ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Բենիամին Պչաքճեանին հետ, որ անդրադարձաւ կովկասեան շրջանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան` Հայաստանի ու Արցախի վրայ:
«ՌԱԶՄԻԿ».- 2020-ի պատերազմէն ի վեր Հայաստանն ու Արցախը մարդկային եւ հողային կորուստներ ունենալէ չդադրեցան: Արցախի տարածքի մեծամասնութեան կորուստին յաջորդեցին Հայաստանի դիրքային կորուստներ, Բերձորի եւ Աղաւնոյի շրջաններու յանձնումը: Այսօր վտանգուած են Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի սահմանամերձ շրջանները: Ի՞նչ են այս շրջաններու, ներառեալ Բերձորի եւ Աղաւնոյի ռազմավարական կարեւորութիւնը Հայաստանի համար: Ինչպիսի՞ կարեւորութիւն ունին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Նախ պէտք է անդրադառնանք ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի ռազմավարական նշանակութեան: Ինչպէս գիտենք, Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը իր կարեւորութիւնը ունի այն իմաստով, որ Հայաստան կը գտնուի այնպիսի խաչմերուկի մը վրայ, որ հիւսիսը հարաւին կը միացնէ եւ արեւելքը` արեւմուտքին: Եթէ Ռուսիան կ՛ուզէ Իրանի հետ հողային տարածքով ապահով կապ ունենալ կամ հասնիլ մինչեւ Պարսից ծոց, այդ ճանապարհը կ՛անցնի Հայաստանէն: Իսկ թուրանական ցեղերու համար իրենց միացման ճանապարհը եւս կ՛անցնի Հայաստանէն: Այդ իմաստով Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը ռազմավարական լուրջ նշանակութիւն ունի: Եւ այդ արժէքը նկատի կ՛առնուի թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ համաշխարհային ուժերու կողմէ:
Այս ռազմավարական դիրքին պատճառով է, որ առաւել լուսարձակի տակ կ՛առնուին Հայաստանին դրացիներու հետ տակաւին չլուծուած հարցեր ունենալու հանգամանքը, ի մասնաւորի` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի: Հետեւաբար այդ հակադրութիւնը նաեւ հետաքրքրական է միջազգային ուժերուն համար, որոնք այդ ռազմավարական նշանակութիւնը կը փորձեն օգտագործել իրենց շահերուն համար: Հայաստան այդ իմաստով կարողացած էր իր անկախութեան տարիներէն ի վեր իր ռազմավարական նշանակութիւնը արժեցնել միջազգային հանրութեան, որովհետեւ նախ կարողացած էր ազատագրել Արցախի տարածքները, երաշխաւորած էր անոնց ապահովութիւնը եւ այդպիսով աւելի կայունացուցած` այդ խաչմերուկը: Այդպիսով, Հայաստանը կարողացած էր իր քաղաքական դիրքը ամրապնդել միջազգային բեմերու վրայ:
Սակայն, դժբախտաբար, 2018-ին իշխանափոխութենէն եւ մանաւանդ անոր իբրեւ հետեւանք 2020 սեպտեմբերի 44-օրեայ պատերազմէն ետք տեղի ունեցող դէպքերը այս կացութիւնը շրջեցին` ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան: Մեր ռազմավարական դաշնակիցին ու շրջանային գործընկերներուն հետ անյստակ քաղաքականութիւնը ու պատերազմի իբրեւ արդիւնք` Արցախի տարածքին 75 տոկոսի կորուստը յանգեցուցին ապահով ու վստահելի շրջանային դերակատար ըլլալու հանգամանքը: Հայաստանի ու Արցախի միջեւ կենսական միջանցքը որ 1992-էն ի վեր կը գտնուէր հայկական զինուած ուժերու հսկողութեան տակ, 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութեամբ կը փոխանցուի ռուսական խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան: Այս ձեւով Հայաստան հիմնական ազդակ մը կորսնցուցած է իր աշխարհագրական դիրքէն եւ ռազմավարական նշանակութենէն:
Աղաւնոն եւ Բերձորը մէկ օղակն են այդ նշանակութեան: Ռազմավարական առումով, յաւելեալ հարուած են նաեւ այն տարածքներն ու դիրքերը, զորս մենք կորսնցուցինք Գեղարքունիքի, Ջերմուկի ու Սիւնիքի շրջաններուն մէջ:
Ասոր պէտք է կապել նաեւ այն ճիգերը, որոնք կը տարուին մեր դարաւոր թշնամիներուն` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ լուծելու համար հարցերը, առանց հայութեան դարաւոր շահերն ու իրաւունքները նկատի ունենալու: Այս բոլորը կու գան զօրաւոր, բայց, յուսամ, ոչ անվերադարձ, հարուած մը տալու Հայաստանի ապագային եւ միջազգային բեմին վրայ անոր ունեցած հետաքրքրութեան:
«Ռ.».- Շրջանային գետնի վրայ այսօր ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Ռուսիոյ եւ Իրանի վարած կրաւորական քաղաքականութիւնը` վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ:
Բ.Պ.- Պէտք է նկատի ունենալ, որ Հայաստանի անկախութեան տարիներուն իրերայաջորդ կառավարութիւններ կարողացած էին շեշտը դնել այն հարցի վրայ, որ ինքնիշխան Հայաստանը կարող է այս միջանցքի ինքնութիւնը ապահովել եւ տէր կանգնիլ անոր: Սակայն այս վերջին իշխանութիւնը, որ եկաւ 2018-ին, ցոյց տուաւ, թէ ինք արդէն Հայաստանի ռազմավարական նշանակութեան հաւատացողը չէ, գիտակից չէ այն հզօր խաղաքարտի կարեւորութեան, զոր մենք մեր ձեռքը ունինք: Հետեւաբար այսօրուան իշխանաւորներու անհեռատես քաղաքականութեամբ եկան ու փաստեցին, որ չեն կրնար տէր կանգնիլ այդ միջանցքի ապահովութեան:
Հետեւաբար շրջանի երկիրները, որոնց մէջ հիմնականօրէն` Իրանն ու Ռուսաստան, հետամուտ են, որ այդ միջանցքը չծառայէ այնպիսի ուժերու, որոնք կը փորձեն մեկուսացնել իրենցմէ մէկը, անջատել մէկը միւսէն եւ կարողանան նոր կացութիւններ պարտադրել տարածաշրջանին մէջ: Այդ իմաստով է, որ պէտք է տեսնել թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Իրանի կեցուածքները: Ասիկա չի նշանակեր, որ մենք դատապարտուած էինք այս վիճակին հասնելու, այլ մենք չկարողացանք համոզել, փաստարկել եւ գործնականօրէն ցոյց տալ, որ այդ միջանցքին կարեւորութեան իսկապէս գիտակից ենք եւ կրնանք ապահով ձեռքերու մէջ պահել զայն ու չտարուիլ այնպիսի խոստումներով, որոնք կու գան եւ մեզի կը պարտադրեն կացութիւններ, որ այս միջանցքը յատկապէս Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ լարուած ուժերու ձեռքը անցնի: Այս իշխանութիւնները չկրցան փաստել այդ մէկը: Այդ միջանցքին վերաբերող բանակցութիւնները, դժբախտաբար, այսօր կը տարուին ի հեճուկս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի շահերուն, գրեթէ ի բացակայութիւն հայ քաղաքական գործիչներու մասնակցութեան: Իսկութեան մէջ այդ բանակցութիւնները կը տարուին այլ ուժերու միջեւ: Խորքին մէջ թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ Իրանը կրաւորական չեն այս հարցով: Անշուշտ իրենց դիտանկիւնէն իրենք իրենց քաղաքական շահերը կը հետապնդեն եւ այդ իմաստով իրենք այս հարցի լուծումը դժբախտաբար չեն տեսներ Հայաստանի քաղաքական այսօրուան իրավիճակին մէջ, չեն տեսներ այս իշխանութիւններու օրօք, չեն տեսներ, որ Հայաստանը որեւէ ձեւով վստահելի ու ապահով գործընկեր է: Հետեւաբար իրենք կը շարժին, կը գործեն իրենց կողմէ յարմար նկատուած միջոցներով: Այդ մէկը կրնայ համընկնիլ հայութեան շահերուն եւ կրնայ չհամընկնիլ: Այստեղ հայ քաղաքական մտքի դրսեւորումը պէտք է ըլլայ, որ մենք կարողանանք շրջել անիւը եւ համոզել այդ առանցքին, որ մենք ի վիճակի ենք այդ միջանցքի անկախութիւնը ապահովելու, զայն Հայաստանի վերահսկողութեան տակ պահելու եւ այդ ձեւով ապահովելու տարածաշրջանային կայունութիւնը: Այնքան ատեն որ մենք չենք կարողացած համոզել ու ապահովել ատիկա, դժբախտաբար, ի հեճուկս մեզի, այդ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենան գործողութիւններ, որոնք կրնան լաւագոյն պարագային Հայաստանի շահերուն համընկնիլ կամ նոյնիսկ հակադրուիլ:
Այսօր Հայաստանի քաղաքական իշխանութիւնը եւ հայկական որոշումը կը բացակային այս առանցքի ճակատագիրը ճշդելու գործընթացին մէջ:
«Ռ.».- Իսկ Հարաւային Կովկասի մէջ ո՞ւր կը համընկնին ռուս-թրքական շահերը: Հայաստանը որոշ անկախ դերակատարութիւն մը ունի՞ այս քաղաքական գործընթացներուն մէջ:
Բ. Պ.- Ինչպէս կը տեսնենք վերջին տասնամեակին, ռուս-թրքական յարաբերութիւնները շատ սերտացած են, աւելի քան` նախապէս: Ռուսերը այսօրուան Թուրքիոյ ղեկավարութեան մէջ գտած են այն խօսակիցը, որուն հետ կարելի է որոշ շահերու բախումներ ունենալ, բայց նաեւ կարելի է գործակցութեան եզրեր գտնել, ինչպէս պատահեցաւ Սուրիոյ պարագային, ուր ռուսական միջամտութեամբ որոշ համաձայնութիւններ գոյացան, եւ այդ մէկը կարելի է նկատի ունենալ Հարաւային Կովկասի պարագային: Նոյն գործակցութեան կէտերը տեսանք մենք ռուս-ուքրանական պատերազմին, ուր Թուրքիան չմիացաւ Արեւմտեան Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն, ուր Թուրքիան նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ միջնորդի դեր վերցուց, եւ Թուրքիան, հակառակ ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալուն, չմիացաւ Ռուսիոյ դէմ գործողութիւններու: Հետեւաբար ռուս-թրքական յարաբերութիւններու գծով թէեւ կարելի չէ ըսել, որ անոնք դաշնակիցներ են, բայց եւ այնպէս նուազագոյնը կարելի է ըսել, որ կայ առկայ տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու, փոխադարձ համաձայնութիւններու հասնելու ճիգ մը, ուր նկատի չեն առնուիր Հայաստանի շահերը, պատմական իրաւունքները:
Այնքան ատեն որ Հայաստանի իշխանութիւնը կը գտնուի այնպիսի տարրերու ձեռքը, որոնք գիտակից չեն մեր ազգային շահերուն, մեր ռազմավարական դաշնակիցներու շահերուն, գիտակից չեն, թէ ինչպիսի՛ քաղաքականութիւն կարելի է վարել այս տարածաշրջանին մէջ` առանց իյնալու մեծապետական բախումներու դաշտին մէջ, չենք կրնար ապահովել եւ վստահութիւն ներշնչել, չենք կրնար գործակից գտնել միջազգային բեմին վրայ:
Միայն այս իշխանութիւններու փոփոխութեամբ է, որ պիտի կարողանանք իշխանութեան բերել ազգային ուժեր, որոնք կը ձեւակերպեն մեր տեսլականը, հաւաքական իղձերու իրականացման միջոցները կը համախմբեն մեր համազգային ներուժը եւ կը լծուին աշխատանքի: Աշխատանք մը, որ անկարելի չէ նկատի ունենալով հայութեան ամբողջական կարողականութիւնը` թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ եւ թէ՛ սփիւռք: Այս եռամիասնութեան մէջ կա՛ն մեր յաղթանակի գրաւականները: Մեր կապերը, զորս ունինք համաշխարհային գետնի վրայ, մեր կարողականութիւնը, որ ունինք զանազան երկիրներու մէջ եւ մեր վճռակամութիւնը անպայման մեզ կը հասցնեն յաղթանակի, կարելի կը դարձնեն այս պատմութեան անիւը շրջելն ու վերականգնել մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, մեր անվտանգութիւնը ու նաեւ Արցախի հետ ապահով կապը: Առանց Արցախի, Հայաստանի գոյութիւնը վտանգուած է, եւ երկար շունչի վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունենալէ կրնայ դադրիլ եւ սոսկ նահանգ մը ըլլալ այս կամ այն շրջանային պետութեան` կորսնցնելով իր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը:
Մենք պէտք է կարողանանք շրջել պատմութեան անիւը. ճիշդ է, որ շատ բան կորսնցուցած ենք այդ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, սակայն անվերադարձ չեն այդ բոլորը: Կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը վերականգնէ իր ինքնավստահութիւնը, ձեւակերպէ իր ազգային ու գոյութենական նպատակները, մշակէ ծրագիր` այդ նպատակները իրագործելու եւ համախմբէ բոլոր ուժերը, որոնք կը ծրագրեն նոյնանպատակ աշխատանքներու: Ա՛յս է մեր յաջողութեան բանալին:
Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց`
ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ