Յօդուածներ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Պատմութիւնը Կը Թաւալի… Վալընթայն Տօնելով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հետեւեալները լրատու աղբիւրներէ վերջին օրերուն վերցուած քանի մը սափոր տեղեկութիւն են` իբրեւ նմուշ, առանց երկար մեկնաբանութեան: Այդ գործը ընթերցողը կրնայ ի՛նք կատարել (եթէ կամովին չէ բթացուցած իր իմացական կարողութիւնը): - Աւելի քան շաբաթ մը առաջ պատմական Կիլիկիան եւ դրացի շրջաններ, ներառեալ` Սուրիոյ հիւսիսը, զոհ գացին ուժգին երկրաշարժի մը. օր աւուր հասնող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սա նորագոյն...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ասատուր Ալթունեանի Կենսագրականը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ասատուր Ալթունեանի Կենսագրականը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան Բժիշկ  Ասատուր Ալթունեան ծնած է Սեբաստիա, 21 մարտ 1857-ին:  Շրջանաւարտ եղած է Այնթապի բժշկական եռամեայ քոլեճէն, 1881-ին: 1881-84 աշակերտած է տեղի ամերիկացի բժիշկ Վէյչսին, ապա եղած է անոր  օգնական բժիշկը: 1884-ին մասնագիտական ուսման հետեւած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1885-ին: Իր թեզը եղած է «Հալէպի վէրք»-ը: Ան եզրակացուցած է,...

Արտասովոր Կեանքեր

Արտասովոր Կեանքեր

­Յու­նա­հա­յե­րու Վկա­յու­թիւն­ներ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Նա­ցիա­կան Բռնու­թիւն­նե­րու Եւ Վե­րապ­րու­մի Մա­սին Ցու­ցա­հան­դէս՝ Ա­թէն­քի Մէջ ­ Պեր­լի­նի մէջ գոր­ծող «­Յու­շա­շա­տեան» միու­թեան եւ յու­նա­լէ­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, 22 ­Փետ­րո­ւա­րէն մին­չեւ 14 ­Մարտ 2023, Ա­թէն­քի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս մը, որ կապ ու­նի 20-րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն ճա­շա­կած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու նա­ցիա­կան բռնու­թիւն­նե­րուն վե­րապ­րող­նե­րու յու­շե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րուն հետ։ ­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան «­Մե­լի­նա ­Մեր­քու­րի» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն...

«Թող Աստուած Օրհնէ Բոլորին Քսակը, Դպչի Բոլորին Սրտերուն. Հիմա Երբ Եղբայրդ Ու Քոյրդ Դժուարութեան, Տառապանքի, Կարիքի Մէջ Են, Ճիշդ Ժամանակն Է Տալու, Օգնելու», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մակար Եպս. Աշգարեան

«Թող Աստուած Օրհնէ Բոլորին Քսակը, Դպչի Բոլորին Սրտերուն. Հիմա Երբ Եղբայրդ Ու Քոյրդ Դժուարութեան, Տառապանքի, Կարիքի Մէջ Են, Ճիշդ Ժամանակն Է Տալու, Օգնելու», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մակար Եպս. Աշգարեան

 Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 6 փետրուար 2023-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերը խաղաղ ու սովորական առօրեայէ զրկուած են: Աղէտալի երկրաշարժի գօտիին մէջ փուլ եկան շէնքեր, քանդուեցան տուներ, զոհուեցան տասնեակ հազարաւորներ, բայց փրկուեցան նաեւ շատեր, որոնք այս տագնապին մէջ նորանոր կարիքներու դէմ յանդիման կանգնեցան, անոնց օգնութեան ձեռք մեկնողներ ալ եղան, սակայն պահանջքը մի՛շտ եղաւ ցարդ տրամադրուած միջոցներէն շատ աւելի...

Համազգայինի 95-Ամեակ.  Հայաստանի Եւ Արցախի Գրասենեակներ

Համազգայինի 95-Ամեակ. Հայաստանի Եւ Արցախի Գրասենեակներ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգայինի 95-ամեակին առիթով պէտք է յատուկ ձեւով լուսարձակի տակ առնել նաեւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին գործունէութիւնը: Գրասենեակը հիմնուած է 1991-ին: Համազգայինը` իբրեւ միութիւն, այդ ոճով գործունէութիւն ծաւալած է Հայաստանի մէջ: Միութիւնը սկսած է աշխատիլ իր գրասենեակին ճամբով: Սկզբնական շրջանին անոր անդամակցած են Ռազմիկ Դաւոյեան, Սօս Սարգսեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Սարգիս Մուրատեան, Վահագն Ստամպուլեան, Երուանդ Երկանեան, Ֆելիքս Մելոյեան եւ ուրիշներ: Մինչեւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 11 փետրուարին տեղի ունեցաւ Ազգային երեսփոխանական արտակարգ ժողով` քննելու աղէտին պատճառով յառաջացած իրավիճակը: Կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի զօրակցական նամակը, որուն յաջորդեցին Ազգային վարչութեան եւ այլ զեկուցաբերներու կողմէ զեկոյցներ` երկրաշարժի պատճառով թեմի տարածքին յառաջացած իրավիճակներուն եւ իրագործուած անմիջական աշխատանքներուն մասին: Ժողովը քննարկեց ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին բազմաբնոյթ կարիքներն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Արցախ. 35 Տարի Ետք Ո՜ւր Հասանք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Անսպասելի Անկում, Նահանջ, Կորուստներ Դրական ընթացքը, նաեւ 1994-էն ետք ստեղծուած ոչ պատերազմ-ոչ խաղաղութիւն վիճակը (սթաթուս քօ) ընդհանուր առմամբ կայուն մնացին մինչեւ 2020-ի սեպտեմբերը, երբ ազերիական բանակը, Թուրքիոյ եւ ահաբեկչական վոհմակներու հետ միասին, Արցախի դէմ շղթայազերծեց լայնածիր պատերազմ մը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմ խորագիրին տակ: Այդ պատերազմը ունեցաւ իր սեփական խորագիրներու շղթան, որոնք են` շուրջ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենիի Օրուան Առիթով. Երկու Արժէք` Յանուն Մէկ Նպատակի (19 Եւ 21 Փետրուար)

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պէտք է կարդալ, ամէն մի կարդալը մի բան է տալիս ու աննկատելի կերպով ամբարւում, բան դառնում: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Գեղեցիկ մտածում է ունեցեր Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահը` Լեւոն Անանեան, փետրուարի 19-ը հռչակելով գիրք նուիրելու օր: Արդ, 2008-էն ի վեր Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին այս օրը կը նշուի դպրոցներու, գրադարաններու, մատենադարաններու թէ մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Յիշեցնենք, որ նշեալ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը Ամփոփեց Համաշխարհային Համագումարի Արդիւնքները 13 փետրոոարին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով, որուն ընթացքին ամփոփեց փետրուար 6-10 կայացած ՀՅԴ Երիտասարդական համագումարի արդիւնքները: «ՀՅԴ երիտասարդականը յանձնառու է արմատախիլ ընել յարմարուողականութիւնն ու պարտուողականութիւնը մեր երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ», յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ցօղիկ Աշըգեան` աւելցնելով. «Խաբկանք է այն...

Սպասում

Երկրաշարժի Բնագիտութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Երկրաշարժերու հիմնական պատճառը այն է, որ երկրագունդին կեղեւը միահամուռ եւ կայուն չէ: Կազմուած է մեծ ու փոքր «կերտուածական սալ»-երէ (tectonic plate), որոնք յարատեւ շարժումի մէջ են: Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ աշխարհագրական փոփոխութիւնները շուրջ  50 միլիոն տարի ընդմիջումներով: Մօտ 200 միլիոն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած է մէ՛կ համատեղ երկրամաս, որ կը կոչուի «Pangea» (համաերկիր) (1): Բարեխառն չարիք.-...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շարքերուն Կը Միանայ 16 Նորագիր

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շարքերուն Կը Միանայ 16 Նորագիր

ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի 2023 -ի նորագիրներուն Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 18 փետրուար 2023-ին, Դաշնակցութեան ծրագրած եւ գործադրած «Նեմեսիս» գործողութեան գործիչ ընկ. Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմին շուրջ, Ուիթիըրի Rose Hills գերեզմանատան մէջ: Ընկ. Ե. Ֆունտուքեան եւ ընկ. Յարութիւն Յարութիւնեան հետախուզութեան գործակիցները եղած էին ընկ. Միսաք Թորլաքեանին, որ արդարահատոյց հարուածը տուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Պաքուի հազարաւոր հայերու ջարդերուն կազմակերպիչ Պէյպուտ Խան Ճիվանշիրին: ՀՅԴ շարքերուն...

ՀՅԴ 132-Ամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւն Գլենդէյլի «Ալէքս» Թատրոնում

ՀՅԴ 132-Ամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւն Գլենդէյլի «Ալէքս» Թատրոնում

Կիրակի, Փետրուար 19ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 132 ամեակի շքեղ տօնակատարութիւն Գլենդէյլի «Ալէքս» թատրոնում: Լեփ լեցուն սրահում ներկայ էին ազգային, եկեղեցական և հասարակական կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչներ և համայնքի անդամներ, որոնք խուռներամ մասնակցութեամբ հաւաքուել էին տօնախմբելու ՀՅԴի հիմնադրման 132 ամեակը Արևմտեան Ամերիկայի այս ափերում: Միջոցառումը բացուեց ՀՄԸՄի Շրջանային Դրօշակախմբի տողանցքով, որոնք պատիւ տալով դրօշակներին ունկնդրեցին ԱՄՆ, Հայաստան և Արցախի հիմներգները: Ապա Մշակ Բանուորի ներքոյ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Արցախ. 35 Տարի Ետք Ո՜ւր Հասանք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մեկնարկ Եթէ մեր յիշողութեան անիւը դէպի ետ դարձնենք (դարձնողին տարիքը կարեւոր չէ), պիտի տեսնենք, որ 35 տարի առաջ, այս օրերուն, հայութիւնը հազուադէպ եռեւեփումի մէջ էր: Խորհրդային Միութիւն կոչուած կարմիր կայսրութիւնը կը մօտենար իր վերջալոյսին: 80-ականներու կէսերուն Մոսկուայի ղեկին հասած Միխայիլ Գորբաչովի անուան կապուած երկու հասկացողութիւններ` հրապարակայնութիւն եւ թափանցիկութիւն (փերեսթրոյքա եւ կլասնոսթ), ստեղծած էին բազմաշերտ եւ բազմայարկ ալիքներ, որոնց...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Թրքական Ընտրութիւններ. Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան Եղափոխութիւնը Դէպի Կեդրոն-Ձախ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Նկատի առնելով, որ մէկ կողմէ այս տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան համապետական ընտրութիւններ (նախագահական եւ խորհրդարանական), իսկ միւս կողմէ` 25-27 նոյեմբեր 2022-ին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարին վերահաստատուեցաւ նախորդ համագումարին (2017 թուականի Քարթախենայի մէջ տեղի ունեցած 25-րդ համագումարին) տրուած որոշումը, որ կը ձգտէր կազմակերպել «Արդեօք Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը կարելիութիւն պիտի տա՞յ Թուրքիոյ եւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Երկրաշարժին Յառաջացուցած Աղէտը Դիմագրաւելու Յանձնառութեամբ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Երկրաշարժին Յառաջացուցած Աղէտը Դիմագրաւելու Յանձնառութեամբ

6 փետրուարը ահասարսուռ օր մը եղաւ Սուրիոյ ժողովուրդին ու սուրիահայութեան համար: Առաւօտեան վաղ ժամերուն սկսած ու իր ուժգնութեամբ եւ երկարատեւութեամբ վերջին յիսուն տարիներուն Սուրիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ համարուած երկրաշարժը ոչ միայն աւերներ գործեց, կեանքեր խլեց, այլեւ ահ ու սարսափի մատնեց ժողովուրդը: Բնութեան հարուածը այնքան ուժեղ էր, իսկ շարունակուող յետցնցումները` այնքան յաճախակի, որ մարդիկ օրեր շարունակ չկրցան յաղթահարել երկրաշարժին յառաջացուցած վախն...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Ուտեստեղէններ, Որոնք Ձեզ «Կը Ծերացնեն» - Հետաքրքրաշարժ Փաստեր Հին Հռոմէական Բժշկութենէն Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ուտեստեղէններ, Որոնք Ձեզ «Կը Ծերացնեն» 1.- Կծու կերակուրներ Ոմանք կը սիրեն կծուն... իսկ ոմանք չեն դիմանար կծուին: Կծու ուտելիքը կը ստիպէ, որ ձեր արեան անօթները ուռին եւ նոյնիսկ կտրուիլ` ձեր դէմքին վրայ մանիշակագոյն հետքեր ձգելով: Եթէ դուք ունիք Rosacea- պարագայ, որ տարածուած է կիներու մօտ` դաշտանադադարէն...

«Ժամանակ Չկայ Աւելորդ Ժողովներու, Կամ Երկարապատում Խօսակցութիւններու. Վնասը Բոլորին Է, Օժանդակութեան Կարիք Կայ` Հասնինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ժամանակ Չկայ Աւելորդ Ժողովներու, Կամ Երկարապատում Խօսակցութիւններու. Վնասը Բոլորին Է, Օժանդակութեան Կարիք Կայ` Հասնինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր վարեց Արմէն Ապտալեան: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ անցեալ հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցութեամբ Հալէպ կատարած զօրակցական այցելութեան` ի տես Հալէպը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ էր Հալէպ հասնելու առաջին տպաւորութիւնը, Յ....

Սթափելու Ժամանակը

35 Տարի Առաջ, Այս Օրերուն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ գումարուող Համաշխարհային խաղաղութեան խորհրդաժողովին առիթով, կազմակերպուած է բազմաձայն զրոյց մը, նուիրուած` հարաւային Կովկասի ապահովութեան: Զրոյցին կը մասնակցէին Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ղեկավարները (նախագահ կամ վարչապետ) եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քարտուղարը: Բազմաձայն զրոյցի ընթացքին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կրկնած է իր կողմէ բազմիցս արտայայտուած յետպատերազմեան բանաձեւը. «Լեռնային Ղարաբաղ հասկացութիւն չկայ. Ազրպէյճանի մէջ չկայ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Արցախը Տակաւին Մեր Սրտին Զա՞րկն Է (35-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Արցախի առաջին պատերազմին, հայը իր կռուող տեսակը ցոյց տուաւ: Հիմա` եղերամայրերու նման ենք: ՀՐԱՆԴ ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ  (պատմաբան) 28-8-2022 Կա՞յ հայ մը, որուն մտքէն կ՛անցնէր, թէ պիտի գայ այն օրը, ժամանակը, երբ ազգովին ականատես պիտի ըլլայինք ահաւոր եւ անըմբռնելի կացութեան մը, որուն հետեւանքը այնքա՜ն ծանր պիտի կշռէր, մեզ բարոյալքէր, հիասթափութեան մատնէր, բայց մանաւանդ` բացայայտէր ազգային ու պետական մակարդակի խարխուլ...

35 Տարի Առաջ` Այսօր.  Սկիզբ Արցախեան Շարժման

35 Տարի Առաջ` Այսօր. Սկիզբ Արցախեան Շարժման

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեսունհինգ տարի առաջ, 20 փետրուար 1988-ին, Արցախի ժողովուրդը որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ վերամիաւորուիլ մայր հայրենիքին: Աւելի առաջ, նախորդող տասնամեակներուն, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս պարբերաբար դիմած էին խորհրդային իշխանութիւններուն` Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորուելու խնդրանքով: Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին սկսաւ ստորագրութիւններու զանգուածային հաւաք` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորելու պահանջով: Լեռնային Ղարաբաղի...

Page 281 of 1111 1 … 280 281 282 … 1,111

Արխիւներ