Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենիի Օրուան Առիթով. Երկու Արժէք` Յանուն Մէկ Նպատակի (19 Եւ 21 Փետրուար)

Փետրուար 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պէտք է կարդալ, ամէն մի կարդալը մի բան է
տալիս ու աննկատելի կերպով ամբարւում, բան դառնում:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Գեղեցիկ մտածում է ունեցեր Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահը` Լեւոն Անանեան, փետրուարի 19-ը հռչակելով գիրք նուիրելու օր: Արդ, 2008-էն ի վեր Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին այս օրը կը նշուի դպրոցներու, գրադարաններու, մատենադարաններու թէ մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ նշեալ թուականի ընտրութիւնը պատահական չէ, այլ հայ գիր-գրականութեան ու ազգի նուիրեալ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է:

Երանի թէ ազգային մեր պարունակը` մտաւորականութիւն, գիտնականներ թէ ազգային ու պետական գործիչներ, իրենց կեանքի տեւողութեան գէթ գեղեցիկ եւ հրապուրիչ մտայղացումով մը կարենան ընտրել այլ թուականներ, որպէսզի ատով յաւերժացնեն հայ մտքին ու հոգիին ծառայած եզակի անձերու անունները:

Աւելի՛ն. նմանօրինակ մտածումներ, ի հարկին մրցանակի մը ուղեկցութեամբ, պիտի նպաստեն, որ նորահաս սերունդի զաւակներ իրենց կարգին մասնակից դառնան ու պանծացնեն ազգային արժէքներու շտեմարանը:

Այս օրերուն, երբ նիւթն ու այլանդակ ապրելակերպեր կլանած են նաեւ մեր իրականութիւնը, երբ մարդկային միտքն ու յուզաշխարհը ենթակայ են անսովոր եւ արտառոց վերաբերումներու, երբ գիտութեան ընձեռած բարիքները, սապէս, շատ անգամ կ՛աղաւաղուին, կը շահագործուին վայրագ դրամատիրութեան կողմէ, որ, իր կարգին, ուժեղ թաթով (նիւթով) իր տիրապետութիւնը կ՛ուզէ հաստատել անհատ էակներու, ժողովուրդներու թէ պետութիւններու վրայ, մենք` հայերս, պետութիւն եւ հասարակութիւն, գիտակցելով հանդերձ պատահածին ահաւորութիւնը, շշմած ու մտամոլոր կը շարունակենք տրտնջալ, բարբաջել, զիրար ամբաստանել, շատ անգամ կքիլ պատուհասին դիմաց, առանց մտածելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է դուրս գալ քաոսէն եւ շարունակել մեր ազգային գոյապայքարը:

Այո՛, գոյապայքար բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ ամէնուրեք, որովհետեւ մեզի նման փոքր ժողովուրդներ իրաւունքն իսկ չունին սառնասիրտ ըլլալու, այլապէս համբերատարի պատմուճանը հանդերձելու, սին եւ պարտուողական խօսքերով զիրար համոզելու, շունչ ու ժամանակ վատնելու:

Եթէ երբեք գիտական աշխարհը սրընթաց կ՛ուղղուի դէպի արդիականութիւն եւ արհեստագիտութեան վիթխարի զարգացում, միւս կողմէ, սակայն, մարդ արարածին հանդէպ սարքուած թաքուն թէ բացայայտ արշաւները` զայն այլապէս ստորնացնելու (հոգեպէս) եւ գերեվարելու (մտովին), արդէն աւերներ կը գործեն` ի հեճուկս մարդու արժանապատուութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման:

Փաստօրէն, համակարգչային-մեքենայացած արդի կեանքը իր «օրէնք»-ները տարածած ու պարտադրած է ամէնուրեք` պատճառ դառնալով ահաւոր հոգելլկումի եւ ինքնաչէզոքացման:

Այլ խօսքով` «ուր հաց, հոն կաց»-ի մտայնութիւնը, եթէ երբեք տասնամեակներ առաջ այդքան ալ հետեւորդներ չունէր, որովհետեւ մարդկային միտքն ու ազգային միջավայր-մթնոլորտը առողջ էր եւ սնուցող, այսօր, հակառակի պատկերն է տիրողը, որ արդէն կը սպառնայ ընտանեկան, եկեղեցական, միութենական եւ ընդհանրապէս  հաւաքական կեանքին:

19 փետրուար:

Աւելի քան 500 տարեկան է հայ տպագիր գիրքը: Խաւարի դարերէն մեզի ժառանգուած է այս սրբութիւնը, որուն շնորհիւ ազգ մը ամբողջ վերակենդանացաւ, առաւել հայացաւ, դէպի լուսաւոր ժամանակներ արշաւեց, քաղաքակրթութիւն եւ սեփական մշակոյթ ձեւաւորեց, լեզուով, գիտութեամբ եւ արուեստի նուաճումներով հարստացաւ եւ շրջապատ մը ամբողջ հոգեփոխեց:

Հայ գիրքի սնուցած արժէքին շնորհիւ հայ միտքը վերաջրդեղեց ինքզինք, հայ մարդուն հոգին ազնուացաւ, ազգային պարունակը թարմացաւ եւ առաջնորդուեցաւ դէպի պայծառ ապագայ: Աւելի՛ն. հայ տպագրական աշխատանքին զուգահեռ` հայ կեանքը ապրեցաւ բարեկարգումի ու զարգացման փուլեր:

Ծնունդ առաւ հայ թերթը («Ազդարար», 1794), որ գերազանց ներկայութիւն եղաւ հետագայ դարերուն: Հայոց մտքի դարպասները լայն բացին` օգտուելու օտարի քաղաքակրթական նուաճումներէն, իսկ Մխիթարեաններու ունեցած անկրկնելի ներդրումը` հայոց լեզուի, պատմութեան, գիր ու գրականութեան թէ մշակոյթի առաւել զարգացման ու տարածման իմաստով` պատուաբեր յաղթարշաւները հանդիսացան ազգին հայոց:

Հայ գիրքին ունեցած ուժական ներկայութիւնը, յատկապէս պետականութենէ զուրկ ազգի մը համար, ամրակուռ վահան մը եղաւ` գէթ նուազագոյն աստիճանի հասցնելով կորուստները: Հայութիւնը` շնորհիւ հայ գիրքին,  փորձեց գերազանցել ինքզինք եւ մարդկութեան նուիրաբերեց հայու հանճարը, տեսակը, ստեղծագործ ոգին եւ ապրելու կամքը:

Հայ գիրքին շնորհիւ օտար ազգեր ծանօթացան հայոց քաղաքակրթութեան:

Այո՛, հայու շունչին, պայծառ մտքին, արարելու կամքին արգասիք մատեանը եղաւ լուսաւոր այն ճանապարհը, որուն շնորհիւ հայութիւնը ունեցաւ իր վերելքը, հայ գրականութեան թէ լեզուի զարթօնքը: Հայ վարժարանը եղաւ այն կրթօճախը, ուր հայ հաւաքական միտքն ու յիշողութիւնը սթափեցաւ, ճանչցաւ ինքզինք: Գիւղերու թէ հեռաւոր գաւառներու մէջ, նորահաս սերունդներու ջամբուեցաւ լեզու, պատմութիւն եւ գիտութիւն: Վերածնաւ հայը, հակառակ անհայրենիք ըլլալու իրողութեան, պահեց իր ինքնութիւնն ու տեսակը, հակառակ բարբարոս թշնամիներու խժդժութեան:

Հայոց ձեռագիր մատեաններէն մինչեւ տպագիր հրատարակութիւն, կարմիր թել մը պահած է իր գոյութիւնը, այդ` հայոց լեզուն է, մեծասքանչը, հանճարեղ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մտքի արիութեան ու ոգեկան բարձունքին արգասիքը:

21 փետրուար` մայրենիի օր:

Որքան ալ փորձենք հայոց լեզուին վեհութիւնն ու հնչեղութիւնը լոյսին բերել, անոր ուժեղ կառուցուածքին հիմքն ու գեղարուեստի փայլքը պարզել, այլապէս ալ ցոյց տալ Մեծասքանչին ունեցած դերը` հայոց գոյապայքարին ամրապնդման մէջ, մէկ է ճշմարտութիւնը, անտարակուսելի եւ մշտնջենական, թէ հայոց մայրենին, որ դարեր շարունակ կրցած է հոսանքն ի վեր թիավարել, տոկալ, պաշտպանուիլ ու պաշտպանել, յաճախ ինքզինք բարեկարգել, արդիականանալ, ազգային արժէք դառնալ ու սեփական ժողովուրդի ճակատագիրը տնօրինել, ան, այսօր, չի կրնար լաւապէս հասկցուիլ, իւրացուիլ, որովհետեւ` դէմ յանդիման ըլլալով ապազգային յորձանուտի, հազիւ թէ կարողութիւնը կ՛ունենայ պայքարիլ գերիվեր ուժերու դէմ:

Ու այդ հզօր ուժերուն դէմ կանգնելու կոչուած հայը, իր պետական կառոյցով թէ սփիւռքեան իրականութեամբ, փոխանակ ցոյց տալու դիմադրական ոգի, հակազդելու կարողականութիւն եւ կազմակերպուած աշխատանք, ներքաշուած է ապերախտ ու ապաշնորհ տիղմի մէջ` մոռացութեան տալով մայրենի լեզուին պաշտպանութիւնը, արդիականացումն ու միասնական ուղղագրութեան ստեղծումը:

Միւս կողմէ, ձանձրոյթ է կրկնել, յիշեցնել, թէ հայրենի հողին վրայ առկայ  օտար բառերու գործածութիւնն ու օտարաբանութեան հակամէտ մարդոց անարգել ընթացքը աւելի քան վտանգաւոր աստիճանի հասած է, ինչ որ կը սպառնայ հայոց լեզուին ու մտածողութեան: Ա՛լ ինչ խօսք սփիւռքահայութեան վիճակին մասին, երբ հայօրէն մտածելու եւ գրելու արժանիքը տակաւ սկսած է շիջիլ, փոշիանալ: Հայ վարժարանի գոյութիւնն անգամ հարցականի տակ կրնայ դրուիլ մօտիկ ապագային, իսկ մամուլի, թատրոնի, երգարուեստի ու տարբեր բնագաւառներու օրըստօրէ տկարացումը մեզ դժուարին կացութեան կրնայ մատնել, եթէ երբեք բաւարարուինք բեմերէ լոզունգներ եւ խրատական բաշխելով:

Ի զուր չէ ըսուած, որ արդիականութիւնը կ՛ենթադրէ իմացական տարածք եւ նախաձեռնութեան ոգի: Ինչպէ՛ս կարելի է պաշտպանուիլ առանց անդրադառնալու, որ մաշած եւ հնաբոյր գործելակերպերը ա՛լ ժամանակավրէպ ըլլալու առընթեր, նաեւ քանդիչ են ըստ ամենայնի: Ինչպէ՛ս կարելի է մայրենի լեզու եւ ազգային միտք ու հոգի սնուցել, երբ ականջալուր չենք մեր օրերու հրամայական պահանջին` հաստատութենական մտածողութեան, որ միակ միջոցն ու ապաւէնն է հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան:

Մայրենին անաղարտ պահելու եւ ատով զարգանալու կամքն է բացակայողը: Բաւարարուածի մտայնութեամբ եւ ինքնագոհի բարդոյթով առաջնորդուիլը մեզ հասցուց այս դժխեմ օրերուն:

Վա՜յ այն սերունդին, երբ հայ գիրքն ու լեզուն կը նկատէ աւելորդ բեռ ու ժամանակի կորուստ, իսկ հայօրէն ապրելու մտայնութիւնը` «պարապ վախտի խաղալիք»:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Արցախ. 35 Տարի Ետք Ո՜ւր Հասանք

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?