ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Երեւանի պետական համալսարան, 1971, սեպտեմբեր
Սիրելի՛ ընթերցող,
Առաջին հանդիպումն էր հայոց լեզուի դասախօսին հետ: Ներս մտաւ, կարիք չեղաւ զգաստութեան հրաւիրել շաղակրատող ուսանողները, որովհետեւ իր կեցուածքով ու հեղինակութեամբ ինքզինք պարտադրեց, ու վայրկեան մը չանցած` լռութիւն տիրեց լսարանին մէջ: Իշխանեան, զննական հայեացք մը նետելէ ետք ներկաներուն վրայ, առանց նախաբանի սկսաւ.
– Հարիւրից աւել ուսանողներ էք: Ձեր կէսը ընդունուած կը լինի ծանօթի միջոցով, կէսից կէսը` փողով, մնում է քառորդը, որոնցից ութը սփիւռքահայեր են: Ես քառորդի համար եմ դասախօսելու… մնացածների մէջ եթէ լինեն հետեւորդներ, շահ եմ համարում…
Ռաֆայել-Իշխանյանը իբրեւ «Հայրենական Պատերազմի» զինուոր Ռ. Իշխանեան
Այն ժամանակներուն նմանօրինակ բացայայտ յայտարարութիւն մը բացառիկ խիզախութիւն կ՛ենթադրէր, որովհետեւ խիստ վտանգաւոր էր: Ի հեճուկս Իշխանեանի «յոռետեսութեան», իր ուսանողներու բացարձակ մեծամասնութիւն ոչ միայն կը հետեւէր իր դասընթացներուն, այլ նաեւ ապագային եղան ազգային ոգեղէն արժէքներու եւ հայոց լեզուի մոլեռանդ պաշտպաններ… ըլլան անոնք լեզուաբաններ, խմբագիրներ, լրագրողներ, դասախօսներ թէ ուսուցիչներ: Այս օրերուն, Իշխանեանի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով իր ուսանողներէն շատեր հպարտութեամբ կ՛արտայայտուին ու բարձր կը գնահատեն իրենց սիրելի դասախօսին վաստակը:
Այսպէս էր Իշխանեանը: Ըլլայ իր մասնագիտական խոր պատրաստուածութեամբ, իրաւութեամբ թէ անհատական բացառիկ հմայքով, բնազդաբար կը տիրապետէր ուսանողները իրեն կապելու «արուեստին»:
Մենք` սկսեալ Ալիշանէն, Խրիմեան Հայրիկէն ու Աբովեանէն մինչեւ Շահան Պէրպէրեան, Յակոբ Օշական ու Լեւոն Շանթ, ունեցած ենք վաստակաշատ դաստիարակներ, որոնք իրենց աշակերտներով հետք ձգած են մեր ազգային զարթօնքի ու մշակոյթի զարգացման անդաստանին մէջ: Իր ունեցած արժանաւոր հետեւորդներու հսկայ փաղանգով Ռաֆայէլ Իշխանեան եւս արժանի է դասուելու յիշեալ երախտաւորներու շարքին:
Երեւանի պետական համալսարան, 1974, յունիս
Միջին հայերէնի ամավերջի քննութիւնն էր: Նկատի ունենալով, որ փրոֆ. Յովհաննէս Բարսեղեանը (որուն կը համակրէի ու կը յարգէի), անհանգստութեան պատճառով կը բացակայէր, զինք փոխարինելու եկած էր Պաւել Շարաբխանեանը (որուն ո՛չ համակրելու եւ ո՛չ ալ յարգելու պատճառ ունէի): Քննութիւն յանձնող վերջին ուսանողն էի: Երբ ներս մտայ, ինձմէ առաջ երկու հոգի կային հոն: Առաջինը մեր ականաւոր դասախօսներէն մէկուն ուստրն էր` մօտիկ ընկերս, որ առանց պատասխանելու` «գերազանց» ստացաւ, իսկ երկրորդը` կիսաբաց կուրծքերով համարաձակ ուսանողուհի մը, թերի պատասխանելով հանդերձ, դարձեալ «գերազանց» ստացաւ ու դուրս ելաւ… գոհունակ սրտով: Սահմանուած հարցումներուն իմ լրիւ պատասխանները ոչ միայն չգոհացուցին զինք, այլ նաեւ սկսաւ դժուար հարցումներ ուղղել ինծի… մինչեւ որ մէկուն չկրցայ պատասխանել: Բացատրեցի, որ այդ հարցի համապատասխան բաժինը կը բացակայէր «դասագիրքերէն»: (Միջանկեալ պէտք է տեղեկացնեմ, որ խորհրդային տարիներուն ուսանողներէն ոմանք երբեմն էջեր կը փրցնէին համալսարանի գրադարանին պատկանող գիրքերէն ու հետերնին տուն կը տանէին հոն շարունակելու համար իրենց սերտողութիւնը: Պատճառը այն էր, որ այն ատեն պատճէնահանելու հնարաւորութիւնը բացառուած էր…): Կ՛ենթադրէի, թէ, որովհետեւ երկու «հինգ» նշանակած էր արդէն, ըստ երեւոյթին, կը դժուարանար երրորդը նշանակելու: Ես առարկեցի եւ դիտել տուի նաեւ, որ ինք բացի երեք գրաւոր հարցումներէն իրաւունք չունի երկուքէն աւելի, յաւելեալ հարցեր տալու: Իմ տուած բացատրութիւնն ու արդար առարկութիւնը ոչ միայն չմեղմացուցին իր կեցուածքը, այլ նաեւ դէմքը մռայլեցաւ ու գնահատականը նշանակելէ ետք, շնական ժպիտի մը ներքոյ եւ ուղիղ աչքերուս նայելով` ստուգման գրքոյկը երկարեց ինծի… պաշտօնապէս: Վստահ էի, որ հինգի արժանի եմ, սակայն իր վերաբերմունքէն կ՛ենթադրէի, որ չորս պիտի նշանակէ, որմէ խիստ դժգոհ էի անշուշտ… Երբ նշմարեցի, որ նոյնի՛սկ չորսի չեմ արժանացած, այլ երեք նշանակած է, յանկարծ դատողութիւնս կորսնցուցի: Բնազդաբար գրասեղանը վրան շրջեցի (կարճահասակ մարդ մըն էր) ու սկսայ հարուածել… քիթին ու բերնին, մինչեւ որ ընկերներս` Համոն եւ Լաւրենդին, ներս մտան եւ ազատեցին զինք… ձեռքէս: Կը կարծեմ, թէ կարիք չկայ պատմութիւնը շարունակելու, որովհետեւ այսքանը կը բաւէ հասկնալու համար, որ լուրջ խնդրի մը առջեւ էի: Հակառակ անոր որ դասընկերներուս եւ Հենրիկ Էդոյեանին (որ այն ատեն գեղագիտութիւն կը դասաւանդէր մեզի) «հարցաքննած» էին իբրեւ ականատես վկաներ, տակաւին զիս չէին կանչած… Ես թէեւ արդար ու տեղին կը գտնէի ըրածս, սակայն միւս կողմէ ալ զղջացած էի, որովհետեւ կրնային զիս վտարել եւ կամ նոյնի՛սկ որոշ ժամանակ մը բանտարկել: Տագնապահար ու շուարած վիճակ մը ունէի: Դէպքէն քանի մը օր ետք, դասապահի ընդմիջման միջանցքին մէջ Իշխանեանին հանդիպեցայ: Փորձեցի խուսափիլ, սակայն ան յատուկ առջեւս կտրեց, կեցուց ու մօտենալով` ձեռքս սեղմեց նշանակալիօրէն ու ըսաւ.
– Ի հարկէ նա արժանի է նման վերաբերմունքի, բայց պիտի փորձէիր քեզ զսպել:
Ի զարմանս ինծի, երկրորդ անգամն էր, որ Իշխանեանը կռիւի պատճառով կը գնահատէր ըրածս… Հոս հարկաւոր է նկատի ունենալ նաեւ, որ ինք եւ Շարաբխանեանը ընդդիմադիրներ էին` իբրեւ լեզուաբաններ, որովհետեւ մէկը «հինգհոլովական» էր, իսկ միւսը` «եօթհոլովական»: Ան շարունակեց.
– Քո հարցը «վերերից» ուղարկել էին ամպիոն: Ոմանք պնդում էին, որ հարկաւոր է պատժել քեզ ըստ օրինի, որովհետեւ դու ոչ միան հայհոյել ու անպատուել ես մի դասախօսի, այլեւ ֆիզիքական վնաս ես հասցրել նրան, ճակատը ուռած էր եւ մի աչքը` կապտած: Բայց որովհետեւ նա անարդար է վարուել քո հետ, ոմանք քեզ էին պաշտպանում: Ես պայման եմ դրել, որ եթէ ուսանողը պիտի պատժուի, ապա համապատասխան պատիժ պէտք է ստանայ նաեւ դասախօսը: Հիմի տես` քեզ ինչ եմ ասում: Ինչքան որ հարցը մեծացնես, այնքան աւելի քո օգտին կը լինի: Ինչքան որ «սոցիալիզմի» սկզբունքների հիման վրայ դու քեզ պաշտպանես, այնքան աւելի ուժեղ դիրքերի վրայ կը լինես: Իսկ երրորդ, որ ամէնակարեւորն է, իմացիր, որ այս երկրում ամէն մարդ իրարից է վախենում, ինչքան որ ինքնավստահ ու համարձակ խօսես, այնքան աւելի կը զգուշանան քեզանից… Իսկ իբրեւ ինքնապաշտպանութեան ամենաազդու միջոց` կ՛անես հետեւեալը. կը պահանջես, որ վերջին երկու ուսանողներն ու դու կրկին քննութիւն յանձնէք յատուկ յանձնաժողովի դիմաց, ուր Բարսեղեանի ու Շարաբխանեանի կողքին ներկայ պէտք է լինեն նաեւ այլ դասախօսներ:
Այդպէս ալ ըրի, ու առանց խնդիրը բարդացնելու` նախ յետաձգեցին եւ յետոյ լռելեայն փակեցին հարցը: Այդ դէպքէն ետք, որեւէ նմանօրինակ խնդիրներու պարագային, ես կ՛օգտագործէի Իշխանեանի ինքնապաշտպանութեան «սովետական սկզբունքները»:
Ձախէն աջ՝ Աւետիք, Բիւրակն Չերազ, Վահան եւ Ռաֆայել Իշխանեաններ
Այդպէս էր Իշխանեանը, հակառակ անոր որ ան ճանչցուած էր իբրեւ մնայուն եւ անուղղայ այլախոհ (որուն կը գումարուէր նաեւ իր կողակիցին` տիկ. Բիւրակի Վահան Չերազի դուստրը ըլլալու «անպատեհութիւն»-ն ու մրցակիցներու նախանձը) ու կը հալածուէր, ան միշտ ձեւը կը գտնէր խուսափելու եւ կամ շրջանցելու իր դէմ ուղղուած «մեղադրանքները»: Նոյնի՛սկ երբ իր «դոկտորականը» փորձեցին մերժել Երեւանի մէջ, հետագային զրպարտութիւններ գրելով Մոսկուա` Բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողով (ԲՈՅ) անարդարօրէն, ան գնաց ու ինքզինք պաշտպանեց Մոսկուայի մէջ, ուրկէ վերադարձաւ… յաղթականօրէն:
Մ. Հերկելեան եւ Ռ. Իշխանեան
Երբ նոր վերադարձած էր Մոսկուայէն, քովը փութացի զինք շնորհաւորելու համար: Բացի իր դուստրէն` Վարդուհիէն ընտանիքի միւս անդամները (տիկ. Բիւրակը, Աւետիքն ու Վահանը) ներկայ էին: Բնականաբար սեղան նստանք ու խօսք բացուեցաւ Խորհրդային Միութեան ու ռուսերու փոխյարաբերութեան ու տարբերութիւններու մասին: Հարց տուի.
– Ո՞նց եղաւ որ մերոնք, այսինքն` Երեւանը, փորձեց մերժել եւ տապալել աւարտաճառդ, իսկ Մոսկուան ընդունեց ու գնահատեց:
– Ճիշդ է, բայց մերոնք յաջողութեան չհասան: Երեք դէմ ձայներով անցաւ: Դրանից յետոյ նոյն մարդիկ, որոնք փորձել էին տապալել ատենախօսութիւնը, բազմաթիւ բանսարկութիւններ գրեցին Մոսկուա(ԲՈՅ), ուր պէտք էր հաստատուէր ատենախօսութիւնը: ԲՈՅ-ի յատուկ հաստատման յանձնաժողովը ինձ հրաւիրեց Մոսկուա, ուր բազմաթիւ հարցեր տուեցին ինձ… բանսարկութիւններում եղած խնդիրների վերաբերեալ: Ես պատասխանեցի բոլոր հարցերին: Հանդիպում-քննարկումը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Քննարկման աւարտին յանձնաժողովի բոլոր անդամները մօտեցան ինձ, ձեռքս սեղմեցին, շնորհաւորեցին: Շատերը զարմանում էին, թէ «այդ ի՜նչ չարութեան մթնոլորտ է տիրում Հայաստանում»: Նոյնի՛սկ ոմանք առաջարկում էին ինձ տեղափոխվել Մոսկուա… աշխատանքի:
– Իսկ դու՞ք….
– Իմ հայրենիքում ես անելիք ունեմ… հակառակ նրան Մոսկուայում ես չունեմ թշնամիներ, իմ տեղս այստեղ է: Նրանք ազգային գետնի վրայ էլ աւելի թոյլատու են, քան` մերոնք: Ռուսները իրենց եկեղեցիները գրեթէ չքանդեցին նոյնի՛սկ Ստալինի ժամանակ: Իսկ մերոնք դուր գալու համար խորհրդայիններին` ուղղակի աւերեցին յատկապէս Երեւանի լաւագոյն եկեղեցիները:
Ապա իբրեւ եզրակացութիւն` ըսաւ.
– Ճիշդ ենք անում, որ մենք ձգտում ենք անկախութեան, որովհետեւ եթէ անկախ լինենք, մենք կը կարողանանք բանակցել ռուսների հետ հաւասարէ հաւասար` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն: Սակայն ներկայ պայմանների տակ մենք խոհրդայիններին եւ նրանց հայ մանկլաւիկներին ենթակայ ժողովուրդ ենք: Կարողանալ գոյատեւելու համար հարկաւոր է խուսանաւել ու գործել` իրենց օրենքներով իրենց դէմ: Մովսէսը իր դասը լաւ է սովորել, դուք էլ (խօսքը ուղղելով Աւետիքին ու Վահանին) լաւ ուսումնասիրէք խորհրդային օրէնքները, ու իմացէք ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործէք նրանք… որոնք ազգային գետնի վրայ դրական կողմեր ունեն, որ մենք կամ չգիտենք, եւ կամ ալ գիտնալով հանդերձ, չենք օգտագործում:
Իշխանեանին յօդուածները միտուած էին պաշտպանելու հայոց լեզուն (որ սրբութիւն էր իրեն համար), ճիգ կ՛ընէր վերականգնելու դասական ուղղագրութիւնը, հայ երեխաները ռուսական դպրոցները ուղարկելուն խստիւ դէմ էր: Պայքար կը տանէր, որպէսզի պետական ժողովներն ու պաշտօնական ձեռնարկները հայերէնով տեղի ունենային, եւ պարբերաբար յօդուածներ կը գրէր նաեւ` ապացուցելու համար, որ հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը հայկական բարձրաւանդակն է, իսկ հայերը բնիկ են եւ ոչ թէ եկուոր: Մէկ խօսքով, ամէն գնով կը պայքարէր յանուն ազգային արժէքներու գնահատման ու պահպանման… յաճախ վկայակոչելով խորհրդային օրէնքները, որոնք առնուազն չէին հակասեր իր պաշտպանած տեսակէտներուն:
Ռ. Իշխանեանի անուան դպրոց Երեւանի մէջ
Սակայն, կային կենսական «նիւթեր», որոնք կարելի չէր հրատարակել Հայաստանի մէջ: Այդ պատճառով ալ իր կողմէ արծարծուած ու մեր մէջ քննարկուած նմանօրինակ «նիւթերը» կը փոխանցէի Ս. Զէյթլեանին, որ իր հերթին գրական-մշակութային բաժինը կը փոխանցէր Սնապեանին: Յաճախ, իբրեւ հարցերուն իրազեկ անձ, ես կը շարադրէի յօդուածները, սակայն Զէյթլեանն ու Սնապեանը կը խմբագրէին, կ՛ամբողջացնէին ու կը հրատարակէին զանոնք` կա՛մ անորոշ անունի մը տակ, եւ կամ ալ անստորագիր: Երկուքն ալ կը նախընտրէին անստորագիր հրատարակել զանոնք` վտանգի չենթարկելու համար իմ եւ կամ Իշխամեանին անունները: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային խիստ գաղտնի պայմաններու տակ: Նոյնիսկ Սնապեանը լուր չէր ունենար «Ազդակ- Շաբաթօրեակ»-ի մէջ հրատարակուած յօդուածներէն: Օրինակի համար, Իշխանեանը առիթով մը կրցած էր ստուգել, թէ Երեւանի եօթը շրջաններուն (թաղերուն) իրաքանչիւրին մէջ քանի՞ դպրոց կայ, անոնցմէ քանի՞ հատը ռուսական դպրոցներ են եւ քանի՞ հատը հայկական: Իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ որքա՞ն աշակերտ կար: Այսպիսով, ան կրցած էր հաշուել, թէ Երեւանի աշակերտներուն ո՛ր տոկոսը ռուսական դպրոց կը յաճախէ, որ ենթակայ է ռուսականացման: Ստորեւ կը հրատարակենք այդ փաստաթուղթը:
Երեւանի Ռուասական եւ Հայկական դպրոցներու եւ աշակերտներու ընդհանուր պատկերը 1978-ին
Իշխանեանը դասախօսներէս միակը չէր, որուն հետ մտերմութիւն հաստատած էի եւ արտադասարանային հանդիպումներ կ՛ունենայի (Լեւոն Ներսիսեան, Էդուարդ Ջրբաշեան, Հենրիկ Էդոյեան, Վահան Յարութիւնեան… եւ այլն), սակայն միակն էր, որուն լրիւ կը վստահէի, եւ այդ վստահութիւնը փոխադարձ էր… անշուշտ:
Այս տարի անոր ծննդեան հարիւրամեակն է: Թէեւ հայ մամուլը անդրադարձաւ անոր վաստակին, սակայն ո՛չ իր եւ ո՛չ ալ իրեն նման այլ արժանաւորներու յոբելեանները նշուեցան ըստ արժանւոյն… բացայայտ պատճառներով: Տակաւին ուշ չէ…
Երեւան, հոկտեմբեր 2022