Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Վրաստան Հաստատուած Արցախցիները Զինուորական Վստահելի Ուժ Ռուսերուն Համար

Հոկտեմբեր 5, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեան`
Ընտրեալ Կաթողիկոս

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Բերդաշէն Մարտունիի շրջանին մէջ, հարուստ է ճարտարապետական յուշարձաններով:              Բերդաշէնի Պիծի Նահատակ մատուռը:

Պարսկաստանի գահաժառանգ Աբաս Միրզայի Անդրկովկաս արշաւանքի եւ անոր միացած վրացական ընդդիմադիր ուժերու յարձակումի պայմաններուն տակ ռուսական բանակի նոր զօրաբաժիններ զօրավար Վասիլի Կուլիաքովի հրամանատարութեան տակ 1800 սեպտեմբերին Թիֆլիս մտան եւ ամրապնդեցին Գէորգի ԺԲ. թագաւորին դիրքը:

Նոյն օրերուն աւարներ Ումմա խանին առաջնորդութեամբ արշաւեցին դէպի Վրաստանի սահմանները:

Ռուսական զօրքի հրամանատար զօրավար Իվան Փեթրովիչ Լազարեւ աւարներու յարձակումը դիմագրաւելու համար նամակ գրեց մելիք Աբովի, ուր կ՛ըսուէր.

«Դուք, իբրեւ մարդ մը, որ գլխաւորաբար անուանի էք արթուն զինուորի ոգիով եւ մանաւանդ որ ձեր բնակութեան վայրով պատկանելով նորին բարձրութիւն Գէորգի թագաւորին, անձնուիրութիւն ունիք անոր հանդէպ, բայց ամէնէն շատ այն պատճառով, որ հպատակ էք նորին կայսերական մեծութիւն թագաւոր կայսրին եւ համայն Ռուսաստանի ինքնակալին, որ ամենաողորմածաբար կը հովանաւորէ այս երկիրները եւ անոնց բնակիչները, եւ կը գտնուիք անոր փառաւորագոյն եւ հզօր առանձին հովանաւորութեան տակ, պարտաւոր էք աւելի եւ աւելի նշանաւոր կացուցանել ձեզ` գովասանքի արժանի եւ ջերմեռանդ քաջութիւններով նորին մեծութեան ծառայելու մէջ: Ուստի ես, դիմելով ձեզի, առանձնաբար կը յանձնարարեմ հաւաքել ձեր բոլոր զինուորները, որքան կարելի է շուտ, եւ լաւագոյն կարգով, կազմ ու պատրաստ, իսկոյն ճամբայ ելլել անոնց հետ դէպի այն կողմը, ուրկէ կը սպասուի Ումմա խանին յարձակումը, եւ գրաւել սահմանի բոլոր կարեւոր եւ ամուր տեղերը, ուրկէ դուք, յարձակման պարագային, պիտի աշխատիք, թշնամին ետ մղելով, ամենայն եռանդով վռնտել զայն եւ չձգել, որ ան նոյնիսկ քայլ մը անցնի սահմաններէն ներս»:

Զօրավար Լազարեւ միշտ աշխատած էր հսկողութեան տակ պահել մելիք Աբովը, արգելքներ կը յարուցանէր անոր գործունէութեան ընթացքին եւ բաւական նեղութիւն պատճառած էր: Հետեւաբար մելիք Աբով դժգոհ էր Լազարեւի երկդիմի վարմունքէն:

Նոյն օրերուն մայր թագուհի Դարեջան Դադիանի, որ Հաւլաբարի մէջ տնային կալանքի տակ առնուած էր, նամակ գրեց Օրբէլեաններուն, խնդրելով համոզել մելիք Աբովը, որ հաւատարիմ մնայ իրենց հակառուսական խմբակցութեան: Նամակը ռուսերուն ձեռքը անցաւ:

Բայց մելիք Աբով ինք ի՞նչ կը մտածէր, եւ արդեօ՞ք իրապէս ան կապուած էր հակառուս խմբակցութեան: Սակայն նամակը լաւ պատրուակ էր Լազարեւի համար, վարկաբեկելու հայ մելիքը:

Զօրավար Լազարեւ, որ մրցակցութեան մէջ էր պետական խորհրդական եւ Վրաստանի մէջ դեսպան ու լիազօր նախարար Պետր Կովալենսկիի հետ, 1800-ի աշնան յաջողեցաւ չէզոքացնել զայն: Կովալենսկի Պետերբուրգ կանչուեցաւ եւ փոխարէնը զօրավար Քարլ Ֆէոտորովիչ Քնորրինկ ուղարկուեցաւ Վրաստան:

Քնորրինկ Լազարեւի լիազօրութիւն տուաւ քննութիւն բանալու մելիք Աբովի գործունէութեան շուրջ, եւ եթէ անոր անհաւատարմութիւնը ապացուցուի, խիստ միջոցներ ձեռք առնելու:

Սակայն մելիք Աբով կասկածելի որեւէ գործունէութիւն չէր ունեցած եւ որեւէ ապացոյց չկար անոր անհաւատարմութեան շուրջ: Լազարեւ չկրցաւ չէզոքացնել մելիք Աբովը, բայց զայն վարկաբեկելու նպատակով զրկեց ռուսական արքունիքի առանձին հովանաւորութենէն:

* * *

Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի կաթողիկոս ընտրութեան դէմ ընդդիմութիւն կար, յատկապէս` Պոլսոյ մէջ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս յայտարարեց, որ ինք ոչ ոք կ՛ընդունի իբրեւ կաթողիկոս, եւ լուր ուղարկեց Էջմիածին` տեղապահ Մինաս եպիսկոպոսին, յանձնարարելով կառավարել վանքը մինչեւ իր հասնիլը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս նաեւ Կարապետ վարդապետը Պոլիս ղրկեց, համոզելու համար ամիրաներն ու Դանիէլ պատրիարքը, որ կաթողիկոսութեան ձգտելու բոլոր իրաւունքները Գրիգոր Լուսաւորչի ժառանգորդ Արղութեան տոհմի ներկայացուցիչին կը պատկանին:

Պոլսոյ մէջ ռուսական դեսպանատունը Բարձրագոյն դրան յայտնեց, որ Փաւէլ կայսեր համար շատ հաճելի կ՛ըլլայ, եթէ մայրաքաղաքի հայերը Յովսէփ արքեպիսկոպոսը ճանչնան իբրեւ կաթողիկոս: Թրքական կառավարութիւնը ընդառաջեց ռուսաց կայսեր ցանկութեան եւ Դաւիթ եպիսկոպոսի սուլթանէն հրովարտակ տալէ ետք, ուր կը հաստատուէր Յովսէփ արքեպիսկոպոսի կաթողիկոսութիւնը, զայն Էջմիածին ուղարկեց: Դանիէլ պատրիարք աքսորուեցաւ, Յովհաննէս եպիսկոպոս պատրիարք ընտրուեցաւ, եւ Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ Յովսէփի անունը սկսաւ յիշատակուիլ իբրեւ կաթողիկոս:

Յովսէփ արքեպիսկոպոսի այլեւս կը մնար Պետերբուրգէն Էջմիածին ուղեւորուիլ: Ան հրաժեշտ առաւ Փաւէլ կայսրէն եւ 4 օգոստոս 1800-ին ճամբայ ելաւ դէպի Մոսկուա, հոնկէ` Նոր Նախիջեւան եւ սեպտեմբեր 12-ին հասաւ Աստրախան: Աստրախանէն Յովսէփ արքեպիսկոպոս դիմեց կայսրին, խնդրելով իրեն շնորհել Սուրբ Աննայի շքանշանի առաջին աստիճան եւ հրահանգներ տալ, թէ ինք ինչպէս յարաբերութիւններ պիտի պահպանէ սահմանագլուխի ռուսական իշխանութիւններուն հետ: Ան նաեւ խնդրեց որ ռուսական կառավարութիւնը Էջմիածնի կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչներուն օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հաւասար ճանչնայ:

Մինչ այդ Էջմիածնի մէջ հոկտեմբեր 22-ին վախճանեցաւ տեղապահ Մինաս եպիսկոպոս: Մայր աթոռի միաբանութիւնը նամակ գրեց Յովսէփ արքեպիսկոպոսին, աղերսելով աճապարել, որովհետեւ մայրավանքը անտերունչ մնացած է:

Փաւէլ Ա. կայսր հրամայեց Յովսէփ արքեպիսկոպոսին պետական գանձարանէն տալ հազար ռուբլի` ճամբորդական կառք գնելու համար եւ քսանհինգ արշին դիպակ` զգեստի համար: Հայոց ընտրեալ կաթողիկոսը մինչեւ մահ պիտի ստանար այնքան ռոճիկ, որքան որ կը ստանար Ռուսաստանի մէջ: Միաժամանակ զօրավար Քնորրինկի յանձնարարուեցաւ կարգադրութիւններ ընել` նոր կաթողիկոսը Աստրախանէն անվտանգ մինչեւ Էջմիածին ճամբու դնելու մասին:

Մայր աթոռի միաբանութիւնը հոկտեմբեր 31-ի գրութեամբ դիմեց ընտրեալ կաթողիկոսին, կրկին խնդրելով «փութացուցանել զբարիոք գալուստն չքեղաշուք փեսայիդ», մանաւանդ որ տաճկահայոց չորս շրջանակներ առանց նուիրակի մնացած են եւ միւռոնը մերձ է ի սպառումն:

Ընտրեալ կաթողիկոսը 14 նոյեմբեր 1800-ի նամակով անհուն երախտագիտութիւն յայտնեց Փաւէլ Ա. կայսրին: Հայ եկեղեցին ուրախ է, որ ռուսաց կայսրը հայոց հոգեւոր իշխանութիւնը ազատեց օտարասեռ եւ այլահաւատ տէրութիւններէն:

* * *

Կարմրակուճ Հադրութի շրջանին մէջ, սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիով:

Պարսկական բանակը 1800-ի ամրան հասած էր մինչեւ Երեւան եւ պաշարած քաղաքը, բայց չկարենալով գրաւել քակած էր պաշարումը: Գահաժառանգ Աբաս Միրզայի նպատակն էր հասնիլ Թիֆլիս եւ ռուսերը հեռացնել Անդրկովկասէն:

Պարսկական բանակը Արարատեան դաշտի գիւղերուն եւ Էջմիածնի մայրավանքին մէջ աւարառութիւններով ու հարստահարութիւններով զբաղած էր:

Հայոց ընտրեալ կաթողիկոսին լուր հասաւ պարսկական աւարառութիւններուն, բռնութիւններուն եւ հարստահարութիւններուն մասին: Բայց ան ի՛նչ կրնար ընել: Առաջին հերթին աղերսագիր ուղարկեց Թեհրան` Ֆաթհ Ալի շահին, թախանձագին խնդրելով վերջ տալու կեղեքումներուն: Այնուհետեւ կատարուած դէպքերուն մասին տեղեակ պահեց ռուսական կառավարութիւնը:

* * *

Վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւոր 1800-ի աշնան ծանր հիւանդացաւ եւ առողջանալու յոյս այլեւս չէր մնացած: Ծանր հիւանդ թագաւորը դեսպանութիւն ուղարկեց Պետերբուրգ, Վրաստանի հարցը վերջնականապէս լուծելու համար:

Թագաւորին դեսպանները Փաւէլ կայսրին ըսին, որ Վրաստան կ՛ընդունի Ռուսաստանի հպատակ ըլլալ, վրացի ժողովուրդը կը պարտաւորուի սրբութեամբ կատարել այն ամէնը, ինչ կը կատարեն բոլոր ռուսահպատակները, չհրաժարելով ոչ մէկ օրէնքէ եւ հրամանէ, ճանչնալով ռուսական կայսրը իր բնական թագաւորը եւ ինքնակալը: Գէորգի թագաւոր, գահին վրայ մնալով, յանձն կ՛առնէ կառավարել  երկիրը այն օրէնքներով, որ կու տայ ռուսաց կայսրը եւ յանձնառու կ՛ըլլայ իր կողմէ օրէնքներ չհրատարակել Վրաստանի մէջ:

Գէորգի թագաւոր նաեւ կը խնդրէր իրեն ռոճիկ նշանակել ռուսական կայսերական գանձարանէն տարեկան երկու հարիւր հազար ռուբլի, ինչպէս նաեւ երեսուն հազար ռուս ճորտեր յատկացնել: Փոխարէնը թագաւորը կայսեր տնօրինութեան կը ձգէր Վրաստանի եկամուտները, իրաւունք տալով անոր ծախսել այդ եկամուտները ինչպէս որ ինք կը ցանկար:

Մինչ այդ Փաւէլ կայսր իր գործակալներէն հաստատ տեղեկութիւններ ստացաւ, թէ Վրաստանի դրութիւնը ճգնաժամային է, եւ թէ այդ երկիրը պիտի չմնայ թագաւորական տան ձեռքը, այլ, եթէ Ռուսաստան կողմնակի հանդիսատես մնայ, կամ պարսիկներուն, կամ օսմանցիներուն, կամ ալ կովկասեան լեռնականներուն ձեռքը պիտի իյնայ:

Փաւէլ կայսր վճռեց Վրաստանը միացնել Ռուսաստանի, թոյլ տալով միայն որ Գէորգի թագաւոր իր հոգին աւանդէ գահին վրայ: Իսկ գահաժառանգ Դաւիթ իշխան, որ ռուսական բանակին մէջ կը ծառայէր զօրավարի աստիճանով, ժամանակաւոր կերպով նոր միացուած երկրին ընդհանուր նահանգապետ կը նշանակուէր:

Վրացական դեսպանութիւնը Պետերբուրգէն ետ ուղարկուեցաւ Թիֆլիս: Բայց դեսպանութիւնը դեռ Թիֆլիս չհասած, պետական խորհուրդը, քննութեան ենթարկելով վրացական հարցը, որոշեց, քաղաքական, ռազմագիտական եւ տնտեսական դիտանկիւններէ մեկնելով, Վրաստանը անվերապահօրէն Ռուսական կայսրութեան կցել:

Փաւէլ Ա. կայսր 18 դեկտեմբեր 1800¬ին կայսերական հրովարտակ հրապարակեց, որուն հիմամբ Վրաստան Ռուսական կայսրութեան մաս կը դառնար:

* * *

Հայոց ընտրեալ Յովսէփ կաթողիկոս 12 դեկտեմբեր 1800¬ին Աստրախանէն ճամբայ ելաւ եւ հինգ օրէն Ղզլար հասաւ: Ան հոն սպասեց, մինչեւ որ զօրավար Քնորրինկ  ճամբու ապահովութեան համար պատրաստութիւնները լրացնէ:

Ընտրեալ կաթողիկոսը Ղզլարէն մեկնեցաւ Մոզտոկ, ուր մնաց քանի մը օր եւ ապա ռուս գնդապետի մը ու հարիւր հեծեալ կոզակներու ընկերակցութեամբ ուղեւորուեցաւ Կովկասեան լեռնաշղթան անցնելու:

* * *

Վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւոր 28 դեկտեմբեր 1800¬ի գիշերը մահացաւ Թիֆլիսի մէջ:

Պետերբուրգէն վերադարձող վրացի դեսպանները տակաւին չէին հասած եւ ոչ ոք տեղեկութիւն ունէր Վրաստանի Ռուսական կայսրութեան կցման կայսերական հրովարտակի մասին:

Զօրավար Լազարեւ, որ շարունակ Թիֆլիսի արքայական պալատը կը մնար, իր մօտ կանչեց վրացի ազնուականները եւ անոնց յայտնեց, որ Փաւէլ կայսեր բարձրագոյն կամքին համաձայն Վրաստանի գահին վրայ նոր թագաւոր պիտի չնշանակուի:

Զօրավար Քնորրինկ յարմար դատեց իսկոյն չհրապարակել Վրաստանի կցման կայսերական հրովարտակը:

Գէորգի ԺԲ. թագաւորին դիակը Սուրբ Սիոնի մայր եկեղեցին դրուեցաւ, եւ անթաղ մնաց: Դաւիթ իշխան Վրաստանի կառավարիչ նշանակուեցաւ: Ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը վրացիներուն արգիլեց Թիֆլիսի փողոցները հաւաքուիլ:

Հակառուսական ճակատի կողմնակիցները,  Դարեջան Դադիանի թագուհիին գլխաւորութեամբ, սկսան պատրաստուիլ, յարձակելու համար Գորի քաղաքին վրայ:

Ռուսական իշխանութիւնները, նկատի ունենալով Վրաստանի հայութեան ուժը, վճռեցին յենիլ հայերու աջակցութեան վրայ: Հարկաւոր էին ազդեցիկ եւ հեղինակաւոր հայեր: Ամէնէն աւելի վստահելի, ազդեցիկ եւ զինուորապէս կազմակերպուած ուժը Վրաստան տեղափոխուած արցախցիներն էին իրենց մելիքներուն գլխաւորութեամբ, որոնց վրայ կրնար յենիլ Ռուսաստան:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Հոկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?