ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երեւան,1995, Սեպտեմբեր
Սիրելի իմ ուսումնատենչ ընթերցող,
Յոյսս կտրելէ ետք Երեւանի պետական համալսարանէն (ուրկէ շրջանաւարտ էի) եւ Երեւանի գեղարուեստաթատերական բարձագոյն հիմնարկէն (ուր ուսումս չէի կրցած շարունակել… քաղաքական պատճառաբանութիւններու հետեւանքով), ներկայացայ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն Լեւոն Հախվերդեանին: Մինչ այդ ան զիս կը ճանչնար իբրեւ ընկերը իր ուստրին` Ռուբէն Հախվերդեանին, որուն մասին եւս ունիմ թուղթին յանձնելու արժանի հետաքրքրական ու շահեկան յուշեր… Երբ Հախվերդեանը իրազեկ եղաւ ուսումս շարունակելու իմ բուռն ցանկութեանն ու ինծի դէմ ցցուած անհեթեթ արգելքներուն, ըսաւ.
— Մովսէս ջան, դու մեր «փնտռած» մարդն ես:
Անմիջապէս ներս հրաւիրեց իր տեղեկալը` Արարատ Աղասեանը, ու պատուիրեց, որ դիմումիս համապատասխան ձեւակերպումները պատրաստէ: Շաբաթ մը ետք, երբ ներկայացայ Աղասեանին, ան նախ շնորհաւորեց զիս անոր համար, որ միաձայնութեամբ ընդունուած եմ, եւ ապա տեղեկացուց, որ զինք նշանակած են իմ խորհրդատու ղեկավարս: Քիչ մը վերապահութեամբ լսեցի այս լուրը, նախ` անոր համար, որ տարիքով բաւականին փոքր էր ինձմէ, ապա` երկար տարիներ կտրուած ըլլալով հայրենական մշակութային կեանքէն, անոր անունը բան մը չէր ըսեր ինծի: Սակայն երբ հետաքրքրուեցայ իրմով, տրամադրութիւնս փոխուեցաւ: Յատկապէս Հախվերդեանը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր եւ որ կատարած արուեստագիտական աշխատանքներուն, ուշիմութեան մասին եւ յատուկ շեշտեց, որ ան լրջօրէն հետաքրքրուած է նաեւ սփիւռքի կերպարուեստով: Հետագային ամէն ինչ գործնապէս ապացուցուեցաւ:
Աղասեանը, երբ ծանօթացաւ խորհրդային տարիներուն իմ գրած աւարատաճառիս բովանդակութեան, զոր խորագրած էի «Ամերիկահայ կերպարուեստի պատմութիւն», շատ հանդիսաւոր ձեւով ըսաւ.
– Որովհետեւ խորհրդային շրջանին սփիւռքահայ ուսանողների հանդէպ որոշ բարի տրամադրութիւններ կային, գուցէ այն ատեն սա ընդունուէր: Սակայն այսօր դա հնարաւոր չի, մանաւանդ որ ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի գիտական աստիճանաշնորհման նախագահը ակադեմիայի թղթակից անդամ Հենրիկ Յովհաննիսեանն է, ականաւոր մեծ գիտնական, որ յայտնի է իր բծախնդրութեամբ ու անզիջող կեցուածքով:
Հետագային պարզուեցաւ, որ իբրեւ «խորհրդատու ղեկավար», ինք եւս Հենրիկ Յովհաննիսեանէն նուազ խիստ չէ, իր բծախնդրութեամբ ու անզիջող կեցուածքով… Յաջորդ հանդիպման ան արդէն կարդացած էր այսպէս կոչուած «աւարտաճառս» ու մանրամասնօրէն նշելէ ետք թերութիւնները, կատարեց համապատասխան թելադրանքներ: Աղասեանը կը մղէր զիս նոր որոնումներու… ակադեմական բարձրագոյն չափանիշներով: Այս մէկը կ՛ենթադրէր տարիներու լուրջ եւ յարատեւ աշխատանք: Ոչ միայն ամէն ինչ նոր պիտի գրէի, այլեւ նախկին «մինիմումներս» (թեկնածուականի մասնագիտական քննութիւնները), որոնք խորհրդային շրջանին յաջողութեամբ տուած էի, նորէն պիտի յանձնէի: Կա՛մ ձեռնոցը պիտի վերցնէի ու հասուն տարիքիս ինքզինքս դնէի ուսանողի կարգավիճակի մէջ (որ այնքան ալ դիւրին չէր), կա՛մ ալ պիտի հրաժարէի վկայականէն: Նախ վերստին ընթերցեցի նախկին «աւարտաճառս» ու ոչ միայն իրաւունք տուի Աղասեանին, այլ նաեւ ես ինձմէ ամչցայ: Ամչցայ, որովհետեւ մինչ այդ (անցնող տասնհինգ տարիներու ընթացքին) ստորագրած էի շուրջ հազար արուեստաբանական բնոյթի յօդուածներ, աւելի խորացած էի արուեստի պատմութեան ու գեղագիտութեան մէջ ու գնահատման չափանիշներս փոխուած էին… Աղասեանը բազմիցս վերախմբագրել ու անհրաժեշտ լրացումներ կատարել տուաւ ինծի: Հինգ տարիներ ետք միայն պատրաստ էի աւարտաճառս ճակատաբաց ներկայացնելու: Ի վերջոյ պաշտպանեցի ու արժանացայ արուեստագիտութեան դոկտորայի գիտական աստիճանի (Ph.D): Եթէ ինծի ծանօթ արուեստաբաններէն (Անթոնիօ Զկարպի, Անթոնիօ Քարթա, Վահան Յարութիւնեան, Հենրիկ Յովհաննիսեան, Հուրիկ Սուրուզեան…) իւրաքանչիւրէն որեւէ բան սորված եմ ու դրական հետք ձգած են վրաս, ապա անկասկած որ անոնցմէ մէկը Արարատ Աղասեանն է:
Այս բոլորէն ետք մենք եղանք լաւ ընկերներ, իսկ մշակոյթի գծով նաեւ` գործընկերներ: Անոր միջոցով բախտը ունեցայ ծանօթանալու այլ վաստակաշատ արուեստաբանի մը` Աննա Ասատրեանին, որոնք կրցան իրագործել այն, ինչ որ ես չէի կրցած իրագործել տալ ո՛չ հայրենի եւ ո՛չ ալ սփիւռքի համապատասխան ղեկավարներուն ու մշակոյթի կառոյցներուն:
Խօսքը կը վերաբերի հրատարակման «Արուեստագիտական Հանդէս»-ի, որուն յաջող ընթացքը կենսական նուաճում պիտի ըլլայ հայ մշակոյթի համար, որ արդարօրէն մաս պէտք է կազմէ Հայաստանի պետական մշակութային քաղաքականութեան, որ իր լայն ու մասնագիտական հասկացողութեամբ տակաւին չէ մշակուած ու ձեւաւորուած… Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր: Գործնական գետնի վրայ այս մէկը քայլ մըն է նաեւ դէպի ազգային ոգեղէն արժէքներու գնահատման ու մեծարման: Նկատի առէք, որ «Արուեստագիտական Հանդէս»-ը 2019-էն ի վեր կը հրատարակուի երեք լեզուներով (հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն), ուր իրաւունք ունին ստորագրելու միայն վկայեալ արուեստաբաններ ու մասնագէտներ: Պատահականութիւն չէ նաեւ, որ այս բարձրորակ հանդէսի խմբագրական կազմը (որոնց մէջ ներառնուած են նաեւ օտարներ) բաղկացած է արուեստագիտութեան գծով դոկտորայի գիտական աստիճան (Ph.D) ունեցող մասնագէտներէ: Յիշեալ երկու վաստակաշատ դէմքերու համագործակցութիւնը զուգադիպութիւն չէ: Անոնք համահեղինակ են նաեւ «Հայ ռուսական գեղարուեստական առնչութիւնները» գիրքին (208 էջ), որ հրատարակուեցաւ երկու լեզուներով, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Երեւանի մէջ, 2015-ին:
Յաճախ համատեղ ջանքերով այս երկու նուիրեալները, նուազագոյն միջոցներով եւ երբեմն նոյնի՛սկ աննպաստ պայմաններու տակ կ՛իրագործեն խիստ անհրաժեշտ ձեռնարկներ` նպաստելու համար հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման խիստ անհրաժեշտ գործընթացին:
Նախքան զանոնք ներկայացնելը` ձեզի բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ… եւ ինչպէ՞ս… :
Աւելի քան դար մը առաջ Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Գեղարուեստ» ու Մխիթարեաններու հրատարակած «Գեղունի» պարբերականները թէեւ արուեստի մասնագիտական հրատարակութիւններ էին, սակայն մենք չենք ունեցած պարբերական մը, ուր հայ արուեստի տարբեր երեսները քննարկուին հանգամանօրէն ու ներկայացուին նաեւ ոչ հայ մասնագէտ ընթերցողներու:
Խորհրդային շրջանին կար «Սովետական Արուեստ» ամսաթերթը, նախախորհրդային շրջանին հրատարակուող արուեստի պարբերականներու նման, կը հրատարակուէր ներազգային սպառման համար եւ աւելի տեղեկատուական ու ժողովրդային բնոյթ ունէր, քան` ակադեմական- վերլուծական:
Թէ՛ հայրենի, թէ՛ սփիւռքի մէջ ներկայիս հրատարակուող ամսաթերթերէն գրեթէ բոլորը ունեցած են եւ այսօր ալ ունին արուեստի բաժիններ, որոնք, սակայն, կը հրատարակուին ներազգային սպառման համար: Նոյնն է պարագան վերջին երեսուն եւ աւելի տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ եղած փորձերուն:
Որովհետեւ հայ մշակոյթի որակի եւ քանակի համապատասխան արուեստաբաններ, հետեւաբար նաեւ արուեստաբանութիւն չենք ունեցած, աւելի ճի՛շդը` չենք կրցած ունենալ, տակաւին հայ մշակոյթը ոչ միայն միջազգայնօրէն կը մնայ լուսանցքի վրայ, այլ նաեւ մշակութային կողոպուտն ու յաճախ նաեւ իւրացումը կը շարունակուի մեր «բարեխիղճ» հարեւաններու կողմէ…
Այնուամենայնիւ, այն մասնակի նուաճումներն ու յաջողութիւնները, որոնք արձանագրած ենք միջազգային գետնի վրայ (յատկապէս ռուսերու մօտ), կը պարտինք խորհրդային շրջանին հրատարակուող «Պատմաբանասիրական Հանդէս» եւ «Բանբեր Համալսարանի»-ի նման որոշ հրատարակութիւններու ու անհատ արուեստաբաններու: Իսկ արդար ըլլալու համար հարկաւոր է նշել նաեւ, որ կարգ մը սփիւռքահայ օտարալեզու հրատարակութիւններ, մշակութային միութիւններ, արուեստի կազմակերպութիւններ ու արուեստաբաններ եւս շօշափելի ներդրում ունեցած են այս բնագաւառին մէջ: Այս բոլորով հադերձ, սակայն, տակաւին չենք կրցած միջազգայնօրէն մրցունակ մեր մշակոյթը ըստ արժանւոյն ներկայացնել միջազգային հարթակներու վրայ:
Այսօր, մէկ տարուան ընդհատումէ մը ետք, պետական հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ կը շարունակէ հրատարակուիլ «Արուեստաբանական Հանդես»-ը` շնորհիւ դոկտ. փրոֆեսէօր Աննա Ասատրեանի եւ դոկտոր փրոֆեսէօր Արարատ Աղասեանի:
Ո՞վ են այս երկու նուիրեալները:
Արարատ Աղասեան

Ծնած է 1956-ին, Սիսիան: 1978-ին կ՛աւարտէ Մոսկուայի պետական համալսարանի արուեստաբանութեան բաժինը, 1981-ին կը պաշտպանէ արուեստագիտութեան թեկնածուականը, իսկ 2007-ին կ’արժանանայ արուեստագիտութեան դոկտոր գիտական աստիճանի (Ph.D), վերոյիշեալ համալսարանին մէջ:
Ցարդ հրապարակած է 150-է աւելի գիտական յօդուածներ եւ 14 գիրքեր, որոնց շարքին` «Հայ արուեստի զարգացման ուղիները ԺԹ. եւ Ի. դարերում», «Հայ կերպարուեստի ամբողջական պատմութիւն», «Արուեստի պատմութիւն» հատորները: Այս վերջինի Ա. հատորը սեղանի վրայ է արդէն իբրեւ դասագիրք, որուն մասին արժէ անդրադառնալ առանձին: Ան թարգմանական գրականութեան մէջ եւս ունի շօշափելի աւանդ, որոնց մէջ գուցէ ամենայատկանշական գործը «Հայոց ցեղասպանութեան արձագանգները ռուսական պոէզեայում» հաւաքածոն է: Տարբեր լեզուներով հրատարակուած անոր գիրքերն ու յօդուածները լոյս տեսած են տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս` Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Անգլիա, Վրաստան, Լիբանան, Լեհաստան եւ այլն:
Աղասեանը ունեցած է հարուստ եւ բեղուն ստեղծագործական, մանկավարժական եւ հասարակական կեանք: 2003-էն մինչեւ 2020 կը վարէ ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէնութեան պաշտօնը:
2013-ին կը նշանակուի Գիտական խորհուրդի նախագահ, 2014-ին` ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, 2016-ին` Սփիւռքահայ արուեստի եւ միջազգային կապերու բաժնի վարիչ եւ այլն: Իր տուած բազմաթիւ միջազգային եւ հայաստանեան գիտական զեկուցումներու եւ դասախօսութիւններու շարքին ան «Ազդակ»-ի հրաւէրով դոկտ. Մուրատ Հասրաթեանին հետ եղած է նաեւ Պէյրութ, ուր հանդես եկած են քանի մը դասախօսութիւններով:
Աղասեան արժանացած է նաեւ շարք մը պարգեւներու եւ պատուոյ գիրերու, որոնց շարքին` 2009-ին «Գարեգին Նժդեհ»-ի ոսկեայ մետալի եւ 2012-ին` Հայաստանի պետական մրցանակի` «Հայ արուեստի պատմութիւն» աշխատութեան համար:
Այժմ ան յարատեւօրէն կը շարունակէ իր ստեղծագործական կեանքը` յաճախ գործակցելով Աննա Ասատրեանին հետ:
Աննա Ասատրեան

Չափազանց աշխուժ եւ արդիւնաւէտ կեանք ունեցած է Աննա Ասատրեանը եւս: Թէ՛ ուսումնասիրական, հրատարակչական, մանկավարժական, թէ՛ հանրային բնագաւառներէն ներս, կը ծաւալէ բեղուն եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Ծնած է 1968-ին, Երեւան: Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է նախ` Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին, ապա Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ: 2001-ին ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկին մէջ կը պաշտպանէ թեկնածուականը, իսկ 2008-ին կ՛արժանանայ արուեստագիտութեան դոկտորայի (Ph.D) վկայականի:
Ան գիտական զեկուցումներով մասնակցած է թէ՛ միջազգային, թէ՛ հայաստանեան բազմաթիւ գիտաժողովներու ու հրատարակած` շուրջ հարիւր յօդուածներ ու տասնեակ մը գիրքեր, որոնց շարքին` «Սփիւռքահայ արուեստ» (արդի վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները), «Լիբանանահայ երաժշտութիւն» (Արուսեակ Այնթապլեան), «Լիբանանահայ թատրոն», «Ոսկան երեւանցի» եւ այլն:
Բացի շարք մը երեւանեան մշակոյթի տարբեր տեսակի հիմնարկներէ` վարած է նաեւ պատասխանատու պաշտօններ Հայաստանի ԳԱԱ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, ինչպէս` գիտաշխատողի գիտական քարտուղար, տնօրէնի տեղակալ, Սփիւռքահայ արուեստի եւ միջազգային կապերու բաժնի վարիչ, երաժշտութեան բաժնի վարիչ եւ այլն: Ստացած է նաեւ շարք մը յատկանշական պատուոյ գիրեր, յուշամետալներ եւ մրցանակներ, որոնց շարքին արժանացած է 2014-ի «Արդիւնաւէտ աշխատող» պետական առաջին մրցանակին:
Նեկայիս կը վարէ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէնի եւ «Կանթեղ» պարբերականի գլխաւոր խմբագրի պատասխանատու պաշտօնները, միաժամանակ դոկտ. Արարատ Աղասեանին հետ կը շարունակեն խմբագրել ու հրատարակել նաեւ «Արուեստագիտութեան Հանդէսը», որուն զարգացումն ու տարածումը մեծապէս պիտի նպաստէ նաեւ մեր ազգային ինքնութեան գնահատմանն ու ազգի վարկի բարձրացման… վստահաբար:
Իմ մշակութասէր ընթերցող,
Մենք բոլորս ալ կը զգանք, կը տեսնենք եւ գիտենք, որ լրջօրէն վտանգուած է մեր ազգային ինքնութիւնն ու մեզմէ խլուած կը թուին ըլլալ մեր մարդկային ու ազգային տարրական իրաւունքներն իսկ…Համաշխարհային այս աննպաստ կացութեան ու մերօրեայ բազմատեսակ ազգային տագնապներուն առընթեր, «Արուեստագիտութեան Հանդէս»-ն ու նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ առաւել եւս իմաստալից ու կենսական կը դառնան մեզի համար:
Ուրեմն (յատկապէս անփառունակ ու անհեթեթ պարտութենէն ետք) հարկաւոր է նիւթաբարոյական յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել այս եւ նմանօրինակ այլ ձեռնարկներու, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ աւելցնել անոնց տպաքանակն ու տարածել զանոնք համապատասխան միջազգային կառոյցներու մէջ:
Այնճար, օգոստոս 2022