Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Վահէ Սիսեռեանի Յիշատակին

Մարտ 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ

Ասկէ քառասուն օրեր առաջ Սիսեռեան գերդաստանը կորսնցուց իր հաւատաւոր եւ արժանաւոր հիմնասիւներէն մէկը:

Վահէն փոքր տարիքէն եղած էր ուշագրաւ մանուկ մը` զատորոշուելով իր տարիքի մանուկներէն իր տոկուն վճռակամութեամբ եւ հաստատամտութեամբ: Այո՛, վճռակամ էր ու հաստատամիտ:

Դեռ մանկապարտէզի օրերէն ան բեմին վրայ քաջաբար արտասանած էր հետեւեալ ոտանաւորը` ոտքը գետին զարնելով.

Երբ որ մեծնամ, աղբարիկ,
Պիտի ըլլամ մեծ բժիշկ:

Այո՛, եղաւ մեծ բժիշկ եւ բժշկեց հազարաւոր ջղային ախտաւորներ, որոնք կորսուած էին տգիտութեան ու անկարողութեան մէջ: Հալէպի մէջ բարձր եւ յաջողակ վարկ մը կը վայելէր Վահէն բոլորին մօտ: Իր հիւանդները նոյնիսկ Հալէպի հեռաւոր շրջաններէն կու գային տոքթ. Վահէ Սիսեռեանը փնտռելով, որովհետեւ մեծ վստահութիւն ունէին անոր բժշկագիտական կարողութիւններուն վրայ: Հասկցուեցաւ ան տեղացիին եւ գիւղացիին հետ, բոլորին հետ լեզուն անուշ էր ու հարցերը մեղմացնող:

Տոքթ. Վահէն, սակայն, ապրեցաւ շատ դժուար տարիներ եւ օրեր իր ուսանողութեան շրջանին: Իրենց ընտանիքի համեստ կարողութիւնը չէր արտօներ, որ ան հետեւի բժշկութեան երկար եւ ծախսալից ճանապարհին: Բայց ինք տեսլական ունեցող եւ որպէս պայքարող իւրայատուկ անձ` չյուսահատեցաւ: Իր երկրորդական ուսումը աւարտելով Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանէն` դիմեց Իտալիոյ Փարմա քաղաքը, եւ հոն քանի մը դասընկերներով հետեւեցան համալսարանական ուսման: Բացառիկ էր իր խելացութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Ծնողքի նեցուկ չստանալով հանդերձ, շարունակեց իր ուսումը` երկար տարիներ անվարան վստահելով իր մտքի եւ բազուկի ներուժին: Ձմեռը երկարաշունչ գիշերներ լուսցուց սերտողութիւններով եւ ուսումնառութեամբ, զորս նուաճեց սիրով: Իսկ ամառներն ալ չգնաց հանգստանալու կամ իր ծնողքին այցելելու, այլ ընտրեց դժուարին պայմաններ եւ ծանր գործեր, որոնք կը վարձատրուէին բարձր սակերով` պարզապէս իր համալսարանին թոշակը ապահովելու համար: Այո՛, շատ յոգնեցաւ մեր սիրելին տոքթ. Վահէն եւ դէմ դրաւ բոլոր արգելքներուն ու խոչընդոտներուն: Բժշկական եօթը տարիները աւարտելէ ետք եկաւ Լիբանան եւ իր մասնագիտութիւնը ամբողջացուց հանրածանօթ հոգեբաններ եւ ջղային մասնագէտներ տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանի եւ տոքթ. Բիւզանդեանի հսկողութեան տակ եւ անոնցմէ ստացաւ հոգեբանի բոլոր  հմտութիւնները եւ ջղային մասնագիտութիւնը, զորս անուանի այս բժիշկները  վաստակած էին երկար տարիներու փորձառութիւններէ:

1979¬ական թուականին վերադարձաւ իր ծննդավայրը` Սուրիա, Հալէպ եւ հոն զերոյէն սկսաւ նորէն եւ հաստատեց իր դարմանատունը: Շնորհիւ իր մարդկային ու բժշկական կարողութիւններուն` կարճ ժամանակ մը ետք յայտնի բժիշկ էր Հալէպի մէջ, հոգեբան եւ ջղային ախտաբան:

Հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին` ան չմոռցաւ իր ծառայութիւնները մատուցել իր ժողովուրդին` Բերիոյ թեմէն ներս վերցնելով պատասխանատու պաշտօններ: Եղաւ անդամ Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի խնամակալութեան նախկին ատենապետ, Բերիոյ հայոց թեմի շքանշանակիր վաստակաշատ ծառայող:

Տոքթ. Վահէի մահով Բերիոյ ազգային ծառայութեան շրջանակը կորսնցուց իր պայծառատես տոքթորը, որ իր անկրկնելի անձնաւորութեան մէջ զարմանալի ներդաշնակութեամբ համատեղած էր ակադեմական ու գործնապաշտ մարդը: Շուրջ չորս տասնամեակներու վրայ երկարած իր հանրային գործունէութեամբ արժանացած էր յարգանքի:

Տոքթ. Վահէն ծանօթ անուն էր նաեւ արաբ մտաւորական շրջանակին եւ հայ համայնքին յարգուած ներկայացուցիչը` պետական շրջանակներուն մէջ: Տոքթ. Վահէն իսկական մտաւորական մըն էր` պրպտող եւ շատ ընթերցասէր: Ունէր գրական հակումներ եւ գրութիւններ, ուր կը յստականար իր պայծառատես եւ ապագայատեսիլ անձը: Ունէր հետաքրքրական գաղափարներ, ծրագրումներով ընթանալու ջատագով, հմուտ ժողովական մըն էր: Տեղացի բժիշկ-գրագէտի մը հետ համահեղինակեց սուրիական քանի մը սերիալներ` իրական կեանքէ առնուած:

Հալէպ վերադարձէն մինչեւ թուականս ան կը պաշտօնավարէր որպէս անուանի դասախօս` Հալէպի բժշկական համալսարանին մէջ:

Սիրելի՛ տոքթ. Վահէ, դժուար է հաշտուիլ քու կորուստիդ հետ, քու մտերմութիւնդ ու ջերմութիւնդ տակաւին շատ պիտի փնտռենք, դուն կը հասնէիր բոլորիս, գիտակ էիր գերդաստանի պարտականութիւններուդ եւ պարտաւորութիւններուդ, որովհետեւ դուն շատ հարազատօրէն կը մօտենայիր մեզի ու կ՛ուզէիր հասնիլ բոլորիս:

Ունեցար իսկական արժանաւոր կեանք մը, բայց` անժամանակ մահ մը:

Խունկ ու աղօթք` քու շիրիմիդ, հողը թեթեւ գայ վրադ:

Յիշատակդ պիտի մնայ անթառամ:

Հօրաքոյրդ`
ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ

Նախորդը

Դիւանագէտ Դերասաննե՞ր, Թէ՞ Դերասան Դիւանագէտներ

Յաջորդը

Նամակ` Հեռուներէն (Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?