Արցախի առաջին պատերազմին, հայը իր կռուող
տեսակը ցոյց տուաւ: Հիմա` եղերամայրերու նման ենք:
ՀՐԱՆԴ ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ (պատմաբան)
28-8-2022
Կա՞յ հայ մը, որուն մտքէն կ՛անցնէր, թէ պիտի գայ այն օրը, ժամանակը, երբ ազգովին ականատես պիտի ըլլայինք ահաւոր եւ անըմբռնելի կացութեան մը, որուն հետեւանքը այնքա՜ն ծանր պիտի կշռէր, մեզ բարոյալքէր, հիասթափութեան մատնէր, բայց մանաւանդ` բացայայտէր ազգային ու պետական մակարդակի խարխուլ վիճակն ու խեղճութիւնը:
Խօսքը կը վերաբերի վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին կատարուած այս կամ այն խաղքութեան, որ պատճառ դարձաւ հայութեան պարտութեան (2020) եւ պատմական հայրենիքի մեծ մասի կորուստին:
Զանց առնելով ատենի (1988-1992) թուականի արցախահայութեան կատարած քաղաքական աքթը (Անկախութեան հռչակագիր), համաժողովրդական աշխատանքի տարողութիւնը (ցոյց, բողոք, քայլարշաւ), որոնց շնորհիւ ամբողջ հայութիւնը սապէս ապրեցաւ ազգային զարթօնքի շրջան մը, պատեհ առիթն է լոյսին բերելու այնպիսի իրողութիւններ, որոնք միայն ցաւ կը պատճառեն, երբ ականատեսի վկայութեամբ իսկ ապրեցանք` ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն դժբախտ օրերը:
Դժբախտ, այլապէս ինչպէս կարելի է համոզուիլ, որ 21-րդ դարուն հայութեան վիճակուէր նման վախճան` կորսցնելով ազատագրուած հայրենիք, որ փառքն ու պսակը հանդիսացած էր ազգին ու գալիք սերունդներուն:
Յարգելով հանդերձ շատերու առարկութիւնն ու ընդդիմութիւնը վերոնշեալ խօսքին թէ մտածումին, հայ միտքն ու գրիչը պարտաւոր է դիմակայել, առերեսուիլ ու առանց երկմտանքի յայտնել դառն իրականութիւնն անգամ, որպէսզի հետագայ սերունդներ չայպանեն նաեւ մեզ`ազգայնականներս, որ միշտ ալ դատապարտանքի ենթակայ ենք, այսպէս ըսած, նիկոլասէրներէ կամ տարբեր տիպի հայրենասէրներէ:
Արդար է ըսել, որ օրին էական սխրանքը եղաւ այն, որ արցախահայութիւնը ինքնիր մէջ ուժ գտնելով ոտքի կանգնեցաւ եւ ազատութեան ջահը վառեց: Աւելի՛ն. ինքնավստահութեամբ եւ կամքի լարումով նետուեցաւ ազգային ազատագրութեան գուպարին մէջ: Սկիզբը ֆետայական, ապա կանոնաւոր բանակի թէ ռազմարուեստի տիրական յաջողութեամբ` հայրենի մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի գին անասելի զոհողութեան կրցան ծունկի բերել թուրք-ազերի հորդաներ եւ հայոց եռագոյնը կանգնեցնել Մռաւ լերան գագաթին:
Փաստօրէն, Արցախի ազատագրական պայքարի բռնկումն ու հայրենի սուրբ հողին վերատիրանալը խորքին մէջ ծնունդ տուաւ նոր տեսակի հայութեան մը, որ տասնամեակներէ ի վեր ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի կը տառապէր հոգելլկումէ եւ ինքնութեան տակաւ շիջումի փորձութենէն:
Արցախի յաղթանակը հոգեզինեց եւ նոր յոյս ներշնչեց ամբողջ հայութեան:
1988-ին ու անկէ քիչ առաջ Արցախի հողին վրայ ապրող հայութեան մնացորդացը շնորհիւ իր ազգային նկարագրին ու լեռնականի կերտուածքին կրցաւ թշնամի բիրտ ուժին ու մահուան սպառնալիքներուն դէմ դնել, համախմբուիլ ու մեծ խանդավառութամբ լծուիլ հայոց երկրորդ պետութեան կառուցումին:
Խորհրդային Միութեան փլուզումը ձեւով մը արագացուց հայոց պայքարի ելքը: Համայնավար վարչակարգի օրերու քաղաքական թէ դիւանակալական միջոցներու օգտագործումով արցախահայութիւնը պարզեց իր գերագոյն նպատակը`ազգային ինքնորոշման իրաւունքի պահանջը եւ ազատ ապրելու երազանքը:
Թէեւ չուշացաւ ազերի կոչուած հորդաներու ցեղասպանական պատասխանը` կազմակերպելով Սումկայիթի, Կիրովապատի թէ Պաքուի սպանդը, այդուհանդերձ հայութիւնը մնաց անդրդուելի եւ յամառօրէն շարունակեց իր պայքարը:
Ճիշդ է, որ ազերին ապաւինած խորհրդային «Օմոն»-ական զօրագունդերու եւ, ստանալով անոնց աջակցութիւնը, գրաւեց Գետաշէնն ու Մարտակերտը, սակայն, պատերազմի ելքն ու աւարտը եղաւ ի շահ հայութեան, որ նուիրաբերեց իր ամէնէն թանկագին տղաքը` յանուն ազատութեան բագինին:
Արցախի տարբեր շրջաններ իրար ետեւէ ազատագրուեցան: Թագուհին հայոց` Շուշին, կը սկսէր հայօրէն շնչել, ոգեւորել, Բերձորի (Լաչին) ճանապարհը կը բանար իր թեւերը`ընդունելով Հայաստանի օգնութիւնը, Քարվաճառի բարձունքին հայոց բանակը կը հաստատէր իր զօրանոցները, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի երկինքը կը պայծառանար` յոյս ու լոյս տարածելով ամբողջ հայութեան վրայ:
Հայութիւնը շնորհիւ միասնական ոգիին ու կամքին կերտած էր իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պանծալի էջերը: Քաջարի տղոց անասելի սխրանքները միայն պատիւ ու հպարտութիւն կը ներշնչէին նորահաս սերունդին, որ, համոզումով եւ մեծ ակնկալութեամբ լիացած, սկսած էր արարել ու լծուիլ հայրենիքի կառուցման սուրբ աշխատանքին:
2 սեպտեմբեր 1991-էն ետք Արցախի հայութիւնը, իր թիկունքին ունենալով ամբողջ հայութեան նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը, կը լծուէր պետական կարգ ու սարքի կազմակերպման: Հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը իր 12 հազար քառ. քլմ. տարածքով յուսալի ամրոց դարձած էր մեր դարաւոր երազանքին:
Տարուէ տարի կը գեղեցկանար հայոց աշխարհը: Արցախի պետութիւնը քայլ առ քայլ կ՛ուղղուէր դէպի ինքնահաստատում եւ առաւել հզօրացում: Սփիւռքի մէջ ապրող հայը, որ ծարաւ ունէր տեսնելու հայրենի ազատագրուած հողը, շատ անգամ իր կարելին կ՛ընէր հոն հաստատուելու եւ բնական կեանքը շարունակելու:
Արցախ աշխարհի հրաշք բնութիւնը կախարդած էր բոլորս: Կանաչապատ ու անդնդախոր լեռներու վեհափառ ներկայութիւնը ներշնչման աղբիւր էր իւրաքանչիւր հայու, որ լլկած էր սփիւռքեան առօրեայէն եւ պատեհ առիթ կը փնտռէր երթալ ու հաստատուելու հայրենի սուրբ հողին վրայ, աշխատելու ու հպարտանալ սրբազան նահատակ տղոց արարքով`Արցախի ազատագրումով:
Միւս կողմէ, սակայն, խոստովանիլ է պէտք, որ Հայաստանի կեանքը վերջին երեսուն տարիներուն այդքան ալ հեզասահ չէր ընթանար: Հայոց պետական կեանքը կը դիմագրաւէր բազում դժուարութիւն եւ մեծ մարտահրաւէրներ: Ինչպէս այլ երկիրներու պարագային, Հայաստանի պետական դրութիւնը, իր կարգին, ենթակայ էր ցնցումներու` ներքին թէ արտաքին:
Ներքին` պետական այրերու խաղքութիւն, կաշառակերութիւն, փտածութիւն եւ մեծամտութիւն: Աւելի՛ն. իշխանութեան տիրելու եւ հարստութիւն թիզելու սնամէջ վարքագիծը առաւել կ՛աղքատացնէր հայրենի հայութեան մէկ ստուար տոկոսը: Ճիշդ չէր ընթանար հայրենիք պաշտպանելու թէ ժողովուրդի տիրութիւն ընելու լաւ թէ վատ գործելակերպը: Արտագաղթը իր աւերները կը գործէր, իսկ հայրենիք վերադարձի թէ բնակեցման աշխատանքները խեղճուկ մակարդակի էին:
Իսկ արտաքին ճակատի վրայ թուրքն ու ազերին հաշտ աչքով չէին դիտեր այս կամ այն յաջողութիւնը, որ կը կատարուէր հայոց զոյգ հանրապետութիւններու մէջ: Անոնք օրն ի բուն լծուած էին ինքնահզօրացման աշխատանքին. արդի զէնքի թէ զինամթերքի ամբարում, երկրի հարստութեան`նաւթի լաւապէս օգտագործում եւ այլ պետութիւններու հետ դաշինքներու կնքում, քաղաքական, դիւանագիտական թէ քարոզչական գործունէութեան ընդարձակում, հայոց դէմ թշնամանքի սաստկացում, Արցախի դէմ զինուորական արշաւներու մագլցում, սահմանի վրայ հայ զինուորներու դէմ սադրանքներ եւ յարձակումներ, իսկ ամէնէն կարեւորը` անոնք յաջողած էին իրենց դարպասին մօտեցնել աշխարհաքաղաքական ոլորտներու թէ կեդրոններու կամեցողութիւնը, եւ ատոնցմով սպառազինուիլ, սպասելով յարմար օրուան, որպէսզի պարտութեան մատնեն հայութիւնը:
Հայոց պետականութիւնը, որ կոչուած էր ըլլալու հայութեան մտքի եւ ուժի ամրոցը, համախմբելով ազգի կարողութիւնը եւ իրագործելու ազգային ինքնուրոյն ծրագիր, դժբախտաբար, կլանուած էր իշխանական պայքարով եւ մոռացութեան տուած Արարատին հասնելու երազանքն անգամ:
Հայ դիւանագիտական համակարգը, փոխանակ ամրագրելու ինքզինք եւ աշխարին ներկայանալու իբրեւ քաղաքական մտքի մարտունակ արտայայտութիւն, կը մնար սովորական հարթակի վրայ եւ ընկալողի դիրքին մէջ կղզիացած:
Հայ դրամատէր-վաճառական շրջանակներ, փոխանակ առաւելագոյն ներդրում եւ տնտեսական հզօրանքի առիթներ ստեղծելու, անոնք կ՛իյնան նիւթապաշտի տիղմի մէջ` յագուրդ տալով իրենց յափշտակիչի թէ դղեակներ կառուցելու մարմաջին:
Իսկ 2018-էն ետք հայոց կեանքը թաւալգլոր ընթացք մը կ՛ունենար: Փոխանակ հայ կեանքի փոփոխութեան, առաւել կենսունակ ռազմավարութիւն մշակելու, երկրի ղեկին կը նստին ստախտով վարակուած տարբեր տեսակի վաշխառուներ, որոնք հայրենիքի փրկութիւնն ու ժողովուրդի ազատութիւնը վաճառականական խաղերու ծառայեցնելով, իրենց կարգին, կ՛որդեգրեն ազգաքանդ գործելակերպեր:
Ու զարմացանք բոլորս` նիկոլասէրներ թէ ընդդիմադիր զանգուածներ, թէ ինչու թուրք-ազերի հորդաներ յաջողեցան ուժգին հարուած տալ հայութեան եւ գրաւել Արցախ աշխարհի մեծ մասը: Ափ ի բերան եղանք, երբ թշնամին, իր ետին ունենալով արեւմուտքի կարգ մը երկիրներու լայն աջակցութիւնը`զինուորական թէ արհեստագիտական, իսկ մենք մնացինք բացառապէս առանձին, ապաւինելով մեր սեփական ուժին:
Ափսոսանքո՜վ լեցուեցանք, երբ դաշնակից կարծուած Ռուսիան իսկ պահ մը փակած էր աչքերն ու ականջները եւ պիշ-պիշ կը հետեւէր պատերազմին:
Կարծես, մեր քաղաքական միտքն ու պետական հոտառութիւնը դալկացած եւ ապաշնորհ կացութեան մատնուած ըլլար, երբ հայութիւնը կը կրէր իր պարտութիւնը:
Մենք ծախած էին ազգային ամէն արժէք եւ յանձնուած խեղճութեան հոսանքին:
Այո՛, ազգային մեր արժանապատուութիւնն ու մարդկային տրամաբանութիւնը պէտք էր յուշեր, որ պետականութեան գերագոյն արժէքն ու իմաստը կը կայանար այն խելամիտ ռազմավարութեամբ, երբ օրուան քաղաքական այր(եր), ինչ գոյնի եւ կողմի ալ պատկանած ըլլայ(ր), պարտաւոր էր տէր կանգնիլ ազգի ճակատագրին:
Արդարեւ, ի տես ներկայի քաղաքական այրերու այն ապերախտ ու թրքավարի կեցուածքին, երբ առանց ամօթանքի կը յայտարարեն, թէ «Հայաստանի պետութիւնը երաշխիք չէ Արցախի անվտանգութեան», աւելի՛ն. «Չենք կրնար զոհել 3 միլիոն հայութիւն, 120 հազար արցախցիներու համար» եւ այլ լկտի արտայայտութիւններ, ուստի, զո՞վ մեղադրել, հայատեաց թո՞ւրքը, թէ՞ անփառունակ քաղաքական այր կոչեցեալը:



