Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ասատուր Ալթունեանի Կենսագրականը

Փետրուար 24, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան

Բժիշկ  Ասատուր Ալթունեան ծնած է Սեբաստիա, 21 մարտ 1857-ին:  Շրջանաւարտ եղած է Այնթապի բժշկական եռամեայ քոլեճէն, 1881-ին: 1881-84 աշակերտած է տեղի ամերիկացի բժիշկ Վէյչսին, ապա եղած է անոր  օգնական բժիշկը: 1884-ին մասնագիտական ուսման հետեւած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1885-ին: Իր թեզը եղած է «Հալէպի վէրք»-ը: Ան եզրակացուցած է, որ այս հիւանդութիւնը հետեւանք է միջատի մը խայթուածքին, եւ ոչ թէ` այլ պատճառի: Դարմանումի համար յանձնարարած է ձկան իւղ եւ մանիշանիւթ (tincture of iodine):  Ապա կատարելագործած է իր մասնագիտութիւնը իբրեւ վիրաբուժ`  Գերմանիոյ Հայտելպերկ քաղաքի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ:

1887-ին բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին շնորհուած է  փրոֆեսէօրի տիտղոս:  Նոյն տարին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ  արտօնագիր ստացած է Թուրքիոյ մէջ աշխատելու` իբրեւ բժիշկ: Քանի մը ամիս   աշխատած է Այնթապի բժշկական քոլեճին մէջ, սակայն Ապտիւլ Համիտի  բռնակալութեան օրերուն  բժշկական ճիւղը արգիլուած ըլլալով Այնթապի քոլեճին մէջ, կրկին մեկնած է Եւրոպա եւ աշխատած է անուանի բժշկական կեդրոններու մէջ: Պերլինի մէջ  6 ամիս աշխատած է բժիշկ  Ռոպերթ Կոխի մանրէաբանական հաստատութեան մէջ: 1888-ին աշխատած  է Վիեննայի եւ ապա Լոնտոնի բժշկական հաստատութիւններու մէջ:

1889-ին մեկնած է Հալէպ իր կնոջ` Հարիէթ Մարթա Ռիտալի հետ, որ հիւանդապահուհի էր Այնթապի Ազարիէ հիւանդանոցին մէջ:

Հալէպի մէջ հիմնած է իր նախնական հիւանդանոցը, իսկ 1911-ին շինած է նոր, քարաշէն «Ալթունեան» հիւանդանոցը` Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ, արդիական բոլոր սարքերով` անձնական ելեկտրականութիւն, ջրամբար եւ դեղարան: «Ալթունեան» հիւանդանոցը գործած է մինչեւ 1962:

Հալէպի «Ալթունեան» հիւանդանոցը

Հիւանդանոցին մէջ բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին գաղտնաբար օգնութեան հասած է իր դուստրը` Նորան,  հակառակ տեղական օրէնքներու արգելքին:

1927-ին հիւանդանոցին մէջ հիմնած է  բուժքոյրերու դպրոց իր զաւկին` բժիշկ-գնդապետ Էռնեսթ Ալթունեանի գործակցութեամբ եւ զբաղած է որակեալ բուժքոյրերու պատրաստութեամբ:

Պարբերաբար այցելած է Եւրոպա եւ բժշկական առաջատար համալսարաններու մէջ հետեւած է  բժշկական տարբեր մասնագիտութիւններու:

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան (կեդրոնը) բուժքոյրերուն եւ իր բժիշկ զաւկին` Էռնեսթին հետ

1937-ին եղած է Հալէպի Բժիշկներու միութեան պատուոյ նախագահը:

1939-ին արժանացած է Նիւ Եորքի վիրաբուժներու միջազգային քոլեճի «Տոքթոր» գիտական աստիճանին:

Հիւանդներն ու բուժքոյրերը «Ալթունեան» հիւանդանոցին մէջ

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան Հալէպի մէջ զբաղած  է նաեւ ազգանուէր գործունէութեամբ: Ան բարեխօսած է Ճեմալ փաշային մօտ, որպէսզի արգելք չհանդիսանայ պատուելի Ահարոն Շիրաճեանի որբահաւաքի աշխատանքներուն: Մեծապէս օգտակար հանդիսացած է հայ գաղթականներուն:

Գործակցած է տեղւոյն Հայ կարմիր խաչին հետ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հալէպահայութեան առողջապահական վիճակի բարելաւման մէջ:

Հալէպի ժողովուրդը զինք  կոչած  է «Հալէպի բժիշկներու հայր»:

Երկար տարիներ աշխատելով Հալէպի իր հիւանդանոցին մէջ` ձեռք  բերած է  մեծ համբաւ ու ժողովրդականութիւն ո՛չ միայն Հալէպի մէջ, այլեւ` ամբողջ Սուրիոյ տարածքին ու Սուրիայէն դուրս:

Եղած է անուանի վիրաբուժ: Կատարած է հարիւր հազարէ աւելի վիրաբուժական գործողութիւններ: Եղած է առողջապահութեան կազմակերպիչ, հասարակական եւ ազգային գործիչ:

Մասնակցած  է Հալէպի հայկական որբանոցի հիմնադրման. հոն ապաստան գտած էին 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 200 երեխաներ: Անձամբ զբաղած է անոնց կենցաղային, անձնական առողջապահութեան եւ բուժման կարիքներով:

Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի առողջապահութեան զարգացման իր տարած աշխատանքին համար արժանացած է Սուրիոյ կառավարութեան  շքանշաններուն:

Ան արժանացած է նաեւ իտալական «Գահի ասպետ» (1914), սուրիական «Արքունեաց» (1931 եւ 1939) ու  «Գերագոյն» (1950) աստիճանի շքանշաններու, Նիւ Եորքի վիրաբուժներու միջազգային քոլեճի «Ոսկիէ մետալ»-ի (1939):

Մահացած է Հալէպ, 4 յունուար 1950-ին, եւ թաղուած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմանուել եկեղեցւոյ բակին մէջ: Իր մահէն ետք զաւակը` Էռնեսթ, կը վտարուի երկրէն եւ հիւանդանոցը կը փակուի 1962-ին:

Մոնրէալ, 28 յունուար 2023

Աղբիւրներ`

  1. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, Ալթունեան Ասատուր, «Բժիշկին Զ. խօսքը», Մոնրէալ, 2022:
  2. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, Ալթունեան Ասատուր, «Հայազգի բժիշկ-գործիչներ», Երեւան, 2020:

 

 

Նախորդը

Արտասովոր Կեանքեր

Յաջորդը

Պատմութիւնը Կը Թաւալի… Վալընթայն Տօնելով

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?