Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւրամեայ Լուսասփիւռ Կրթօճախը

March 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈԶԷԹ ԱԼԵՄԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի ծննդոցն ու հարիւրամեայ երթը սերտօրէն առնչուած են լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման, տարիներու ելեւէջներուն եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն` հասնելով մինչեւ 2022 թուական:

Ներկայիս, Էշրեֆիէի բարձունքին, Հայ աւետարանական եկեղեցիի կողքին կը գործէ հարիւրամեայ պատմութիւն կերտած Հայ աւետ. կեդրոնական վարժարանը` տնօրէնութեամբ Մարալ Տէյիրմենճեանի (2007-էն սկսեալ): Վարժարանը մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական 12-րդ բաժին կը պարփակէ 316 աշակերտներ եւ 59 ուսուցիչ-պաշտօնեաներ: Դժբախտաբար, օգոստոս 4-ի չարաբաստիկ պայթումը մեծ վնասներ պատճառեց դպրոցի շէնքին եւ եկեղեցւոյ, սակայն, շնորհիւ Ամերիկայի Աւետարանչական ընկերակցութեան, վարժարանի շրջանաւարտներու եւ բարեկամներու ճիգերուն, հիմնապէս վերանորոգման ենթարկուեցաւ:

Այսօր, հակառակ լիբանանեան ճգնաժամի պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր վիճակին, վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը մեծ զոհողութիւններու գնով գերագոյն ճիգ  կը թափեն, որ հայ աշակերտը դպրոցազուրկ չմնայ, եւ հայ ուսուցիչը արժանապատիւ կեանք ունենայ:

Հայ աւետարանական վարժարանի առաքելութիւնը միշտ ալ եղած է գիտութիւն, ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբել գիտական, դաստիարակչական եւ մանկավարժական արդի մեթոտներով` շեշտը դնելով հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան վրայ: Այդ մասին կը վկայեն վարժարանի հարիւրաւոր շրջանաւարտները, որոնք իրենց նուաճած բարձունքներով լաւագոյնս կը ծառայեն հայկական տարբեր գաղութներուն` իբրեւ կառավարական պաշտօնեաներ, վաճառականներ, բժիշկներ, երաժիշտներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, հոգեւոր հովիւներ, ճարտարապետներ: Նաեւ իբրեւ լիբանանցիներ` տեղական լեզուին, գրականութեան եւ մշակոյթին տիրանալով, կը սատարեն երկրի վերելքին:

Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ինքնանպատակ ուսում չեն ստանար, կը մասնակցին գաղութի մէջ կազմակերպուած մարզական, մշակութային զանազան գործունէութիւններու եւ մրցումներու` յաճախ ապահովելով պատուաբեր դիրքեր:

Ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ եւ կառուցուեցաւ Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը:

Արդարեւ, Մեծ եղեռնէն, բռնագաղթէն ու մանաւանդ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Միջերկրական արեւելեան ափերը ապաստանած հայութիւնը անմիջապէս կը լծուի օտար հողի վրայ հայ կեանքը վերականգնելու անյետաձգելի աշխատանքին: Այս սրբազան գործին առաջին առաքեալներէն մէկը կ՛ըլլայ վերապատուելի Ենովք Հատիտեան, որ զգալով աւետարանական կրթարանի մը անհրաժեշտութիւնը, գործնական քայլերու կը դիմէ` հիմը դնելով նախակրթարանի մը, նպատակ հետապնդելով հայեցի տոհմիկ, աւետարանական կրթութիւն տալ ու գիտական օգտակար գիտելիքներով եւ սկզբունքներով օժտուած հայ նոր սերունդներ թրծել:

16 մայիս 1922-ին այս վարժարանին առաջին ճիւղը, վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի նախաձեռնութեամբ, կը հիմնուի Պէյրութի Ատանա ապաստարանի բնակարանին մէջ, որ ներկայիս կը գտնուի Սէն Միշել եւ Նոր Հաճըն շրջաններուն միջեւ: Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն գաղթած խլեակներու զաւակներ կը հաւաքուին անշուք կրթավայրին գիրկը` կազմելով մօտաւորապէս 120 աշակերտներ: Դպրոցը թիթեղաշէն կառոյց մըն էր` քանի մը սենեակներէ բաղկացած եւ շրջապատուած մէկ մեթր բարձրութեամբ կտաւէ ցանկապատով մը:

Դասաւանդութիւնները տեղի կ՛ունենային շատ խեղճ պայմաններու տակ. ձմեռը անձրեւն ու հովը ազատ մուտք ունէին թիթեղաշէն պատերուն ճեղքերէն: Միւս կողմէ, տարբեր դասարաններու դասաւանդութիւններու ձայները զիրար կը խանգարէին: Իսկ գարնան ու ամրան` տաքն ու փոշին առաւել կը դժուարացնէին ուսումնական գործը:

Կարճ ժամանակ մը ետք, նոյն թուականին (հոկտեմբեր 1922) հիմնուեցաւ երկրորդ աւետարանական դպրոց մը Իսկենտերուն ապաստարանի բնակարանին մէջ` շուրջ 200 աշակերտներ ունենալով:

1924-ին այս երկու դպրոցները միանալով, միասին կազմեցին վարժարան մը, որուն անունը եղաւ Հայ աւետարանական երկսեռ վարժարան: Այս դպրոցին պաշտօնական արտօնագիրը կը ստորագրուի 12 օգոստոս 1925 թուականին, զօր. Սարայի կողմէ` իբրեւ լրիւ նախակրթարան: 1927-ին կ՛ունենայ մանկապարտէզի բաժին:

Իսկ 10 տարիներ ետք դպրոցը կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Էշրեֆիէ շրջանը: Վարժարանը կը նկատուի Լիբանանի ամէնէն հին կրթական հաստատութիւններէն մէկը: Վերապատուելի Հենրի Պարնըմ Ռիկզի նուիրատուութեամբ` Էշրեֆիէի հայահոծ շրջանին մէջ, դպրոցի եւ եկեղեցիի նոր շէնք մը կը կառուցուի` ի յիշատակ նուիրատուին կնոջ եւ դստեր, որոնք զոհուէր էին Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հայութեան ծառայութեան ատեն:

Այսպիսով 20 մարտ 1932-ին հիւղաւանի խեղճուկ իրավիճակէն դուրս կու գայ դպրոցը եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը շարունակէ իր կրթական ծառայութիւնը` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, մինչեւ 1938: 1939-1940-ին դպրոցը կ՛օժտուի Է. եւ Ը. դասարաններով: 1945 թուականէն սկսեալ դպրոցը կը կոչուի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան: 1945-ին կու տայ իր առաջին հունձքը` երկրորդական բաժինէն:

1946-ին տնօրէն կը նշանակուի Մանասէ Շնորհօքեանը: Բացումը կը կատարուի դպրոցին ճոխ գրադարանին: Իսկ 1947-ին կը նշուի դպրոցին հիմնադրութեան քսանհինգամեակը: 1948-ին կ՛օժտուի ԺԱ. դասարանով մը, որով կ՛ամբողջանայ նախակրթարան-միջնակարգ-երկրորդական կառոյցը:

Տնօրէն կը նշանակուի Պետրոս Յակոբեան (1956): Աւարտական երկու դասարանները կը բաժնուին Գիտական եւ Արուեստից ճիւղերու: Աւարտական աշակերտներ կը մասնակցին Լոնտոնի առեւտրական գրասենեակի քննութիւններուն: Ամերիկեան համալսարանը կ՛առանձնաշնորհէ դպրոցը` ազատ մուտք տալով շրջանաւարտ սաներուն:

Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի նոր շէնքին բացումը կը կատարուի 1969-ին:

1975-ին վարժարանի երեսնամեայ շրջանին (1945-1975)  հունձքը կը հաշուէ 633 շրջանաւարտներ: Տնօրէն կը նշանակուի Արամ Պուլղուրճեան:

Արդարեւ, 1975-ին Լիբանան կը մխրճուի տասնհինգամեայ երկարատեւ, ճգնաժամային տագնապալի ճախճախուտի մը մէջ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր տխուր, շատ ծանր հետեւանքներն ու անդրադարձը կ՛ունենայ բոլորին վրայ: Ապահովութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Լիբանանի կրթական ցանցը փակէ իր դպրոցները` ակամայ կորսնցնելով 1975-1976 կրթական տարեշրջանը: 1977-ին երկրորդական բաժինը կ՛ունենայ իր երրորդ դասարանը` 12-րդ,  լիբանանեան պետական Բ. պաքալորէայի ոււսողութեան եւ փորձառական գիտութիւններու բաժիններով:

1 հոկտեմբեր 1980-ին լիբանանահայ կրթական վերին մարմիններու որոշման համընթաց, ԿԲՎ-ն կը վերահաստատէ նիւթական թերացումի կամ վճարման անկարելիութեան պատճառով հայ աշակերտը ուսումէ չզրկելու իր անգիր օրէնքը:

1990-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը հիմնուի ԿԲՎ-ի Շրջանաւարտներու միութիւնը: Իսկ 1992-ին կը հիմնուի անձեռնմխելի հիմնադրամ: Վարժարանը իր

70-ամեակը կը տօնէ 1992 թուականին` հրատարակելով դպրոցին յուշամատեան ալպոմը:

1975-1990 մէկուկէս տասնամեակը Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ պատերազմի շրջան, իսկ վարժարանին պատմութեան մէջ` իբրեւ պատերազմի փորձաքարին տոկացող եւ գոյատեւումի փուլ մը:

Այսօր եւս, կը հաւատանք, թէ բազում դժուարութիւններ դիմակալած Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Տիրոջ յոյսին ապաւինելով, պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ նորահաս սերունդին մօտ անմար  պահէ հաւատքի եւ գիտութեան ջահը` պատրաստելով  քրիստոնեայ եւ գիտակից առաջնորդներ, կեանքի բոլոր բնագաւառներուն` մանաւանդ եկեղեցական, կրթական եւ ազգային մարզերու համար:

 

 

Նախորդը

ՋԱՀ Լրատուական Թիւ 1. Թուրք Ազգայնական Գործիչը` Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Մասին

Յաջորդը

Գործօն Մասնակցութիւն Եւ Առողջ Քննադատութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.