Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը Ամփոփեց Համաշխարհային Համագումարի Արդիւնքները
13 փետրոոարին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով, որուն ընթացքին ամփոփեց փետրուար 6-10 կայացած ՀՅԴ Երիտասարդական համագումարի արդիւնքները:
«ՀՅԴ երիտասարդականը յանձնառու է արմատախիլ ընել յարմարուողականութիւնն ու պարտուողականութիւնը մեր երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ», յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ցօղիկ Աշըգեան` աւելցնելով. «Խաբկանք է այն կարծիքը, որ առանց Արցախի` կարելի է խաղաղ ապրիլ Հայաստանի մէջ: ՀՅԴ երիտասարդականը պիտի շարունակէ պայքարը բոլոր ապազգային իշխանութիւններու դէմ եւ պիտի խանգարէ իրենց քաղաքականութիւնները, արգելք պիտի հանդիսանայ Հայաստանի թրքացման իրենց ծրագիրներու իրագործման»:
Անոր համաձայն, Արցախի հարցը Հայ դատի կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է. «Եթէ այսօր Արցախին չտրուեցաւ այն, ինչ որ ան կը պահանջէ` արդարութիւն եւ իր իրաւունքները իբրեւ հանրապետութիւն, մենք չունինք կարելիութիւնը շարունակելու Հայ դատի պայքարը, որովհետեւ մէկ օղակը միւսը կ՛ամբողջացնէ»:
Սուրիոյ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդի անդամ, պատանեկան յանձնախումբի պատասխանատու Մարիա Գաբրիէլեան դիտել տուաւ, որ իրենք ամիսներ առաջ նախատեսած էին այս համագումարին կազմակերպումը, բաւական աշխատեցան ծրագրի մշակման գործընթացին վրայ: «Շատ զգուշ էինք, որ հայրենիքի այս դժուար ժամանակներուն մէջ, որքան կարելի է, մեր գաղափարակից ընկերները ներգրաւենք կատարուած աշխատանքներուն մէջ: Կարեւոր նախագիծներ մշակեցինք, ռազմավարութիւն ճշդեցինք ներքին կազմակերպչական, երիտասարդականին, ուսանողականին, պատանեկանին առնչուած ուղեցոյցներու հայեցակարգի մշակումներ իրականացուցինք, ինչպէս նաեւ հայրենիքին առնչուած նախագիծներ ստեղծեցինք: Բաւական լուրջ էր համագումարի մասնակիցներուն մօտեցումը, ինչպէս նաեւ` կազմակերպչական աշխատանքը: Մտավախութիւն չունէինք մօտեցումներու կամ վերաբերումի համար, բայց հաստատեցինք այս քանի մը օրուան համագումարի ժամանակ, թէ ի՛նչ աշխատանք տարած ենք տարիներէ ի վեր, նոյն ուղղութիւնը բռնած ենք թէ՛ սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ հայրենիքի: Մտավախութիւն չունինք ազգասէր եւ հայրենասէր սերունդներ չունենալու առնչութեամբ: Այդ ուղղութեամբ տարիներու աշխատանքը ի զուր չէ գացած: Հայրենիքի այս դժուար օրերուն պատրաստակամութեամբ գալ օգտակար դառնալու համար` շատ ոգեւորիչ էր: Այլեւս այն միտքը, որ անտարբերութիւն է երիտասարդութեան մօտ, ընդհանրապէս դուրս եկաւ մեր մտքէն», յայտնեց Մ. Գաբրիէլեան: Ան շեշտեց, որ իրենք բոլորը միանման կը մտածեն` յանուն հայրենիքի բարօրութեան, յանուն իրենց հետապնդած նպատակներու իրականացման:
Սիւնիքի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական գործիչ Գոռ Մաթեւոսեան իր կարգին յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի համաշխարհային երիտասարդական ամբողջ կառոյցը հայ իրականութեան մէջ եզակիներէն է, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, այսպիսի ազգային կառոյցները եւ ազգային միաւորները շատ աւելի քիչ են այս պահուն, Դաշնակցութիւնը եզակի է իր համաշխարհային երիտասարդական կուռ կառոյցով:
«Կարելիութիւն ունեցայ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ իրականացնել համագումար` երիտասարդութեան հարցերով, ներմիութենական, Արցախի հիմնահարցերու նաեւ մտահոգութիւններու վերհանման ամբողջական երիտասարդական միութիւններու կարելիութիւնները չափելով, թէ որքանո՛վ մենք կրնանք մեր կարելիութիւնները ներդնել Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ: Բոլորիս համար գաղտնիք չէ, որ ե՛ւ Արցախը, ե՛ւ Սիւնիքը վտանգուած են ու շատ կարեւոր նկատեցինք, որ այս համագումարը կայացուի Սիւնիքի մէջ: Կրկին անգամ վերանորոգեցինք մեր գաղափարը, որ մեր ամբողջ կառոյցը իր բոլոր կարողականութիւնները պիտի ներդնէ Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ», հաղորդեց ան:
Անոր խօսքով, բոլորին համար գաղտնիք չէ, որ վերջին շրջանին ՀՅԴ երիտասարդութիւնը պայքարի առաջնագիծին վրայ եղած է, բոլոր այն պայքարներուն, որոնք եղած են ազգայինի, Արցախի, մեր շահերուն համար եւ, ինչպէս գիտենք, նաեւ ՀՅԴ ամբողջական կառոյցը նոյն ձեւով սփիւռքի մէջ իր բոլոր ջանքերը ներդրած է այդ ապազգային երեւոյթներուն դէմ պայքարելու համար:
Ըստ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքս Մանուկեանի, այս համագումարը շատ կարեւոր եւ ոգեւորիչ ժողով էր մեր կառոյցներուն մէջ եւ ընդհանրապէս հայ երիտասարդութեան համար: Սփիւռքի համար Արցախը եւ մեր հայրենական հողերու վերականգնման հարցերը միշտ եղած են եւ պէտք է մնան առաջնահերթութիւն:
«Միշտ սփիւռքը պէտք է վառ պահէ արժանապատիւ ազգային օրակարգերը մեր շրջաններուն մէջ, եւ ինծի համար շատ տպաւորիչ էր տեսնելը, որ մեր սփիւռքի երիտասարդ ղեկավարները նոյն օրակարգով կը շարժէին, հայրենիքի երիտասարդները` նոյնպէս: ՀՅԴ-ն Գարեգին Նժդեհի շունչով պէտք է շարունակէ իր պայքարը եւ յաղթահարէ այս շատ դժուարին օրերը, որուն մէջէն կ՛անցնին հայ ազգն ու հայրենիքը: Ինչպէս ըսի, սփիւռքը միշտ Արցախի եւ ազգային արժանապատիւ օրակարգերու թիկունքին կը կանգնի: Մենք մինչեւ այսօր կը շարունակենք եւ պէտք է շարունակենք այս պայքարը` յանուն Արցախի, յանուն Սիւնիքի ու յանուն ամբողջական Հայաստանի, եւ ոչ մէկ բան պէտք է մեզ շեղէ այս օրակարգէն», շեշտեց ան:
«Ազդակ»-ի Խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանի Հանդիպումը Երեւանի Պետական Համալսարանի Լրագրութեան Ուսանողներուն Հետ
Փետրուար 10-ին Երեւանի պետական համալսարանի լրագրական բաժանմունքին մէջ հիւրընկալուեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն, միջազգային յարաբերութիւններու քաղաքագէտ-վերլուծաբան Շահան Գանտահարեան:
Լրագրողներու բաժանմունքի նախագահ Նաղաշ Մարտիրոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ «Ազդակ»-ը ունի հմուտ խմբագիր եւ խմբագրակազմ, որոնք կրնան զգալ ժամանակի շունչը եւ արձագանգել օրուան հարցերուն, որոնք համազգային են, համայն հայութեանն են:
Նոր մետիայի եւ հաղորդակցութեան ամպիոնի վարիչ Դաւիթ Պետրոսեան յայտնեց, որ «Ազդակ»-ը այսօր ալ կը շարունակէ սփիւռքի մէջ դիմագրաւել Հայ դատին ուղղուած տարբեր մարտահրաւէրներ: Մասնաւորապէս մեր օրերուն աւելի սուր կերպով դրուած են Արցախի անվտանգութեան, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնական հարցերը, որոնց նուիրուած հրապարակումները յաճախակիօրէն անպակաս են թերթին էջերէն:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, որ ներկայացուց թերթին մասնագիտական առօրեան, ձեռքբերումները եւ այն հարցերը, որոնց յաղթահարումը սփիւռքի մէջ զգալի ջանքեր կը պահանջէ խմբագրակազմէն: Ան ուսանողներուն ներկայացուց նաեւ թերթի աշխատանքները տեղեկատուական նոր արհեստագիտութիւններու պայմաններու, համացանցին մէջ սեփական կայքով հանդէս գալու առաւելութիւններն ու դժուարութիւնները եւ նշեց, որ անկախ համաշխարհայնացման նոր մարտահրաւէրներէն` «Ազդակ» կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ սփիւռքի մէջ հայութեան միասնական պայքարի սկզբունքներուն, սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն մէջ համազգային շահով առաջնորդուելու գաղափարներուն, Հայ դատի հարցերու լուծման ուղղութեամբ նոր լուծումներու փնտռտուքին:
Այնուհետեւ Շ. Գանտահարեան պատասխանեց ապագայ լրագրող ուսանողներու հարցերուն` ուրախութեամբ խոստովանելով, որ անոնց լրջմիտ հարցադրումները կը վկայեն լրագրողներու նոր սերունդի ազնիւ մտահոգութիւնը Հայաստանի ներկայի ու ապագայի հանդէպ:
Համազգայինի Գիւմրիի Գրասենեակի Բացում
Փետրուար 19-ին` Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Գիրք նուիրելու օրը, Գիւմրիի մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի Գիւմրիի գրասենեակի բացման արարողութիւնը:
Հանդիսաւոր բացումին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնի դահլիճին մէջ, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի նորաբաց գրասենեակի պատասխանատու Արա Նախշքարեան:
«Գիւմրին ուրախ է այսօր, որ պիտի կարողանայ իր արուեստագէտ հասարակութեան մէջքը ամուր պահող կառոյցին իր օժանդակութիւնը բերելով` փոխադարձ վերաբերմունք ստանալ: Խորին յարգանքով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Համազգային միութեան դարբիններուն ու այդ դարբնոցին մէջ կոփուած մեծամեծ հայորդիներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին շնորհիւ, մօտ մէկ դար շարունակ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, իր ինքնատիպ դիմագիծը պահպանելով, հաստատակամ քալեց տարիներ շարունակ», իր խօսքին մէջ ըսաւ Նախշքարեան:
Հոգեւոր հօր օրհնութեան խօսքէն ու աղօթքէն ետք ելոյթ ունեցան Համազգայինի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչները:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը ներկաները ողջունեց վարչութեան անունով եւ անդրադարձաւ 95-ամեայ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի առաքելութեան: «Հայ մարդը նախ եւ առաջ պէտք է փրկել մշակոյթով եւ կրթութեամբ, պատահական չէ, որ 1915 թուականին Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած վերապրողներ անապատի աւազի վրայ իրենց զաւակներուն հայոց տառերը սորվեցուցին, որովհետեւ կը հասկնային, որ ողջ մնացողը պիտի պահպանուի որպէս հայ, հոգեպէս պիտի չմահանայ, եթէ տիրապետէ իր լեզուին: Այդ մեծ նպատակին համար, հայը հայ պահելու գիտակցութեամբ, ծնունդ առաւ Համազգայինը», ընդգծեց Արտաշէս Շահբազեան:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ. «Համազգայինը հայկական մեծ, աւանդական ընտանիք մըն է, հայ ընտանիքներուն մէջ իւրաքանչիւր զաւակի ծնունդը տօն է, որովհետեւ ընտանիքը այդ երեխային յոյսեր ու փափաքներ կը կապէ, կ՛ուրախանայ անոր ամէն մէկ յաջողութեամբ: Այսօր Համազգայինի մեծ ընտանիքին մէջ այդ երեխան Գիւմրիի գրասենեակն է, եւ ես կը հաւատամ, որ ան բարձր պիտի պահէ ընտանիքին պատիւը: Յատկապէս հիմա, երբ հոգիի սովը կարծես կերած է ամէն ինչ, ընելիքները շատ են, յոյսը մշակոյթն է, փրկողը մշակոյթը պիտի ըլլայ»:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան անդրադառնալով հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական այս օրերուն` նշեց, որ Համազգայինի նուիրեալ հիմնադիրները մեզի կը յղեն հետեւեալ կարեւոր պատգամը. «Միայն հոգեւոր հայրենիքը պահողները կրնան կերտել ֆիզիքական հայրենիք: Անոնք, որոնք իրենց մէջ կը սպաննեն հոգեւոր հայրենիքը, անոնք կը դադրին պայքարելէ: Չպայքարողները այսօր ժողովուրդը կանգնեցուցած են մեծ աղէտի մը դէմ յանդիման, եւ ասոր ականատես ենք հիմա Արցախի ու Հայաստանի մէջ: Այսօր բոլորս, այդ հոգեւոր հայրենիքի վրայ դողալով, պիտի պահենք մեր պետականութիւնը եւ զայն փոխանցենք եկող սերունդներուն»:
Ձեռնարկին ընթացքին ողջոյնի ու շնորհաւորութեան խօսքով հանդէս եկան` Հայաստանի Գրողներու միութեան Շիրակի մասնաճիւղի նախագահ, բանաստեղծ Անդրանիկ Կարապետեանը, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ Սամուէլ Լաչիկեանը, գրականագէտ Կարինէ Մարտիրոսեանը:
Գրասենեակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան գեղարուեստական մասը ներկայացուցին «Հրայրք» ազգային պարի համոյթը եւ երգչուհի Հերմինէ Ղարիբեանը:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին կողմէ հայ մեծ բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով հրատարակուած «100 բանաստեղծութիւն» գիրքի (կազմեց` Սիլվա Իւզբաշեանը) շնորհահանդէս:
Հաւատարիմ մնալով օրուան խորհուրդին` բոլոր ներկաներուն Համազգայինի կողմէ գիրքեր նուիրուեցան:
Արցախի Մէջ Մարդասիրական Օգնութիւն Կը Տրամադրուի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն Եւ Պատերազմէն Տուժածներուն
Շարք մը կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ պարբերաբար մարդասիրական օգնութիւն կ՛ուղարկուի շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներու համար, որ կը հաւաքագրուի Գորիսի մէջ եւ կարելիութեան պարագային Արցախ կը հասցուի ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան կողմէ խումբերու կը բաժնուին եւ կը տրամադրուին ընկերային որոշ խումբերու ներկայացուցիչներու` 4 եւ աւելի երեխաներ ունեցող ընտանիքներ, զոհուած եւ անհետ կորսուած ազատամարտիկներու ընտանիքներ, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, պատերազմի մասնակիցներու եւ նախարարութեան դիմած ընկերային անապահով ընտանիքներու:
Մարդասիրական օգնութիւնը յառաջիկային պիտի բաժնուի այլ խումբերու եւս:
«Թեւանիկ»-ը Մարդասիրական Օժանդակութիւն Ուղարկեց Սուրիա
Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր կ՛օժանդակէ Արցախի բնակչութեան, դպրոցներուն եւ ՀՕՄ-ի ճամբով իրականացուող բոլոր ծրագիրներուն, այս անգամ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղարկեց Սուրիա` զօրավիգ դառնալու սուրիահայութեան:
Գնահատելով «Թեւանիկ»-ի օգնութիւնը` պատասխանատու կազմը հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ դեսպանատուն:
Դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմին եւ գնահատեց Իրանի, Հայաստանի ու Սուրիոյ բարեկամական կապերը այսպիսի դժուար ժամանակներու մէջ զիրար օժանդակելը կարեւոր նկատելով:
«Թեւանիկ»-ի պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ Իվեթ Դանիէլեանի, իր կարգին իրանահայութեան եւ «Թեւանիկ»-ի կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին, դեսպանատան անձնակազմին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին` Սուրիոյ երկրաշարժին արձանագրուած զոհերուն համար:
Դեսպան Նորա Արիսեան ծանօթացաւ «Թեւանիկ»-ի գործունէութեան եւ բարձր գնահատեց զայն:
«Ղարաբաղեան Շարժում-35» Խորագիրով Ցուցադրութեան Պատմութեան Թանգարանին Մէջ
Վերջերս Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին դիմահայեաց կամարաշարին ներքեւ տեղի ունեցաւ «Ղարաբաղեան շարժում-35» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր ինչպէս թանգարանի ֆոնտերէն, այնպէս ալ անհատ ուսումնասիրողներու արխիւներէն:
Ցուցադրութեան նպատակն է 35 տարուան հեռաւորութենէն ներկայացնել արցախեան շարժման պատմութիւնը:
Նոյն օրը «Ղարաբաղեան շարժում-35» խորագրով ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Ամերիկայի հայկական թանգարանի կողմէ նախաձեռնուած` «Արցախի գանձերը. առցանց ցուցահանդէս 15 հայկական թանգարաններէն» առցանց ցուցահանդէսին մեկնարկը:
Ստեփանակերտի Մէջ Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան Եւ Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով Անցորդներուն Գիրքեր Նուիրուեցան
Փետրուարի 19-ին Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Գիրք նուիրելու օրուան առիթով Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանի ու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կայացաւ «Ամէն անցորդի մէկ գիրք» ծրագիրը:
Ծրագրի գլխաւոր նպատակն է նաեւ հասարակութեան մէջ քարոզել գիրք ընթերցելու աւանդոյթի յարատեւութեան կարեւորութիւնը:
Ստեփանակերտի Մէջ «Իմ Հայրենիք» Խորագիրով Լուսանկարներու Շրջուն Ցուցահանդէս
Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացումը կայացաւ «Իմ հայրենիք» խորագիրով լուսանկարներու շրջուն ցուցահանդէսին:
Ցուցադրուած լուսանկարներուն մէջ խաղաղ եւ պատերազմական օրերու դրուագները ներկայացուած են ինչպէս Արցախէն եւ Հայաստանէն, այնպէս ալ` Ռուսիայէն, Իտալիայէն, Իսրայէլէն, Չեխիայէն եւ Սլովաքիայէն:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի վարիչ Նարէ Նիկողոսեան տեղեկացուց, որ նախաձեռնութեան հեղինակը երեւանաբնակ լուսանկարիչ Արմէն Ենգոյեանն է:
«Ցուցահանդէսի կապակցութեամբ անոր մտայղացումը ծնած է արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերու ընթացքին: Յաջակցութիւն արցախահայութեան` ան փորձած է մէկ գաղափարի շուրջ համախմբել նաեւ այլ երկիրներու լուսանկարիչներ», մանրամասնեց ան` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են 23 լուսանկարիչներու գործեր: Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառով մտայղացման հեղինակը չէ կրցած ներկայ գտնուիլ ցուցահանդէսի բացման, իսկ կազմակերպչական աշխատանքները համակարգած է արցախցի քանդակագործ Արմէն Պետրոսեանը:
«Այսօր աշխարհին հետ խօսելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն ալ մշակոյթն է, ներառեալ` այսպիսի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը: Մեր օրերուն, երբ բառերը տեսակ մը կարծես արժեզրկուած են, արուեստն ու մշակոյթը դարձած են այն զէնքը, որով կարելի է պայքարիլ, աւելի անկեղծ, պարզ ու մարդկային զգացումներու լեզուով խօսիլ համաշխարհային հարթակներէն ու միջազգային հանրութեան հետ: Կը կարծեմ, որ այս ցուցահանդէսը նոյնինքն ատոր վառ ապացոյցն է: Իւրաքանչիւր լուսանկարի մէջ կարելի է տեսնել հայրենիք` ուրոյն դրսեւորումներով: Օտար լուսանկարիչներ ներկայացուցած են իրենց երկրին վերաբերեալ այնպիսի դրուագներ, որոնք համահունչ են նաեւ այսօրուան մեր իրականութեան», յայտնեց Ն. Նիկողոսեան:
Անոր խօսքով, շրջուն ցուցահանդէսը ներկայացուած է նաեւ Մարտակերտ, Ասկերան քաղաքներուն եւ Բերդաշէն ու Մաղաւուզ համայնքներուն մէջ: Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ փետրուարի վերջը, եւ կը նախատեսուի լուսանկարները ներկայացնել Երեւանի մէջ եւս: