Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Պատանեկանի Օրերէն Դրուագ Մը

October 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուլիս 1978:

Քաղաքացիական պատերազմի ծանր տարիներէն մին: Խանասորի արշաւանքին առիթով կազմակերպուած` ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու միացեալ պտոյտ, որ սովորական խրախճանքէ մը անդին է իր խորհուրդով, որովհետեւ այդ օրը հռչակուեցաւ Դաշնակցական պատանիի օրը, Խանասորի արշաւանքին առիթով:

Տարին անկիւնադարձային է նաեւ այն իմաստով, որ մեծաթիւ լիբանանահայեր գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ: Ամէն օր դասընկեր մը, պատանեկանի ընկեր-ընկերուհի մը, դրացիներ, հարազատներ կը մեկնէին` տարօրինակ զգացումներ եւ ապրումներ պատճառելով: Մինչ այդ համախումբ ապրած պուրճհամուտցիներ կը մեկնէին հապճէպօրէն, առանց իրենց ետին նայելու: Մնացողները` շուարած ու անճրկած: Իրե՞նք ալ արդեօք պէտք էր դիմէին Լոս Անճելըս թէ այլ տեղ գտնուող իրենց ազգականներուն եւ արտագաղթի հոսանքէն տարուելով` փախուստ տային Լիբանանէն, Պուրճ Համուտէն:

Ինչ որ է:

Յուլիս ամիսը յատկանշական է հայոց պատմութեան թուականներուն մէջ: Քսանհինգ յուլիս 1897-ին կատարուեցաւ Խանասորի պատժական յարձակումը` կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Խանասորի արշաւանքին յիշատակման առիթով` յուլիս 1978-ին, ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու Վարիչ մարմինին նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ պտոյտ-արշաւ մը դէպի Այնճար: Շատ լաւ կը յիշեմ: Կիրակի օր մըն էր: Այդ տարի մեր պատանեկան միութիւնը, հակառակ մեկնողներուն, երեք հարիւրէ աւելի անդամ ունէր, եւ մեզի յատկացուած էր տասը փոխադրակառք: Քալելով հասանք Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող տարածքը: Բարձրացանք փոխադրակառքերը եւ ճամբայ ելանք: Ուղեւորութեան ընթացքին յեղափոխական երգեր, պոռչտուք` ձեռնադաշնակի եւ թմբուկի ձայներուն խառնուած, մղած էր վարիչը թրքերէնով լորձնաշուրթն հայհոյանք մը արձակելու: Այդ ալ առիթ մը` խնդալու, որովհետեւ բոլորս ալ թրքերէն քիչ թէ շատ կը հասկնայինք: Մանաւանդ` հայհոյանքները:

Հասանք Այնճար: Երկու հազարէ աւելի պատանի եւ պարմանուհիներ, որոնց զսպելը, դասաւորելը, կարգի բերելը, շարքերու մէջ պահելը մեր վարիչներուն պարտականութիւնն էր: Է՜հ, ի՛նչ լաւ օր մը ապրեցանք: Գեղարուեստական յայտագրին համար պէտք չկար երգիչի եւ նուագախումբի: Իւրաքանչիւր պատանեկան միութիւն ունէր իր խումբը: Մեր պատանեկան միութիւնն ալ` իր նուագախումբը:

Օրուան կիսուն, ճաշէն առաջ յայտարարուեցաւ, որ այսուհետեւ այդ օրը Դաշնակցական պատանիի օր է: Ճաշը սկսան բաժնել: Անօթի չմնացինք: Մեր սեղանը առաւելաբար սուտանեան պիստակ եւ հոմմոս հասաւ: Որո՞ւ հոգը սակայն: Կարեւորը կոկորդները պատռելու աստիճան պոռալով «Արիւնոտ դրօշ» երգելն էր: Ուրախանալն էր: Դաշնակցական պատանի ըլլալու հիանալի զգացումն էր:

Կը մաղթեմ, որ միշտ այդպէս ըլլայ: Բայց օրերը նոյնը չեն: Այդ ալ` իր կարգին:

ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ

Նախորդը

«Պատիւն Ու Փառքը` Աստուծոյ, Ուրախութիւնն Ու Մխիթարութիւնը` Ազգիս, Իսկ Խաչը, Ամբո՛ղջ ու Միա՛յն Խաչը` Ինծի». Այս Նշանաբանով Ապրեցաւ Ու Գործեց Կարդինալ Աղաճանեան

Յաջորդը

Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան` Հայրապետական Նուիրակ Բերիոյ Հայոց Թեմին

RelatedPosts

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
Ո՞ւր Են Արցախի Մաշած Գնդակները
Անդրադարձ

Ո՞ւր Են Արցախի Մաշած Գնդակները

October 7, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.