Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ֆրանսա
Վալերի Թորանեան` «Le Point»-ի Խմբագրապետ
Ֆրանսահայ ծանօթ խմբագիր Վալերի Թորանեան կը դառնայ հեղինակաւոր «Le Point» շաբաթաթերթի խմբագրապետ:
Շաբաթաթերթին տնօրէնը` Էթիէն Ժերնել, այս առթիւ «Թուիթըր»-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ կ՛ըսէ.
«Ուրախ եմ ծանուցելու այնքա՜ն փայլուն Վալերի Թորանեանի ժամանումը` որպէս «Le Point»-ի խմբագրապետուհի: «Elle France»-ի եւ «Revue des deux mondes»-ի մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններէն ետք, թերթիս բոլոր աշխատակիցներուն հետ ան հետամուտ պիտի ըլլայ մեր (մեծ) յաւակնութիւններու իրագործման: Բարի՛ եկար, Վալերի՛»:
Իրաք
Այցելութիւն Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան
Շաբաթ, 15 հոկտեմբերին Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան այցելեց Պաղտատի եւ Պասրայի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սեւերիոս Հաուա արքեպիսկոպոսին: Առաջնորդ հայր սուրբը դիմաւորեցին Հաուա սրբազանն ու եկեղեցւոյ միւս հոգեւորականները:
Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ, ի պատիւ հայր սուրբին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բարի գալուստի աղօթք, որմէ ետք քննարկուեցան հայ եւ ասորի քոյր եկեղեցիներու փոխյարաբերութիւններն ու եկեղեցական այլ հարցեր:
Սուրիա
Թարգմանչաց Տօնը` Ազգ.Միացեալ Ճեմարանին Մէջ
Ամէն տարի աւանդութիւն դարձած է Ազգային միացեալ ճեմարանի աշակերտութեան յատուկ հանդիսութեամբ մեծարումը ոսկեդարու անմահանուն կերտիչներուն` թարգմանիչ վարդապետներուն ու մասնաւորաբար Մեսրոպ Մաշտոցի անկրկնելի վաստակին: Անոնք դարերու ընթացքին հայապահպանման կենսատու աղբիւր եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիք հանդիսացան:
Առ այդ, 14 հոկտեմբերին ճեմարանի «Արփի Պետիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թարգմանչաց տօնակատարութիւնը:
Աշակերտութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Միրելլա Խալիլ, որ անդրադարձաւ գիրերու գիւտի յիշատակութեան կարեւորութեան` դպրոցական կեանքին մէջ: Ապա Եսայի Եագուպեան եւ Արէն Սեդիկեան ներկայացուցին թարգմանչացի խորհուրդը` անդրադառնալով գիրերու գիւտի պատմութեան եւ ոսկեդարու կերտիչներու թարգմանական հսկայ աշխատանքին: Աշխատանք, որ դպրութեան տուաւ հայադրոշմ կնիք, եւ այդպիսով հայը ապրեցաւ մշակութային անսահման վերելք:
Օրուան հանդիսավար Սէրլի Առաքելեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց աշակերտները` դասարան առ դասարան, առաջինէն ութերորդ, ներկայացնելու իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները: Ան մէջընդմէջ արտասանեց հայոց լեզուին նուիրուած լոզունգներ:
Ճեմարանի տնօրէնուհի Ծովակ Պաղպուտարեան իր սրտի խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, բարձր գնահատեց անոնց ազգային շունչն ու ոգին` դիտել տալով, որ անոնք արտասանութիւններուն ընդմէջէն արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը հայ լեզուին հանդէպ` մեծարելով Մեսրոպ Մաշտոցն ու թարգմանիչ վարդապետները: Ան խրախուսեց աշակերտները` գուրգուրանքով ու մեծ սիրով պահպանելու մայրենին, խօսելու եւ գրելու հայերէն, որպէսզի հայօրէն մեծնան եւ ապահովեն մեր ազգային ինքնութեան գոյատեւումն ու յաւերժութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Սամուէլ Քհնյ. Աճեմեանը` Նիւ Պրիթընի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցիին Նոր Հոգեւոր Հովիւը
6 հոկտեմբերին Քընեթիքըթի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան եկեղեցւոյ 97-րդ տարեդարձին առթիւ պատարագեց, քարոզեց եւ ներկայացուց եկեղեցւոյ նոր հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճեմեանը: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ տէր Սամուէլը, տարիքով թէեւ շատ երիտասարդ, սակայն Աստուծոյ շնորհքով առատապէս զարդարուած լաւագոյնս պիտի արդարացնէ իր ծառայութիւնը, միաժամանակ ծխականներէն խնդրելով իրենց ամբողջական աջակցութիւնը:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ նորանշանակ հովիւին:
Յայտագրի ընթացքին խօսք առին Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչատուրեանը եւ գաղութին մէջ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Րաֆֆի Մանճիկեանը:
Սամուէլ քհնյ. Աճեմեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան նուիրեալ անդամներուն, որոնք հովուութիւն ընելու պարտականութիւնը վստահեցան իրեն եւ առիթը տուին, որպէսզի շուրջ 100 տարեկանի մօտեցող եկեղեցւոյ մը պատմութեան արձանագրութեան մէջ ինքն ալ իր կարգին իր խոնարհ ծառայութիւնը աւելցնէ: Քահանայ հայրը կոչ ուղղեց նաեւ ներկայ հաւատացեալներուն` ըլլալու մէկ ընտանիք, միասին, որպէս մէկ բռունցք, եկեղեցւոյ նաւը առաջնորդելու համար դէպի խաղաղ նաւահանգիստ, եկեղեցին շէնցնելու եւ լեցնելու: Այս բոլորը իրագործելու համար խնդրեց իրենց աջակցութիւնը, որովհետեւ ինք առանձին չի կրնար իրագործել այդ բոլորը:
Այնուհետեւ քահանայ հայրը ներկայացուց եկեղեցւոյ ս. խորանին վեց տասնամեակներ հաւատարմօրէն սպասարկող Եդուարդ Ա. սրկ. Վարժապետեանը: Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց անոր գովելի նուիրումը եւ անոր յանձնեց «Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագ»-ի գնահատագիրը:
Վրաստան
Հայերէն Արձանագրութիւններով Տապանաքարերու Յայտնաբերում
Վրաստանի մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան տարածքին մէջ, Թիֆլիսի թիւ 104 հայալեզու դպրոցի բակին յարակից, ընթացող վերականգնողական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուեցան երկու տապանաքարեր:
Նախարար Թէա Ծուլուկեանի շնորհիւ` անմիջապէս դադրեցաւ աշխատանքային գործընթացը, եւ հրաւիրուեցան «Վրաստան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վան Բայբութեանը եւ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանը խորհրդակցութեան համար: Յիշեալ տարածք հրաւիրուեցան Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութեան հնագէտները: Հասարակական գործիչ, Թիֆլիսի հայկական մշակութային ժառանգութեան մասնագէտ Լեւոն Չիդիլեան, քաջածանօթ ըլլալով վանքի պատմութեան եւ պանթէոնին մէջ թաղուած աճիւններու դասաւորումին, առաջին օրէն իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ հետեւեցաւ պեղումներու ամբողջ գործընթացին` հնաբաններուն տրամադրելով արխիւային նիւթեր: Հնագէտները աշխատեցան նաեւ նախարարութեան ներքին բակի այլ հատուածներու մէջ եւ յայտնաբերեցին հինգ դամբարան, որոնցմէ երկուքը` մարմարով շինուած տապանաքարերու վրայ պահպանուած արձանագրութիւններու տեսքով:
Տապանաքարերը կը պատկանին Թիֆլիսի վանքի մայր եկեղեցւոյ հովիւ Յովհաննէս Ա. քհնյ. Տէր Պօղոսեանին եւ անոր կնոջ` Քալի Բեկտաբեկովային: Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ վիրահայոց թեմի միջնորդութեամբ, Վրաստանի կառավարութիւնը աջակցած է, որպէսզի շիրիմները եւ տապանաքարերը տեղափոխուին Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն: Լեւոն Չիդիլեանի առաջարկը` պեղումները շարունակելու, ընդունուած է: Նախարար Թէա Ծուլուկեանի դասաւորումով 2023-ի յունուարէն սկսեալ յիշեալ հատուածի տարածքին պիտի իրականացուին պեղումներ: Ապագայ պեղումներու վայրին մէջ թաղուած են` Ալեքսանդր եւ Դարիա Մանթաշեանները, Յովհաննէս, Մարիամ, Կոնստանդին Խատիսեանները, Թիֆլիսի քաղաքագլուխներ Ալեքսանդր Մատինեանցը եւ Պօղոս Իզմաիլովը եւ ուրիշներ: Աշխատանքները պիտի շարունակուին:
Նոր Ջուղա
Վարդան Պետրոսեանի «Խոստում» Ներկայացումը
Նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան եւ Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութիւններուն, 19 հոկտեմբերին Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դերասան Վարդան Պետրոսեանի «Խոստում» ներկայացումը:
Կազմակերպիչ միաւորին անունով Վանանդ Իսաղուլեան կարդաց Վարդան Պետրոսեանի կենսագրական գիծերը` յատկապէս ընդգծելով անոր դերասանական գործունէութիւնը:
Ներկայացման մէջ Վարդան Պետրոսեանը կը խօսէր զանազան նիւթերու շուրջ` սկսելով «Քորոնա» ժահրէն մինչեւ պատերազմը, նախկին եւ ներկայ հարցերը, լեզուն, մշակոյթը, կրօնն ու պատմութիւնը, նախկին եւ ներկայ քաղաքական ղեկավարութեան բացթողումները, այսօրուան իշխանութիւններուն որդեգրած «սխալ» քաղաքականութեամբ առաջնորդուելու եւ «ճիշդ» ըլլալու ձգտումի կապանքներէն իրենք զիրենք ազատագրելու հայրենակործան ընթացքը եւ զանազան այլ թերութիւններ:
Ներկայացման աւարտին դերասանը բեմէն ահազանգ հնչեցուց, արթնութեան կոչ ուղղեց եւ դիմելով հանդիսատեսին` զայն հրաւիրեց ոտքի կանգնելու, չյուսալքուելու, պարտութեան անձնատուր չըլլալու:
Աւարտին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Ժորժ Ղազարեան միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց Վարդան Պետրոսեանին:


