Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախը Ազրպէյճանին Պիտի Յանձնեն Եւ Ազրպէյճանէն Նախիջեւան Ճամբայ Պիտի Բանան Սպրդած Լո՞ւր, Թէ՞ Իրականութիւն

Հոկտեմբեր 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

25 հոկտեմբեր 2022-ին պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան (ՀՅԴ) Ազգային ժողովի ամպիոնէն քննադատական բուռն ելոյթ մը ունեցաւ (1) Հայաստանի այժմու իշխանութեան դէմ, Ուաշինկթընի եւ Փրակայի բանակցութիւններուն ընթացքին Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելու եւ ազգակործան այլ  որոշումներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթը պատռտելով:

«Սիլովիկի»-ի բացայայտումը ընկերային ցանցերուն մէջ:

Ընկերային ցանցերուն մէջ շուրջ ամիսէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ դրուած է ռուսական «Սիլովիկի» («Силовики»)  թելեկրամ ալիքի հետեւեալ բացայայտումը, որուն մասին «Նիուզ.ամ»-ը 10 հոկտեմբեր 2022-ին «Համացանցին մէջ յայտնուած է փաստաթուղթ մը, որ ենթադրաբար կը քննարկեն Երեւանը, Պաքուն, Անգարան եւ Ուաշինկթընը» խորագիրով հետեւեալ զգայացունց եւ ահազանգային յօդուածը (2).

««Սիլովիկի» («Силовики») թելեկրամ ալիքը հրապարակած է փաստաթուղթ մը, որ, ըստ ալիքին, քննարկուած է 27 սեպտեմբեր 2022-ին Ուաշինկթընի մէջ, ենթադրաբար Հայաստանի Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի, Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճեք Սալիվընի հանդիպումին ժամանակ:

Ըստ աղբիւրին, «Այս փաստաթուղթը նաեւ Փրակայի մէջ առանցքային խօսակցութեան նիւթ դարձած է Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Էրտողանի միջեւ»:

Փաստաթուղթին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ կողմերը պարտաւորուած են ձեռնարկել հետեւեալ քայլերը.

Կողմերը պարտաւորուած են կատարել հետեւեալը.

Կողմերուն արտաքին գործերու նախարարները կը սկսին սահմանափակ ժամանակի մէջ, փաստաթղթային հիմքով (գրաւոր) բանակցութիւններ վարել` խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ 2022 տարուան վերջը աւարտին հասցնելու նպատակով:

Զուգահեռաբար խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն, սահմանազատման կոմիտէի ներկայացուցիչները մինչեւ 2022 տարուան վերջը աւարտին կը հասցնեն սահմանագծումը հայ-ազրէյճանական միջազգային սահմանին:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛առաջադրէ ներկայացուցիչ մը, որ կ՛աշխատի համանման ներկայացուցչին հետ` Լեռնային Ղարաբաղի էթնիկ հայ համայնքի կողմէ նշանակուած` Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան քննարկումներ կատարելու համար: Ներկայացուցիչները իրենց քննարկումներուն թափանցիկութիւնը կ՛ապահովեն միջազգային հանրութեան: Կողմերը կը շարունակեն քննել միջազգային դիտորդի հնարաւոր կարգավիճակը` առանց Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը բռնաբարելու, նպատակ ունենալով վստահութիւնը ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութեան խումբերու պաշտպանութեան առնչութեամբ:

Կողմերը պարտաւորուած են շարունակել քննարկումները` Ազրպէյճանը Նախիջեւանին միացնող երթուղի ապահովելու,  ներառեալ փոխադարձ մուտք Հայաստանի համար` Ազրպէյճանի մէջէն:

Մօտիկ ապագային բոլոր սեպտեմբեր 2022-ի բռնութեան ընթացքին ձերբակալուածները ազատ կ՛արձակուին` առանց որեւէ նախապայմանի:

Իբրեւ կողմերուն միջեւ քննարկումներուն կազմակերպիչը` Միացեալ Նահանգները` կը վստահին, որ կողմերուն միջեւ բռնութեան վերսկսում տեղի չ՛ունենար եւ կ՛ակնկալեն, որ կողմերը կը կեդրոնանան բանակցութիւններու յառաջընթացին վրայ եւ մինչեւ տարուան վերջը կ՛եզրափակեն զանոնք:

Առաջարկեցին անյապաղ թեքնիք օգնութիւն տրամադրել զանազան փոխադրային կապերու, սահմաններու սահմանազատման եւ ականազերծման համար:

Առաջարկեցին այս մակարդակով մինչեւ տարեվերջ կրկին հաւաքուիլ` արժեւորելու եւ անդրադառնալու խաղաղութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հարցերու եւ առնչակից որեւէ այլ քննարկումներու:

————

Կարելի՞ է հաւատալ այսպիսի համաձայնութեան մը կէտերուն,

Արդեօք Հայաստանի ներկայացուցիչները բացակա՞յ էին քնացա՞ծ էին, այս բանակցութիւններուն ընթացքին,

Արդեօք Հայաստանը ներկայացուա՞ծ էր այս ժողովին,

Ա՞յս է Միացեալ Նահանգներուն «հայանպաստ» դիրքորոշումը:

ԱՅՈ՛, Ա՛ՅՍ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՎՆԱՍ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ, 2018-ի համայն հայ ազգին դէմ «հայերու» ձեռքով Ամերիկայի սարքած «թաւշեայ յեղափոխութեան» իսկական նպատակին իրագործումը:

Գեղամ Մանուկեան յստակօրէն Ազգային ժողովի ամպիոնէն ամբաստանեց այժմու իշխանութիւնը, որ գրեթէ ամիսէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ դրուած ու մամուլով արծարծուած վերոնշեալ փաստաթուղթը ո՛չ հերքեց եւ ո՛չ ալ այս մասին լուսաբանեց:

Դժբախտաբար այս «Իմ քայլական» ապազգային իշխանութիւնը շատ սովորական դարձուց իր անընդհատ կրկնուող հակահայ արարքները, այնպէս որ, անհաւատալի չէ վերոնշեալ փաստաթուղթը, որ մինչեւ տարեվերջ պէտք է աւարտին հասնի ու գործադրուի:

Հայաստանի բոլոր դրացիները տեղեակ են այս անցուդարձերէն, ու յատկապէս Իրանը մտահոգ ու վճռական է Հայաստանի սահմաններու անփոփոխ պահելու նպատակին մէջ, սակայն մեր ժողովուրդին կարեւոր մասը կը մնայ անհոգ ու անտարբեր:

Մեր յոյսը կը մնայ մեր հայրենիքի ժողովուրդին միւս` գիտակից ու հայրենասէր, մեր ազգային իրաւունքներուն համար բնականօրէն պայքարող մասին վրայ, որուն պարտականութիւնն է կասեցնել մեր ազգին, հայրենիքին ու պետութեան գահավիժող այս ընթացքը:

25 հոկտեմբեր 2022
haroutchekijian.wordpress.com

———

(1).- https://youtu.be/ei7lr9Hx7JE

(2).- https://news.am/arm/news/724397.html

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի Նահանգի Հայ Բնակչութեան Թիւը Մեծ Եղեռնի Նախօրեակին»(Հեղինակ` Ռոբերտ Թաթոյեան)

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հիմնադիրներու Օրուան Նուիրուած Հանդիսութեան Իր 25-Ամեայ Վաստակին Համար Պարգեւատրուեցաւ Դոկտ. Արտա Էքմեքճի

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?