Ծանօթ.- Այս մասին կ՛ուզէի գրել բաւական երկար ժամանակէ ի վեր, եւ ահա ճի՛շդ ատենին հասաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հրաւէրը` մասնակցելու թերթի 95-ամեակին նուիրուելիք յատուկ թիւի բովանդակութեան: Կրնա՞ր աւելի լաւ առիթ մը ներկայանալ: Ուրեմն շնորհաւորելով ՀՅԴ մամուլի, այլեւ ընդհանրապէս հայ մամուլի ամէնէն ծաւալուն օրաթերթի յոբելեանը, անոր հիմնադիրներու հեռատեսութիւնը, յաջորդող պատասխանատուներու նուիրումն ու իրագործումները, ու տակաւին այսօր պատնէշի վրայ աներեր գտնուողներու ու պայքարողներու յանձնառութիւնը, ահա բոլորին հետ կը կիսեմ այս մտորումները` յուսալով, որ կերպով մը ես ալ ի՛մ լումաս բերած կ՛ըլլամ մեր մամուլի զարգացման գործընթացին:
Իրաւամբ մամուլը կը նկատուի երկրի մը «չորրորդ իշխանութիւնը»:
Չորրորդ իշխանութիւն` օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւններու կողքին. կողքի՞ն, թէ՞ նոյնիսկ անոնցմէ՛ ալ վեր, եթէ կը գտնուի իր առաքելութեան ճամբուն վրայ: Այս հաստատումին կարեւոր բաժինը այդ վերջին չորս բառերն են` «իր առաքելութեան ճամբուն վրայ»:
Եւ այդ չէ՞ պատճառը, որ բռնապետական վարչակարգերու տակ մամուլը կը հալածուի, իր սպասարկուները կը հետապնդուին ու յաճախ ալ կ՛անէացուին: Ի վերջոյ իր դերը ճի՛շդ հասկցող ու կատարող մամուլն է, որ կը վերահսկէ երեք միւս իշխանութիւններու գործունէութիւնը, կը մատնանշէ թերացումները, կը թելադրէ սրբագրութիւնները: Մանաւանդ կը ցուցաբերէ այն տեսլականը, որ տուեալ հասարակութիւնը պիտի ունենայ իր գալիքին նկատմամբ:
Ասոր այնքան լաւ կը գիտակցէր մեր պատմութեան փայլուն դէմքերէն` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրներէն ու մեր հերոսներէն զօրավար Դրոն: Այդ գիտակցութիւնը այնքան ակնյայտ կ՛երեւի երբ, ի պատասխան հայրենիքի փրկութեան կոչին, ճակատ երթալու համար իրեն կը ներկայանայ երեսունամեայ երիտասարդ մը` վանեցի Արամ Թովմասեանը` այլապէս մեզի իբրեւ Լեռ Կամսար գրչանունով ծանօթ երգիծաբանը, որ ուրիշ փայլուն դէմք մը կը հանդիսանար: Ձեռքի տակ չունենալով այս դրուագի գրաւոր ճշգրիտ պատումը, օրին կարդացածս փորձելով վերյիշել, ըսեմ, թէ ի՛նչ կը պատահի: Դրօ կը մերժէ՛ զայն զինուորագրել: Երբ Արամ կը զարմանայ ու կը սրդողի, զօրավարը այսպէս կը բացատրէ իր որոշումը.
– Եթէ քեզի բան մը պատահի, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզ ծաղրողը…
Ահա թէ որքա՛ն կարեւոր կը նկատէր Դրաստամատ Կանայեան մամուլի դերակատարութիւնը: Այսինքն` հայրենիքի ֆիզիքական գոյութիւնը պաշտպանելո՛ւն չափ կարեւոր:
Այդ գիտակցութիւնը ունեցած են մեր երախտաւորները` սկսեալ 1794-ին հեռաւոր Մատրասի մէջ առաջին հայ թերթը` «Ազդարար»-ը հիմնած Յարութիւն Շմաւոնեան քահանայէն մինչեւ մեր Վերածնունդի կամ Զարթօնքի փայլուն աստղերը, մեր արեւմտահայ ու արեւելահայ աշխարհաբարներու կերտիչներն ու անոնց հետեւորդները, մանաւանդ Մեծ եղեռնէն ետք տարագիր հայութեան վերապրելու կամքը ջրդեղած մեր բոլոր թերթերը, որոնց հրատարակիչներուն, խմբագիրներուն ու աշխատակիցներուն շնորհիւ է, որ մենք ալ այսօր կը կարդանք ու կը գրենք հայերէն:
Դժբախտաբար, սակայն, ներկայիս մամուլը չի գտնուիր այն բարձրութեան վրայ, ուր պէտք է գտնուէր, եւ ասիկա` ոչ միայն բռնատիրական երկիրներուն մէջ: Ան յաճախ խօսնակ է դարձած օրուան իշխանաւորներուն, եթէ ոչ նաեւ հատո՛ւ գործիք` իրե՛նց քաղաքականութիւնը ջատագովելու եւ իրե՛նց նուաճումները փառաբանելու:
Մոնրէալի մեծազդեցիկ «Լը Տըվուար» օրաթերթի 2019 հոկտեմբեր 7-ի թիւին մէջ, անոր երկարամեայ ֆրանսագիր աշխատակից Ճոն Ռ. ՄագԱրթըր (որ նաեւ խմբագիրն է ամերիկեան անգլիատառ «Հարփըրզ Մեկըզին» պարբերաթերթին) իր «Լը Քաթրիեմ Փուվուար» յօդուածով այս հարցը կ՛արծարծէր, կը մատնանշէր ընկերային ցանցերու խանգարիչ դերակատարութիւնը հանրութիւնը լուսաբանելու ու իրականութիւններուն տեղեակ դարձնելու տեսակէտէն ու իր եզրափակիչ տողերուն մէջ դիտել կու տար, թէ այսօր լրագրողները աւելի շատ հետամուտ են վարձատրութիւն ձեռք ձգելու` վարկ ու յառաջացում վաստկելու, քան թէ իրենց բուն առաքելութեան ծառայելու` իրազեկելո՛ւ: Ու ան կ՛աւարտէր իր յօդուածը մէջբերելով ժամանակակից ֆրանսացի գրող եւ իմաստասէր Միշել Օնֆրայի հետեւեալ տողերը. «Իր սկիզբէն ի վեր մամուլը տեղեկատուական միջոց մը ըլլալէ աւելի գաղափարախօսական սարք մըն է, ան կրնայ տեղեկացնել, ի հարկէ, բայց երբեք չէզոք մօտեցումով», որովհետեւ, կ՛աւելցնէ ՄագԱրթըր, «լրատուական միջոցները ձեռնարկութիւններ են, որոնք առաջին հերթին կը ծառայեն իրենց սեփականատէրերու նիւթական թէ քաղաքական կարիքներուն:… Հանրութիւնը կը մնայ լրատուներէն կախեալ: Թող փախչի-ազատի ո՛վ կրնայ (sauve qui peut)»:
Այս հարցերը կրնան մասամբ վերաբերիլ նաեւ հայ մամուլին, որ սակայն ունի իր առանձնայատո՛ւկ առաքելութիւնը:
Կ՛արժէ այստեղ մտիկ ընել, թէ ի՛նչ կը մտածէր այս հարցին ու այս հարցերուն մասին մեր հրապարակագրութեան ու ընդհանրապէս հայ կեանքի մէկ ուրիշ բացառիկ երախտաւորը` Մինաս Թէօլէօլեան, տողերս գրողին հետ ունեցած համապարփակ հարցազրոյցին ատեն (տես «Հորիզոն«, 1982 սեպտեմբեր 13-էն հոկտեմբեր 11, «Պատասխանողն է Մինաս Թէօլէօլեան»):
Անդրադառնալէ ետք անցեալին մեր մամուլի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` ան կը հաստատէր.
«1930-էն մինչեւ 1980, հայութեան երկու թեւերը` Հայաստան եւ սփիւռք, իրենց աշխարհաքաղաքական, ընկերային, ներազգային ու մշակութային պատկերով եւ այդ իրավիճակներէն թելադրուող նոր պահանջներով ու մղումներով` մինչեւ 1930-ի աւանդութիւններուն, հետաքրքրութեանց եւ հակումներուն հետ զուգահեռի բերուելիք շատ քիչ բան ունին, եւ […] պատշաճած են շրջապատային, յարաբերական ու կենցաղային մեր նոր պայմաններուն, ամէնօրեայ իրենց հրատարակութիւններու լրագրային-տեղեկատու բնոյթին վրայ կեդրոնացնելով իրենց ուշադրութիւնը: […] Անշուշտ, աւանդութիւններէ բոլորովին խզուած չեն հայ թերթերը: Կը պահեն հանրային դաստիարակութեան իրենց առաքելութիւնը, մշակութային եւ գրական հետաքրքրութիւնները, լեզուական-քաղաքական մեր ճակատագրին առնչուող շահագրգռութեանց եւ ազդակներուն մօտիկ մնալու փոյթը. սակայն, տարուէ տարի, այդ յամառութիւնը տեղի կու տայ ժամանակին ու պայմաններուն առջեւ:
«[…] Հայ օրաթերթը կամ շաբաթաթերթը դադրած է հայ տան ու հայ մարդուն ընկերը ըլլալէ: Պատճառը միայն այն չէ, որ պատկերասփիւռ, ձայնասփիւռ եւ օտար հրատարակութիւններ խեղդած են մեզ. պատճառը մանաւանդ ա՛յն է, որ մեր ժողովուրդի ճնշիչ մեծամասնութիւնը չ՛ուզեր կարդալ, չ՛ուզեր վճարել գրքին ու թերթին համար, եթէ նոյնիսկ տան մէջ ռատիօ կամ թի. վի. չունի եւ օտար որեւէ թերթ ալ չի ստանար…»:
Նկատի առէք, որ այս խօսքերը կ՛ըսուին քառասուն տարի առաջ…
Ահա եւ շարունակութիւնը իր մտորումներուն. «Մեր դժուարութիւնները, գրեթէ բոլորն ալ, հետեւանք են տնտեսական անարիւնութեան: […] 1950 – 1960-ական թուականներէն ասդին պատկերը կը փոխուի աստիճանաբար, որովհետեւ գաղութային իրականութիւնը, ընկերային միջավայրը, կենցաղային բարքերը, տնտեսական պահանջներու անհամեմատ ծանրաբեռնումը, մանաւանդ օտարացումը, օտարամոլութիւնը, քաղքենիացումը եւ նոր սերունդներու կարեւոր մէկ համեմատութեան աննախընթաց հնարաւորութիւնները մասնագիտանալու եւ կլանուելու իրենց անմիջական շրջապատին մէջ` մեզ աղքատացուցած են նա՛եւ մարդուժի տեսակէտով: Արժէքներ չունի՞նք, ուժեր եւ տաղանդներ չունի՞նք, գործելու տրամադիր եւ ընդունակ թեկնածուներ չկա՞ն, որպէսզի գրաշար, խմբագիր, հրապարակագիր ու աշխատակիցներ ալ ունենանք: Ունի՛նք անշուշտ: [… Սակայն] ո՞վ կ՛ուզէ խմբագրական աթոռներու վրայ մաշիլ այսօր, եւ ո՞վ կրնայ իրաւունք զգալ մեղադրելու մեր նոր ուժերը, երբ անոնք, մռայլ հեռանկարներու առջեւ կռնակ կու տան հայ խմբագրատան»:
Շատ բան փոխուեցաւ հայ իրականութեան մէջ անցնող տասնամեակներուն, սակայն շատ բան ալ մնաց նոյնը: Ընկ. Թէօլէօլեանի նշումները աւելի քան այժմէական են ու մտահոգիչ:
Այս բոլորին մասին կրնանք երկար խօսիլ ու թուել մեր ակնկալութիւնները մեր մամուլէն, մատնանշել այն բարեփոխութիւնները, որ կ՛ուզենք տեսնել հայութեան իմացական զարգացման, մեր պատմութեան ու մեր Դատի աւելի խոր ծանօթացման, հայերէնի ու հայ գրականութեան աւելի լայն ծաղկման տեսանկիւններէն, փորձել բանաձեւել այս բոլորը իրագործելու կազմակերպական միջոցները եւ այլն,- այդ մասին` ուրիշ առիթով,- սակայն առաջին հերթին պէտք է գիտակցինք, որ մեր մամուլը պիտի ապրի ոչ միայն բանիւն Աստուծոյ:
Պիտի կարենա՞նք ստեղծել մեր մամուլի այնպիսի ընդգրկուն հիմնադրամ, որ ասկէ ետք այլեւս չընկրկինք նիւթական դժուարութիւններու առջեւ, վերջ տանք «տնտեսական անարիւնութեան»:
Մեր մամուլը,- հա՛յ մամուլը, ո՛չ միայն դաշնակցական մամուլը,- պիտի կարենա՞յ վերստանձնել իր երբեմնի առաքելութիւնը, ամբողջական յանձնառութեամբ, ու իր լեզուական թէ բովանդակային որակով, դառնայ այն լուսաւոր փարոսը, որ մեր նաւը պիտի առաջնորդէ բոլոր մութ ու ալեկոծ ծովերէն դէպի լուսաւոր ու ապահով ափերը մեր գալիքին:
Ահա բոլորիս մարտահրաւէրը` հարցերո՛ւն հարցը:



