Անսպասելի Անկում, Նահանջ, Կորուստներ
Դրական ընթացքը, նաեւ 1994-էն ետք ստեղծուած ոչ պատերազմ-ոչ խաղաղութիւն վիճակը (սթաթուս քօ) ընդհանուր առմամբ կայուն մնացին մինչեւ 2020-ի սեպտեմբերը, երբ ազերիական բանակը, Թուրքիոյ եւ ահաբեկչական վոհմակներու հետ միասին, Արցախի դէմ շղթայազերծեց լայնածիր պատերազմ մը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմ խորագիրին տակ: Այդ պատերազմը ունեցաւ իր սեփական խորագիրներու շղթան, որոնք են` շուրջ հինգ հազար զոհ, Արցախի տարածքին մօտաւորապէս 75 առ հարիւրին բռնագրաւումը` թշնամիներուն կողմէ, գաղթականներ, նիւթական հսկայական վնասներ, զինուժի խորտակումը եւ իրողական թողլքումը, տնտեսութեան յենարաններու հասած կացինի հարուածներ (ջուրի աղբիւրներ, երկրագործութեան կալուած, ելեկտրակայաններ…):
Այսօր կարելի է երկար վիճիլ, թէ Հայաստանի նախկին իշխանութիւններու սխալներու այլատեսակ թերութիւնները ի՛նչ բաժին ունեցան պատերազմին ճամբայ բացող տուեալներուն մէջ, սակայն կարելի չէ երկար վիճիլ այն ճշմարտութեան շուրջ, որ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած` այլապէս դրական իշխանափոխութիւնը (նկատի ունինք խոստումները) գլխաւոր բաժին ունեցաւ, եւ կը շարունակէ ունենալ, Արցախին հասած պատուհասներուն մէջ:
Տեղը չէ երկար հաշուեկշիռներ արձանագրելու, թէ ինչե՜ր տեղի ունեցան պատերազմը կանխող երկու, կամ յաջորդող շուրջ երկուքուկէս տարիներուն, որովհետեւ փաստերը գաղտնի չեն, տխուր պատկերը հիւսուած է օր աւուր, ամիս առ ամիս, տարուէ տարի (մայր Հայաստանի հողին վրայ եւս):
Արցախի շուրջ 12 հազար քառ. քմ տարածքէն մնացած է շուրջ 3.500-ը. 160.000 եւ աւելի բնակիչներէն Արցախ կը մնան շուրջ 120.000-ը (մէկ մասը վերադարձաւ պատերազմէն ետք, ի պատիւ արցախցիին): Պատերազմին հետքերը չեն դարմանուած (կարելի ալ չէր այս կարճ ժամանակամիջոցին): Զինուժին վերականգնումի ճիգերուն դիմաց կան տեղական եւ արտաքին արգելակներ: Սահմանային գօտիներ կը մնան ազերիական յաճախակի յարձակումներու եւ բազմատեսակ ոտնձգութիւններու թիրախ: Խլուած շրջանները այլապէս կը հայաթափուին, հայութեան հետքերը կը ջնջուին (նախաճաշակ տալով, թէ արցախցիք ինչպիսի՛ ապագայ կրնան վայելել ազերիական խնամքին տակ): Այս բոլորին վրայ արձանագրուեցան մէկէ աւելի «աղ ու պղպեղներ»: 9 նոյեմբերի ահաւոր համաձայնութենէն ետք, բերանացի եւ գաղտնի համաձայնութիւններով արցախեան որոշ շրջաններ «նուէր տրուեցան» Ազրպէյճանին: Ամէնէն վտանգաւորն էր (միւսները նուազ կարեւոր չէին) Բերձոր-Աղաւնոյ շրջանին նուիրաբերումը, որովհետեւ ահաւասիկ արդարացած է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն ընդդիմախօսներուն այն մտավախութիւնը, որ այդ ճամբուն յանձնումը Արցախի մնացեալ գօտին պիտի վերածէ իրողական պատանդի: Ազրպէյճան մօտաւորապէս 70 օր առաջ փակեց այդ ճամբան, ըստ կամս կը բանայ կամ կը խափանէ կազի ու ելեկտրականութեան մատակարարման ուղիները, սննդամթերքի առաքումները եւս ազերիներուն ձեռքին խաղալիք կը մնան, ռուս խաղաղապահ ուժերն ու Կարմիր խաչը մասնակիօրէն կը յաջողին ամոքել ահաւոր վիճակը: Այնքա՜ն դատափետուած «նախկիններ»-ը իրողապէս եւ մեծ չափով արդարացում կը գտնեն (լա՞ւ է, վա՞տ է, ո՞վ է պատասխանատուն…):
Քաղաքական մարզին մէջ եւս արձանագրուած են ահաւոր նահանջ եւ անկում (չմտնենք Հայաստանի ներքաղաքական խառնիճաղանճին մէջ, այլ բաւականանանք կացութիւնը դիտելով Արցախի հարցերուն ծիրին մէջ): Ուքրանիոյ պատերազմը իր դաժան ազդեցութիւնը ունեցած է Արցախի (նաեւ Հայաստանի) վրայ: Մինսքի խմբակը անդամալուծուած է եւ դարձած` Արեւմուտք-Ռուսիա հակամարտութեան մէկ «թափօն»-ը (մինչեւ իսկ խաղալիք չէ): Սակայն Արցախի կրած քաղաքական վնասները պէտք չունէին սպասելու Ուքրանիոյ տագնապին ու պայթեցուցած հակամարտութեան, որովհետեւ Հայաստանի «թաւշեայ» իշխանութեան գործակցութիւնը վայելող Ստեփանակերտի իշխանաւորները, երեւանցիներուն պէս, անկէ շատ առաջ ալ բռնած էին վնասաբեր ուղի (թէ անիկա ակամա՞յ էր, գիտա՞կցաբար, թէ՞ անգիտակցաբար, պարտադրուա՞ծ էր այս կամ այն ուժէն` իրականութենէն բան չի փոխեր): Փաստը այն է, որ Երեւանի «նորերու» իշխանութիւնը օր մը բաց ճակատով յայտարարեց, որ նախորդ տարիներուն վրայէն գիծ կը քաշէ եւ իր գործը (Արցախի մասին է խօսքը) պիտի սկսի զերօ կէտէ, յայտարարեց, որ Արցախը Հայաստան է ու վերջ, յայտարարեց, որ լիարժէքօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախի քաղաքական իրաւունքները` ինքնորոշում, բանակցութեանց մասնակցութիւն եւ մասամբ նորին, իսկ յետոյ, արագ վազքով փախուստ տուաւ այդ յանձնառութիւններէն: Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնը կ՛ըսէ, որ Արցախը ի՛նք պէտք է լեզու գտնէ Ազրպէյճանի հետ, այս հարցը կը դիտէ իբրեւ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ որոշ տարածքի մը բնակիչ հայերու հարցը (Պոլսոյ հայերն ալ նման իրաւունքներ ունին, նմանապէս` Ջաւախքի հայերը, իսկ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերն ալ` իբրեւ փոքրամասնութիւններ, կը վայելեն առաւել կամ նուազ չափով իրաւունքներ: Ռուսիա գաղթողները իրենց հարցը կը լուծեն… ռուսական քաղաքացիութիւն ձեռք բերելով: Անոնք եզակի չեն: Բազմաթիւ արցախցիներ, ներառեալ` ազատամարտիկներ, այսօր կ՛ապրին օտար երկիրներու մէջ` իբրեւ այդ երկիրներու քաղաքացի…): Այս «տրամաբանութեամբ» է, որ Երեւանի իշխանաւորները ճակատաբաց կը բանակցին Արեւմուտքին ու Ռուսիոյ հետ, նոյն պատրաստակամութեամբ կ՛ուզեն հաշուեփակ ընել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, որոնք չեն ծածկեր Արցախը վերջնականապէս խլելու, ապա նաեւ 29.800-նոց Հայաստանին այս կամ այն շրջանը կարգով համադամներու վերածելու իրենց դիտաւորութիւնը, դարաւոր ԾՐԱԳԻՐԸ:
Մէկ խօսքով, նահանջն ու կորուստները, անկո՛ւմը հասած են հոն, որ Արցախի հարցը «զերոյական կէտէ» սկսող իշխանութիւնները գրեթէ զերոյացուցած են Արցախը, Երեւան տրամադիր չէ «փլիւս-մինիւս»-ի սակարկութեան մէջ մտնելու թշնամիին հետ, 44-օրեայ պատերազմին ու յաջորդած ճակատումներուն գերի ինկածներն իսկ ինկած են լուսանցքէ դուրս:
Նոր Արշալոյսի Յոյսը
Այս սիւնակը ճամբայ ելաւ արցախեան նորագոյն շարժումին շղթայազերծման եւ կերտած փուլերուն մասին ընդհանուր եւ շատ մասնակի ուրուագիծ մը կազմելու համար: Նշեցինք, որ մեր դիտաւորութեան մաս չէր կազմեր յաղթանակներէ եւ բարեշրջումէ ետք, 44-օրեայ պատերազմով բացուած անկումի եւ նահանջի մանրամասնութիւններուն թուումը: Մեր ուժական եւ քաղաքական բազուկներուն հասած հարուածները, անոնց կրած ահաւոր նահանջները ծանօթ են բոլորին, պատասխանատուներն ալ յստակ են: Երբ իշխանաւորը կրկին ու կրկին կը խոստովանի, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան նոր ցեղասպանութիւն կը պատրաստեն, ճնշումներով կ՛աշխատին Արցախը վերջնականապէս հայաթափել, սակայն ինք անսասան կը մնայ անոնց հետ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու իր երթին մէջ` միաժամանակ խոստովանելով, որ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելէ օր մը ետք իսկ թրքական նոր յարձակում կրնայ շղթայազերծուիլ…
Իսկ երբ այս անորակելի «քաղաքական վարպետութեան» դիմաց` Արցախը անսասան կը մնայ իր իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ, արդէն ամիսներէ ի վեր բացայայտ հակաճառութեան մէջ է Երեւանի հետ, անգամ մը եւս, մեկնակէտէն 35 տարի ետք ալ, հայութեան յոյսը իբրեւ կիզակէտ ու սեւեռակէտ կը պահէ Արցախը:
… 35 տարի առաջ ազատութեան եւ իրաւունքի, ինքնորոշման, անկախութեան եւ Հայաստանին վերամիանալու կանչը հնչեց Արցախի լեռներէն` արձագանգելով Էրզրումէն, Սասունէն, Սարդարապատէն ու բազում հերոսապատումներէ հնչած շեփորներուն: Այսօր Արցախի, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի ու հայութեան երկրակամարները կը մնան մթագնած, ներքին բեմի վիճակին կողքին, շրջանային եւ միջազգային իրադրութիւններն ու վտանգաւոր զարգացումները յաջորդական հարուածներ կը հասցնեն Արցախէն հասնող յոյսերուն (իսկ Արցախի ներքին քաղաքական կեանքը, ստեղծուած միասնականութիւնը սասանելու փորձերը այլապէս արհամարհելի չեն, որքան ալ ընդհանուր պատկերին մէջ ստորակէտի տարողութիւն ունենան):
Եւ Արցախի մէջ ստեղծուած միասնութի՛ւնն է, որ պիտի ծառայէ, պէ՛տք է ծառայեցնենք իբրեւ խարիսխ ու մեկնակէտ` նոր բարեշրջումի, կորուստներու վերականգնումին: Եղիշէ Չարենցի միասնականութեան պատգամէն շա՜տ առաջ, նաեւ անկէ ետք, մեր ժողովուրդը գործնապէս ցոյց տուած է, որ ընկրկումներն ու ընկրկողները դատապարտուած են մնալու անվաղորդայն, հայուն միտքն ու բազուկները, նախընտրաբար աւելի շուտ, քան` ուշ, կրնան գտնել «Գորդեան հանգոյցը» կտրող սուրը, գտնել ու բանալ Արցախի եւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացման ճամբան` սկսելով Բերձորի անցքին բացումէն: Այս կամքին նկատմամբ կասկած ու հեգնանք սերմանողները եւս պիտի մատնուին անէացման, անոնք ըլլան Հայաստանի, Արցախի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին:
Արցախի պաշտպանական բոլոր մարտերուն ինկած մեր հերոսները վաղը հանգիստ պիտի ննջեն, ու անոնց ընտանիքները վախ պիտի չունենան, որ ոտնակոխ պիտի ըլլան հայանուններու կողմէ: Արցախը 35 տարի առաջ միացուց մեզ, ինչպէս ըրած էր Սարդարապատը: Չենք կրնար լքել մեր այս ինքնութիւնը, ինչպէս որ արցախցին կը յայտարարէ, թէ հայրենի հողէն զատ ապրելու տեղի մասին չի մտածեր:
Մեր նահատակները մեզի կը յիշեցնեն, որ մեր պատմութեան մէջ ճիշդ 103 տարի առաջ արձանագրուած էր 18 փետրուարը` իբրեւ բռնատիրութեան եւ անարդարութիւններու դէմ ժողովրդային պոռթկումի արտայայտութիւն:
19 փետրուար 2023
(Շար. 2 եւ վերջ)