ուսանողական տարիներուս, Արան (Բարսեղեանը) օր մը վերյիշեցուց «Ազդակ» վերադառնալու կարելիութիւնը` «Ինչո՞ւ «Ազդակ» չես երթար», եւ իր քրոջ` Նորային (Բարսեղեան) տեսնելու: Այս անգամ Նորան եղաւ իմ երկրորդ որդեգրողս, եւ ճանապարհորդութիւնս շարունակեցի մինչեւ օրս: «Ազդակ»-ի մէջ նաեւ անցայ այլ «կրակէ մկրտութիւններ»-է` ընկեր Ճորճին (Գրիգորեան) հսկողութեան տակ միջազգային քաղաքական լուրերու պատրաստութեան, ընկեր Ժաքին (Յակոբեան) եւ Տօնիկին (Տօնապետեան) հսկողութեան տակ հայաստանեան, եւ Արշոյին (Պալեան) հսկողութեան տակ` լիբանանեան լուրերու պատրաստութեան եւ այլն:
Վերջին տարիներուն «Ազդակ»-ի յարկը քանի մը անգամ նորոգութեան ենթարկուած ըլլալով, առաջին այցելութեանս ներքին բաժանմունքները չունի. չկան նաեւ շատ մը խմբագիրներ եւ աշխատակիցներ` կեանքէն բաժնուած ըլլալնուն կամ ճամբորդելնուն պատճառով, սակայն տակաւին նոյն ջերմութիւնն է, որ կը տիրէ այդ յարկին տակ: Փաստօրէն, դժուար է լիբանանահայ գաղութի մէջ ինքնութեանս կազմաւորումը անջատել «Ազդակ»-ի խմբագրատունէն` Շահանդուխտին գրամեքենային «թաք-թաք» արձագանգներէն, Պօղոս Սնապեանին հետ զրոյցներէն, «Ազդակ»-ի յարկին տակ հայագէտներու եւ քերականագէտներու ունեցած խօսակցութիւններէն, արուեստագէտներու հետ հարցազրոյցներէն, ընկեր Շահանին տուած խորհուրդներէն, առանց մոռնալու տիկին Խաթունի համեղ սուրճերն ու Քեսապէն բերած թէյերը® Թէ՛ երջանիկ եմ, եւ թէ՛ հպարտ, որ մաս կը կազմեմ «Ազդակ»-ին 95-ամեայ աւանդին վերջին երկու տասնամեակին եւ նոյնպէս` որ անիկա տակաւին կը գոյատեւէ մեր կեանքին մէջ` հակառակ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն:
Բարի երթ, սիրելի՛ «Ազդակ»:
Ողջ մնան քեզ ոտքի պահողները:
Խունկ ու մոմ քու առաքելութիւնդ սկսողներուն:



