Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արապ Նիուզ» Հայ-Սէուտական Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Կարեւորութեան Անդրադարձող Ուսումնասիրութիւն Մը Հրապարակեց

October 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ լոյս տեսնող անգլիատար «Արապ Նիուզ» օրաթերթը հրապարակեց Եդուարդ Աբրահամեանի եւ Գէորգ Մելիքանի «Ինչո՞ւ Հայաստանն ու Սէուտական Արաբիան համաշխարհային նոր համակարգին մէջ իրարու կարիքը ունին» ուսումնասիրութիւնը, որուն հեղինակները կը նշեն.«Հայաստանի նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հոկտեմբեր 2021-ին Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը պատմական շրջդարձ մըն էր յարաբերութիւններուն մէջ երկու երկիրներուն, որոնք Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ու 1991-ին հայկական անկախութեան վերականգնումէն ետք ձախողած էին դիւանագիտական կապեր հաստատելու:

«30 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստանի համար աննախադէպ արտաքին քաղաքական զարգացում մըն էր` խթանելով պետութեան զարգացող միջինարեւելեան դիւանագիտութիւնը:

«Սէուտական Արաբիոյ համար այցելութիւնը կրնայ կարեւոր քայլ մը ըլլալ միջազգային քաղաքականութեան մէջ զարգացող մրցակցային բազմաբեւեռ համակարգի լոյսին տակ Կովկասի շրջանին մէջ իր դիրքը ամրապնդելու համար»:

Աբրահամեան եւ Մելիքեան կ՛անդրադառնան երկու երկիրներու Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ու բռնաճնշումին տակ ապրած ըլլալու հասարակաց փորձառութեան եւ կը մատնանշեն 2019-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու համար Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան ու այնտեղ գտնուող ցեղասպանութեան յուշակոթող այցելութիւնը:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները կը գրեն, որ Ռիատի Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենալը կը ստեղծէ ռազմավարական բացեր, որոնք կ՛օգտագործուին Հայաստանին կամ Սէուտական Արաբիոյ հակադրուած այլ դերակատարներու կողմէ, սակայն նաեւ թագաւորութեան համար կը ներկայացնէ արգելք մը, որ կը խանգարէ Կովկասի նման մերձակայ շրջաններու մէջ մնայուն ազդեցութիւն տարածելէ:

Ամէնէն կարեւորը, սակայն, կովկասեան երեք հանրապետութիւններէն մէկուն հետ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը կը սահմանափակէ Սէուտական Արաբիոյ կարողութիւնը` իր ազդեցութիւնը զարգացնելու տարածաշրջանի մը մէջ, ուր զիրար կը խաչաձեւեն շահերը Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ, որոնք Կովկասի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ իրենց աւանդական դիրքն ու աշխարհաքաղաքական շահերը ունին: Այլ խօսքով, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բացակայութիւնը կրնայ յանգեցնել կացութեան մը, ուր Սէուտական Արաբիա ոչ միայն Սեւ ծով-Կովկաս-Կեդրոնական Ասիա առանցքին մէջ աշխարհաքաղաքական «խաղին» մասնակցելու ջնջին կարողութիւն պիտի ունենայ, այլ նաեւ կրնայ շրջանային զարգացումներուն մէջ ամբողջական շահատէր չըլլալ` գործնականին մէջ ինքզինք դուրս ձգելով աշխարհի այդ մասին մէջ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական շահեր ապահովելու առիթէ մը:

Միւս կողմէ` պատշաճ քաղաքական ու տնտեսական խորքով ամրապնդուած Հայաստան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու հաստատումը կրնայ շրջանին մէջ ազդու գործօնի մը վերածուիլ:

Աւելի՛ն. Ռիատի եւ Երեւանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնը կրնայ Սէուտական Արաբիոյ շրջանային հարթակի վրայ Թուրքիան եւ Իրանը հակակշռելու «խաղ»-ին մէջ յաւելեալ լծակ յառաջացնել: Ատիկա նաեւ կրնայ ճամբայ հարթել Ռիատի եւ Մոսկուայի, ինչպէս նաեւ Ռիատի եւ Ուաշինկթընի միջեւ աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներու եւ քաղաքական սակարկութիւններու ճամբայ հարթել:

Հասարակաց պատմական ժառանգութիւններ, ողբերգութիւններ ու յաջողութիւններ ունենալը նաեւ կրնայ նպաստել երկու պետութիւններուն` յաղթահարելու սխալ հասկացողութիւնները, կամուրջներ կառուցելու եւ նոր հասարակաց շահեր ստեղծելու կամ գոյութիւն ունեցող շահերը բիւրեղացնելու:

Աւարտին ուսումնասիրութեան հեղինակները կը յանձնարարեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի հետեւողական ու գործունեայ ըլլան եւ սկսին Ռուսիայէն այլ երկիրներու հետ` մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ հաստատել` օգտուելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց շահերու լայն տարողութենէն: Անոնք կ՛աւելցնեն, որ Երեւանի մէջ սէուտական դեսպանատան, ինչպէս նաեւ Ռիատի մէջ հայկական դեսպանատան հաստատումը` երկկողմանի համաձայնութիւններով ամրապնդուած, ոչ միայն կրնայ բարելաւել Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական կացութիւնը, այլ` թագաւորութիւնը վերածել արտաշրջանային դերակատարներէն մէկուն, ուստի եւ նպաստել Ռիատի` միջազգային քաղաքականութեան մէջ բանալի դերակատարութեան ստանձնման:

Նախորդը

Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ (Գ.) Ուրիշ Ելոյթներ, Ուրիշներու Դէմ

Յաջորդը

Պէտք Է Ձեռնարկել Հոգեւոր Հայրենիքի Վերակառուցման

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.