Անոնք, որոնք 1920 նոյեմբերին Երեւան գտնուած են, գիտեն, թէ այդ օրերուն հայ ժողովուրդը ի՛նչ ճգնաժամային օրեր կ՛անցընէր: Թուրքը, «Ճնշուած ազգերու պաշտպան» խառնածին պոլշեւիկներու հետ դաշնակցած, յարձակեցաւ մեր մանուկ հանրապետութեան վրայ:
Այդ ծանր օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներէն սկսեալ մինչեւ գրասենեակի պարզ պաշտօնեաները` բոլորը ունէին միայն մէկ նպատակ` ամէն գնով փրկել ժողովուրդը թրքական վայրագութենէն: Եւ սակայն այդ օրերու տագնապալի կացութիւնը պատճառ մը չէր, որ Պոլսէն եկած Արմաշի երկրագործական վարժարանի որբերս, Նոր Պայազիտ փոխադրուած ըլլալով, հոն շարունակէինք մեր կիսատ մնացած ուսումը: Նոր Պայազիտի վարժարանը իր գեղեցիկ երկյարկանի քարէ շէնքով, չորս հարիւրէ աւելի գիշերօթիկ ու տեղացի ցերեկեայ երկսեռ աշակերտներուն համար «Նոր Արմաշի երկրորդական ուսումնարան»-ը եղաւ:
Սկիզբի օրերուն, 1920-ի աշնան, երբ դասաւանդութիւնը դեռ կանոնաւոր չէր, մեր պարապ ժամերը ընկեր-ընկերուհիներուն հետ կ՛անցընէինք մեր տաքուկ դասարաններուն մէջ եւ յուշեր կը պատմէինք իրարու:
– Ինչո՞ւ այսպէս հաւաքուեր նստեր էք պարապ,- ըսաւ օր մը վարժարանին ներքին տնօրէն Հայկ Սէրէնկիւլեանը` դասարան մտնելով,- գացէք, տղաքս, գացէք խոհանոց եւ գետնախնձոր մաքրեցէք:
Դժգոհ մնացինք հրամանէն, որովհետեւ մեր ընկերներէն մին դեռ չէր լրացուցած իր հետաքրքրական պատմութիւնը: Բայց գոհ էինք միաժամանակ, որ պատեհութիւնը պիտի ունենայինք օգտուելու խոհանոցի սամովարին պատուական թէյէն:
Մօտ տասը ընկերներ, խոհարար վարպետին տուած փոքրիկ դանակները մեր ձեռքը, գետնախնձորին պարկին շուրջ ծալապատիկ նստելով` սկսանք գործի: Բնական էր, որ մեր ընկերը հոս շարունակէր իր կէս ձգած պատմութիւնը: Բայց հազիւ թէ սկսած էր, երբ հաստ մուշտակով եւ գլխուն փափախ անցուցած` յաղթանդամ անձ մը ներս մտաւ, եւ`
– Մրսում եմ,- ըսաւ,- ինձ մի բաժակ թէյ տուէք…
Ու սկսաւ թօթուել բարձրավիզ մոյկերուն ձիւնը:
Եւ որովհետեւ եկուորը անծանօթ էր մեզի, չկատարեցինք իր հրամանը: Խոհարարն ալ, քիչ մը հեռուն, զբաղած էր կաթսայով:
– Է՛յ, ձե՛զ եմ ասում,- կրկնեց` այս անգամ աւելի շեշտելով բառերը,- ի՞նչ է, չէ՞ք լսում, մի բաժակ թէյ եմ խնդրում ձեզանից, եթէ չտաք, ես էլ ձեզ այսուհետեւ վառելիք փայտ չեմ տար…
– Էդ դո՞ւ ես, Համազա՛սպ ջան,- կանչեց յանկարծ խոհարարը` այդ պահուն միայն նորեկը տեսելով,- ես քո հոգուն ղուրբան, ոչ թէ մէկ բաժակ, այլ տասը բաժակ լեցնեմ քեզ համար: Ներողութիւն եմ խնդրում քեզանից, գործ կար ձեռքս եւ չկարողացայ տեսնել քեզ:
– Էլ ինչո՞ւ ես փչում նորից,- պատասխանեց նորեկը ժպտելով,- գիտես չէ՞, որ կատակ եմ անում:
Մինչ այդ մենք լսելով Համազասպ անունը` ուղղակի շշմած էինք: Ամօթէն մեր գլուխները կախած` պապանձեցանք: Բարեբախտաբար երկար չտեւեց այս ծանր կացութիւնը եւ մէկէն պոռթկալով` սկսանք երգել միաբերան:
– Շնորհակալ եմ,- ըսաւ Համազասպը յուզուած ձայնով,- քանի որ ուզում էք երգել, ուրեմն երգեցէք այն երգն էլ, որ ես շատ եմ սիրում:
– Ո՞ր երգը , պարո՛ն Համազասպ,- հարցուցինք բոլորս մէկ ուրախացած:
– Է՛ն, մեր Անդրանիկի երգը, որ երգում էիք անցած օր տողանցքի ատեն:
Մենք աւելի խանդավառուած եւ աւելի բարձր ձայնով սկսանք երգել.
«Հերոս մռնչեց, սուլթան դողդողաց,
Վիլհելմի աչքից արտասուք ցօղաց,
Սուրդ թշնամու կրծքին շողշողաց,
Հայոց ղեկավար, հերո՛ս Անդրանիկ»:
Մեր երգեցողութեան ամբողջ ընթացքին Համազասպ, կռնակը տակառին տուած եւ հայեացքը կէտի մը կեդրոնացուցած, ձեռքը բռնած թէյի գաւաթը առանց շրթունքին տանելու, կարծես արձանացած էր:
– Վարպե՛տ,- կանչեց Համազասպ մէկէն սթափելով,- էս կէսօրուան ի՞նչ ես եփում մեր տղոց համար:
– Մսով գետնախնձոր,- պատասխանեց վարպետը:
– Ի՛նչ, այսօր «Իշխան» չե՞ս եփում:
– «Իշխան»-ը երէկ կէսօրուան ճաշին էր. ա՛խր, ես ի՛նչ գիտնամ, ինչ որ ուղարկել են, այն էլ եփում եմ:
– Տղե՛րք ջան,- ըսաւ Համազասպը` խօսքը մեզի ուղղելով,- սիրո՞ւմ էք «Իշխան» ձուկը:
– Սքանչելի՛ է,- ձայն տուինք ամէնքս:
– Ես, պարո՛ն Համազասպ, շիտակը մեր կերած ձուկը շատ չեմ սիրեր, բայց երէկուան ճաշին մեր կերածը ձուկ չէր, այլ կարծես սագի միս էր,- ըսաւ մեր ընկերներէն մէկը:
– Այո՛, «Իշխան»-ն ու «Գեղարքունի»-ն աշխարհի ոչ մէկ ջրի մէջ կը գտնուի` բացի մեր գեղեցիկ Սեւանէն: Եւ էնքա՛ն էժան: Գետնախնձորը տասն անգամ աւելի արժէ, քան «Իշխան»-ը: Կերէք, տղե՛րք ջան, անուշ լինի ձեզ:
Եւ երբ Համազասպ հրաժեշտ կ՛առնէր մեզմէ, թնդացուցինք մենք այս անգամ իրեն ձօնուած հոյակապ երգը.
«Հայերիս տէր Դաշնակցութիւն
Քաջեր ունի սրտալի,
Ամբողջ աշխարհ հռչակուեցաւ
Համազասպը պանծալի»:
… Դեկտեմբեր մէկ, անկախ հանրապետութեան վերջին օրը… մեր դասաւանդութիւնները բոլորովին դադրեցան: Շուկաներուն մէջ եւ փողոցներուն անկիւնները խումբ-խումբ մարդիկ հաւաքուած եւ վզերնին ծուռ` կ՛արտասուէին: Նոր Պայազիտ քաղաքը սուգի մէջ էր:
Այդ օրերուն կային նաեւ միամիտներ, որոնք կը հրճուէին: «Պոլշեւիկը առատ շաքար, կտաւ եւ ամէն տեսակ էժան ապրանք պիտի բերէ Հայաստան», կ՛ըսէին անոնք:
Այո՛, միայն երկու օր պէտք էր, որ բացուէին այդ միամիտներուն աչքերը: «Երբ կրկին թալանելու գան, ձէն պէտք չէ հանել, որովհետեւ ձէն հանողին տեղն ու տեղը զարկում են»` դողալով կը փսփսային իրարու երկու օր առաջ պոլշեւիկէն առատ շաքար ու կտաւ ակնկալողները:
Այդ սուգի օրը խումբ մը ընկերներով շուկան պտտելու ելած էինք: Երբ եկեղեցիին առջեւէն կ՛անցնէինք, տեսանք, որ հոն, աղբիւրին մօտ, խումբ մը մարդիկ հաւաքուած` կը վիճէին: Հետաքրքրութենէ մղուած` մենք ալ մօտեցանք:
– Հէնց այս երեկոյ պէտք է հեռանաս,- կը յորդորէր Նոր Պայազիտի առաջնորդ Եզնիկ վարդապետը Համազասպին, որ քաղաքին հրամանատարն էր:
– Ինչպէ՛ս թէ հեռանամ… իսկ դո՞ւք, հա՛յր սուրբ,- հարցուց Համազասպը:
– Դու մեզ մի՛ նայիր, որդի՛, այս երեկոյ դու անպայման կը հեռանաս:
– Ո՛չ, ո՛չ,¬ բացագանչեց Համազասպը վճռական: ¬ Ես ուխտ ունեմ եւ իմ ժողովուրդը չեմ լքի:
– Հէնց քո այդ ուխտի եւ ժողովուրդիդ սիրոյն է, որ պէտք է հեռանաս: Ափսոս ես, որդի, հայ ժողովուրդը դեռ շատ պէտք ունի քեզ:
– ՉԷ՞ որ նրանք մեր կառավարութեան հետ համաձայնել են եւ պատուի խօսք տուել, որ իշխանութիւնը իրենց յանձնուելէ ետք ոչ մէկ հայու քիթը պիտի արիւնի:
– Ի՞նչ պատուի մասին ես խօսում, որդի՛, երեխա՞յ ես. եթէ նրանք պատուի ամենափոքր զգացումը ունենային, թուրք բանակը չէին առաջնորդեր իրենց հարազատ երկիրը, ինչ որ կ՛ասեմ, լսի՛ր, որդի՛:
– Իմ կեանքի փրկութեան համար ես իմ ժողովուրդը չեմ լքի, հա՛յր սուրբ, դա կը լինի վատութիւն, ես չեմ դրժի իմ ուխտը,- պատասխանեց Համազասպ կտրուկ շեշտով:
Ափսո՜ս, որ Եզնիկ վարդապետը չկրցաւ համոզել Համազասպը:
Օրեր անց քաջարի հերոսը ինկաւ ծուղակը: Բարեմտօրէն հաւատալով դահիճ Աւիս Նուրիջանեանի «բարեկամական» հրաւէրին եւ հակառակ իր ընկերներու խորհուրդներուն` գնաց Երեւան ու բանտարկուեցաւ անմիջապէս: Փետրուարեան ապստամբութեան նախօրեակին, փետրուար 17-ի գիշերը, նոյն այդ դահիճ Աւիսի կարգադրութեամբ, կացինի հարուածներով սպաննուեցաւ բանտին մէջ: