Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հակառակ Լիբանանի Տնտեսաքաղաքական Ծանր Պայմաններուն` Համազգայինը Պիտի Շարունակէ Իր Մշակութանուէր Առաքելութիւնը» Ըսաւ Սեմ Սիմոնեան

Հոկտեմբեր 5, 2022
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

5 հոկտեմբերին իրենց դռները բացին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները` «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ, «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցներ, «Արեգ» թատերական դպրոց, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբ, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց, քանդակագործութիւն եւ կարպետագործութիւն: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեանին հետ: 

«ԱԶԴԱԿ».-  Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտն է արդէն: Նախքան անոր անդրադառնալը` խօսինք անցնող տարիներուն ընթացքին Համազգայինի իրագործումներու մասին:

ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.-  Անցնող 40 տարիներուն Համազգայինի Լիբանանի պատմութեան մէջ ձեռք բերած մեծ իրագործումները կարելի է բաժնել երեքի. առաջինը` Գրիգոր Շահինեանի` Պուրճ Համուտի մէջ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի հիմնադրութեան ծրագիրն է, որ անկիւնադարձ մը եղաւ լիբանանահայութեան մշակութային կեանքին մէջ, երկրորդը Յովհաննէս Թասլաքեանի ատենապետութեան տարիներուն էր, երբ Հայաստան-Լիբանան կապը զարգացում ապրեցաւ` խումբերու փոխանակումներ, համաձայնագիրներու ստորագրութեամբ գործակցութիւն, գեղարուեստի ղեկավարներու փոխանակում, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի, երրորդը` Մարտիկ Տեմիրճեանի ատենապետութեան տարիներուն Ծաղկաձորի մէջ ՀՄԸՄ-ի մարզամշակութային համալիրին մէջ «Ժիրայր Խաչատուրեան» կեդրոնի հիմնումն էր, եւ կարելի է ըսել, որ այդ հայահոծ շրջանին մէջ նաեւ մշակութային գործօն կեդրոնի մը վերածուեցաւ: Ասոնք էին անցնող տարիներու իրագործումները, որոնք դրոշմ եւ անկիւնադարձ եղան Համազգայինի պատմութեան կեանքին մէջ:

«Ա.».- Խօսինք այս տարեշրջանի` 2022-2023-ի նորութիւններուն մասին:

Ս. Ս.- Ինչպէս գիտէք, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները ունին իրենց տնօրէնը` Մարալ Հարպոյեան: Այս տարի Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ Շրջանային վարչութեան որոշումով մենք պիտի ունենանք նաեւ կրթական պատասխանատու մը` երաժիշտ Գէորգ Քէշիշեան, որ պիտի հսկէ գեղարուեստի ծիրին մէջ գործող դպրոցներու կրթական ծրագիրներու իրագործման, նաեւ` այդ դպրոցներու կողքին գտնուող թեքնիք յանձնախումբերուն հետ ծրագիրներու վերամշակման ամբողջական գործադրութեան: Այս մէկը նորութիւն է մեր մօտ: Ցարդ ունեցած ենք կրթական տնօրէն, որ միայն զբաղած է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցով: Այս մէկը պիտի ըլլայ բոլոր դպրոցներու գեղարուեստական եւ կրթական ծրագիրներու գործադրութեան պատասխանատու:

Այս տարի` 2022-2023 տարեշրջանին, Գեղարուեստի դպրոցներու ծիրին մէջ պիտի ունենանք երկու նորութիւններ. առաջինը Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիայի եւ «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի միջեւ համաձայնութեան մը գոյացումն է, ուր մեր կեդրոնը աւարտող աշակերտը, երբ Հայաստան մեկնի եւ ուզէ իր մասնագիտութիւնը շարունակել, կրնայ առանց մուտքի քննութեան յաճախել Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիան: Այս համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի մեր եւ Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիայի նախագահ Արամ Իսաբէկեանի միջեւ 16 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք մեր հանդէսին ընթացքին: Երկրորդը կարպետագործութիւնն է, զոր ներառած էինք մեր ամառնային վարժարանին մէջ, այդ մէկը պիտի զարգացնենք: Սոյն ծրագիրը պիտի իրականացուի համագործակցութեամբ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին, որ գորգի առեւտուրով եւ ընդհանրապէս այդ ասպարէզով կը զբաղի: Տարուան կիսուն հիմնարկին ներկայացուցիչը պիտի այցելէ Լիբանան եւ վարպետութեան դասեր պիտի տայ աշակերտներուն, իսկ տարեվերջին լաւագոյն աշակերտը իրենց հրաւէրով պիտի երթայ Հայաստան եւ 15 օրուան տեւողութեամբ վարժողական ծրագիրի պիտի հետեւի հիմնարկին հաշուոյն: Այս մէկը կրնայ խթան մը հանդիսանալ, որ աշակերտները քաջալերուին եւ արձանագրուին:

Կ՛ուզեմ ըսել նաեւ, որ այս տարեշրջանին մեր օրացոյցը պիտի պատրաստուի եւ հրատարակուի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցաբար:

«Ա.».- Խօսինք իւրաքանչիւր դպրոցի ուսուցչական կազմին մասին:

Ս. Ս.- Այս տարի մենք պիտի հիւրընկալենք հայրենի արուեստագէտ, մանկավարժ, պարուսոյց, բեմադրիչ եւ Հայաստանի Ազգային պարարուեստի միութեան անդամ Ճենի Գոլոյեանը, որ պիտի ստանձնէ «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցները, ինչպէս նաեւ` «Քնար» պարախումբը:

«Արեգ» թատերական դպրոցի դասատու Սիլվա Սողոմոնեանը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:

«Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի խմբավարը պիտի ըլլայ Շողիկ Թորոսեանը:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը պիտի ստանձնէ Թալին Մոսիկեանը:

Քանդակագործութիւնը պիտի ստանձնէ Մարալ Տէր Պօղոսեանը:

Կարպետագործութիւնը պիտի ստանձնէ Աշխէն Աբրահամեանը:

Ջութակի աւագ ուսուցիչ Արմէն Ճէնտէրէճեանը այս տարի եւս մեր ուսուցչական կազմին մէջ է: Ունինք երկու նուագախումբ. մեր սիմֆոնիք նուագախումբը` գլխաւորութեամբ Կարօ Աւեսեանի, որ մեր աշակերտն էր, նաեւ Մկրտիչ Միքայէլեանի գլխաւորութեամբ` «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթը: «Գուսան» երգչախումբը եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

«Ա.».- Խօսինք «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ին մասին:

Ս. Ս.- Կ՛ուզեմ ըսել, որ հակառակ Լիբանանի տնտեսաքաղաքական ծանր պայմաններուն` Համազգայինը պիտի շարունակէ իր մշակութանուէր առաքելութիւնը` գործակցաբար մեր գաղութին մէջ մշակոյթի հանդէպ սէր ունեցողներու եւ այս առաքելութեան ու գործունէութեան հաւատացողներու, պիտի կարենանք շրջանցել ծանր պայմանները եւ 2022-2023 տարեշրջանը աւարտենք յաջողութեամբ:

Այս տարի մեզի համար կարեւոր է «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ը, զոր հիմնեցինք անցեալ տարի: Իւրաքանչիւր աշակերտ, դժբախտաբար, Լիբանանի տնտեսական պայմաններէն մեկնած, մեր քով կ՛արձանագրէ բաց մը: Հետեւաբար ծնողները աւելի  չծանրաբեռնելու համար իւրաքանչիւր աշակերտի կը տրամադրուի գումար մը «Սան որդեգրելու ծրագիր»-էն, որ կու գայ ամբողջացնելու կրթաթոշակը: Մենք 2021-2022 տարեշրջանին կրցանք 777 աշակերտի այդ օրուան ճշդուած գումարները ապահովել «Սան որդեգրելու ծրագիր»-էն: Այս տարեշրջանին մենք 30 ամերիկեան տոլար ճշդած ենք յիշեալ ծրագիրէն իւրաքանչիւր աշակերտի համար: Հոս կ՛ուզեմ կոչ ուղղել Լիբանանի մեր ազգայիններուն, մշակոյթի հաւատաւորներուն օժանդակելու այս ծրագիրի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մեր զանազան գաղութներուն, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին սան որդեգրեն:

Մենք յանձնառու ենք, որ նիւթական պատճառով ոչ մէկ աշակերտ, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս դուրս մնայ այս կեդրոնները յաճախելու իր փափաքէն: Մենք պատրաստ ենք ամէն ձեւով զեղչեր տրամադրելու եւ հայ աշակերտը մեր երկու կեդրոններուն մէջ մշակութային արուեստի ոլորտին մէջ պահելու:

«Սան որդեգրելու ծրագիր»-ի ծիրին մէջ մենք այս տարի որոշած էինք Սէրուժ Գրաճեանի եւ Քրիշա Քորիաչեւի կատարողութեամբ համերգ մը կազմակերպել` «Սէր եւ ուժ» խորագիրը կրող, սակայն, դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Սէրուժ Գրաճեանի ձեռնարկը, որ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենար 1 հոկտեմբերին, յետաձգուած է, եւ մեր ձեռնարկը եւս ինքնաբերաբար յետաձգուած է: Մօտ օրէն կը յայտարարենք թուականը: Այս համերգը բարեսիրական համերգ է: Սէրուժ Գրաճեան նիւթական ոչ մէկ ակնկալութիւն ունի, եւ հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Գեղարուեստի դպրոցներու «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ին:

«Ա.».- 2021-2022 տարեշրջանի հանդէսը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ:

Ս. Ս.- Նկատի ունենալով, որ մեր 2021-2022 տարեշրջանի աւարտին, որ յունիսին էր, եւ «Քորոնա» ժահրը տարածուած էր, մենք յետաձգեցինք մեր ամավերջի հանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ 16 հոկտեմբերին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ:

2021-2022 տարեշրջանին մենք ունեցանք 777 աշակերտ: Այս հունձքին 7-րդ դասարանը պիտի կոչուի «Աշոտ Ճէնտէրէճեան» սերունդ, 10-րդը, որ աւարտական դասարանն է, եւ այս տարի ունեցանք 5 դաշնակ, 2 ջութակ, 4 տհոլ աւարտող աշակերտներ, պիտի կոչուի «Ստեփան Էմմիեան» սերունդ, իսկ «Թորոս Ռոսլին» դպրոցը աւարտող 2 աշակերտներու սերունդը պիտի կոչուի «Կիւլէն Տէր Պօղոսեան» սերունդ:

«Ա.».- Վերջին խօսք` մեր ընթերցողներուն:

Ս. Ս.- Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր 777 աշակերտներու ծնողներուն, որոնք Համազգայինին կը վստահին իրենց զաւակները, նաեւ` շուրջ 80 հոգիէ բաղկացած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ պաշտօնէութեան, որոնք համբերատարութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Շնորհակալութիւն` Շրջանային վարչութեան շուրջ գործող աւելի քան 100 վարչական ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնք անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւն` կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մշակոյթի ոլորտին մէջ: Շնորհակալութիւն` սան որդեգրած բոլոր բարերարներուն եւ սփիւռքի զանազան շրջաններէն մեզի օժանդակութիւն տրամադրողներուն: Շնորհակալական խօսքս կ՛երթայ նաեւ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին, Երեսփոխանական գրասենեակին, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, «Վանայ Ձայն»-ին, «Ազդակ»-ին, նախարարին եւ երեսփոխաններուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին քաջալեր հանդիսանալու համար Համազգայինի գործունէութեան յաջողութեան, լիբանանահայութեան` ընդհանրապէս իր միութիւններով, ուր ակներեւ է մեր գաղութէն ներս անոնց կենսունակութիւնը` հակառակ դժուար կացութեան, եւ անշուշտ իրենց կատարած աշխատանքը գնահատելի է, ու բոլորս միասին պէտք է շարունակենք մնալ սփիւռքահայութեան տրոփող սիրտը:

 

 

Նախորդը

«Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանին Տիպարը (Մահուան Երկրորդ Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Այցելութիւն Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?