Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիոն Միլոյեան. «Մեր Ազգային Պատմութենէն Օգտուելու Համար Պէտք Է Մեր Գրականութիւնը Մեզի Մօտեցնել, Որովհետեւ Ան Ինքնիրմէ Մեզի Պիտի Չմօտենայ»

Մարտ 28, 2022
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ամերիկահայ երիտասարդ Պիոն Միլոյեան ինքնըստինքեան ձեռնարկած է հայանպաստ աշխատանքի մը` իր ներդրումը բերելով թարգմանական ասպարէզի մէջ: Ան վերջերս, համագործակցաբար իր գործընկերոջ, անգլերէնի թարգմանած է Րաֆֆիէն շարք մը ժողովածուներ` զանոնք դնելով հայ եւ ոչ հայ հանրութեան տրամադրութեան տակ: Պիոնի գործին մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ խօսինք ձեր մասին, ուրկէ՞ կու գաք եւ ինչպիսի՞ միջավայրի մէջ մեծցած էք: Ի վերջոյ, ձեր կեանքին մէջ ի՞նչը կամ ո՞վ եղած է պատճառը, որ մղուիք նման աշխատանքի:

ՊԻՈՆ ՄԻԼՈՅԵԱՆ.- Ծնած եմ Լոս Անճելըս, 1989-ին, Վահէ եւ Սօսի Միլոյեաններուն երդիքին տակ: Ընտանիքիս երկու որդիներուն երկրորդն եմ, եղբայրս Դավին է: Նախնական եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ ՀԲԸ Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ` ազգանուէր եւ հայրենասէր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու շունչին տակ լիցքաւորուելով հայեցի ու ազգային դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ:

«Ա.».- Ե՞րբ սկսաւ այս աշխատանքը եւ ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ:

Պ. Մ.- 2012-ին փոխադրուեցայ Աւստրալիա, ուր ուսումս շարունակեցի Քուինզլենտի համալսարանին մէջ: 2015-ին հրաւիրուեցայ Պալթիմոր` ստանձնելու հետազօտական պաշտօն Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանի համաճարակաբանութեան բաժինին մէջ: 2017-ին կրկին փոխադրուեցայ Աւստրալիա, ուր հրաւիրուած էի ստանձնելու Ֆետըրէյշըն համալսարանին մէջ դասախօսական եւ հետազօտական պաշտօն: Տեսնելով, որ հայերը եւ օտարները գրեթէ ոչինչ գիտեն հայ գրականութեան մասին, ինքզինքս նուիրեցի հայ գրականութիւնը վերաշխուժացնելու գործին` գործակիցիս` Քիմպըրլի ՄըքՖարլենի հետ: Շուտով միասնաբար հիմնեցինք Sophene (Ծոփք) հրատարակչութիւնը, եւ շատ չանցած` հրաժարեցայ համալսարանական պաշտօնէս, որպէսզի ամբողջովին նուիրուիմ այս ծրագիրին: 2017-էն ի վեր անգլերէնի թարգմանած ենք արեւելահայերէնէն` Րաֆֆիի «Ջալալէդդին», «Հարեմ», «Խենթը», եւ «Պրոյերեսիոս» (Պարոյր Հայկազն) վէպերը, Քիմպըրլի ՄըքՖարլենի հետ եւ գրաբարէն աշխարհաբարի վերածած ենք Եղիշէի «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմին» եւ «Խրատք եւ Իմաստութիւնք Խիկարայ» պատմութիւնները: Անգլերէնի թարգմանած եմ նաեւ Յակոբ Մանանդեանի «Ազգութեան գաղափարը» եւ ուրիշ յօդուածներ:

Ոսկեդար
Խիկար

«Ա.».- Երկու լեզուներուն` հայերէնին եւ անգլերէնին միջեւ ինչպիսի՞ դժուարութիւններու հանդիպեցաք թարգմանութեան ատեն: Ինչպէ՞ս կրցաք լեզուի հարազատութեան ու արտայայտութիւններու տոկունութեան հաւասարակշռութիւնը պահել:

Պ. Մ.- Գլխաւոր երկու տեսակի կը բաժնուին մեր թարգմանութիւնները` աշխարհաբարէն եւ գրաբարէն թարգմանուած վէպեր եւ պատմութիւններ: Առաջինին պարագային կը ջանանք ամենայն հարազատութեամբ վերստեղծել ընդհանուր վիպասանութիւնները անգլերէն լեզուով: Իսկ երկրորդին պարագային, կը ջանանք թարգմանել պատմութիւնները գրեթէ բառ առ բառ կամ խօսք առ խօսք, ներկայացնելով թարգմանութիւնները գրաբար-անգլերէն զուգագիր հրատարակութիւններով, որպէսզի ընթերցողներ կարենան աւելի դիւրութեամբ հետեւիլ բնագիրներուն:

Որեւէ պարագայի, մենք կը նախընտրենք, որ հայերը եւ անոնք, որոնք գիտեն հայերէն խօսիլ ու կարդալ, կարդան հայերէն բնագիրը: Դժբախտաբար սփիւռքահայերուն եւ մանաւանդ նոր սերունդին մեծամասնութիւնը մեր հարուստ հայ գրականութեան մասին գաղափար չունի: Այս թարգմանութիւնները կատարելով` կը յուսանք հայ գրականութիւնը ներկայացնել ոչ միայն անոր անծանօթ հայերուն, այլեւ` օտարներուն, որոնք թիւով շատ աւելի են:

«Ա.».-  Արեւելահայ ու արեւմտահայ շարք մը գրողներէ ընտրած ես մասնաւորաբար Րաֆֆին ու կեդրոնացած` անոր գործին ու արժէքին վրայ: Ինչո՞ւ Րաֆֆին յատկապէս: Ի՞նչ ունի ան փոխանցելիք այսօրուան ընթերցողին:

Պ. Մ.- Րաֆֆին հայ հեղինակներէն ամէնէն յայտնին կրնայ սեպուիլ, ուրեմն բնական է, որ հայ գրականութեան թարգմանիչ մը նախ պիտի ուզէր անոր երկերը ներկայացնել հասարակութեան: Պէտք է յիշել նաեւ, որ Րաֆֆին ո՛չ միայն վիպասան էր, այլ նաեւ` առաջին կարգի պատմիչ, ուստի կը նկարագրէր մեր անցեալին մէջ ունեցած մտաւորական, քաղաքական եւ հոգեկան ուժեղ ու տկար կողմերը, որոնք մեծամեծ ազդեցութիւն ունին մեր ապագայ սերունդներուն վրայ: Բայց մեր ազգային պատմութենէն օգտուելու համար պէտք է մեր գրականութիւնը մեզի մօտեցնել, որովհետեւ ինքնիրմէ մեզի պիտի չմօտենայ:

«Ա.».-  Շարունակականութիւնը պահելու միտումնե՞ր, ապագայ ծրագիրնե՞ր…

Պ. Մ.- Այժմ Յակոբ Պարոնեանի եւ Ալեքսանդր Շիրվանզադէի որոշ երկերը կը թարգմանենք Քիմպըրլին եւ ես: Ներկայիս կը թարգմանեմ նաեւ Սուրբ Իրենէոսի «Ցոյցք առաքելական քարոզութեան»-ը գլուխ առ գլուխ կայքիս վրայ (www.armenianantilibrary.com): Ինչպէս ուրիշ մատեաններ, այս կարեւոր աստուածաբանական գործը աշխարհին համար բոլորովին կորսուած պիտի ըլլար, եթէ մեր նախնիները գրաբարի թարգմանած չըլլային ատենին ու դարէ դար պահպանած: Թէեւ ես եւ Քիմպըրլին մեր ուշադրութեան առարկան դարձուցած ենք հայ գրականութիւնը անգլերէնի թարգմանելը, բայց եւ այնպէս վերջերս զբաղած եմ նաեւ գրաբարի թարգմանելով եւ գրաբարով շարադրելով որոշ գրութիւններ, որոնք կը գտնուին Armenian Antilibrary («Հայկական հակագրադարան») Learn Classical Armenian! էջին վրայ:

«Ա.».- «Ազդակ»-ի միջոցով վերջին խօսքդ` հանրութեան…

Պ. Մ.- Որպէս պատասխան` կը մէջբերեմ մեծ պատմաբան եւ բանասէր Յակոբ Մանանդեանի խօսքը. «Արիւնհեղութիւնն ու բռնաբարութիւնը թէեւ քայքայել եւ ուժասպառ են արել հայութիւնը, սակայն չեն կարողացել արիւնաքամ անել նրա ներքին էութիւնը եւ ոչնչացնել նրա ազգային ոգին ու անհատականութիւնը: Հայութիւնը, ոտնակոխ եղած ու ստրկացած, մնացել է որպէս ազգ կենդանի ու կենսունակ… Հայութիւնը, որ իր բոլոր ուժերով աշխատել է ապահովել ֆիզիքական իր գոյութիւնը, պէտք չէ երբեք մոռնայ, որ ազգային ինքնահաստատման համար ոչ պակաս կարեւոր գործ է նաեւ իր ոգեկան էութեան պաշտպանութիւնը, եւ որ արտաքին թշնամուց աւելի վտանգաւոր են նրա ազգային գոյութեան ու զարգացման համար այն տասնեակ հազարաւոր ապազգայնացնող հայերը, որոնք արհամարհում են ու անարգում են իրենց լեզուն ու մշակոյթը»: (1917)

 

 

Նախորդը

Վահանին Վահանը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?