Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» (Հեղինակ` Թադեւոս Յակոբեան)

August 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մոնրէալի «Հորիզոն» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ 2021-ին լոյս տեսաւ Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» գիրքը: Հատորին մեկենասն է Մոնրէալի հայ կեդրոնի տարեցներու միութիւնը, ի յիշատակ` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Երկու խօսքին մէջ «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը կ՛ըսէ, որ պատմաբան Թադեւոս Յակոբեանի այս աշխատութիւնը կը հանդիսանայ այն միակ հազուագիւտ աղբիւրը, ուր մէկ հրատարակութեան մէջ համախմբուած կրնանք գտնել Արեւմտեան Հայաստանի հայկական 72 բնակավայրերու տեղագրութիւնը:

Թադեւոս Յակոբեան կ՛ըսէ, որ տակաւին ՆՔ Գ.- Բ. հազարամեակներուն ձեւաւորուած ցեղային միութիւններու տարածքին` Միտանիի, Հայասա- Ազզիի ու Նայիրեան երկիրներուն եւ անոնց յաջորդած միւս պետական միաւորումներուն մէջ արդէն գոյութիւն ունէին տասնեակ բերդեր ու բերդաքաղաքներ: Մեծ թիւով բերդեր ու բերդաքաղաքներ յայտնաբերուած են ուրարտական պետութեան մէջ:

Տնտեսական կեանքի զարգացման զուգահեռ, հելլէնական դարաշրջանին մեծ վերելք կ՛ապրին նաեւ քաղաքները: Զարգացման նոր շրջան կ՛ապրին հին քաղաքները` Վան, Արմաւիր, Մալաթիա, Մանազկերտ եւ Արճէշ: Ծնունդ կ՛առնեն նոր քաղաքներ` Երուանդաշատ, Բագարան, Բագաւան, Զարիշատ, Զարեհաւան, Արտաշատ եւ Տիգրանակերտ:

Աւատապետութեան շրջանին Հայաստանի հելլէնական քաղաքները աստիճանաբար կը յետադիմէին: Միաժամանակ յառաջացած են շարք մը քաղաքներ` Արզն, Բաղէշ, Խլաթ, Կարին, Ոստան, Ադամակերտ, Սպեր, Նախճաւան եւ Մուշ, իսկ գլխաւորներն էին` Վաղարշապատ, Դուին եւ Արշակաւան:

Քաղաքներու համընդհանուր անկումը տեղի ունեցած է արաբական տիրապետութեան շրջանին` Է.- Թ. դարերուն, երկրի տնտեսական կեանքի ընդհանուր յետադիմութեան պատճառով: Նախորդ դարերու քաղաքներէն շատեր վերածուեցան բերդաքաղաքներու ու բերդերու: Մայրաքաղաք Դուին եւս մեծապէս տուժեց:

Հայաստանի մէջ քաղաքային կեանքը աննախընթաց վերելք ապրեցաւ Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին (885-1045): Աշխուժացան հին քաղաքները` Դուին, Վան, Նախճաւան, Բաղէշ, Հեր եւ Բագարան եւ ձեւաւորուեցան նոր քաղաքներ` Անի, Կարս, Արծն, Խլաթ, Մուշ, Լոռի, Կապան եւ Երազգաւորս: Քաղաքային կեանքի զարգացումը պայմանաւորուած էր Բագրատունեաց թագաւորութեան տարանցիկ դիրքով եւ մնայուն խաղաղութեամբ:

Մեծ քաղաքները բաղկացած էին երեք մասէ` միջնաբերդէ, բուն քաղաքէն (շահաստան) եւ արուարձաններէ: Քաղաքային բնակչութեան հիմնական մասը կը կազմէին արհեստաւորներն ու առեւտրականները:

Հայաստանի ծաղկած քաղաքներէն շատեր սելճուքեան արշաւանքներուն ժամանակ կողոպտուեցան եւ աւերուեցան: Իսկ մոնկոլական արշաւանքներու ընթացքին ծանր հարուած ստացան արհեստագործութեան եւ առեւտուրի կեդրոններ դարձած քաղաքները: Մոնկոլներ աւերեցին Անին, Կարսը, Դուինը, Լոռին, Էրզրումը, Երզնկան, Խլաթը, Արճէշը, Մանազկերտը, Վանը եւ Մուշը:

Լենկթիմուրի եւ Քարաքոյունլու ու Աքքոյունլու թուրքմէնական ցեղերու տիրապետութեան շրջանին (ԺԴ. – ԺԶ. դարեր) Հայաստանի քաղաքները ենթարկուեցան նոր, աւելի ահաւոր կողոպուտի, աւերումներու եւ գերեվարութիւններու: Քարաքոյունլուներու ժամանակ Երեւան դարձաւ վարչական կեդրոն: Կազմաւորուեցան Ջուղա, Ագուլիս եւ Գաւառ առեւտրական աւանները:

Թուրք-պարսկական տիրապետութեան շրջանին, ԺԶ. – ԺԸ. դարերուն, Հայաստանի քաղաքներէն համեմատաբար նշանաւոր էին Երեւանը, Էրզրումը, Վանը, Երզնկան, Կարսը, Պայազիտը, Խլաթը, Պիթլիսը, Մուշը, Արճէշը, ինչպէս նաեւ Սեբաստիան, Մալաթիան եւ Տիգրանակերտը:

Հայերէն ետք, Արեւելեան Հայաստանի քաղաքներու բնակչութեան մէջ զգալի տոկոս կը կազմէին թաթարներն ու պարսիկները, իսկ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն մէջ` թուրքերն ու քիւրտերը:

Քաղաքները անբարեկարգ վիճակի մէջ էին: Բնակարանները միայարկանի էին, իսկ փողոցները` նեղ, ոլորապտոյտ եւ ցեխոտ: Քաղաքներէն շատեր չունէին ըմպելի ջուր:

Արեւելեան Հայաստան 1828-ին կցուեցաւ Ռուսական կայսրութեան եւ համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցան տնտեսութեան զարգացման համար:

Հայաստանի քաղաքները առհասարակ փոքր էին եւ սերտօրէն կապուած գիւղատնտեսութեան հետ, իսկ արհեստներն ու առեւտուրը գերազանցօրէն միայն տեղական նշանակութիւն ունէին:

Երեւանի նահանգին մէջ կային հինգ քաղաքներ` Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Նախիջեւան, Օրտուպատ եւ Նոր Պայազիտ: Կարսի մարզին քաղաքներն էին` Կարս, Սարըղամիշ, Կաղզուան, Արտահան եւ Օլթի: Իսկ Ելիզաւետպոլի ու Թիֆլիսի նահանգներու հայկական կամ հայաշատ քաղաքներն էին` Շուշի, Գորիս, Ախալքալաք եւ Ախալցխա:

Իսկ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներէն նշանաւոր էին Էրզրումը, Երզնկան, Կամախը, Սեբաստիան, Մալաթիան, Խարբերդը, Մուշը, Խլաթը, Պիթլիսը, Շատախը, Վանը եւ Պայազիտը: Այդ քաղաքները հայաթափ եղան եւ թրքական եաթաղանին 1915-1916-ին զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր:

Հեղինակը այբբենական կարգով ներկայացուցած է Արեւմտեան Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Փոքր Ասիոյ հայաշատ բնակավայրերուն տեղագրութիւնը:

 

Նախորդը

Համազասպը Պանծալի (Վերջին Օրերը Նոր Պայազիտի Մէջ)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.