Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանին Տիպարը (Մահուան Երկրորդ Տարելիցին Առիթով)

October 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՌԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Ուղիղ երկու տարի առաջ, 5 հոկտեմբեր 2020-ին անողորմ մահը մեզմէ յաւէտ խլեց ազգային բարերար «Կիլիկեան իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը:  Համակ խինդ ու եռանդ տարածող անձնաւորութիւն մը, որ յանկարծ անսպասելիօրէն պիտի շիջէր` խուճապի մատնելով իր հարազատներն ու ամբողջ շրջապատը:

Դժուար է գրել անձի մը մասին, որուն ներկայութիւնն ու մտերմութիւնը վայելած ես աւելի քան 35 տարիներ, որուն հետ կիսած ես լաւն ու վատը, որուն հետ գործակցած ես` նոյն կազմակերպութեան ընդմէջէն, նոյն գաղութին մէջ, ազգային նոյն նպատակներուն համար, նոյն հեռանկարներով ու տեսլականով:

Մեր աւագ ընկերն էր Հրայրը ու մեր հարազատը, եւ իրեն հանդէպ մեր ունեցած յարգանքը երբեք չէր խախտեր, նոյնիսկ եթէ ժողովներուն ընթացքին ըլլային տարակարծութիւններ մեր միջեւ: Ուշադիր կը լսէր իր շրջապատը եւ կը յարգէր իւրաքանչիւր տեսակէտ ու կարծիք եւ եզրափակիչ խօսքով հանդէս կու գար ու հմտօրէն կը համադրէր եւ կը բանաձեւէր ժողովին ընթացքին արծարծուած բոլոր տեսակէտները: Իր կարգապահութեամբ օրինակ կը հանդիսանար բոլորին եւ իր ներկայութեամբ կշիռ ու ծանրութիւն կու տար բոլոր այն ձեռնարկներուն, ուր ներկայ էր: Միշտ կատակ մը ունէր շուրջինները ուրախացնելու կամ խանդավառելու համար: Իր համեստութեամբ ու պարզութեամբ կը սիրաշահէր ամբողջ շրջապատը: Կը հարցնէր բոլորին մասին ու կը փորձէր օգնել բոլորին:

Դժուար թէ նոյն անձին մէջ կարելի ըլլայ գտնել պատասխանատուութեան պարզ ու բարդ գագաթներ միաժամանակ: Այդպիսին էր Հրայրը` իր համոզումներով, իր գործով ու իր կեցուածքներով, եւ բնաւ խտրութիւն չէր դներ համեստ աշխատանքներուն ու բարձրագոյն պատասխանատուութիւն ենթադրող գործերուն միջեւ: Իրեն համար գործն էր հիմնական արժէքը եւ ոչ թէ` գործին տեսակը: Վերոնշեալ միտքը լաւագոյնս կը յստականայ հետեւեալ երկու վկայութիւններուն ընդմէջէն: Առաջինը 1985-ի դեկտեմբերին էր, երբ Շարժայի Ազգային միօրեայ վարժարանի Կաղանդի հանդէսի պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ էին: Վարժարանի աշակերտները անհամբեր այդ օրուան կը սպասէին, որպէսզի ստանան Կաղանդի իրենց խոստացուած նուէրները: Վերջապէս հասաւ սպասուած օրը, եւ սկսաւ հանդէսը, բայց Կաղանդ պապա ծպտուիլ խոստացող անձը մէջտեղ չկար: Խուճապի մէջ էինք ամբողջ ուսուցչական կազմով եւ կը փորձէինք յայտագիրը դանդաղեցնել: Հրայրին աչքէն չէր վրիպած մեր շփոթը, եւ կացութիւնը դարմանելու համար ուղղուեցաւ դէպի հանդերձարան եւ սկսաւ հագուիլ Կաղանդ պապային կարմիր հագուստներն ու ճերմակ մօրուքով դիմակը:  Կացութիւնը փրկուած էր:  Դպրոցին աշակերտները մեծ հրճուանքով ու խանդավառութեամբ երգեցին, պարեցին Կաղանդ պապային հետ միասին ու ստացան իրենց նուէրները:

Երկրորդը 1992-ի աշնան էր, երբ Հայաստանի վերանկախացման հրճուանքին առթած «գինովութիւնը» տարածուած էր գաղութէ գաղութ, եւ Հայաստանէն պաշտօնական անձնաւորութիւններ ետեւ ետեւի կ՛այցելէին հայահոծ բոլոր գաղութները: Ապու Տապի ժամանած էր կառավարական պատուիրակութիւն մը, որուն համար հարկաւոր էր պատշաճ ընդունելութիւն կազմակերպել:  Այդ օրակարգով ժողով մը գումարուեցաւ Ապու Տապիի ազգայիններէն մէկուն մօտ, որ իր կարգին եւ առանց բացայայտումի նիւթապէս միշտ կը նպաստէր ազգային հաստատութիւններուն եւ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէր մարդասիրական այլեւայլ ծրագիրներու:  Ժողովէն վերադարձին Հրայրը խանդավառուած վերոնշեալ անձնաւորութեան օրինակէն` բացագանչեց.

– Եթէ օր մը ունենամ նիւթական այնպիսի կարողութիւն, ապա երբեք չեմ տատամսիր ազգային բարերար դառնալու:

Կարծէք Աստուած լսեց զինք, եւ օրէ օր Հրայրը հասաւ իր պատկերացուցած նիւթական այնպիսի կարողութեան, որուն որպէս արդիւնք` արժանացաւ «Ազգային բարերար»-ի պատուաբեր կոչումին: Ահա այսպէս էր Հրայրին տեսակը:  Կաղանդ պապայի ամենահամեստ դերէն մինչեւ ազգային բարերարի բարձրագոյն պարտականութիւնը, զոր ան ստանձնեց լրջագոյն պատասխանատուութեամբ:

Երկու գագաթներ` մէկը իր պարզութեամբ, միւսը` իր բարձրութեամբ: Երկու գագաթներ, որոնք իրարու չեն հանդիպիր, բայց զիրար կ՛ամբողջացնեն, զիրար կը լրացնեն ու կը կազմեն եզակի եւ անզուգական անհատականութիւն մը, որուն անունն է Հրայր Սողոմոնեան:

Ի զուր չէր, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան իշխան»-ի բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց զինք, երբ իր կատարած բարերարութիւնները տարածուեցան աշխարհով մէկ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն մինչեւ Ամերիկա, Քանատայէն մինչեւ Հայաստան, Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա:

Ի զուր չէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրեց զինք` որպէս հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման աշխատանքներուն մէջ նշանակալի վաստակ ունեցող անձնաւորութիւն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ արդիւնաբերական աշխատանքներ ծաւալող ու Հայաստանի տնտեսութեան օժանդակող հմուտ գործարար:

Աւելի քան 45 տարիներ ապրեցաւ ու գործեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Շատ են այն մարդիկ, որոնք ապրեցան ու գործեցին նոյն երկրին մէջ, նոյն ժամանակաշրջանին, սակայն քիչ են անոնք, որոնք իրենց անուրանալի դրոշմը թողուցին այդ տարածաշրջանի գաղութներու կազմութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն մէջ:

Գաղութի կազմաւորման առաջին տարիներէն սկսեալ ան հիմնադիրներէն մէկն էր ազգային – կուսակցական ամէն տեսակի գործունէութեանց: Երկար տարիներ տեղւոյն ազգային վարչութեանց մէջ անդամակցելէ ետք ընտրուեցաւ ազգային երեսփոխան, երբ 1994-ին գաղութը թեմի կարգավիճակ ստացաւ` միանալով Քուէյթի թեմին: Աւելի ուշ Քուէյթէն անջատուելով` կազմուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի թեմը, ուր Հրայրը երկար տարիներ զբաղեցուց Թեմական ժողովի ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը եւ իր անխոնջ աշխատանքով ծառայեց իր գաղութին ու իր օրինակով վարակեց ամբողջ շրջապատը:

Հրայրը անկասկած կարկառուն այն դէմքն է, որուն վաստակը այնքան խօսուն է, որ չի մթագնիր ժամանակի յառաջացումով եւ չի խամրիր սերունդներու փոփոխութեամբ:  Իբրեւ ճարտարապետ ու շինարար` ան նաեւ իր իւրայատուկ ներդրումը ունեցաւ գաղութէն ներս եկեղեցիներու, դպրոցներու ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շինարարական աշխատանքներուն մէջ:

Կարելի չէ թուարկել այն բոլոր շինարարական ծրագիրներն ու տնտեսական ներդրումները, որոնք կը կրեն իր կնիքը, բայց կարելի է անվարան հաստատել, որ գէթ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պատմութեան մէջ իր անունը պիտի գրուի ոսկեայ տառերով, ու իր յիշատակը պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանն իրաւացի էր երբ կ՛ըսէր.

«Մահը մերն է, մենք` մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ:
Գործն է անմահ, լաւ իմացէք, որ խօսւում է դարէ դար,
Երնէկ նրան, որ իր գործով կ՛ապրի անվերջ անդադար»:

Խունկ եւ մոմ` իր անթառամ յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Հակառակ Լիբանանի Տնտեսաքաղաքական Ծանր Պայմաններուն` Համազգայինը Պիտի Շարունակէ Իր Մշակութանուէր Առաքելութիւնը» Ըսաւ Սեմ Սիմոնեան

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.