Հայ ժողովուրդը, Բերձորի կորուստը «չմարսած», արթնցաւ նոր մղձաւանջի մը մէջ, երբ թշնամին սեպտեմբեր 13-ին ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանները` սպաննելով աւելին քան 200 զինուոր ու քաղաքացի եւ քարուքանդ ընելով սահմանամերձ բնակավայրերը:
Ինչպէս սովորութիւն դարձած է, ողջ աշխարհը դիտեց, լուռ մնաց կամ` լաւագոյն պարագային դատապարտեց եղածը: Սերոբ Աղբիւրի խօսքը` «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ» արդէն վաղուց դարձած է ճշնարտութիւն:
Այս իրավիճակին մէջ հայ ժողովուրդին մնացած է երկու ելք` կա՛մ անհետանալ իբրեւ ազգ եւ կա՛մ դիմել ինքնապաշտպանութեան:
Աւելի՛ն. տխրահռչակ այս իրավիճակին մէջ Հայաստանը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնը, երբ ներկայ իշխանութիւններուն պաշտպան ոստիկանները բռնի ուժով «մաքրեցին» նահատակներու պանթէոն Եռաբլուրը` նահատակներուն մայրերէն, քոյրերէն եւ ընտանիքներէն: Վարչապետ Փաշինեան չհանդուրժեց իր իսկ աչքերով տեսնել նահատակներուն հարազատներուն վիշտն ու զայրոյթը, գերադասեց խոշտանգել հերոսածին մայրերը` իրենց նահատակ տղոց գերեզմաններուն դիմաց:
Նոյեմբեր 9-էն ետք վտանգուած է մեր ամբողջական հայրենիքը: Մեր երկրորդ պետութիւնը` Արցախի Հանրապետութիւնը, կորսնցուցած է իր տարածքներուն մեծ մասը, եւ իր անկախութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուելու գործընթացը կանգ առած է 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
Թուրանական ծրագիրը վերադարձած է: Անիկա թաքնուած է նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին տակ` տարածաշրջանի ապաշրջափակման տեսքով: Պատահական չեն Անգարային եւ Պաքուին պահանջները` «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին հետ կապուած: Անոնք նոյնիսկ բացայայտօրէն կը յայտարարեն, որ միջանցքը, հարկ եղած պարագային, պէտք է բացուի զէնքի ուժով:
Միւս կողմէ` Իրան կը մերժէ միջանցքը` լաւ գիտակցելով, որ այս մէկը պիտի հզօրացնէ Թուրքիոյ դերը շրջանին մէջ եւ միացնէ թրքական պետութիւնները, որուն պատճառով կը խաթարուի, Իրանի ապահովութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Այո՛, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրականացուցին Բերձորի միջանցքի փակումն ու նոր ճանապարհին բացումը, իսկ հիմա ռազմական միջոցներով կ՛ուզեն իրականացնել թուրանական կամուրջի կառուցումը:
Այսօր կը կորսնցնենք նաեւ Հայաստանը: Թշնամին ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս եւ կը սպառնայ մեր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան` պարտադրելով նոր խայտառակ պայմանագիր մը, որուն ներկայ իշխանութիւնները եւ միջազգային ընտանիքը կու տան «Հաշտութեան եւ խաղաղութեան պայմանագիր» անունը:
Այս բոլորին զուգահեռ, սեպտեմբեր 19-ին Անգարայի մէջ խումբ մը ազրպէյճանցիներ կը հիմնեն «Կոյչայի-Զանգեզուրի թրքական հանրապետութիւնը», եւ այսպէս, Պաքու բացայայտօրէն կը սպառնայ գրաւել ոչ միայն Սիւնիքը, այլ նաեւ Վայոց Ձորը եւ Գեղարքունիքը:
Լեռնահայաստանը վտանգուած է, եւ հին օսմանցիներու, ապա քեմալականներուն ծրագիրը վերադարձած է տարածաշրջան: Անոնց սուրը հասած է հայ ժողովուրդի վիզին: Վերջին յարձակումներուն պատճառով գրաւուած հայկական տարածքները պէտք է վերստին ազատագրել եւ ապահովել Սիւնիքի եւ Հայաստանի մնացեալ տարածքներուն ապահովութիւնը: Բայց ինչպէ՞ս: Կա՞ն մեր մէջ գարեգին նժդեհներ, անդրանիկներ, դրոներ: Երեւանի սնանկ իշխանը ճերմակ դրօշակ բարձրացուցած է, իսկ ժողովուրդը յուսալքուած է:
Յուսալքուի՞նք, յանձնուի՞նք այս իրողութեան: Մոռցա՞նք, երբ Նժդեհի զօրքերը անհաւասար կռիւ կը մղէին պոլշեւիկեան եւ թրքական բանակներուն դէմ: Այն ժամանակ ալ հայ ժողովուրդը մինակ էր, սակայն զէնքը ձեռին պայքարեցաւ եւ միայն զէնքի միջոցով փրկեց Սիւնիքը: Լեռնահայաստանի գոյամարտը արդիւնաւորուեցաւ, եւ «Ազատ Սիւնիք» գործողութիւնը կատարեց իր առջեւ դրուած գերխնդիրը: Սիւնիքի ժողովուրդը ըմբոստացաւ եւ տապալեց համաթուրանական ծրագիրը:
Այս պատմական օրինակէն մեկնելով է, որ հայ ժողովուրդը իրաւունքը չունի յուսահատելու եւ յուսալքուելու: Մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին Հայաստանը միշտ ալ շրջապատուած եղած է թշնամիներով եւ միշտ ալ դիմադրած է` չվերանալով իբրեւ ազգ ու պետութիւն:
Այս պատգամով եւ «Ազատ Սիւնիք»-ի գաղափարով է, որ պէտք է զինուի իւրաքանչիւր հայ եւ իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդ` հաւատալով, որ հայ ժողովուրդը դարձեալ պիտի բարձրացնէ ապստամբութեան դրօշը եւ դուրս շպրտէ մեր թշնամիները մեր հայրենիքի սահմաններէն:
ՀՅԴ ԼԵՄ


