Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Կայացաւ «Հայ Հասարակական–Քաղաքական Միտքը 19-րդ Դարու Վերջին Եւ 20-րդ Դարու Առաջին Կէսին, Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն» Խորագիրը Կրող Գիտաժողովը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ, մարտ 2-ին կայացաւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեանը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, ՀՊՄՀ նախագահ Սրբուհի Գէորգեանը, նոյն համալսարանի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդկար Յովհաննիսեանը եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը:

«Այն ժողովուրդի ժառանգները, որոնք պատերազմի, սովի, անձեւ քաոսի պայմաններու մէջ 1918 թուականին անկախ հանրապետութիւն կերտեցին, նոյն ոգիով ալ 1988 թուականին ազգային շարժում սկսան: Այս ամէնը փաստեց, որ նպատակը կ՛ուրուագծէ պատմական հոլովոյթի ընթացքը: Գրեթէ մէկ միլիոն մարդ «Ազատութեան» հրապարակը կը հաւաքուէր «Միացո՛ւմ» կոչի ներքեւ` հաւատարիմ ազատ ու անկախ ապրելու իր մեծ նպատակին, ինչպէս եւ` Միացեալ Հայաստանի համար պայքարի պատրաստակամութեան: Այսօրուան գիտաժողովի ուղերձը անգամ մը եւս կը հաւաստիացնէ, որ հայոց պետականութիւնը անխաթար պահելու, օրուան իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը ծրագրելու գործընթացին ելակէտը պէտք է ըլլայ ժողովուրդին իտէալը», նշեց Ռուզան Առաքելեան:

Զեկուցումներով հանդէս եկան` դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանը (Միացեալ Նահանգներ), կրթական վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանը (Լիբանան), փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեանը, դոցենտ Էդկար Յովհաննիսեանը, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեանը, Կարէն Խանլարեանը, փրոֆեսէօր Սամուէլ Պօղոսեանը, փրոֆեսէօր Աւետիս Յարութիւնեանը, դոցենտ Հայկ Գրիգորեանը, Վարդան Դեւրիկեանը, փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեանը, փրոֆեսէօր Վազգէն Համբարձումեանը, Մարիամ Յովսէփեանը, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանը, փրոֆեսէօր Ռիմա Միրումեանը, Մարգարիտ Խաչատրեանը, Արմէն Կարապետեանը:

Նշենք, որ գիտաժողովի մասնակիցներուն զեկուցումները պիտի զետեղուին յառաջիկային տպագրուելիք գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուին մէջ:

Ցուցադրուեցաւ «Անմահների Ժամանակը»` Պռօշեանի 26 Կամաւորականներու Սխրանքին Մասին Փաստագրական Ժապաւէնը

28 փետրուարին «Մոսկուա» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնը, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 12 փետրուարին, Պռօշեանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ:

Անիկա նուիրուած է «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկներուն, որոնք 44-օրեայ պատերազմին Վարագնաթաղի մարտագիծին վրայ բացառիկ սխրանքով կասեցուցին թուրք գրոհայիններու լայնածաւալ յարձակումը` թոյլ չտալով գարշելի  ելուզակներուն թափանցել Մարտակերտ եւ Եղնիկներու պաշտպանական գօտի: Այդ հերոսական կռիւին զոհուած 24 մարտիկներուն 20-ը Պռօշեան համայնքէն էին, անոնց կարգին է լիբանանահայ, Այնճարի ծնունդ, օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանը:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին մէջ կան իրական իրադարձութիւններ, ջոկատներ, կարեւոր ճակատամարտեր եւ անիկա յատկապէս ձօնուած է Պռօշեան համայնքի քսան զոհուած կամաւորականներու սխրանքին ու անմար յիշատակին:  Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 20 նահատակներուն ճակատագիրը 39 վայրկեանի մէջ:  Ժապաւէնը պատրաստուած է Պռօշեանի ՀՅԴ «Դրօ Կանայեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ ՀՕՄ-ի Պռօշեանի «Շենիկցի Շաքէ» մասնաճիւղի նիւթական ներդրումով:

Ս. Թադէոսեան այս առիթով յայտնեց, որ «Անմահների ժամանակը» զուտ վաւերագրական ժապաւէն է, բայց կան քանի մը գեղարուեստական տեսարաններ. «Օրինակ, թէ ինչպէ՛ս տղաները մեկնելէ առաջ դրօշին վրայ ստորագրեցին: Կատարուածը նկարագրուած է որոշակի մանրամասնութիւններով` սխրանքի կտորներով: Ես գիշերը մինչեւ լոյս մնացած եմ իրենց հետ` մինչեւ իրենց մեկնիլը: Եւ բոլորին նկարած եմ թէ՛ լուսանկարով եւ թէ՛ տեսերիզով: Նկարած եմ, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստուին, հագուստ ու զէնք կը ստանան, կ՛երգեն, որոշ դրուագներ ալ «Երկիր Մետիա»-ի արձանագրութիւնն է նկարիչներու` Արմէն Սերոբեանի եւ Արմէն Մուշեղեանի. վերջինս այնտեղ կը գտնուէր նաեւ իբրեւ մարտիկ, նոյնիսկ իր նկարահանման գործիքը չէ պայթած: Այնպէս ստացուեցաւ, որ ես պատահաբար գտայ զոհուածներէն մէկուն երգը, որ եղբօր հարսանիքին երգած է, եւ այդ դարձաւ ժապաւէնին սաունտթրեքը` երաժշտական յաւելուածը: Նաեւ խնայեցինք մարդոց յոյզերը, ցնցող քատրեր չդրինք, Պռօշեանի պանթէոնի պատին վրայ դաջուած բոլորին անունները արդէն իսկ խօսուն են»:

Սամուէլ Թադէոսեան, որ նաեւ 90-ականներու արցախեան պատերազմը վաւերագրած է, նշեց` թէ՛ 90-ականներու, թէ՛ 2020-ի պատերազմները իրար ե՛ւ նման են, ե՛ւ տարբեր. «Ես այս պատերազմին մասնակի մասնակցեցայ, որովհետեւ ուղղակի ֆիզիքապէս չէի կրնար, ետքը` շատերուն կը մերժէին, թէպէտ որոշ բաներ անձնապէս ես նկարած եմ, օրինակ` Ստեփանակերտի ռմբակոծութիւնները: Այս տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ` կենցաղ, հայրենի արժէքներ, փլուզումներ` գիտութեան, մշակոյթի, մեր հերոսներուն փառազրկելու հարցին մէջ, միայն զինուորին ոգին մնաց նոյնը. ե՛ւ այն տարիներու, ե՛ւ այս տարիներու նուիրեալները բացարձակ նոյն տեսակի մարդիկ են: Զինուորը, կամաւորականը հրահանգ չի կատարեր, անոր հրահանգը սրտէն կը բխի, իսկ կամաւորները մնայուն այդպէս կ`ըլլան ու երբեք չեն փոխուիր, միշտ պարտքի ու գիտակցութեան շրջանակներու մէջ են: Այս լրիւ ուրիշ տեսակի պատերազմ էր` այն իմաստով, որ ինչ-որ բաներ թերեւս սկիզբէն համաձայնեցուած էին, բայց այս պատերազմը կը զուգադիպէր աշխարհի վերաբաժանման կանխաւ մտածուած որոշ պետութիւններու ցանկութիւններուն հետ, եւ մենք մատաղացանք` նորէն համոզուելով, որ այս աշխարհը մեզի հետ կապ չունի, եւ այն, ինչ կ՛ըսուի, հերթական մխիթարական խօսքեր են, մենք մինակ ենք: Այդ բոլորը կը ստիպեն մեզի, որ մենք մեր անցեալի դասերը սորվինք ու հասկնանք, որ մեր յոյսը մենք ենք, եւ ոչ ոք կու գայ ու մեր ցաւին ընկեր կը դառնայ»:

ՀՕՄ–ականները Յարգեցին ՀՕՄ–ի Ննջեցեալերուն, Արցախի Նահատակներուն Եւ Սուրիոյ Երկրաշարժի Զոհերուն Յիշատակը

Վերջերս Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մը` ՀՕՄ-ի ննջեցեալներուն, բարերարներուն, մեր նահատակ հերոսներուն եւ Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժին զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն գլխաւորութեամբ, մեծաթիւ ՀՕՄ-ականներ մասնակցեցան հոգեհանգիստի արարողութեան եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին բոլոր ննջեցեալներուն:

Հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Անյայտ զինուորի յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց` առ ի յարգանք այն հերոսներուն, որոնք մեր սիրելի հայրենիքին պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն ընթացքին անհետ կորսուեցան: Ծաղկեպսակը յուշարձանին առջեւ զետեղեցին աւագ ՀՕՄ-ականներ Ժենիկ Պարսամեանը եւ Սուսաննա Ալոյեանը:

Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց Սօսէ Մայրիկի շիրիմ, ուր ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստուհի Սասունեան եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ զետեղեցին:

Ապա Քէշիշեան խօսեցաւ Սօսէ Մայրիկի ազգային ազատագրական պայքարին մասնակցած կին ֆետայիի կերպարին, սխրագործութիւններուն, հայրենասիրական ոգիին եւ քաջագործութիւններուն մասին: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` իբրեւ ժառանգորդներ Սօսէ մայրիկներուն եւ անոր նմաններուն,  իրականացնել ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը եւ խիտ շարքերով շարունակել հայրենանուէր իրենց գործունէութիւնը` հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսին:

Այնուհետեւ ներկաները ՀՕՄ-ի քայլերգին փոխարէն` մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին Սօսէ Մայրիկին նուիրուած «Գնդակ որոտաց» երգը, խունկ վառեցին անոր շիրիմին առջեւ եւ օրուան խորհուրդը շարունակեցին` այցելելով մեր նորագոյն նահատակներու շիրիմները եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոնց յիշատակին:

Տաղանդաւոր Բանաստեղծ, Գրականագէտ, Արցախի Գրողներու Միութեան Նախագահ Վարդան Սարգիսի Յակոբեանը Ոչ Եւս Է

Կեանքէն անսպասելիօրէն հեռացաւ տաղանդաւոր բանաստեղծ, գրականագէտ, Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Սարգիսի Յակոբեանը:

Ստեղծագործական ինքնատիպ, բեղմնաւոր ճանապարհ ապրած Վարդան Յակոբեան հայ մշակոյթին ժառանգութիւն ձգած է բանաստեղծական տասնեակ բարձրարուեստ ժողովածուներ եւ գրականագիտական խորիմաստ ուսումնասիրութիւններ:

Վարդան Սարգիսի Յակոբեան ծնած է 1948 թուականին, Արցախի Հադրութի շրջանի Արփագէտուկ (Քարինգ) գիւղը: Ուսանած է հայրենի գիւղի եօթամեայ, Պաքուի N 152 եւ հայրենի շրջանի Հին Թաղերու միջնակարգ դպրոցներուն մէջ: Բանաստեղծութիւններ սկսած է գրել տասնմէկ տարեկանէն: Դպրոցական տարիներուն զբաղած է նաեւ գեղանկարչութեամբ եւ ստեղծագործող դպրոցականներու մարզային ողիմպիականին առաջնութիւնը շահած է «Եղնիկն ու լիճը» գեղանկարին համար:

Վ. Յակոբեան Պաքուի N 152 դպրոցին մէջ ուսանողութեան ժամանակ, 9-րդ դասարանին, կոմերիտմիութենէն հեռացուած ու մեղադրուած է «շիրազեան ազգամոլութեան» մէջ: Ան ազերիական հաւատաքննիչներու ճնշման տակ ստիպուած տեղափոխուած եւ ուսումը շարունակած է հայրենի շրջանի Հին Թաղեր գիւղը:

1965 թուականին բանաստեղծութիւններ ուղարկած է Շիրազին: Անոր քաջալերանքը ստանալէ ետք Վարդան Յակոբեան կնքուած է (անձնագրային անունը` Սլաւիկ) գրական անուամբ:

Պաքու, 60-ական թուականներուն, տակաւին ուսանողութեան տարիներուն, երկու տարի աշխատած է Պաքուի 26 կոմիսարներու անուան մշակոյթի հայկական տունը` իբրեւ ասմունքող:

1969 թուականին աւարտած է Պաքուի մանկավարժական հիմնարկը եւ աշխատանքի անցած` Ստեփանակերտի «Սովետական Ղարաբաղ» թերթի մշակոյթի բաժինին մէջ, նախ իբրեւ գրական աշխատող, ապա` բաժինի վարիչ, խմբագիրի տեղակալ:

1983 թուականէն սկսեալ եւ մինչեւ իր կեանքի շիջումը աշխատած է Արցախի Գրողներու միութեան մէջ` իբրեւ կազմակերպութեան ղեկավար:

Հիմնադրած եւ խմբագրած է` «Արցախ» հանդէսը, «Եղիցի Լոյս», «Պըլը-Պուղի», «Յարութիւն», «Նարեկ», «Դպրատուն» պարբերականներն ու «Արցախ» հրատարակչութիւնը:

Հեղինակ է բանաստեղծական, գրականագիտական եւ մշակութաբանական եօթը տասնեակէ աւելի ժողովածուներու, որոնք տպագրուած են Երեւանի, Ստեփանակերտի, Մոսկուայի, Պաքուի մէջ եւ այլուր:

Հեղինակ է շարք մը թատրերգութիւններու («Հայելիներ», «Քո սէրը քո տունն է», «Ես հրաժարւում եմ ինձանից», «Արցախեան բալլադ» եւ այլն), որոնք բեմադրուած են ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ մայր Հայաստանի պետական եւ ժողովրդական թատրոններու մէջ:

Վ. Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները տպագրուած են` ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, ուքրաներէնով, պարսկերէնով, վրացերէնով, պուլկարերէնով, անգլերէնով եւ այլ լեզուներով:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական օրհներգին հեղինակն է:

Վ. Յակոբեանի ստեղծագործութիւններու մասին տպագրուած են մենագրական շարք մը աշխատանքներ (Ս. Սարինեան` «Բանաստեղծի յայտնութիւնը», Ս. Խանեան` «Ցաւի եւ սիրոյ պոէզիան», Տ. Սողմոնեան` «Վարդան Յակոբեանի պոէզիայի գեղագիտական համակարգը», «Տաճարի ճանապարհին կամ մենարանի ուխտաւորը» եւ այլն):

Վ. Յակոբեան բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր է (թեման` «Հայ նորագոյն բանաստեղծութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւնները»):

Վ. Յակոբեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան վարչութեան նախագահն էր: Երկար տարիներու համալսարանական-մանկավարժական աշխատանքի փորձ ունէր, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութիւն, գրականութեան տեսութիւն դասաւանդած է Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Ան համատեղութեան կարգով իր հիմնադրած «Գրիգոր Նարեկացի» պետական հաւատարմագրուած համալսարանի նախագահն էր:

Նախաձեռնող խումբի յանձնարարութեամբ ղեկավարած է Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային խորհուրդի 1988 թուականին պատմական նստաշրջանի կայացման աշխատանքները:

Ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անդամ:

Արցախեան թեմին կողմէ Հայոց ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է եւ 1995 թուականին Սուրբ Էջմիածինի մէջ մասնակցած է կաթողիկոսական ընտրութիւններուն:

Արցախեան համազգային շարժման ղեկավար մարմինի` «Կռունկի» ստեղծման օրէն նախագահի տեղակալն էր:

Արցախեան համազգային ազատագրական շարժման աշխուժ գործիչ էր: Արցախը մայր Հայաստանի միացնելու մասին նամակի նախաձեռնողներէն ու պատրաստողներէն մէկն էր, նամակին տակ առաջին ստորագրութեան հեղինակը: Ղեկավարած է Արցախը մայր Հայաստանի միացնելու համար Մոսկուա մեկնած մտաւորականներու պատուիրակութիւնը:

Վերջապէս, Վարդան Յակոբեան գրական ու գրականագիտական հարուստ ժառանգութիւն ձգեց հայ ժողովուրդին:

Ռալֆ Երիկեան Նշանակուեցաւ «Եուքոմ»-Ի Գլխաւոր Տնօրէն

Հայաստանի մէջ կապի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդը 1 մարտին յայտարարեց գլխաւոր տնօրէնի փոփոխութեան մասին` յայտնելով, որ ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդը եւ գործող գլխաւոր տնօրէն Արա Խաչատրեան համաձայնեցան վերջինիս ղեկավար գործառոյթներու փոխանցման վերաբերեալ` շարունակելով աջակցիլ ընկերութեան:

«Եուքոմ» ընկերութեան նոր գլխաւոր տնօրէն նշանակուեցաւ Ռալֆ Երիկեան:

«Տնօրէններու խորհուրդին անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Արա Խաչատրեանին`«Եուքոմ»-ի համար օրինակելի առաջնորդ ըլլալուն համար: Պաշտօնավարման ընթացքին ան կրցաւ «Եուքոմ»-ը դարձնել աւելի լաւ` բարելաւելով յաճախորդներուն մատուցուող ծառայութիւններուն որակը եւ բարձրացնելով ընկերութեան գործառնական արդիւնաւէտութիւնը», ըսաւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գուրգէն Խաչատրեան:

Խաչատրեան գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է 2020-ին` ընկերութեան մէջ մեծ ներդրում ունենալով: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատուներուն եւ պաշտօնակիցներուն` ըսելով. «Մենք միասին մուտք  գործեցինք աննախադէպ աճի դարաշրջան` միաժամանակ հաւատարիմ մնալով մեր հիմնական, մարդակեդրոն արժէքներուն եւ առաքելութեան: Հպարտ եմ, որ աշխատած եմ «Եուքոմ»-ի մարդոց հետ, որոնք ցուցաբերած են մեծ նուիրուածութիւն` օգնելով  ընկերութեան վերափոխման  ընթացքին»:

«Վստահ ենք, որ Ռալֆ Երիկեանի կողմէ  «Եուքոմ»-ի  առաջնորդութեան ստանձնումը պատմական եւ նշանակալի իրադարձութիւն է ընկերութեան համար: Ռալֆ Երիկեանը ոգեշնչող, աշխատասէր, վճռական առաջնորդ է: Ան գիտէ` ինչպէս բացայայտել եւ խթանել աճը: Աւելի՛ն. Ռալֆը մարդկային անփոխարինելի եւ կառավարչական բարձր որակներ ունեցող անհատականութիւն է, որ կրնայ դիւրութեամբ եւ արագօրէն հաղորդակցիլ խումբի անդամներուն հետ: Տնօրէններու խորհուրդը մեծապէս կը վստահի Ռալֆ Երիկեանի փորձառութեան ու կառուցային գիտելիքին` «Եուքոմ»-ի շարունակական յառաջընթացը ապահովելու եւ շուկային մէջ յառաջատարի դիրքը պահպանելու  համար», յայտնեց Գուրգէն Խաչատրեան:

Իտալիոյ Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարար Ճենարօ Սանճուլիանօ Այցելեց Մատենադարան

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն եկած Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Ճենարօ Սանճուլիանոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վերջերս այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան: Հիւրերը Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանի ուղեկցութեամբ շրջեցան  թանգարանային համալիրին մէջ եւ ծանօթացան հայ միջնադարեան մատենագրութեան: Պատուիրակութեան ներկայացուեցաւ նաեւ «Կոստանդին Մեծ եւ Տրդատ Մեծ. հայ-հռոմէական դաշինքը պատմութեան մէջ եւ պատկերներում» նորաբաց ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը: Ծանօթացան նաեւ վերականգնման բաժինի եւ ձեռագրապահոցի աշխատանքներուն: Այցելութեան աւարտին նախարարը տպաւորութիւններու գիրքին մէջ արձանագրեց հետեւեալ գրառումը. «Գիրքերու շնորհիւ կը ճանչցուի եւ կը տարածուի մշակոյթը: Գիրքերը պատմութեան վկաներն են, իսկ հայ մշակոյթը հին է եւ հարուստ` մշակութային արժէքներով: Այստեղ վայր մըն է, ուր կը պահուին շատ աւելի խոր արմատներ ունեցող մշակութային կոթողներ»:

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը Շամքորի Ճակատամարտը

Յաջորդը

«Մեր Շուկան» Կը Շարունակէ Գոհացնել Լիբանանահայութեան Հետաքրքրութիւնները

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?