Յօդուածներ

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Թարգմանչաց Տօն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ամէն տարի, երբ կը փորձենք հրապարակային ձեւով ոգեկոչել կամ տօնախմբել 5-րդ դարու մեր թարգմանիչներու տօնը եւ կամ պաշտօնապէս կը տօնակատարենք հայ մշակոյթին նուիրուած օրը, չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս աչքիս առջեւ կը պատկերանան քանի մը տասնեակ վանականներ, սեւազգեստ, թաւ յօնքերով, երկար մազերով եւ մօրուքով հայր սուրբեր, որոնց անունները անքակտելիօրէն կապուած կը մնան մեր առաջին ուսուցիչ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հետ:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Այլանդակ Խճապատկերը Պիտի Փշրենք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի շուրջ թաւալող դէպքերը կ՛ընթանան այնպիսի տարօրինակութիւններով, որոնք ամէն օր, երբեմն նաեւ` ժամ առ ժամ, նոր քարեր կ՛աւելցնեն այլանդակ, խառնաշփոթութիւն եւ նոր կորուստներ մատնող խճանկարին (մոզայիք) վրայ: Այսպիսի եւ անհատնում կերպով ծաւալող, անհեթեթի արուեստն իսկ գլող-անցնող խճապատկերին վրայ հինգշաբթի, 6 հոկտեմբերին աւելցան քանի մը մասնիկներ: Հայաստանի վարչապետն ու քանի մը լծակիցներ, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարարն ու խորհրդարանի փոխնախագահներէն...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սկիզբէն յայտնենք, որ միամտութիւն է որեւէ երկրէ երկրորդ երկրի մը պատերազմական ուղղակի օժանդակութիւն ակնկալելը` առանց յետին նպատակի կամ սեփական շահի, եւ մանաւա՛նդ երբ կարիքը ունեցող կողմը օգնութիւն չի խնդրեր: Իւրաքանչիւր երկիր ի՛ր սեփական ուժով, ի՛ր բանակին եւ ժողովուրդին միջոցով պէտք է իր երկիրը պաշտպանէ եւ անոր համեմատ ռազմավարութիւն զարգացնէ: Օտարին օգնութիւնը կրնայ քաղաքական,  դիւանագիտական ու ռազմամթերքի մատակարարումի ձեւով...

Ա՜խ Այս Հայերը

Ա՜խ Այս Հայերը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Աշխարհի զանազան ասպարէզներու եւ բնագաւառներու մէջ անպայման հայ մը կը գտնուի, որ առնուազն խօսիլ կու տայ իր մասին: Անուանացանկերու մէջ մեր աչքերը բնազդաբար հայերու անուններ կը փնտռեն: Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած` մենք զիրար կը փնտռենք: Շատ քիչեր հաւանաբար գիտէին, որ 1920 թուականի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն Միացեալ Նահանգներու խումբին մաս կազմած ջրացատկորդ Հալ Փրիսթ հայ էր` Հայկ Քէշիշեան, որ...

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Վրէժից Տոգորուած Ներուժով` Դէպի Նոր Յաղթանակներ

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Վրէժից Տոգորուած Ներուժով` Դէպի Նոր Յաղթանակներ

Արցախում երկու տարի առաջ բռնկուեց պատերազմ: Այդ պահից իւրաքանչիւր հայի թէ՛ առօրեայում եւ թէ՛ հոգեկերտուածքում ինչ-որ բան փոխուեց: Պարտութիւնը իր հետ բերեց տարածքային կորուստները եւ անտանելի դարձրեց մարդկային կորուստների ցաւը: Պատերազմից յետոյ սահմանուած բոլոր թոյլատրելիներն ու անթոյլատրելիները իրար խառնուեցին: Առաջին պահին չհասկացանք, չըմբռնեցինք կատարուածը. 21-րդ դարում ոչ ոք չէր հաւատում, որ կարելի է խեղել մարմիններ, բարբարոսաբար աւերել մշակութային-կրօնական արժէք ունեցող...

Անմահն Կոմիտաս, Առաքեալ Մըն Ես

Անմահն Կոմիտաս, Առաքեալ Մըն Ես

Ա. Ա. 26 սեպտեմբեր 1869-ին (հին տոմարով) Կուտինայի մէջ լոյս աշխարհ կու գար հայ երաժշտութեան պահապան հրեշտակը` անկրկնելի եւ անփոխարինելի Կոմիտասը, որուն կեանքին ոդիսականը պատմութիւնն է սուրբի մը, որ ստիպողաբար պայքարեցաւ խաւարամիտ եկեղեցականութեան, դրամով եւ փառքով յղփացած աշխարհական մեծամիտներու եւ նախանձոտներու հսկայ բանակի մը դէմ, որպէսզի մաքրազտէ եւ իրենց կատարելութեան ու մաքրամաքուր բնական վիճակին մէջ ներկայացնէ հայ գեղջկական եւ ժողովրդական...

Մեր Դպրոցներուն Մասին…

Մեր Դպրոցներուն Մասին…

ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Վերամուտ է դարձեալ: 2022-2023 կրթական շրջանը շուտով պաշտօնապէս պիտի սկսի, թէեւ բազմաթիւ դպրոցներու մէջ ուսման գործընթացը արդէն սկիզբ առած է: Վերամուտը մէկ կողմէ մեծ հրճուանք է, իսկ միւս կողմէ` մարտահրաւէր: Պոլսահայ կրթական կեանքի տեսակէտէն ալ այս վերամուտը դարձեալ օրակարգի վրայ կը բերէ մեր վաղեմի խնդիրները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը մնան անլոյծ եւ, անշուշտ, կը խորանան անխուսափելիօրէն: Ներկայ...

Դոկտ. Ժան Կէօքճեանի Նոր Գիրքը

Դոկտ. Ժան Կէօքճեանի Նոր Գիրքը

Քանատական «Մըքկիլ» համալսարանի «Քուինզ Եունիվըրսիթի» հրատարակչատունը հրատարակեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեանի «Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը» գիրքը: Նիք Ռապինսըն «Սիկըր Թայմզ»-ի մէջ գիրքին հակիրճ գրախօսականը կատարելով` կը նշէ, որ Կէօքճեան իր գիրքին մէջ կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ մէջ միջամտելու Ռուսիոյ նպատակը իր «գերտէրութիւն» մը ըլլալու կարգավիճակը հաստատելն է: «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Կասպից ծովու մէջ գտնուող նաւերէ...

Տոմս.  Թիք Թոք

Տոմս. Թիք Թոք

Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները շատ կարեւոր մէկ բաժինն են մեր կեանքին: Ասկէ փախուստ չկայ, եւ ասիկա կարելի չէ ժխտել: Ինչպէս նախապէս, եօթանասունական թուականներուն, պատանեկան խաղերը այնքան ալ նստակեաց չէին եւ զանազան խաղեր, օրինակ` եօթը կափարիչ, չելլիք Սիմոն, հոլ, ուզուն էշէկ, գնդիկ եւ այլն կը խաղցուէին մեծ խանդավառութեամբ, այս օրերուն ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներն են, որոնք գրաւած են մեծին ու փոքրին ուշադրութիւնը` մեծերը...

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները

«Զիջենք, Որ Վերջանայ, Փրկուենք» Արատաւոր Մտայնութիւնն ու Մեր Անելիքը

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Տոնեցքում եւ Լուկանսքում, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի շրջաններում աւարտուեց Ռուսաստանի Դաշնութեանը միանալու հարցով հանրաքուէն, որի արդիւնքներն ի սկզբանէ պարզ էին: Տրամաբանութիւնը յուշում է, որ կայացած հանրաքուէից յետոյ ուքրանական ճգնաժամը թեւակոխելու է բոլորովին նոր փուլ, ինչը ենթադրում է աշխարհաքաղաքական նոր զարգացումներ, դիւանագիտական առճակատման, ինչպէս նաեւ` պատերազմական գործողութիւնների կտրուկ սրացում: Նման պայմաններում բնականաբար Ռուսաստանի ուշադրութիւնը հիմնականում կենտրոնացած է լինելու...

«Ոսկեբերան Արզումանեան» Կրթական Հիմնադրամ  2022-2023 Տարեշրջան

«Ոսկեբերան Արզումանեան» Կրթական Հիմնադրամ 2022-2023 Տարեշրջան

Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը,  ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսին փափաքին, 2007-ին կաթողիկոսարանին մէջ հաստատած է կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալին անունով: Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել ազգային եւ այլ հայկական վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտել ակադեմական յաջող ապագայ: Դիմել ցանկացող աշակերտները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն [email protected] ե-նամակի հասցէին մինչեւ 30 հոկտեմբեր...

Մարսէյի «Համազգային»-ի Վերամուտի Եւ Հայաստանի Երկրորդ Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Մարսէյի «Համազգային»-ի Վերամուտի Եւ Հայաստանի Երկրորդ Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն Մարսէյի «Համազգային» դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը հաւաքուած էին դպրոցի մուտքի բակին մէջ` միասնաբար նշելու դպրոցի վերամուտն ու վերանկախութեան տօնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհին` Շաքէ Ժամկոչեանը, որ հաստատեց, թէ ամէն տարիներէ տարբեր անկախութեան տօն է այս տարի` նկատի ունենալով մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգները, ազերիական ոտնձգութիւնները եւ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Պատմական Շէնքի Վերաբացում Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի վերամուտին մեկնարկը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2022-ին, կրկնակի խանդավառութեամբ: Ճեմարանի 75-ամեակին առիթով 75-րդ վերամուտը եղաւ յիշատակելի օր մը` Ճեմարանի պատմական շէնքին վերաբացման առիթով: Ճեմարանը ունի երկու շէնքեր, առաջինը, որ հիմնադրութեան տարիներուն կառուցուած էր, եւ երկրորդը, որ հետագային աշակերտներու թիւին ու կրթական կարիքներու աճին պատճառով կառուցուած էր:...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Մեր Դպրոցները Իրենց Առաւելագոյնը Կ՛ընծայեն Մեր Ժողովուրդին Մէջ Հայրենիքը Ապրեցնելու Սրբազան Գործին

Լիբանանեան սրտցաւ կացութեան մէջ, դպրոցական վերամուտ մը եւս կը դիմաւորենք եւ այս առիթով մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը դարձեալ կը հրաւիրենք դէպի հայ դպրոց, որպէսզի օր ըստ օրէ աւելի բարդացող ընկերային ու տնտեսական անօրինակ ծանր կացութեան դիմաց, նախ հոգեկան կեցուածքով ու միահամուռ մասնակցութեամբ պաշտպանենք հայ դպրոցը եւ ի խնդիր վաղուան մեր կեանքին, նաեւ ձգտինք ոգեւորութեան վիճակ յառաջացնել լիբանանահայ կրթական մեր աշխատանքներուն մէջ:...

Սարգիս Ետալեան Ընտրուած Է  Ռայտի Փոխքաղաքապետ

Սարգիս Ետալեան Ընտրուած Է Ռայտի Փոխքաղաքապետ

Սարգիս Ետալեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի փոխքաղաքապետ: Ան քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ամէնէն երկարատեւ ծառայած անձն է, եւ առաջին անգամ իբրեւ անկախ խորհրդական խորհուրդի անդամ ընտրուած է մարտ 2004-ին: Ետալեան վերջին տասնամեակին ներկայացուցած է Ազատական կուսակցութիւնը եւ 2007-ին ու 2008-ի ընտրուած է փոխքաղաքապետ: Ան Լիբանանէն Աւստրալիա գաղթած է 1979-ին: 2009-ին պարգեւատրուած է Աւստրալիոյ կարգի մետալով` բազմամշակութային համարկման նախաձեռնութիւններու ջատագովման ու...

«Հակառակ Լիբանանի Տնտեսաքաղաքական Ծանր Պայմաններուն` Համազգայինը Պիտի Շարունակէ Իր Մշակութանուէր Առաքելութիւնը»  Ըսաւ Սեմ Սիմոնեան

«Հակառակ Լիբանանի Տնտեսաքաղաքական Ծանր Պայմաններուն` Համազգայինը Պիտի Շարունակէ Իր Մշակութանուէր Առաքելութիւնը» Ըսաւ Սեմ Սիմոնեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 5 հոկտեմբերին իրենց դռները բացին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները` «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ, «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցներ, «Արեգ» թատերական դպրոց, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբ, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց, քանդակագործութիւն եւ կարպետագործութիւն: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեանին հետ:  «ԱԶԴԱԿ».-  Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտն է արդէն: Նախքան անոր անդրադառնալը` խօսինք անցնող տարիներուն...

Եզակի Մարդը  (Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին)

«Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանին Տիպարը (Մահուան Երկրորդ Տարելիցին Առիթով)

ՓԱՌԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Ուղիղ երկու տարի առաջ, 5 հոկտեմբեր 2020-ին անողորմ մահը մեզմէ յաւէտ խլեց ազգային բարերար «Կիլիկեան իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը:  Համակ խինդ ու եռանդ տարածող անձնաւորութիւն մը, որ յանկարծ անսպասելիօրէն պիտի շիջէր` խուճապի մատնելով իր հարազատներն ու ամբողջ շրջապատը: Դժուար է գրել անձի մը մասին, որուն ներկայութիւնն ու մտերմութիւնը վայելած ես աւելի քան 35 տարիներ, որուն հետ կիսած ես լաւն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Կոմիտասի Ծննդեան 153-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյ Սեպտեմբեր 26-ին Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ կայացաւ Կոմիտաս վարդապետին 153-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Ձեռնարկին կազմակերպիչները լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեցին, որ ձեռնարկը առիթ է վերարժեւորելու Կոմիտասը եւ ունկնդրելու անոր ստեղծագործութիւնները: Ըստ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէն Զարինէ Բաբայեանի, Վարդապետի ծննդեան օրուան նուիրուած ձեռնարկը աւանդական բնոյթ կը կրէ եւ կը...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Վրաստան Հաստատուած Արցախցիները Զինուորական Վստահելի Ուժ Ռուսերուն Համար

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Վրաստան Հաստատուած Արցախցիները Զինուորական Վստահելի Ուժ Ռուսերուն Համար

Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեան` Ընտրեալ Կաթողիկոս ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Բերդաշէն Մարտունիի շրջանին մէջ, հարուստ է ճարտարապետական յուշարձաններով:              Բերդաշէնի Պիծի Նահատակ մատուռը: Պարսկաստանի գահաժառանգ Աբաս Միրզայի Անդրկովկաս արշաւանքի եւ անոր միացած վրացական ընդդիմադիր ուժերու յարձակումի պայմաններուն տակ ռուսական բանակի նոր զօրաբաժիններ զօրավար Վասիլի Կուլիաքովի հրամանատարութեան տակ 1800 սեպտեմբերին Թիֆլիս մտան եւ ամրապնդեցին Գէորգի ԺԲ. թագաւորին դիրքը: Նոյն օրերուն աւարներ Ումմա խանին առաջնորդութեամբ արշաւեցին...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

Հարցեր, Որոնք Կարօտ Են Պատասխանների

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Լսեցի սեպտեմբերի 26-ին Լեւոն Տէր  Պետրոսեանի հետ անցկացուած հեռուստահարցազրոյցը եւ ցաւով համոզուեցի երկու բանում. առաջին` տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ սխալուած չեմ եղել այս մարդու քաղաքական մտասեւեռման հարցում, եւ երկրորդը` Լեւոն Տէր Պետրոսեանը չի փոխուել եւ գաղափարապէս նոյնական է իր քաղաքական հոգեզաւակի, Նիկոլ Փաշինեանի հետ` անկախ նրանից, թէ սրանցից իւրաքանչիւրը անձնական ի՛նչ տրամադրուածութիւն ունի միւսի նկատմամբ: Յիշեալ հարցազրոյցում հնչած...

Page 309 of 1112 1 … 308 309 310 … 1,112

Արխիւներ