Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղօթեցէք, Որ Փորձութեան Մէջ Չիյնաք» (Ղկ 22.40)

Օգոստոս 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հասած էին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին պահերը, եւ Ան կ՛ուզէր զանոնք աղօթքով անցընել: Սակայն նախքան Իր աղօթելը, առաքեալներուն յաջողութեան գաղտնիք մը սորվեցուց` ըսելով. «Աղօթեցէք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք» (Ղկ 22.40): Քրիստոս կրնար ուրիշ պատուէր մը տալ, սակայն Ան մեզի կ՛ուզէր սորվեցնել, թէ աղօթքը միակ բանալին է, որ կրնայ մեզ փորձութիւններէ հեռու պահել. աղօթքը այն ուժն է, որ կրնայ մեզ չարէն հեռու պահել եւ անոր որոգայթներուն դիմաց յաղթական դուրս բերել:

21-րդ դարու մէջ ապրող էակներս օրական դրութեամբ ի՜նչ ի՜նչ փորձութիւններէ կ՛անցնինք ու կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք ձերբազատիլ այս կամ այն փորձութենէն: Երբ մեր կեանքի ընթացքին կը հանդիպինք դժուարութեանց եւ փորձութեանց, մեր առաջին քայլը կ՛ըլլայ մարդուն դիմել: Եթէ այդ էր մեր յաջողութեան կամ ձերբազատութեան միակ ելքը կամ միջոցը, ուրեմն Քրիստոս շատ յստակ կերպով պիտի ըսէր` «Մարդոց գացէք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք», բայց այդպէս չըսաւ, այլ` աղօթեցէք: Քրիստոս այս նախադասութեամբ ուզեց ըսել մեզի, որ եթէ կ՛ուզէք փորձութեան մէջ չիյնալ, ուրեմն Աստուծոյ եկէք, հետս խօսեցէք, ես կը լուծեմ ձեր բոլոր հարցերը` կատարելապէս

Քրիստոս մեզի ոսկի կամ արծաթ չթողուց նախքան իր մեկնիլը այս աշխարհէն, սակայն թողուց մե՜ծ կտակ մը, որ կը կոչուի աղօթք:

Կը մտահոգուինք մեր ապագայով: Կը մտահոգուինք, որովհետեւ մեր ներկան Աստուծոյ չենք յանձնած: Երբ կեանքի լուրջ պայմաններու դէմ յանդիման կը գտնուինք, մեր մէջ վախի զգացումը կը սկսի ի յայտ գալ: Կը սկսինք մտածել, թէ արդեօք եթէ այս ծրագիրը ընեմ, ճիշդ կ՛ըլլա՞յ. եթէ այս որոշումը կայացնեմ, կրնա՞մ ապագայի իմաստով առողջ կեանք մը ունենալ. ինչպէ՞ս կրնամ առողջ միտքով առողջ որոշումներ տալ եւ` այսպիսի զանազան հարցեր, որոնք մեր ամբողջ էութիւնը կը մտահոգեցնեն եւ շատ անգամ նոյնիսկ կը ցնցեն մեզ:

Այստեղ ձեզի հետ կը բաժնեկցիմ Պետրոս առաքեալի խօսքը. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա.Պտ 5.7): Առաքեալը շատ յստակ կերպով մեզ կը հրաւիրէ, որ մեր հոգերը Աստուծոյ վրայ ձգենք: Մեր հոգերը Աստուծոյ վրայ ձգել` կը նշանակէ վստահիլ Անոր ամէն պարագայի մէջ: Երբեք փորձա՞ծ ենք մեր հոգերը Աստուծոյ վրայ ձգել: Սակայն, հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարողանանք մեր հոգերը Աստուծոյ վրայ ձգել, եթէ չենք հաղորդակցիր Անոր հետ, եթէ չենք ընդունիր որպէս մեր կեանքին ամէն ինչը: Ինչպէ՞ս պիտի կրնանք վստահիլ մէկու մը, որ չենք ճանչնար զինք եւ ինչպէ՞ս պիտի կարողանանք ճանչնալ, եթէ ամէնօրեայ աղօթքով չենք խօսիր Անոր հետ:

Առ այդ, սիրելի՛ ընթերցող, օ՛ն, միասին խօսինք Աստուծոյ հետ, վստահինք Անոր եւ մեր հոգերը Անոր վրայ ձգելով` թոյլ տանք, որ Ի՛նք հոգայ մեր անձերուն եւ հարցերուն մասին:

– Ինչպէ՞ս:

– «Աղօթեցէք որ փորձութեան մէջ չիյնաք» (Ղկ 22.40):

Անթիլիաս, 29 յուլիս 2022

Նախորդը

Վեհանձնութի՞ւն, Թէ՞ Սպառնութիւն

Յաջորդը

Համազասպը Պանծալի (Վերջին Օրերը Նոր Պայազիտի Մէջ)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?