Արցախեան հակամարտութիւնը հայութեան համար գոյութենական հարց է, որուն մանրամասնութիւններուն մէջ կը տեսնենք «Ազատութիւն կամ մահ» խօսքին իմաստը: Ներկայիս Արցախի Հանրապետութիւնը կ՛ապրի իր անցնող 30 տարուան պատմութեան յոռեգոյն ժամանակաշրջաններէն մէկը: 25 օգոստոսին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ Բերձոր-Աղաւնոյ գօտին: Այսպիսով, տեղահանուեցան աւելի քան 150 ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը մերժեց պետական բոլոր թելանդրանքները եւ տուները այրելով` լքեց իր պապենական հողը: Բնականաբար այս յանձնումը մարդասիրական, մշակութային եւ պատմական կէտերէն անդին` նաեւ ռազմական եւ ռազմավարական ծանր կորուստ մըն էր:
Սակայն այս յանձնումը չի նմանիր նախորդներուն: Բերձորը այն շրջանն էր, որուն ազատագրումով Արցախը միացաւ Հայաստանին: Աղաւնոն իր կարգին սփիւռքի ջանքերով վերակառուցուած գիւղ մըն էր, ուր բնակիչները կ՛ապրէին համեմատաբար լաւ պայմաններու մէջ եւ կը հանդիսանային Հայաստան-Արցախ սահմանի պահապաններն ու պատնէշները:
Միաժամանակ Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց աջակցող ընտրական զանգուածը թմրեցնել` խաղաղութեան հետագայ դարաշրջանի մը խոստումներով: Հայաստանի մէջ քաղաքական ընդդիմութիւնը իր կարգին յայտարարութիւններով կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները, Հայաստանի իշխանութիւններուն անպատասխանատու ընթացքը եւ ժամանակի ընթացքին զարգացող անտարբերութիւնը: Այս բոլորը ի յայտ եկան անցնող շաբաթ, երբ Ազրպէյճան զինեալ ուժերը յարձակում գործեցին Հայաստան-Ազրպէյճանի արեւելեան սահմանի գրեթէ ամբողջ երկայնքին:
Ներկայ իրավիճակին իբրեւ հետեւանք` Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայիս ստացաւ ոչ պաշտօնական գերիի կարգավիճակ` նկատի ունենալով, որ կազի եւ այլ անհրաժեշտ նիւթերու մատակարարումը կախեալ է պաշտօնական Պաքուի ստորագրութենէն եւ հաւանութենէն: Այսօր պաշտօնական Երեւանի այսպէս կոչուած բանակցութիւններուն իբրեւ հետեւանք` Արցախի մեր հայրենակիցները ինկան Ազրպէյճանի եւ ռուս խաղաղապահ ուժերու ձեռքը եւ իրենց վրայ 2020 նոյեմբերի ամօթալի յայտարարութեան պատճառով ճշդուած նոր ճանապարհը պարտադրուեցաւ: Այսպիսով, Արցախ կախեալ կը դառնայ Ազրպէյճանէն, ինչպէս որ Պաղեստինը կախեալ է Իսրայէլէն:
Դժբախտաբար Հայաստանը իր ներկայ դիւանագիտական ղեկավարութեամբ եւ ընկերային, տնտեսական, ռազմական ու արհեստագիտական պայմաններով կարելիութիւնը չունի դէմ դնելու Ազրպէյճանի ախորժակներուն, Թուրքիոյ փանթուրանական երազներուն, ռուս-թրքական գործակցութեան շահերուն եւ կազ ու նաւթ ապահովելու միջազգային տագնապին:
Ներկայ փուլին միջազգային քաղաքականութեան եւ մեծ տէրութիւններու հաշիւներուն մէջ Ազրպէյճան նաւթային իր հարստութիւններուն պատճառով տնտեսական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող երկիր մըն է: Հետեւաբար, ինչպէս 1930-ական թուականներուն Ֆրանսան եւ Անգլիան ուզեցին Ատոլֆ Հիթլերը գոհացնել անոր տարածքներ զիջելով, այսօր նոյնը կը պատահի Ազրպէյճանին` զիջելով Արցախը:
Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքի թափանցման վերջ մը դնելու համար այսօր կարիքը ունինք նոր Վիեննայի մը: 1683-ին, Հռոմէական Սրբազան կայսրութիւնը եւրոպական այլ երկիրներու հետ կազմեց «Սրբազան լիկա»-ն, որ յաջողեցաւ Վիեննայի ճակատամարտին ընթացքին վերջակէտ մը դնել Եւրոպայի մէջ Օսմանեան կայսրութեան ընդարձակման: 1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ կորուստը եւ 1526-ին Պուտայի եւ Բեստի կորուստները արթնցուցին Եւրոպայի քնացող հսկաները: Սակայն 21-րդ դարու նոր օսմանեան եւ փանթուրանական ախորժակներու վտանգին դիմաց քնացած են բոլորը, եւ կամ կուրցած` ժամանակավրէպ շահերու պատճառով:
Վերադառնալով Արցախ, յստակ է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց ոտնձգութիւնները դադրեցնելու տրամադրութիւն չունին: Պաշտօնական Պաքուի պետական զանազան մակարդակներու վրայ գործող պաշտօնատարեր կը յայտարարեն, որ Բերձորէն ետք իրենք մուտք պիտի գործեն նաեւ Ստեփանակերտ: Հետեւաբար յառաջիկայ փուլը դժուար եւ բարդ պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին համար, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն ուշացած են պէտք եղած քայլերուն ձեռնարկելու եւ երկրի հասարակութիւնը բաժնելու փոխարէն` միասնական համահայկական օրակարգի մը շուրջ համախմբելու:
Անցնելով Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել տեսակցութեան` կարելի է ընդգծել, որ պաշտօնական Երեւանը պատրաստ է յաւելեալ զիջումներ կատարելու: Միաժամանակ քաղաքական բազմաթիւ վերլուծաբաններ նկատել կու տան, որ ներկայ փուլին խաղաղութեան ամբողջական եւ վերջնական պայմանագիր մը անկարելի է: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը, որ դժուար թէ ընդունի իր ազդեցութեան տակ գտնուող Հարաւային Կովկասի մէջ արեւմտեան ձեւաչափի մը պարտադրումը: Եռակողմանի այս ժողովը դարձեալ պիտի գումարուի նոյեմբերին:
Միւս կողմէ` Հայաստան-Ազրպէյճան ներկայ սահմանին իրավիճակը ինքնին խիստ մտահոգիչ է: Ազրպէյճանաթրքական դաշինքը այսօր կը ձգտի գրաւել Սիւնիքը եւ իրականցնել իր գերագոյն երազը` ծագումով թուրք բոլոր երկիրներու միացումը: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին անուղղակիօրէն ճանչցաւ Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած հողային ամբողջականութիւնը, որուն մէջ ներառեց Արցախի ամբողջութիւնը` Հայաստանի տարածութիւնը 29.800 քառ. քմ ճշդելով:
Շրջանային իրավիճակը եւս արտասովոր է: Իրան կը հանդիսանայ շրջանային միակ ուժը, որ բացայայտօրէն կը մերժէ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան սպառնացող բոլոր քայլերը, սակայն Թեհրան ներկայիս Ուաշինկթընի կողմէ պաշարման ենթարկուած երկիր մըն է, որ կարելիութիւնը չունի Հայաստանին օգնութեան հասնելու: Իրանի ժողովրդագրական իրականութիւնը եւս տագնապալի է, որովհետեւ երկրի բնակչութեան 20 առ հարիւրը ազերի է, որոնք կրնան վտանգ հանդիսանալ Թեհրանի համար, եթէ վերջինս Հայաստանի ի նպաստ որեւէ քայլ առնէ:
Մոսկուան, իր կարգին, Ուքրանիոյ հարցով ընկղմած եւ Սուրիոյ գծով Թուրքիա-Ռուսիա բանակցութիւններուն մէջ ըլլալով` դժուար թէ համարձակի Ազրպէյճանի դէմ համեմատաբար խիստ քայլերու ձեռնարկելու: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Հայաստան այցելութիւնը հաւանաբար դրական որեւէ ազդեցութիւն մը չունենայ, որովհետեւ Պաքու եւ Ուաշինկթըն ունին նոյն դաշնակիցները` Իսրայէլն ու Թուրքիան: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու արտաքին խայտառակ քաղաքականութիւնը կը հանդիսանայ ներկայ կացութեան գլխաւոր պատճառը: Պաշտօնական Երեւան պէտք է գիտակցի, որ Կովկասի մէջ արեւմտամէտ քաղաքականութիւնը երբեք դրական հետեւանքներ պիտի չունենայ Հայաստանի համար:
Ի վերջոյ, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ մեր հայրենիքի ներկայ իրավիճակին համար: Հայաստանի քաղաքական ընդդիմութիւնը իր կարգին պէտք է նոր միջոցներու դիմէ` դէմ դնելու ներկայ իշխանութիւններուն, նկատի ունենալով, որ անցնող երկու տարիներուն տեղի ունեցած զուտ քաղաքական աշխատանքները եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները ձախողեցան իշխանութենէն հեռացնելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր ղեկավարած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը:



