Յօդուածներ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Բան Մը Պիտի Փոխուի՞… Գործնապէս

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայուն կեանքը անգամ մը եւս (հաշիւը կորսուած է) ահաւոր ցնցումի ենթարկուեցաւ հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին, երբ ազերիական աղբիւրներ ճակատաբաց ցուցադրեցին Պաքուի իշխանաւորներուն ոճրային մէկ նոր «սխրագործութիւնը»: Մարդիկը, առանց այլեւայլի, հայուն ու աշխարհին յիշեցուցին, որ Ազրպէյճան ո՛չ մէկ ձեւով ետ կը մնայ իր «եղբօրմէն»` Թուրքիայէն, պետական ոճիրներ կը գործէ եւ վստահ է, որ անպատիժ պիտի մնայ Թուրքիոյ պէս (իսկ դարպասողները...

Սպասում

Ծիրանի Տունկը Պատնէշի Վրայ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ուջան աւանի աւանդոյթ դարձած վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնը կայացաւ: Նախորդ չորս համարներուն անդրադարձած եմ (1, 2, 3, 4): Սահմանափակ  միջոցներով իրագործուած այս ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան 20 երկիրներէ ստացուած 30 ժապաւէններ: Ուջանի բնակիչները իրենց համեստ բնակարաններուն մէջ շաբաթ մը հիւրընկալեցին երեսուն օտար բեմադրիչներ եւ շարժապատկերի այլ աշխատողներ: Ներառուած ժապաւէնները առհասարակ գեղեցիկ են, բայց բոլորին անդրադառնալ` պարզապէս անկարելի է: Ընտրած եմ...

Գետ-Գիտութեան. Երիկամներն ու Կլոմերուլային Զտումը

Գետ-Գիտութեան. Երիկամներն ու Կլոմերուլային Զտումը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ի՞նչ է կլոմերուլային զտումը Կլոմերուլային զտումը մէզի պատրաստման առաջին քայլն է: Այդ այն գործընթացն է, զոր երիկամները կ՛օգտագործեն արեան մէջ գտնուող աւելորդ հեղուկը եւ թափօնները զտելու համար երիկամի մէզը հաւաքող խողովակներուն մէջ, որպէսզի անոնք աւելի ուշ հեռացուին ձեր մարմնէն: Ինչո՞ւ մարմնին մէջ մէզ կը պատրաստուի Եթէ սխալ բան մը չպատահի, մեզմէ շատեր շատ ժամանակ չեն տրամադրեր մտածելու, թէ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Առաքելութեան Համար Գանատայի Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Գոյացաւ 120 Հազար Տոլար

ՀՅԴ Հայ Դատի Առաքելութեան Համար Գանատայի Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Գոյացաւ 120 Հազար Տոլար

Հոկտեմբեր 1-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած նուիրահաւաքի ընթացքին, Հայ Դատի առաքելութեան հաւատարիմ գանատահայեր 120 հազար տոլար հանգանակեցին ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի։ ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի եւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած միջոցառման պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ փոխանցեց օրուան պատգամն ու Հայ Դատի քաղաքական ծրագրային ուղեծիրը։ Ան շեշտեց, որ դառնաղէտ հայոց...

Սթափելու Ժամանակը

Պէտք Է Ձեռնարկել Հոգեւոր Հայրենիքի Վերակառուցման

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաւէրով Հայաստանի ու Արցախի նախկին հինգ նախագահներու հանդիպումէն ետք տեղի ունեցան երեք ելոյթներ. մէկ մամլոյ ասուլիս (Ռոպերթ Քոչարեան) եւ երկու հարցազրոյց (Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան): Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած էր, որ առաջարկած է հանդիպում ունենալ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, անկէ իմանալու համար ընթացող բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները, նկատի ունենալով, որ միայն ան գիտէ, թէ...

«Արապ Նիուզ» Հայ-Սէուտական Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Կարեւորութեան Անդրադարձող Ուսումնասիրութիւն Մը Հրապարակեց

«Արապ Նիուզ» Հայ-Սէուտական Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Կարեւորութեան Անդրադարձող Ուսումնասիրութիւն Մը Հրապարակեց

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ լոյս տեսնող անգլիատար «Արապ Նիուզ» օրաթերթը հրապարակեց Եդուարդ Աբրահամեանի եւ Գէորգ Մելիքանի «Ինչո՞ւ Հայաստանն ու Սէուտական Արաբիան համաշխարհային նոր համակարգին մէջ իրարու կարիքը ունին» ուսումնասիրութիւնը, որուն հեղինակները կը նշեն.«Հայաստանի նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հոկտեմբեր 2021-ին Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը պատմական շրջդարձ մըն էր յարաբերութիւններուն մէջ երկու երկիրներուն, որոնք Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ու 1991-ին...

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ (Գ.) Ուրիշ Ելոյթներ, Ուրիշներու Դէմ

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ «Գրական Թերթ»-ին մէջ (1 մայիս 1937) կը նկարագրուին նաեւ ժողովին այլ տեսարանները: Կարդացէք` զսպելով ձեր զզուանքը: Մեղադրանքի աթոռի վրայ է ժողովի ներկաներէն երիտասարդ գրող Մկրտիչ Արմէնը, որ, ըստ ամբաստանագրի, «ստեղծագործական լուրջ սխալներ է գործել անցեալում», ուրեմն ժողովը կը սպասէր, որ` «գէթ այսօր, երբ քննւում են մեր գրականութեան հիմնական խնդիրները, կը գիտակցի նա իր այդ սխալները եւ կը...

Մեր Խօսքը

Մեր Խօսքը

Հայ ժողովուրդը, Բերձորի կորուստը «չմարսած», արթնցաւ  նոր մղձաւանջի մը մէջ, երբ թշնամին սեպտեմբեր 13-ին ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանները` սպաննելով աւելին քան 200 զինուոր ու քաղաքացի եւ քարուքանդ ընելով սահմանամերձ բնակավայրերը: Ինչպէս սովորութիւն դարձած է, ողջ աշխարհը դիտեց, լուռ մնաց կամ` լաւագոյն պարագային դատապարտեց եղածը: Սերոբ Աղբիւրի խօսքը` «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ» արդէն վաղուց դարձած է ճշնարտութիւն: Այս իրավիճակին մէջ...

«Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք Եռամիասնութեան Մէջ Կա՛ն Մեր Յաղթանակի Գրաւականները»  «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

«Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք Եռամիասնութեան Մէջ Կա՛ն Մեր Յաղթանակի Գրաւականները» «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Բենիամին Պչաքճեանին հետ, որ անդրադարձաւ կովկասեան շրջանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան` Հայաստանի ու Արցախի վրայ: «ՌԱԶՄԻԿ».- 2020-ի պատերազմէն ի վեր Հայաստանն ու Արցախը մարդկային  եւ հողային կորուստներ ունենալէ չդադրեցան: Արցախի տարածքի մեծամասնութեան  կորուստին յաջորդեցին Հայաստանի դիրքային կորուստներ, Բերձորի եւ Աղաւնոյի շրջաններու յանձնումը: Այսօր վտանգուած են Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի...

«Երեւանն Ու Պաքուն Որոշած Են Խաղաղ  Բանակցութիւններու Հոլովոյթին Սկսիլ»  Կ՛ըսէ Շարլ Միշել

Համահայկական Աղէտ. Փանթուրանական Ծրագիրի Ասիական Վիեննան

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Արցախեան հակամարտութիւնը հայութեան համար գոյութենական հարց է, որուն մանրամասնութիւններուն մէջ կը տեսնենք «Ազատութիւն կամ մահ» խօսքին իմաստը: Ներկայիս Արցախի Հանրապետութիւնը կ՛ապրի իր անցնող 30 տարուան պատմութեան յոռեգոյն ժամանակաշրջաններէն մէկը: 25 օգոստոսին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ Բերձոր-Աղաւնոյ գօտին: Այսպիսով, տեղահանուեցան աւելի քան 150 ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը մերժեց պետական բոլոր թելանդրանքները եւ տուները այրելով` լքեց իր պապենական հողը: Բնականաբար...

ՀՅԴ-ԼԵՄ.  Տեղեկատու

ՀՅԴ-ԼԵՄ. Տեղեկատու

- 29 յուլիս 2022-ին, ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջմասնաճիւղային ժողով մը` նիւթ ունենալով «Ընկերային ցանցերը եւ մենք»: Օրուան դասախօսն էր Արազ Գոճայեան: - 30 յուլիս 2022-ին ՀՅԴ-ԼԵՄ-ը երեք ընկերներով մասնակցեցաւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան` ՀԵՀՈՄ-ի, կազմակերպած խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան սփիւռքահայ երիտասարդին առնչուող նիւթեր: - 17-20 օգոստոս 2022-ին Այնճարի մէջ տեղի...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայաշունչ «Մո՛ւրճ Կամ Զնդան Պիտի Լինիս» Ստեղծագործութեան Մարգարէական Պատգամը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ «Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութիւնը որոշակիօրէն կը յիշեցնէ Կէօթէի «Կոփտական երգը»(1), որուն վերջին տողը` «Մուրճ կամ զնդան պիտի լինես», Իսահակեանը նոյնութեամբ փոխ առած է իր ոտանաւորին մէջ: «Մուրճ կամ զնդան» արտայայտութեամբ բանաստեղծը դրած է հասարակական ծաւալուն իմաստ` իշխելու եւ հնազանդելու, տիրոջ եւ ծառայի հակադրութիւնը: Պատմական կարեւորութեան համար կ՛արժէ այստեղ ներկայացնել Կէօթէի «Կոփտական երգ» բանաստեղծութիւնն ու անոր մտայղացման պատճառները,...

«Ցաւը Կու Գայ Ձիու Քառասմբակ Արշաւով Եւ Կը Հեռանայ Խխունջի Յամրաքայլ Սահանքով».Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք.ին Հետ Մտերիմ Զրոյց

«Ցաւը Կու Գայ Ձիու Քառասմբակ Արշաւով Եւ Կը Հեռանայ Խխունջի Յամրաքայլ Սահանքով».Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք.ին Հետ Մտերիմ Զրոյց

 ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ  «Արեւելք»-ի Հարցումներուն կը պատասանէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան:  Հայկական օրակարգի ծանրաբեռնուածութիւնը ստեղծած է այնպիսի իրավիճակ մը, որ բոլոր խնդիրները կարծէք դրուած են մէկդի եւ մեծ մտավախութիւններով լեցուն մեր հայացքները ուղղուած են այսօր բարդ վիճակներու մէջ իր գոյատեւումը շարունակող Հայաստան աշխարհին։ Այնուհետեւ հարկ է նաեւ մեր ընթերցողներուն հետ կիսուիլ այն...

Միջեկեղեցական Շարժումին Անվերապահ Զօրակցութիւնը` Հայ Ժողովուրդին

Միջեկեղեցական Շարժումին Անվերապահ Զօրակցութիւնը` Հայ Ժողովուրդին

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Օգոստոս 31-էն սեպտեմբեր 8 Գերմանիոյ Քարլսրուհէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնէական միջեկեղեցական մեծագոյն կառոյցներէն մէկուն` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հերթական` 11-րդ համաժողովը: Այս կառոյցը ստեղծուած է 1948 թուականին: Խորհուրդին կ՛անդամակցին շուրջ 350 եկեղեցիներ աշխարհի 120 երկիրներէ: Խորհուրդը, ներկայացնելով քրիստոնէական եկեղեցիներու ընդարձակ ներկապնակ մը, աշխարհի տարածքին կը համախմբէ աւելի քան 500 միլիոն մարդ: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բարձրագոյն ժողովը համաժողովն է,...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

«Արցախից Է Սկսուելու Հայ Ժողովրդի Վերջնական Ազատագրումը»

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Պատերազմ էր, դատարկուեցին տները. գնացին տղաները` մայրական ու հայրական աղօթքներով լեցուն: Մի պահ նայեցին ցաւից տնքացող մայր հողին եւ յիշեցին, որ այդ նոյն հողով խաղալով են մեծացել ու զգացին, որ անպարտ են, հզօր: Այս գիտակցումով են անուանի լրագրող ու հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեանի 2 որդիները` Նորայրն ու Երուանդը, մեկնել առաջնագիծ թէ՛ 2016թ.-ի եւ թէ՛ 2020-ի արցախեան պատերազմներին: Ցաւօք, 2016թ.-ին...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Եկա՞ծ Է Վայրկեանը Քարտերը Բանալու…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Մինչ Մոսկուա կը յամառի իր անհեթեթ կրաւորականութեան վրայ` թոյլ տալով, որ ազրպէյճանական նախայարձակումը ամուր դիրքեր գրաւէ Հայաստանի սահմաններէն ներս, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա կը պահանջեն Ալիեւէն ետ քաշելու իր զօրքերը... Յաջորդ քայլը Ալիեւինն է: Եւ այդ քայլով պիտի բացուին փակագիծները եւ պիտի յստականայ իրական պատկերը կովկասեան նոր հաւասարակշռութեան: Եթէ Արեւմուտքի ղեկավարները յաջողին տապալել Ալիեւին բազուկը եւ ստիպեն Ալիեւը դուրս...

Արիւնոտ Լուսաբաց

Արիւնոտ Լուսաբաց

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ Սեպտեմբերի 26-ին հայը կ՛ապրէր: Չգնահատած` անհոգ, խաղաղ ու երջանիկ կեանքի վերջին ժամերն էին: Հայոց երկրորդ մայրաքաղաքին` Ստեփանակերտի մէջ կը նշուէր քաղաքին օրը: Այլեւս աւանդոյթ դարձած էր սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը նուիրաբերել Արցախի քաղաքամայրին. կը զարդարուէր, կը պճնուէր իրեն յատուկ պարզ շքեղութեան մէջ ու կը զմայլեցնէր շուրջինները: Աշխարհի քարտէսին վրայ աննշան, սակայն համայն աշխարհի չափ սիրտ ունեցող Ստեփանակերտը կը...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայաշունչ «Մո՛ւրճ Կամ Զնդան Պիտի Լինիս» Ստեղծագործութեան Մարգարէական Պատգամը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայ երգարուեստին մէջ յաճախ կը հանդիպինք բանաստեղծական երգերու` քերթուածներու տաղանդաւոր բանաստեղծներու, որոնք ներշնչուած օրուան իրադարձութիւններէն, դէպքերէն կամ այդ իրողութիւններէն` ծնունդ առած հերոսական կեցուածքներ ունեցող անձնաւորութիւններու մասին գրած են ոտանաւորներ: Սակայն այդ քերթուածները իրենց հզօրութեան, ազդու ու մանաւանդ բոլոր ժամանակներու մէջ այժմէական ըլլալուն համար տասնեակ տարիներ ետք երգիչ-մեկնաբաններու կողմէ հարկ զգացուած է երգի վերածել: Այսպիսով, տուեալ բանաստեղծութեան առաւել եւս...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմարներ. Վերահաս Վտանգն ու Շեղելու Թակարդներ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի եւ հայուն համար պատմական տարեդարձները շատ արագօրէն կը պարպուին իրենց բովանդակութենէն, անկախ անկէ, թէ տուեալ տարեդարձը հպարտառի՞թ, թէ՞ կսկծալի դէպքեր կը յուշէ: Աւելի՛ն. կարծէք թէ թաքուն ծրագիր մը կը գործադրուի, բազում թակարդներ լարուած են, որպէսզի խնդրոյ առարկայ տարեդարձ(ներ)ը կորսուի «կողմակի» աղմուկներու մէջ, վերահաս վտանգն ալ կորսուի բարձրացող փոշիի վարագոյրին ետին: *** Քանի մը օր առաջ Հայաստանի վերանկախացման...

«Ես Տեսել Եմ Դժոխքը» Ասում Է Եռաբլուրում Յուղարկաւորութիւն Կատարող Հոգեւորականը

«Ես Տեսել Եմ Դժոխքը» Ասում Է Եռաբլուրում Յուղարկաւորութիւն Կատարող Հոգեւորականը

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Ինձ յաճախ հարցնում են` դժոխքը շօշափելի՞ իրողութիւն է: Ասում եմ` այո, ես տեսել եմ, որովհետեւ այն, ինչ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում տեսանք, միմիայն կարելի է համեմատել դժոխային իրավիճակի հետ, երբ ողբի ձայնն ուղղակի ականջներդ խլացնում է, չես կարողանում դիմանալ դրան: Բայց կարծում եմ, թէ Աստուած ուժ է տալիս, որպէսզի մենք էլ կարողանանք մեր աղօթքով փոքր-ինչ սփոփանք տանք որդեկորոյս ընտանիքներին»,...

Page 310 of 1112 1 … 309 310 311 … 1,112

Արխիւներ