Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափի Վերականգնումը

Մարտ 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայկական կողմը կը պնդէ Արցախի հարցը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ լուծելուն վրայ, որովհետեւ արցախեան հարցով միջնորդութիւն կատարելու միջազգային լիազօրութիւն ունեցող այդ միակ ձեւաչափի վերականգնումը կը բխի հայկական կողմի շահերէն.

1) Հոլովոյթէն դուրս կը պահէ Թուրքիան եւ կը ջնջէ կամ առնուազն մեծապէս կը նուազեցնէ անոր ազդեցութիւնը:

2) Տագնապին լուծումը Հելսինքեան հռչակագիրի սկզբունքներուն վրայ հիմնելով` կ՛ապահովէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:

3) Հաւասարակշռուած ձեւաչափ մըն է. Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայութիւնը կը հակակշռէ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը, իսկ եռեակին մէջ ամէնէն ազդեցիկը եղող Ռուսիան իր ներկայութեամբ կը հակակշռէ միւս երկուքին ազդեցութիւնը: Այս հաւասարակշռութիւնը արգելք կը հանդիսանայ այդ երկիրներէն որեւէ մէկուն կողմէ ինքնագլուխ գործունէութեան:

44-օրեայ պատերազմէն ետք, սակայն, ճիշդ այդ մէկը տեղի ունեցաւ, երբ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ստորագրեցին 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար 2021-ի եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի յայտարարութիւնները: Ռուսիան փաստաթուղթերը ստորագրելով,  համաձայնութեան միջնորդը ըլլալուն կողքին,  նաեւ դարձաւ անոնց երաշխաւորը:

Մոսկուան այդպիսով «խաղէն» դուրս ձգեց Ուաշինկթընն ու Փարիզը, ապա նաեւ հաւանութիւն տուաւ ու մաս կազմեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն առաջարկած «3+3» շրջանային հարթակին, որմէ դարձեալ դուրս կը մնան Ուաշինկթընն ու Փարիզը:      Ռուսիան նաեւ պնդեց, որ այդ հարթակը միայն խորհրդատուական է` այդպիսով ընդգծելով, որ գլխաւոր ձեւաչափը Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան ձեւաչափն է: Ռուսիոյ տեսանկիւնէն, առաջնահերթութեան առումով, 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափը, որմէ Մոսկուան չի կրնար հրաժարիլ` նկատի ունենալով միջազգային լիազօրութիւն վայելող միակ ձեւաչափը ըլլալու հանգամանքը, ապա կու գայ «3+3» խորհրդատուական, այլ խօսքով` որոշումներ տալու լիազօրութենէ զուրկ եղող հարթակը: Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւններէն ետք եւ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ, սակայն, Ռուսիան որքանո՞վ պատրաստ է Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնման:

Ռուսիան յոյս ունի, որ ԵԱՀԿ-ը` ի տարբերութիւն ՕԹԱՆ-ին, կը ծառայէ իբրեւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան համապարփակ կազմակերպութիւն. անոր այդ յոյսը տակաւին չէ իրականացած, սակայն Մոսկուայի իր ազդեցութեան աշխարհագրական գօտիին մէջ այդ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը հանդուրժելը ցոյց կու տայ, որ այդ յոյսը կը գոյատեւէ:

Ռուսիան ԵԱՀԿ-ը կը հանդուրժէ, սակայն նաեւ անկէ դժգոհ է: Բրիտանիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան կայքի «ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան վերաբերեալ ռուսական տեսակէտներ» բաժինին մէջ նշուած է, թէ Ռուսիան դժգոհ է, որ ԵԱՀԿ-ը իր ուշադրութիւնը շեղած է անվտանգութեան քաղաքական ու զինուորական երեւոյթներէն` այսպէս կոչուած «Կարծր անվտանգութիւն»-էն (Hard Security) դէպի մարդկային իրաւանց օրակարգ` այսպէս կոչուած «Փափուկ անվտանգութիւն» (Soft Security) , ինչպէս նաեւ դժգոհ է կազմակերպութեան ոտնձգական ժողովրդավարականացումի (intrusive democratization) փորձերէն:

Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը այդ դժգոհութիւնը բարձրացուց Ռուսիա-ԵԱՀԿ յարաբերութիւններու մէջ լարուածութեան մակարդակի: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա  13 փետրուարին յայտարարեց. «Մոսկուան մտահոգ է Ուքրանիոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի յատուկ հսկողական առաքելութեան անձնակազմը վերաբաշխելու որոշ երկիրներու որոշումով: Առաքելութիւնը դիտումնաւոր կերպով կը ներքաշուի Ուաշինկթընի կողմէ հրահրուած ռազմատենչ ջղագարութեան մէջ եւ կ՛օգտագործուի իբրեւ հնարաւոր սադրանքի գործիք»: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նոյն օրը իր կարգին յայտնեց. «Կրկին շատ կարեւոր է, որ ԵԱՀԿ-ը դադրի խաղալ գործիքի դեր, որպէսզի անիկա դառնայ համաշխարհային կազմակերպութիւն, որ իսկապէս կը զբաղի Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան հարցերով»:

Ռուս դիւանագէտ Քոսթանթին Կաւրիլով մէկ օր ետք յայտնեց, որ Ռուսիան պիտի չմասնակցի այդ օր նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի ժողովին, որ կը գումարուէր Պալթեան երկիրներու խնդրանքով եւ կը վերաբերէր Պիելոռուսիոյ մէջ «արտասովոր զինուորական շարժումներ»-ուն, իմա` ռուս-պիելոռուսական ռազմափորձերուն:

Երկու կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիու Ռաու 14 մարտին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ կողմէ ուքրանացի քաղաքայիններու, ներառեալ դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու թիրախաւորումը «պետական ահաբեկչութիւն» է: Աւելի՛ն. ան նշեց, որ Մոսկուան զինք ամբաստանած է Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ կողմնակալութեամբ: «Այսպիսի պնդումի մը միայն մէկ պատասխան ունիմ. անկողմնակալութիւնը վերջ կը գտնէ հոն, ուր միջազգային մարդասիրական օրէնքի ոտնահարումները կը սկսին» , ընդգծեց Ռաու եւ Մոսկուայի կոչ ուղղեց` դադրեցնելու իր «անգութ նախաձեռնութիւն»-ը եւ հարցը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու: Ռուսիոյ ներկայացուցիչը մերժեց ԵԱՀԿ-ի նախագահի դիւանագիտութեան առաջարկը` նշելով, որ ան այս տագնապին մէջ կողմ է, ուստի` ոչ անկեղծ միջնորդ մը:

Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն անջատաբար կը յայտարարեն, որ պատրաստ են Երեւանին ու Պաքուին աջակցելու` հասնելու համար բոլոր խնդիրներու համապարփակ լուծման, սակայն այնպիսի կացութեան մը մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պատերազմական ու մարդկութեան դէմ ոճիրներով ամբաստանող որոշում կ՛որդեգրէ, իսկ նախագահ Ճօ Պայտըն իր ռուս պաշտօնակիցը հրապարակաւ «ռազմական յանցագործ» կը կոչէ, կարելի՞ է  անոնց միջեւ որեւէ համագործակցութիւն, ներառեալ Միսնքի խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան վերակենդանացում ակնկալել:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 17 մարտին յայտնեց, որ այժմ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ աշխուժ բանակցային հոլովոյթ չկայ, հաղորդակցութիւնները կէտ առ կէտ են: «Հիմա որեւէ աշխուժ բանակցային հոլովոյթ, բնականաբար, ինչպէս կը տեսնէք, չկայ: Մենք առանձին հաղորդակցութիւններ ունինք առանձին ծագող խնդիրներու շուրջ: Նոյնիսկ ոչ թէ խնդրայարոյց հարցերու, այլ խնդիրներու կէտ առ կէտ հաղորդակցութիւններ են: Այդքան բան», ըսած է Զախարովա` «Սոլովիով Լայվ» «ԵուԹիուպ»-եան ալիքի եթերէն: Անոր յայտարարութիւնը կը ստեղծէ այն յոյսը, որ Արցախի հարցը այդ կէտերէն մէկը կրնայ ըլլալ:

27 սեպտեմբեր 2020-էն` արցախեան խնդիրի կարգաւորման խաղաղ հոլովոյթի տապալումէն ի վեր եւ մասնաւորաբար 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք, Մոսկուայի արդէն իսկ առաջնակարգ դիրքի վրայ գտնուող ազդեցութիւնը աճած է, իսկ Ուաշինկթընն ու Փարիզը իրենց դիրքը զիջած են Անգարայի: Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի` Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը պնդեն, որ Արցախի եւ անոր կարգավիճակի հարցը տակաւին չէ լուծուած, եւ իրենք պատրաստակամ են այդ լուծումի որոնման աջակցելու: Անոնք քաջ կը գիտակցին, որ այդ մէկը չեն կրնար ընել առանց Ռուսիոյ, ուստի եւ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերակենդանացումը կը բխի անոնց շահերէն, մանաւանդ որ ատիկա նաեւ կրնայ երկու կողմերուն միջեւ իբրեւ կամուրջ ծառայել: Իրողութիւն մը, որուն կը գիտակցի նաեւ ռուսական կողմը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգումը մօտալուտ պիտի չըլլայ: Այդ նպատակով պէտք է սպասել ուքրանական հակամարտութեան վերջալոյսին: Ռուսական կողմը նաեւ թերեւս նախընտրէ ձեւաչափի գործունէութեան վերականգնման համար սպասել ԵԱՀԿ-ի լեհական նախագահութեան աւարտին (դեկտեմբեր 2022) եւ սպասէ, որ յունուար 2023-ին Հիւսիսային Մակեդոնիան ստանձնէ կազմակերպութեան նախագահութիւնը` պատժելու համար ԵԱՀԿ-ի ներկայ նախագահը` Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ իր «կողմնակալութեանը» համար: Այլ խօսքով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան գործունէութեան վերակենդանացումը կարելի է, սակայն` ոչ մօտալուտ:

 

 

Նախորդը

Սուրճ

Յաջորդը

Կոմիտաս Վարդապետ` «Սեւանայ Մենաստանի Մենակեաց»-ը

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?