ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ուջան աւանի աւանդոյթ դարձած վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնը կայացաւ: Նախորդ չորս համարներուն անդրադարձած եմ (1, 2, 3, 4): Սահմանափակ միջոցներով իրագործուած այս ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան 20 երկիրներէ ստացուած 30 ժապաւէններ: Ուջանի բնակիչները իրենց համեստ բնակարաններուն մէջ շաբաթ մը հիւրընկալեցին երեսուն օտար բեմադրիչներ եւ շարժապատկերի այլ աշխատողներ:
Ներառուած ժապաւէնները առհասարակ գեղեցիկ են, բայց բոլորին անդրադառնալ` պարզապէս անկարելի է: Ընտրած եմ հինգը, որոնց բներգները աւելի սերտ առնչուած են մեր իրականութեան: Կ՛ուզէի ներառել նաեւ լիբանանեան ժապաւէն մը, որուն բներգը յիշել կու տայ Թոթովենցի պատմուածքին վրայ հիմնուած Ս. Իսրայէլեանի բեմադրած ծանօթ «Ճերմակ անուրջներ»-ը (1985): Նախընտրեցի զանց առնել, որովհետեւ բեմադրիչը տրամադիր է միայն անխառն գովասանք ընդունելու:
Ա. Առաջին Խօսքը.- Բեմ. Արտակ Օհանեան, 30 վ: Ժապաւէնը բեմադրիչին «աւարտաճառ»-ն է Մոսկուայի մէջ: Այդտեղ համալսարանի դատական կազմը գործը որակած է «բանաստեղծական վաւերագրութիւն»:
Ազրպէյճանի սահմանամերձ Տաւուշի անտառներու մէկ անկիւնը ծուարած տնակի մը մէջ կ՛ապրին տարեց մայր մը եւ իր միջին տարիքի ամուրի որդին: Տնակը փոքր container (բեռնարկղ) մըն է, չունին որեւէ կենցաղային յարմարութիւն: Ջուր կը կրեն դոյլ առ դոյլ: Ապրուստը ըստ կարելւոյն կը ճարեն ածուխ պատրաստելով: Տղամարդը իր «ճիփ»-ով արտադրութիւնը կը տանի աւան, ապա այնտեղ քանի մը այլ տղամարդոց հետ խորովածի եւ օղիի սեղանին շուրջ կը զուարճանայ… թէ` կը փորձէ սփոփուիլ: Ուշ գիշերին հարբած, մոլոր կը վերադառնայ «տուն»: Մայրը, ինչպէս միշտ, աստիճանին վրայ նստած` կը սպասէ զինք: Ապա իրենց առօրեայ զգեստներով կը քնանան նոյն նեղլիկ նստարանին վրայ, «սարտիններու» նման: Ոչ մէկ խօսք կ՛արտասանեն: Դէմքերը յաճախ ուղղուած են իրարմէ հեռու: Տղամարդը ամէն գիշեր դուրս կու գայ եւ որսի հրացանով կը կրակէ հեռացնելու համար ոռնացող գազանները: Մաշեցնող առօրեան կը կրկնուի… Բայց մինչեւ ե՞րբ… Կու գայ խորհրդանշական խաղարկային տեսարան մը: Զառիթափի վրայ փոխադրակառքի շարժիչը կը հանգի: Ինքնաշարժը դէպի ետ կը սահի եւ կը կանգնի ստորոտին: Տղամարդը կը գիշերէ բացօթեայ: Այդ գիշեր չի կրակեր վտանգը հեռացնելու համար: Ձայնային խորապատկերը չարագուշակ է: Յաջորդ գիշեր կը վերադառնայ տուն: Բայց մայրը աստիճաններուն վրայ չէ: «Մա՜ … մա՜մ… մա՜մ… », կը լսուի անոր կանչը մթութեան մէջ: Այդ առաջին եւ վերջին խօսքն է ուղղուած մօր: Մայրը չկայ: Մայրեր օր մը աստիճաններուն վրայ քեզ պիտի չսպասեն: Այլեւս պիտի չըլլան: Աւարտական տեսարանին մէջ տղամարդը խաչափայտ յիշեցնող ծառի բուն մը շալակած` կը քալէ դէպի լքուած, լոկ կեղեւ մը մնացած ինքնաշարժ մը: Տուտուկը կու լայ Պատկանեանի «Արի, իմ սոխակ» օրօրոցայինը հնչեցնելով: Տեսարանը խորհրդանշական-խաղարկային է: Խաղարկային են նաեւ այլ տեսարաններ, ինչպէս օղիի սեղանին քով շարուած չորս տղամարդոց կենացի պարագրուած շարժումը, որ յիշել կու տայ «Մենք ենք մեր սարերը» ժապաւէնի հնձուորներու շարժումը:
Ժապաւէնի կերպարները անխօս են: Խօսուն են` երաժշտութիւնը, բնութեան խմբագրուած ձայները եւ պատկերներու դիպուկ, լակոնական լեզուն: Նկարահանումը ուղղակի հիանալի է: Ժապաւէնը հովանաւորած է համալսարանը: Կը մաղթեմ, որ բեմադրիչը իր հայրենիքին մէջ առիթ ունենայ երկարամեթրաժ խաղարկային ժապաւէններ նկարելու:
Արտաւազդ Փելեշեան.- Շարժանկարի գործիչը տիեզերագնաց մըն է Վ. Սորել (Artavazd Pelechian – Le cinռaste est un cosmonaute. Vincent Sorrel), 2018, Ֆրանսա, 60 վ: Այլ յաջողութիւններու կողքին, ստացած է Ուջանի երկարամեթրաժ ժապաւէնի մրցանակը:
Արտաւազդ Փելեշեան (այսուհետեւ Փ.) յառաջացած տարիքի հասած, բայց տակաւին գործող բեմադրիչ մըն է, որ վերածուած է կենդանի առասպելի: Եւ նման Արշիլ Կորքիի, Սայաթ Նովայի, կամ Նարեկացիի` մեր հաւատացեալ ժողովուրդը իր մասին եւս գրեթէ ոչինչ գիտէ: Բարձրադիր կուռքեր կը կանգնեցուին, որպէսզի փառաբանուին, այլ ոչ, որպէսզի հարցազննուին: Որդը վաղուց կը կրծէր գլխուս մէկ անկիւնը: Սորելի ժապաւէնը առիթ տուաւ, որ այդ անհաճոյ ճճին քաշեմ դէպի լոյս աշխարհ: Ընթերցողի ներողամտութիւնը կը հայցեմ անհրաժեշտ կարճ ծանօթացման շրջապտոյտի մը համար:
Փ. ծնած է 1938-ին, Գիւմրի, որ արուեստներու ոստան էր: Կազմաւորուած է տաղանդաւոր ռահվիրայ բեմադրիչներ Ս. Այզնշթայն (1898-1948) եւ Ցիկա Վերթովի (1896-1954) աւանդով: Արեւմուտքի մէջ զինք կոչած են «Վերթովի հայ զարմիկը»: Վաւերագրող Վերթով նաեւ շարժանկարի տեսաբան էր: Փ. իր ուսուցիչներէն առած է հմտութիւններ (techniques), առանց, սակայն, որդեգրելու անոնց յեղափոխական արեւելումը կամ ընկերային ասքը: Այզնշթայն հոգեւոր հայրն է կցումի (մոնթաժ): Այդ կը նշանակէ երկու պատկերներ ուղղակի յաջորդականութեամբ ներքին յարաբերութիւն մը ցոյց տալ: Ունի ճանաչողական բնոյթ: Փ. այդ կը գտնէ պարզունակ եւ անբաւարար: Կ՛առաջադրէ «հեռաւոր կցումը» (distance montage), որ կը նշանակէ տուեալ երկու պատկերներու միջեւ ներառել շարք մը այլ պատկերներ եւ այդպէս կազմել «մտապատկերային» (conceptual) խմբաւորումներ կամ «դրուագներ» (episode): Հարկ է, որ հանդիսատեսը պատկերներու ենթագիտակցային (subliminal) յորձանուտին մէջ նշմարէ անջատ «դրուագներ»: Բազում կարելիութիւններ կը ներկայանան: Այդ նման է բախտախաղի, որ կրնայ ոմանց համար գրգռիչ եւ հաճելի ըլլալ, որովհետեւ արդիւնքը աննախատեսելի է:
Այզնշթայն, Վերթով եւ բոլոր յեղափոխական բեմադրիչները, որոնք ընկերային ասք ունին, հետաքրքրուած չե՛ն հանելուկաբարոյ մտամարզանքներով: Ի տարբերութիւն դատ ունեցող բեմադրիչներու, Փ. կլանուած է «տիեզերական» բներգներով: Այդ իմաստով է, որ բեմադրիչ Վ. Սորել (եւ թերեւս` այլք) զինք կոչած են «տիեզերագնաց»: Փ. հետաքրքրուած է բնազանցական խաղերով, ինչպէս` ժամանակի յետադարձ ընթացք, շրջանային (cyclic) կառոյցներ, տարածութեան հատում / վերաագուցում եւ այլն: Այս առումով, համահունչ է կերպարուեստի վերացական դպրոցին, որուն տրամաբանութիւնը նոյնպէս առհասարակ անվերծանելի է:
Հասկնալի է ուրեմն, թէ ինչո՛ւ Մոսկուայի մէջ ապրող եւ գործող Փ. աշխուժացաւ 60-ական թուականներուն, երբ Խորհրդային Միութեան իշխանութիւնը նուազ խստահունչ քաղաքականութիւն որդեգրեց արուեստագէտներու հանդէպ:
Ինծի ծանօթ է քաղաքական բնոյթի վերծանելի մէկ դրուագ, ուր Փ. ցոյց կու տայ անջրպետագնաց հրթիռի մը ձախող արձակումը եւ ապա տղամարդու մը թաւալգլոր անկումը: Այդ կու գար այն օրերուն, երբ Խ. Միութիւն սկսած էր «Անջրպետի մրցումին» (space race) մէջ կորսնցնել իր սկզբնական առաջատար դիրքը:
Փ. ձեւապաշտ մըն է, թերեւս պէտք է ըսէի` «պատկերապաշտ», հետաքրքրուած է գոյութեան մակերեսով, ոչ խորքով, այլապէս ի՞նչ իմաստ կրնայ ունենալ թաղումի մը մասնակցող մարդոց հրաժեշտի համար բարձրացուած ձեռքերը առնչել զարդասեղ ժանեակի մը, եւ կամ թռչուններու երամի մը, փոխանակ պարզելու, թէ ինչո՛ւ այդ հոծ բազմութիւնը եկած է յարգանք մատուցելու: Ի՞նչ արդարացում ունի հրապարակի մը վրայ այս կամ այն պատճառով հաւաքուած մարդիկ առնչել անասուններու խռնուած հօտի: Նման առնչութիւն որակելու համար լաւագոյն պարագային կրնանք ըսել, որ չունի ճանաչողական բնոյթ:
Ճարտարագիտական.- Փ. երբեք չի ցուցադրեր իր կամ այլոց նկարած «հում» տեսանիւթեր: Պատկերները միշտ մշակուած (processed) եւ խմբագրուած են: Ժամանակը կը տարուի ետ ու առաջ, լուսաւորութիւնը կ՛ենթարկուի փոփոխութիւններու, կշռոյթը կը յարմարեցուի արտապատկերային (nondiegetic) երաժշտութեան, որ միշտ առկայ է: Ընթերցողը հաւանաբար բազմիցս դիտած է Փ.-ի «Եղանակներ»-ը, որ յարմարեցուած է Վիվալտիի յոյժ ծանօթ «Չորս եղանակներ» համերգին (concerto): Միշտ բացակայ է, սակայն պատկերային (diegetic) ձայնը, ա՛յն, որ կու գայ նկարուող իրականութենէն: Այս եւս ցուցանիշ մըն է, որ Փ. հետաքրքրուած է բացառապէս տեսանելիով, իրականութեան արտաքինով: Պատկերները կը կտրատուին ուղղահայեաց, հորիզոնական եւ այլ անկիւններով, ապա կը մակադրուին (superpose) զանազան ձեւերով: Նման մշակումներ եւ շատ աւելին կարելի է կատարել համակարգիչի յարիր ծրագիրներով (software): Սորել, որ խոր ուսումնասիրած է գործն ու կեանքը, հարցումիս պատասխանելով` յայտնեց, որ Փ. երբեք չէ դպած նման համակարգիչի: Պատճառը ի հարկէ բթամտութիւնը կամ ծուլութիւնը չէ: Ենթադրութիւնս հիմնուած է անձնական փորձառութեան վրայ եւ հաստատուած` բեմադրիչին կողմէ: Սկսած նախակրթարանէն` ամբողջ կեանքս անցուցած եմ աշխատանոցներու եւ բնագիտութեան «տարրալուծարաններու» մէջ, որոնց կողքին անբացառ կը գտնուի սպասարկող առնուազն մէկ մեքենական աշխատանոց (5): Գիտեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սիրահարիլ պարզ թէ բարդ գործիքի մը եւ… ներել անոր թերութիւնները: Փ. միջին տարիքի մարդ էր, երբ համակարգիչներ բաւարար կարողութիւն ունեցան պատկերներ մշակելու (6): Մինչ այդ Փ. տասնամեակներ շարունակ աշխատած էր մեքենական սարքերով: Անոր համար (Աշուղ Իգիթի բառերով) իր «պառաւ եարը թանկ» դարձած էր: Ինչպէս կողքի նկարը ցոյց կու տայ, այդ սարքերու հիմնական անդամներն են պտտուող հայելի թմբուկը եւ պտուտացոյցը (stroboscope): Երկրորդը կը գործածուի ի միջի այլոց նաեւ բեմերու վրայ, կատարողներու անընդմէջ (continuous) շարժումը ցոյց տալու համար որպէս ցայտուն լուսանկարներու շարան:
Նկարագրային.- Փ. նաեւ հրապարակագիր եւ հրապարակախօս է, չի խուսափիր մեծարանքէ: Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` ըսած է. «Իմ ժապաւէններուս հերոսը ե՛ս եմ»: Իր մասին գրուած բազում էջերը նման են բուրվառներու, որոնց աշխուժ խնկարկումը կը մշուշապատէ կուռքը: Ի զուր չէ, որ ճճին երկար տարիներ շարունակեց կրծել: Շնորհակալ եմ ժապաւէնի բեմադրիչին, որ իր մեծարանքին առընթեր նաեւ ցոյց տուաւ Փ.-ի աշխատանոցն ու աշխատելակերպը: Առանց այդ տուեալներուն` կարելի պիտի չըլլար կողմնորոշուիլ: Կը վերջացնեմ հարցումով մը` այդ ինչո՞ւ է, որ Փ. կ՛ողողուի փառաբանանքի լուսարձակներով, երբ տաղանդաւոր բեմադրիչ մը` ինչպէս Ֆ. Դովլաթեան, կը սգայ քուլիսներու կիսամութին մէջ: Միթէ ա՞յն պատճառով, որ երբ աներկբայօրէն յանձնառու արուեստագէտի գործերը երբեք ինքնանպատակ մարզանքներ չեն եղած:
Գ. Կորսուած Հայաստանը որոնելով (Searching for Lost Armenia) բեմ. Thu Anh Nguyen, 19 վ: Ստացած է փառատօնի «Ֆիլմադարան» մրցանակը:
Բեմադրիչը վիեթնամցի լուսանկարչուհի մըն է, որ ուսանած է Մոսկուա: Անցեալ տարի այցելած է Հայաստան եւ սիրահարած` հայկական մշակոյթին: Սահմանափակ միջոցներով նկարահանուած կարճ ժապաւէնը կը սկսի ցոյց տալով Աղթամարի Ս. Խաչը: Գեղեցիկ ճարտարապետութեան եւ որմնաքանդակներու առընթեր կը տեսնենք առատ մոլախոտ, որուն արմատները տակաւ կը խախտեն կառոյցը (6): Ապա կը տեսնենք Վանի հինաւուրց բերդը, Վարագայ վանքը, ստորերկրեայ քարանձաւային Անիները եւ այլ նուազ ծանօթ վայրեր, ինչպէս` Բագարանը: Կը տեսնենք կակաչներ, որոնք այդ հողերու վրայ թափած արեան խորհրդանիշն են: Լարային քառեակով կը լսենք Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն, որ յետապրիլեան պատերազմին աւելի դառն կը հնչէ: Մթագնած Սիփանը, որ նոյնպէս խորհրդանշական է: Աղթամարի մէջ կը տեսնենք քիւրտ զբօսաշրջիկներու խումբ մը եւ փոքր ընտանիք մը: Բեմադրիչը ընտանիքի համր անդամին հետ կը հաղորդակցի ձեռքի շարժումով: Լեզուի չիմացութիւնը արգելք չէ մարդկային յարաբերութիւններ մշակելու: Կը լսենք վանեցի սիրուն Կիզեմը, որ, ինչպէս դիմագիծը կը թելադրէ, կիսով հայ է: Կիզեմ կը ցանկայ ապրիլ Պոլիս, որովհետեւ այդտեղ կայ մշակութային հարստութիւն: Կ՛ըսէ, որ հոն ապրող հայերը «կը փորձեն բաներ մը ընել»: Քիւրտերու վերաբերմունքը յաճախ սիրալիր չէ, որովհետեւ կը կասկածին, որ օտարականը եկած է որոշ գանձ մը յայտնաբերելու: Բեմադրիչը այսպիսով կ՛արծարծէ գանձագողներու հարցը, որ թերեւս հնավայրերու փլուզումի գլխաւոր պատճառն է ներկայիս: Այս նիւթին անդրադարձած եմ «Լուռ զանգեր» ժապաւէնին առիթով (7, 8):
Ասպարէզին մէջ նոր մտնող բեմադրիչը խորքին մէջ տաղանդաւոր լուսանկարիչ մըն է: Աչք ունի կառոյցներ (composition) տեսնելու, ժապաւէնի շարք մը տեսարաններ կարելի է շրջանակի առնել եւ ամրացնել պատին: Կը մաղթեմ, որ ապագային աւելի լայն միջոցներ կ՛ունենայ: Կը յուսամ նաեւ, որ այս սրտցաւ երիտասարդուհին կը յաջողի իր ոգեւորութիւնը փոխանցել Հեռաւոր Արեւելքի հայրենակիցներուն, եւ` ոչ միայն:
Ե. Tokei Maru Գծագրային, բեմ. Յոյն Zachos Samoladas, 20 վ: Գրեթէ ճիշդ հարիւր տարի առաջ (14 սեպտեմբեր 1922) ճափոնական «Թոքէի Մարու» բեռնատար նաւը խարսխած էր Զմիւռնիոյ նաւահանգիստին մէջ, երբ Մ. Քեմալի բանակը ներխուժեց քաղաք եւ Օսմանեան կայսրութենէն փրկուելու փորձին համար դաժանօրէն պատժեց յոյներն ու հայերը (քաղաքի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը)` հրկիզելով անոնց թաղամասերը: Հրդեհին եւ սպանդին զոհ գացած են քանի մը տասնեակ հազար անձեր, տեղահանուած` քանի մը հարիւր հազար (10):
Բացի ոճիրի 100-ամեակը նշելէ` ժապաւէնը մեծարանք մըն է նաւապետ Նորիթոյին, որ կը հրամայէ նաւուն թանկարժէք բեռը (յախճապակեայ անօթներ եւ նման իրեր) ծով թափել, որպէսզի կարենայ աղէտահար քաղաքէն մազապուրծ փախչողները տեղափոխել դէպի ապահով վայր: Իր պատճառած նիւթական մեծ վնասին համար առաջին հերթին պատասխան պէտք էր տար զինք աշխատանքի ընդունած վաճառականական ընկերութեան: Ապա կու գան աւելի անմիջական խոչընդոտներ: Այդտեղ գտնուող բրիտանական ռազմանաւեր հեռագիրով կը զգուշացնեն նաւապետը չմիջամտելու ռազմական իրադարձութիւններուն (11): Նաւապետին ամէնէն խիզախ կեցուածքը կը դրսեւորուի ընդդէմ նաւ բարձրացած թրքական սպառնալից պատուիրակութեան: Ժապաւէնը մեծ բաժին յատկացուցած է նաւապետին յուշերուն: Նորիթօ դաստիարակուած է իր սամուրայ հօր աւանդով: Ճափոնի մէջ եւ յատկապէս սամուրայ զինուորական դասին համար արժանապատուութեան պահպանումը գերիվեր է կեանքի պահպանումէն: Հայրը ռազմաճակատի վրայ սպաննուելէ առաջ կտակ մը ձգած է: Որդւոյն պատուիրած է պահպանել ընտանիքին բարձր բարոյականն ու պատիւը: Նաւապետը իր քաթանայով ծիսական շարժումներ կ՛ընէ` ոգեկոչելով հայրը (12):
Ժապաւէնը ցոյց կու տայ նկարիչ մը: Այդ իր կարգին մեծարանք է Ռոպերթ Դաւիթեանին, Ճորճ Փրոքոփիուին եւ այլ անծանօթ նկարիչներու, որոնք արձանագրած են աղէտալի ոճիրը: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ այդ վաւերագրական նիւթերը փճացուած են, երբ Յունաստան եւ քեմալական Թուրքիա ստորագրեցին բնակչութեան «փոխանակումի» համաձայնագիրը:
Յ. Գ. Ես եղած եմ Զմիւռնիա: Երկու օր ամբողջ ապարդիւն փնտռած եմ Ս. Ստեփանոս հայկական եկեղեցին, որ, ըստ պատմական քարտէսի մը, մեր պանդոկին մօտակայքը պէտք էր որ գտնուէր: Տեղացիք ոչ մէկ կերպ օգնեցին: Ապա բացայայտեցի, որ ամբողջովին վերացուած է: Բացայայտեցի, որ ես երկար հանգչած եմ նստարանի մը վրայ, որուն տակ Ս. Ստեփանոսի հիմերը թերեւս կան տակաւին: Կարողացայ տեսնել լոկ երկու հայկական գերեզմանաքար` թաքնուած պատմութեան թանգարանի շրջափակի մացառներուն մէջ: Տեղի ունեցան այլ անախորժ եւ ցաւոտ միջադէպեր, բայց այդ առանձին նիւթ է: Երբեմնի գեղեցիկ Զմիւռնիան այլեւս չկայ: Կայ վանողական Իզմիրը (13):
Զ. Ուսանողական աշխատանք.- Ցուցադրուած են 5վ տեւողութեամբ երեք ժապաւէններ:
Ա. Նունէ Խաչատրեան, «Ֆիլմ, որ գոյութիւն չունի».- Ցոյց կու տայ կտրատուած պատկերներու համադրումին միջոցով սիրոյ անաւարտ պատմութիւն մը:
Բ. Տաթեւ Մովսիսեան, «Արեւհատը եւ Պետրոսը».- Կը պատմէ ամբողջ 63 տարի սիրով ապրած ուջանցի զոյգի մը մասին:
Գ. Վանուհի Ազատեան, «Խոհեր ճանապարհի մասին».- Ինչպէս անցեալ տարի իր «Լռութիւն փնտռելով», այնպէս եւ այս տարի Վանուհին արտադրած է ուշագրաւ, շնորհալի եւ… հարցայարոյց աշխատանք:
Բացման տեսարանն է Էրեբունի երթուղային կայարանը: Ուրեմն բներգը տեղափոխութիւնն է: Ապա կը տեսնենք ճամպրուկներու բաժին մը, որ յիշել կու տայ բացման տեսարանը Էկոյեանի «Ամենամօտիկ արիւնակիցը» (Next of Kin 1984) ժապաւէնը, որուն բներգը հոգեկան տեղափոխութիւնն է: Բայց կայարանը գրեթէ դատարկ է: Տեսախցիկը գրեթէ դատարկ «մարշութքա»-ներու մէջ կը շարժի կանգառէ կանգառ` առանց հասնելու որեւէ «տեղ»: Չենք տեսներ որեւէ մարդկային յարաբերութիւն, չենք լսեր որեւէ երկխօսութիւն: Կը լսենք միայն առանձնութեան մէջ մենախօսող բեմադրիչը «մարդատեաց, որ ճամբորդ մ՛է աղքատ կանգառէ մ՛ուրիշ կանգառի միջեւ» (14): Ինչպէս կողքի նկարները ցոյց կու տան, Վանուհին ունի պատկեր կառուցելու (composition) ակնյայտ կարողութիւն: Յաճախ փակ երկինքը եւ կրկնուող շեղ գիծերը, որոնք յիշել կու տան Հիչքոքի «North by Northwest 1959», կրնան նշանակել, որ մի բան էն չի: Կը լսենք «Hard Hard Year 1968» երգը, որ կ՛ըսէ` «Bad times, something՛s wrong» (Վատ ժամանակներ, մի բան սխալ է): Գեղարուեստական առումով` շա՛տ բարի:
Այժմ.- Ժապաւէնը հիմնուած է Bob Dylan-ի 1965-ի յօրինած «Like a Rolling Stone» (Գլորուող քարի մը նման) երգին վրայ, որ առերես ձաղկ մըն է` ուղղուած բարձր (իմա` ունեւոր) դասի կնոջ մը, որ վերածուած է անտուն թափառաշրջիկի: Երգին խորքը հիասթափութիւնն է այն ինքնագոհ մտայնութենէն, որ նիւթական բարօրութիւնը յառաջացուցած էր: Ինկած իշխանուհիին հետ երգահանն է պատրանաթափ, չունի պատկանելիութիւն (տուն), չունի ուղղութիւն (նպատակ): Երգը կ՛ըսէ.
With no direction home (Առանց տան ուղղութեան)
Like a complete unknown (բոլորովին անծանօթ)
Like a rolling stone (Գլորուող քարի մը նման)
Ամերիկայի մէջ ծաւալող բողոքի շարժումներուն կողմէ երգը այնքան մեծ ընդունելութիւն գտած էր, որ «Rolling Stone» պատկերը որպէս անուն որդեգրած են ռոք երաժշտութեան ծանօթ ականաւոր խումբը եւ ռոք երաժշտութեան յատկացուած առաջատար պարբերական մը: Տիլըն իր կարգին այդ պատկերը որդեգրած էր պլուզ սեւամորթ երաժիշտ Մատի Ուոթըրզի (Ցեխոտ ջուրեր) 1950-ին յօրինած համանուն երգէն: Տիլընի երգին մէջ կան մեծարանք-ակնարկներ այդ երգին: Տիլընի երգը լիարժէք ընկալելու համար հարկ է, որ ունկնդիրը քաջատեղեակ ըլլայ ամերիկեան մշակոյթին (15): Հայաստանի մէկ աւանին մէջ այդ անկարելի է: Հարց կու տամ. ինչո՞ւ անփորձ ուսանողներու ղեկավարները կը քաջալերեն կլանուիլ եւ ձեւաւորուիլ օտար մշակոյթով մը, որուն հազիւ թէ մակերեսին ծանօթ են:
14 սեպտեմբեր 2022
- «Ծածուկ ծիրանի ծառ», «Ազդակ», 18 հոկ. 2018:
- «Հոգեւոր ծիրանի տունկ, «Ազդակ», 18 հոկ. 2019:
- «Ծիրանի յամառ տունկը», «Ազդակ», 18 հոկ. 2020:
- «Ծածուկ ծիրանի յամառ տունկը հոգեւոր, «Ազդակ», 29 դեկտ. 2021:
- Հպարտ եմ իմ մեքենաշինական դասընթացի վկայագրով.- Հաստոց (lathe Tourneau), Freza եւ agisseur (խարտոց) որուն հարկ է աւելցնել հօրս աշխատանոցի մէջ 12 ամրան աշխատանքի փորձառութիւնը:
- Անշարժ պատկեր մը արձանագրելու համար անհրաժեշտ է աւելի քան 8 MB յիշողութիւն: Մէկ երկվարկեանի մէջ իրարու կը յաջորդեն առնուազն 24 պատկերներ: Առաջին համակարգիչը, որ կարողացայ գնել, ունէր լոկ 17 KB յիշողութիւն:
- Տե՛ս «Հայ դասական ժապաւէններ. եւ Երեւանի դիմագիծի հոլովոյթը» Ա. եւ Բ. 25 մայիս եւ 7 յունիս 1921:
- Նախ մաքրենք Հայաստանի հնավայրերուն վրայ ազատ աճող մոլախոտերը, ապա նզովենք թշնամին, որուն համար զաւթուած հնավայրերը (հայկական թէ ոչ) զբօսաշրջութեան կը ծառայեն:
- Այո՛, նախ Հայաստանի մէջ կասեցնենք գանձագողերը, ապա…
- Սպաննուածներու եւ տեղահանուածներու թիւերուն շուրջ ճշգրիտ տեղեկութիւն չկայ: Ստոյգ չէ նաեւ, թէ Նորիթօ ճիշդ քանի անձ փրկած է: Ոչ հազարաւոր, որովհետեւ այդ թիւով անձեր տեղաւորելու եւ կերակրելու կարողութիւնը չունէր:
- Յունական բանակը նախապէս Բրիտանիոյ օգնութեամբ գրաւած էր Զմիւռնիան` ի ցնծութիւն քաղաքի քրիստոնեայ բնակչութեան:
- Ճափոնական սուրը` քաթանան ունի ծիսական մեծ նշանակութիւն:
- Զմիւռնիայէն ոչ շատ հեռու կը գտնուին հիանալի ընդարձակ Եփեսոսը եւ այլ յունական հնավայրեր:
- Ն. Սարաֆեան, «Գնացք», 1925:
- Լիովին գիտակից եմ, որ անոնք բուռն կերպով պիտի հակադարձեն: Այդ է, ցաւօք, Հայաստանի մէջ տիրող կործանարար արեւելումը: