– Ուտեստեղէններ, Որոնք Ձեզ «Կը Ծերացնեն»
– Հետաքրքրաշարժ Փաստեր Հին Հռոմէական Բժշկութենէն
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ուտեստեղէններ,
Որոնք Ձեզ «Կը Ծերացնեն»
Ոմանք կը սիրեն կծուն… իսկ ոմանք չեն դիմանար կծուին: Կծու ուտելիքը կը ստիպէ, որ ձեր արեան անօթները ուռին եւ նոյնիսկ կտրուիլ` ձեր դէմքին վրայ մանիշակագոյն հետքեր ձգելով: Եթէ դուք ունիք Rosacea- պարագայ, որ տարածուած է կիներու մօտ` դաշտանադադարէն ետք, կծու համեմունքի տաքութիւնը կրնայ յառաջացնել անոր բռնկումը: Այս տեսակի ուտեստեղէնները նաեւ կը բարձրացնեն ձեր մարմնի ջերմաստիճանը, ուստի կը քրտնիք` զայն հաւասարակշռելու համար: Եւ երբ այդ քրտինքը կը խառնուի մաշկի պաքթերիաներուն հետ, կրնան ճաքեր եւ բիծեր յառաջանալ:
Ձեր մաշկը ձեր մարմնի ամենամեծ օրկանն է, եւ ձեր իւրաքանչիւր կերածը կրնայ ազդել անոր վրայ: Մարկարիններուն մեծ մասը, յատկապէս` պինդ տեսակները, ունին թրանս ճարպեր (trans fat): Ասոնք կը բարձրացնեն ձեր «վատ» քոլեսթերոլը, կ՛իջեցնեն «լաւ» տեսակը եւ կը յառաջացնեն բորբոքում` ամբողջ մարմնին մէջ:
3.- Կազաւորուած եւ ներուժային ըմպելիքներ
Որքան կազաւորուած եւ ներուժային ըմպելիքներ սպառէք, այնքան աւելի արագ կը ծերանան ձեր հիւսուածքներու բջիջները: Անոնք, փրփուրին կողքին, ունին մեծ չափով ջերմուժ եւ շաքար` մօտ 7-10 թէյի դգալ: Ձեր բերանի պաքթերիաներու հետ միասին այդ շաքարը նաեւ թթու կը ձեւաւորէ: Վերջինս կը մաշեցնէ ձեր ակռաները եւ կը քայքայէ զայն: Այս ըմպելիքներու այլ ժխտական կէտերէն է ծանրութեան աւելացումը, ինչպէս նաեւ կը նկատուին կաթուածի եւ չորացումի մեծ սպառնալիքներ:
Մէկ սառեցուած ընթրիքը կրնայ ապահովել ամէնօրեայ առողջ սննդակարգի նատրիոմի (սոտիոմի) կէսը: Երբ դուք չափէն աւելի աղ ունենաք ձեր մարմնին մէջ, մարմինը կը պահանջէ, որ դուք սովորականէն աւելի ջուր խմէք եւ ողողէք ձեր երիկամները: Աւելորդ ջուրի որեւէ քանակ այդպիսով կը տեղափոխուի ձեր մարմնին մէջ այնպիսի վայրեր, ուր աւելի քիչ աղ կայ, ինչպէս ձեր դէմքն ու ձեռքերը: Եւ այդ է պատճառը, որ ձեր դէմքը ուռած տեսք կ՛ունենայ:
Այդ մարկարիթաները ձեր մորթին համար այնքան ալ լաւ չեն, որքան` ապակեայ գաւաթներուն մէջ: Եթէ դուք երբեւէ առաւօտեան բամպակեայ զգացում մը ունեցած ձեր բերնին մէջ գիշեր մը առաջ խմելէ ետք, ապա գիտէք, որ ալքոլը կրնայ ջրազրկել ձեզ: Սա մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ ձեր մաշկին վրայ, որուն 63%-ը կազմուած է ջուրէ: Նոյնիսկ եթէ մեծ գաւաթ մը ջուր խմէք, այդ մէկը կը խոնաւցնէ ձեր միւս օրկանները ձեր մաշկէն առաջ: Երբ դուք բաւարար չափով ջուր չէք ստանար, ձեր մաշկը կը չորնայ ու կը չորնայ եւ չի կրնար պաշտպանուիլ կնճիռներէ:
Փեփերոնին մէկ կողմ դրած, վերամշակուած միսերը, ինչպիսիք են` պէյքընը, երշիկը, խոզապուխտը եւ «պաղ միսերը», կ՛ապխտեն, կը խաշեն կամ կ՛աղեն, որպէսզի աւելի երկար դիմանան` առանց փճանալու: Այդ բոլորն են, որոնք կը դարձնեն զանոնք ե՛ւ համեղ, ե՛ւ վտանգաւոր: Նատրիոմը եւ պահպանելու քիմիական նիւթերը կը յառաջացնեն բորբոքում, որ կրնայ մաշեցնել ձեր մարմինը ներսէն եւ դուրսէն: Թեթեւ բորբոքումը լաւ է, այդ կ՛օգնէ ձեր բջիջներուն` բուժուելու: Չափէն աւելին կրնայ յառաջացնել սրտանօթային հիւանդութիւն, կաթուած եւ շաքարախտ:
Խմորի եւ տոնաթի միջեւ տարբերութիւնը գեղեցիկ ու երկար «լոգանք» մըն է եռացող ձէթին մէջ: Այդ «լոգանքը» կը խթանէ ազատ արմատները (free radicals) կամ անկայուն մասնիկները (molecule), որոնք կը վնասեն ձեր բջիջներու այլ մասնիկները եւ տարիներով կը ծերացնեն ձեր մաշկը: Դուք կրնաք նաեւ ազատ արմատներ գտնել տապկուած այլ ուտեստներու մէջ, ինչպիսիք են` տապկուած գետնախնձորը, հաւը եւ մոցարելլայի ձողիկները:
Պարզապէս որովհետեւ անոնք տապկուած չեն, չի նշանակեր, որ անոնք լաւ ազդեցութիւն կը ձգեն ձեր վրայ: Խմորեղէնները, ինչպիսիք են կրկնեփուկները (քուքիները) եւ կարկանդակները, հարուստ են զարկերակներու խցանման ճարպերով, որոնք նաեւ կ՛աւելցնեն ձեր քիլոկրամները: Անոնց մէջ մեծ է նաեւ շաքարի քանակը, որ աւելցուած է ու կրնայ շաքարախտ, արեան գերճնշում եւ ակռաներու քայքայում յառաջացնել (ի թիւս այլ բաներու): Բորբոքումը եւս մէկ հետեւանք է այս տեսակի ուտելիքներու: Որքան աւելի բորբոքում ունենաք, այնքան մեծ կ՛ըլլայ յօդացաւի, ընկճուածութեան, ալցհայմըրի եւ որոշ քաղցկեղներու հաւանականութիւնը:
Բարձր ջերմաստիճանի վրայ միս տապկելը կամ խորովելը կը յառաջացնէ բորբոքում, որ կը վնասէ ձեր մարմինը եւ սրտի հիւանդութիւններ ու շաքարախտ կը պատճառէ:
10.- Ֆրիւքթոզով հարուստ եգիպտացորենի օշարակ
Սեղանի շաքարի քիմիական զարմիկը` ֆրիւքթոզով հարուստ եգիպտացորենի օշարակը, կը քաղցրացնէ կազաւորուած եւ պտուղի ըմպելիքները: Ի թիւս բազմաթիւ այլ առողջական վնասներու` այդ մէկը կը խանգարէ ձեր մարմնի ունակութիւնը պղինձ օգտագործելու: Պղինձը կ՛օգնէ ձեզի` ձեւաւորելու քոլաժեն եւ էլասթին, որոնք կը պահեն ձեր մաշկը առողջ: Օշարակը նաեւ լի է ջերմուժով եւ վտանգ կը ստեղծէ շաքարախտի եւ սրտի հիւանդութիւններու:
Քաֆէինը միզամուղ է: Ան կը խթանէ ձեր ուղեղը եւ միզելու անհրաժեշտութիւնը: Սա կրնայ յանգիլ ջրազրկման: Երբ դուք բաւարար ջուր չունիք ձեր մարմնին մէջ, ձեր մաշկը կը դադրի մարմնի թոյները արտազատելէ: Այս մէկը կը յառաջացնէ չոր մաշկ, քոսախտ (psoriasis) եւ կնճիռներ:
Հակառակ անոր որ այս մէկը արհեստական քաղցրացուցիչներէն աւելի լաւ է ձեր մարմնին համար, սակայն ագաւենին 90% ֆրիւքթոզ է` շաքարի տեսակ մը, որ կրնայ տրոհուիլ միայն ձեր լեարդին մէջ: Երբ ձեր լեարդը ծանրաբեռնուած է, աւելցած ֆրիւքթոզը կը վերածուի ճարպի եւ կը յառաջացնէ աւելի շատ ազատ արմատներ` միացութիւններ, որոնք կը վնասեն ձեր բջիջները:
Աղբիւր` WebMD
Հետաքրքրաշարժ Փաստեր
Հին Հռոմէական Բժշկութենէն
Հին Հռոմի մէջ բժշկութիւնը գիտական գիտելիքները կը համադրէր գերբնական եւ կրօնական համոզմունքներու հետ: Հռոմէացի բժիշկները որդեգրած են յոյն բժիշկ Հիպոկրատի եւ անոր հետեւորդներու վարժանքները եւ անոնց փիլիսոփայութիւններէն շատերը, յատկապէս` ՆՔ 219 թուականի Սպարտայի Արխակաթուսի ժամանումը, որ կը նկատուէր առաջին յոյն բժիշկը, որ կը գործէր քաղաքին մէջ:
Այդուհանդերձ, հին հռոմէացիները նաեւ բժժանքներ (ամուլեթներ) կը կրէին` հիւանդութիւններէ խուսափելու համար եւ տաճարներու մէջ նուիրատուութիւններ կը մատուցէին աստուածներուն, որոնք բուժիչ ուժ ունէին: Այս երկու մօտեցումներուն խառնուրդը յանգեցուց Հռոմէական կայսրութեան առողջութեան եւ բժշկութեան վերաբերեալ հետեւեալ զարմանալի փաստերուն.
1.- Սպաննուած կլատիաթորներու արիւնն ու լեարդը կը համարուէին լուսնոտութեան (epilepsy) բուժում
Կլատիաթորի արեան հեղումը միայն մահացու մենամարտի մը մէջ պարտուելէ ետք չէ, որ վերջ կ՛ունենար:
Առանց լուսնոտութեան պատճառի գիտական ըմբռնման` հռոմէացի բժիշկները խորհուրդ կու տային առեղծուածային հիւանդութենէ տառապողներուն խմել տաք արիւն, որ առնուած էր սպաննուած կլատիաթորի կոկորդէն` որպէս էլիքսիր: «Կլատիաթորներու արիւնը կը խմեն լուսնոտութենէ տառապող մարդիկ, կարծես այդ մէկը կեանքի փրկագինը ըլլայ», կը յայտնէ հռոմէացի գիտնականը: Բժիշկները նաեւ կը պաշտպանէին կլատիաթորի լեարդի օգտագործումը` որպէս բուժում: Հռոմէացի բժիշկ Սգրիպոնիուս Լարկուս յայտնած է, որ հանդիսատեսները «մէկ քայլ առջեւ կու գան եւ փոշիին մէջ ինկած կլատիաթորին լեարդը կը խլեն»: Բժիշկները, հաւանաբար, յետմահու այս ձեւին դիմած էին, որովհետեւ կլատիաթորները կը նկատուէին առատութեան խորհրդանիշներ, որոնք առողջ կը մահանային:
2.- Հին Հռոմի ամենայայտնի բժիշկը իր մահէն 1300 տարի ետք նոյնիսկ ազդեցութիւն ձգած է բժշկութեան վրայ
Յունաստան ծնած եւ մեծցած Փերկամոնացի Կալէնը սորված է անդամազննութիւնը եւ ֆիզիոլոկիական տեսութիւնը Եգիպտոսի մէջ, Աղեքսանդրիա, եւ կատարելագործած է իր բժշկական հմտութիւնները` բուժելով վիրաւոր կլատիաթորները իր ծննդավայրին մէջ` նախքան Հռոմի մէջ հաստատուիլը 162 թուականին: Ի թիւս այլ վիրահատութիւններու, Կալէն կը քաջալերէր ֆիզիքական վարժութիւնները, հաւասարակշռուած սննդակարգը, կանոնաւորուած առողջաբանութիւնը եւ լոգանքը: Ան տեսութիւն դրաւ, թէ ուղեղն է, որ կը հսկէ մարմինը, եւ ոչ թէ` սիրտը: Ան առաջին բժիշկն էր, որ ցոյց տուաւ, թէ կոկորդը ձայն կ՛արտադրէ եւ եղաւ երակային ու զարկերակային արիւններու միջեւ տարբերութիւնը առաջին յայտնաբերողը: Ծառայելով քանի մը կայսրերու` որպէս անձնական բժիշկ, Կալէն զարգացուց անդամազննական իր գիտելիքները` կլատիաթորներու խնամքի եւ անասուններու մասնատման միջոցով: Ան գրած է հարիւրաւոր բժշկական բանագրութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատը մնացած են վստահելի աղբիւրներ մինչեւ 1500-ական թուականներ:
Կալէնը վիրաւոր կլատիաթորը կը բուժէ Փերկամոնի ամփիթատրոնէն ներս, 2-րդ դար
3.- Կը նկատուէր, որ քաջառողջութեան բանալին չորս «հիւմորներու» հաւասարակշռութիւնը պահելու մէջ էր
Հռոմէացի բժիշկները հետեւեցան Հին Յունաստանի մէջ մշակուած այն տեսութեան, որ մարդու առողջութիւնն ու յոյզերը կը կառավարուէին ներքին չորս նիւթերով` արիւնով, խորխով, դեղին մաղձով եւ սեւ մաղձով: Այս «հիւմորները» կապուած էին չորս տարրական յատկանիշներու (տաք, պաղ, թաց եւ չոր): Հռոմէացի բժիշկները շարք մը հիւանդութիւններ կը վերագրէին մարմինի հիւմորի անհաւասարակշռութեան: Կալէնը, օրինակ, կը կարծէր, որ սեւ մաղձի աւելցուկը քաղցկեղային ուռեցքներ կը յառաջացնէր: Հաւասարակշռութիւնը կրնայ վերականգնիլ բազմատեսակ բուժումներու միջոցով, ինչպիսիք են` արիւնահոսութիւնը, փսխումը, գրեխները (enema), քրտինք հրահրելը եւ մեծ քանակութեամբ սպառումը այն ուտեստեղէններուն, որոնք դասակարգուած են որպէս տաք կամ պաղ, թաց կամ չոր:
Չորս հիւմորները
Աղբիւր` History.com
(Շարունակելի)