Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ` Հեռուներէն (Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին)

March 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՐՀՈՒՐ

Երեւի պահապան հրեշտակի մը պէտք ունէինք:

Ահա արդէն եղած է մէկ տարի:

Մէկ տարի, բայց անժամանակ բացակայութեանդ ցաւը` նոյնը:

Հարցումները` անպատասխան:

Կրե՛կ, եկար, մեր ընտանիքը ամբողջացուցիր ու յանկարծ գացիր:

Կարօտցանք:

Կարօտցաւ քեզի Սալբին` կեանքի ընկերդ, կողակիցդ, զաւակիդ մայրը:

Քրիստափորը ծնաւ` մեր կատակները իրականութեան վերածելով ապրիլ 1-ին:

Տրոփելէ կանուխ դադրած քու սիրտդ այսօր կը բաբախէ որդիիդ մէջ:

Կարծես` մխիթարանք մեզի, որքա՜ն քեզի կը նմանի:

Աղբա՛ր, ննջէ հանգիստ: Քրիստափորը հպարտ պիտի մեծնայ: Պապան սիրուած է բոլորէն եւ` յարգուած: Բոլորը մինչեւ օրս կը փնտռեն եւ յաճախ կը լսենք. «Հիմա Կրեկը, ըլլար այս հարցը լուծուած կ’ըլլար»:

Մենք ալ կը խոստանանք քու շուքդ ու ներկայութիւնդ անպակաս ընել:

Վստահ եմ` վերէն կը հսկես:

Վստահ եմ` դուն ալ հարցումներ ունիս:

Բայց վստահ ալ եմ, որ ըլլայ Քրիստափորը, ըլլայ Սալբին եւ ըլլայ մենք ունինք պահապան հրեշտակ մը:

Քու կարճ կեանքիդ ընթացքին ծառայեցիր ազգին` ըլլալով հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական եւ դաշնակցական:

Դուն միշտ մեզի հետ ես մեր սրտերուն, աղօթքներուն եւ ամենալաւ եւ ուրախ յիշատակներուն մէջ:

Կը սիրենք քեզ:

Աստուած հոգիդ հանգչեցնէ:

 

 

Նախորդը

Տոքթ. Վահէ Սիսեռեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Պատանի ՀՄԸՄ-ականի Մը «Երազը» (Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.