Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վախին Փուշերը Կը Մաքրեն Հոգիդ

August 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Վախի կցկտուր լոյսերը գրկած
Կախարդանքի դաշտերուն մէջ հայրենական
Մտիկ կ՛ընէինք այն ձայնը որ կ՛երգէր
վայրի անտառներուն մէջ,
Միաժամանակ կապոյտ արշալոյսի
շուշանեան գիշերներ կը բանայինք:

Յետոյ կորսուեցան վայրի անտառները
անապատներու միջեւ
ովկիանոսներու միջեւ.
Եւ ողբն ու սուգը, անտիրութիւնը
անապաստան կենդանիներու նման
կծկուեցան մեր քով, վերածուելով սպիտակ բառերու տակ
ծպտուած կսկծագին երկերու:

Մտիկ կ՛ընէինք այն ձայնը որ  կը հասնէր
կայծակնահար անտառներէն,
պէտք է տարօրինակ մացառուտներ բանայինք
որ գտնէինք զիրար.
ո՛չ չըլլալու ըղձանքը կար, ո՛չ դադրելու մաղձը,
միայն խօսելու` տենդամուր ու հալածագին:
Սակայն բառերու փայլակներով
ի՞նչ յաղթանակ կրնայինք ոռոգել,
բորբոքուն ներկան դարձեր է անվիրակապ
անանջատելի մաշկ:

Մենք կանաչ տերեւներու համը չառինք
բազում թոյներ պահպանելու էինք:
Յանձնուէ՜, անվարան յանձնուէ վախիդ,
վախին փուշերը կը մաքրեն հոգիդ:

Համասփիւռ անապատէն հասած լռութիւնը
գիշեր ցերեկ կը ցատկէ վէրքերուս վրայէն,
Մատներս հեռազգացող թելերու վերածած`
վերադարձեր եմ գրկելու
մոռցուած ուրախութիւնները:
Ուրախութեան տխրութիւնը:

Եկեր եմ պարպուած կեանքերը շպրտելու,
Եկեր եմ զոհուած կեանքերը օրհնելու.
Եկեր եմ Մահուան ուրուականը զգետնելու:
Եկեր եմ Անդունդին երախը փակելու:
Եկեր եմ փնտռելու Կեանքերս
Կեանքերս:
Կեանքերս գտնելո՛ւ:

Յաւերժ է զծուխն ծխանի:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ձեզի Հետ Կ՛ապրիմ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.