Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Զարմանս Մեզի Եւ Խանասորի Հերոս Տղոց (25 Յուլիս 1897)

Յուլիս 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պատեհ առիթներու` օգտագործելով համացանցի կարելիութիւնը, կ՛ուզես այս կամ այն հարազատի կամ ընկերոջ որպիսութիւնը հարցնել, քանի մը բառ եւ միտք փոխանակել ու հոգեկան գոհունակութեամբ` շարունակել կեանքի դառն հոլովոյթը:

Այս անգամ, զրուցակիցս, որ հարազատի մը զաւակն էր, երկար խօսեցաւ հետս: Գիտէք, արեւմտեան կողմն աշխարհի բնակող հայը միշտ ալ կարօտով եւ սպասումով կ՛ընդառաջէ որեւէ հեռաձայնի կամ հաղորդակցութեան միջոցով հաստատուած կապի:

Անցեալ կիրակի օրն էր: Հեռաձայնային կապ մը ստացայ: Ընկալուչին միւս կողմէն` ինծի հետ կը խօսէր Լիբանանէն հեռացած երիտասարդ մը, որ աւելի քան տասնհինգ տարի է հաստատուած էր Ամերիկայի արեւելեան կողմը, հայահոծ շրջանի մը մէջ: Հայկական վարժարան աւարտած, ընտանեկան դաստիարակութիւն ստացած եւ միութենական կեանքի մէջ աշխուժ ներկայութիւն ունեցած երիտասարդը, կեանքի բերումով` փոխադրուած էր արեւմուտք եւ կը պարապէր իր մասնագիտութեամբ:

Ի շարս այլ խօսքերու, հարցուցի, թէ կիրակի օրով ի՞նչ կ՛ընես կամ ո՞ւր կ՛երթաս: Ան, ի զարմանս ինծի, ըսաւ. «Քիչ ետք պիտի երթամ դաշտագնացութեան: Մենք հոս ամէն տարի այս թուականին կը կազմակերպենք Խանասորի արշաւանքին նուիրուած դաշտագնացութիւն: Ասիկա տասնամեակներու պատմութիւն մը ունի այս շրջանին համար: Աւանդութիւն դարձած է, որ շրջանի հայութիւնը հաւաքուի եւ յիշատակէ այս սխրանքը»:

Ընկալուչը ձեռքիս, զարմանքն ու ժպիտը միախառնուեցան դէմքիս վրայ: Ըսի, մենք, որ Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք ցարդ եւ ունինք տասնամեակներու փորձ եւ յիշողութիւն նման ձեռնարկներ կազմակերպելու, արդէն իսկ երկա՜ր ատենէ մոռցած ենք այդ գեղեցիկ աւանդը եւ հազիւ թէ կը յիշենք Խանասորի արշաւանքին պանծալի յիշատակը:

Աւելի՛ն. փոխանցեցինք նաեւ, որ վերջին քանի մը տարուան ընթացքին, երբ կը փորձենք գէթ տարին մէկ անգամ մամուլին յանձնել գրութիւն մը, նուիրուած այս հրաշալի արարքին ու պատումին, արդէն իսկ, յաջորդ օր չուշանար ե-նամակի հոսքը, սապէս, «բանգէտ»-ի լեզուով եւ «գիտակ» հայասէրի ոճով, թէ այդ Խանասոր կոչեցեալ արշաւանքը աղէտ մը եղած է հայութեան, որովհետեւ այս ինչ գրագէտը գրեր է (անշուշտ, առանց ստորագնահատելու յարգելի գրողը), որ այս արշաւանքին պատճառով քանի մը հազար անմեղ հայեր սպաննուած են, տարբեր շրջաններու թէ գիւղերու մէջ, կատղած ու հայակեր քիւրտի թէ թուրքի ձեռամբ, հետեւաբար, ի՜նչ արշաւանք, ի՜նչ սխրանք ու հպարտութիւն:

Մեր այս պատասխանին ի հակադարձութիւն, այս անգամ, ամերիկաբնակ մեր երիտասարդ տղան կը զարմանայ ու կ՛ըսէ. «Սա ողբերգութիւն է, բոլորիս հաշուոյն, երբ նման հայ մարդիկ նման խեղճացած արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Հոս, այս կողմն աշխարհի, հայ բնակիչներ, յաճախ այլազան խօսքերու թիրախ կը դառնան, թէ` սերունդներ ուծացման հոսանքին մէջ են, հայ վարժարաններու թիւը մատի վրայ կը  համրուին, եւ ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին տակաւ կը խամրի, հայու դէմքն անգամ կ՛այլասերի, ըստ երեւոյթին, անոնք շատ աւելի ազգային շունչին ու պատմութեան հաւատարիմ են ու կ՛ապրին անով, քան, այսպէս ըսած, սփիւռքի սիրտը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը»:

Մեր զրոյցը տակաւ ճիւղաւորուեցաւ: Խօսակիցս յայտնեց, որ Խանասորի արշաւանքին մասին այնպիսի մանրամասնութիւն կը տրուի դաշտագնացութեան ատեն, որ շատեր ապշահար կ՛ունկնդրեն: Փաստօրէն, ըսաւ ան, սեղանի շուրջ եղող զրոյցները, խօսակցութիւնը եւ երէցներու կողմէ կատարուած մատնանշումները` յատկապէս այս արշաւանքին մասին, ուղղակի զարմանք կը պատճառեն:

Խօսակիցս արշաւանքին ամփոփ պատմականը տալէ ետք ըսաւ, թէ 1896-97-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Ռայոնական ժողովի որոշում էր, որ պէտք էր գործադրուէր այդ արարքը: Աւելի՛ն. Նիկոլ Դուման հայդուկապետի եւ ռազմագէտի մտածումին բերքն էր արշաւանքի կազմակերպումը, որպէս վրիժառական աքթ, հարուածելու մազրիկ ցեղախումբը, որ համարձակած էր զէնք բարձրացնել 800 հարիւր ֆետայիներու վրայ, որոնք նահանջած էին Վանէն, ինքնապաշտպանական մարտեր մղելէ ետք զազիր թուրքին դէմ: Գրեթէ բնաջնջուած էին տղաքը Վասպուրականի լեռներուն վրայ:

Փաստօրէն, բարոյալքուած է հայ աշխարհը, ուժգին էր հարուածը: Եւ ահա, այդ մտատանջութեան դէմ յանդիման, դաշնակցական անկրկնելի հայդուկ մը կը յղանար հարուածելու միտքը եւ, ունենալէ ետք Ռոստոմի եւ Քրիստափորի նման տիտաններու ուղղակի աջակցութիւնը, կը լծուէր կազմակերպչական ծանր աշխատանքին:

Ան շարունակեց ըսել, որ, ինչպիսի՜ հայեր են անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս կամ պատճառով նսեմացնել այս արշաւանքին իմաստն ու տարողութիւնը, երբ այնքան կազմակերպուած եղած է ան, հակառակ կարգ մը ֆետայիներու թէ ղեկավարներու մերժումը` արշաւանքի գաղափարը:

Մեր երիտասարդ ընկերը, թռիչք տալով իր մտածումին յայտնեց. «Արդեօք ի՞նչն է պատճառը, որ քիչ թէ շատ պատմութիւն գիտցող հայ մարդիկ կ՛ուրանան երկու հիմնական ճշմարտութիւն, առաջին` թէ թուրքը աւելի քան վեց հարիւր տարիէ կը սպաննէ ու կը թալանէ հայութիւնը, եւ դեռ 1895-6 տարիներուն երեքհարիւրհազար անմեղ հայեր սպաննուեցան Արեւմտահայաստանի թէ Կիլիկիոյ մէջ: Միթէ թուրքը պատճառաբանութեան պէ՞տք ունէր շարունակելու իր սպանդը»:

«Երկրորդ, զարմանալի է այն, որ կան հայեր, որոնք այս կամ այն պատճառով հաշտ չեն ՀՅ Դաշնակցութեան, անցեալի թէ ներկայի ղեկավարութեան հետ եւ ահա առիթ չեն փախցներ բամբասելու, զրպարտելու ու անտեղի վերաբերում ցոյց տալու նոյնինքն ժողովուրդին հետ առնչութիւն ունեցող պատմական անցեալին նկատմամբ»:

Ան` շարունակելով յայտնեց. «Ա՛յս ալ, ըստ երեւոյթին, մեր հաւաքական հիւանդութեան մէկ դառն երեսն է, որ ամէն առիթի երեւան կ՛ելլէ, գլուխ կը ցցէ:

«Փաստօրէն, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը դէմ է ներկայ օրերու հայ պետականութեան իշխանաւորներու վարած թրքավարի գործելակերպին, ահա, այս մարդիկը` ատելութեամբ լեցուած, կ՛ուզեն հարուածել ամէն սրբութիւն եւ ազգային արժէք: Անոնք, իրենց սալոններուն մէջ նստած, առանց դոյզն քրտինքի, կը փորձեն խծբծել արեւու պէս փայլուն ճշմարտութիւններ:

Աւելի՛ն. ըսաւ ան. «Միթէ նման հայորդիներ չե՞ն գիտեր, որ Խանասորի արշաւանքը նաեւ ազգային միասնականութեան նպաստող արարք մըն է, որ վրէժը լուծեց Վանի հերոսամարտը վարած ղեկավարներու` հնչակեան Մարտիկի, արմենական Աւետիսեանի եւ դաշնակցական Պետոյի, որոնք զոհուեցան յանուն հայրենիքի ազատութեան եւ ժողովուրդի փրկութեան»:

Իմ կողմէս, ոչ մէկ արձագանգ կար: Լուռ կ՛ունկնդրէի, առանց միջամտութեան եւ կամ յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցելու:

Մեր երիտասարդը յանկարծ պոռթկաց. «Մենք ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ աննման Մարոյի եւ անկրկնելի հերոս Կարոյի (Արիստակէս Զօրեանի) նուիրումը, որ պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ սիրոյ պատմութիւն մը, որ աւարտեցաւ ողբերգութեամբ, որովհետեւ հայրենիքի սէրը շատ աւելին էր իրենց համար»:

Վշտացած էր մեր երիտասարդը. «Այսօրուան Հայաստանի կացութիւնը, Արցախի իրավիճակը, մեր բանակին այլայլուած դիմագիծը, քաղաքական մարդոց եւ պետական պաշտօնէութեան վարքագիծը մեզ պէտք չէ՞ մղէ, որ զգաստանանք բոլորս, նաեւ նիկոլասէր յորջորջուածները, որոնք տիւ եւ գիշեր լծուած են փառաբանելու նոր ժամանակներու հայոց «փրկիչ»-ը: Սա չի նշանակեր, որ երեսուն տարուան կեանք ունեցող հայոց պետականութեան գլխին նստած նախկինները զերծ են յանցանքէ թէ այլ ոճիրներէ, երբեք: Անոնք` առաւել քան կը կրեն մեծ պատասխանատուութիւն, որ Հայաստանի վիճակը հոս հասցուցին, թալանի ենթարկելով հայրենի սուրբ հողն ու խեղճ ժողովուրդը»:

Րոպէ մը քար լռութիւն տիրեց: Զգալի էր խօսակիցիս ալեկոծ ներաշխարհը: Ան, թէեւ հայրենիքէ հեռու էր, բայց կ՛ապրէր Արարատով եւ փառապանծ անցեալի պատմութեամբ: Խօսակցութիւնը ընդհատուեցաւ, ցտեսութիւնը բառը լոկ լսուեցաւ:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Համահայկական Համայնքային Գործունէութիւն. Ներքին Կանոնագրական Աշխատանք

Յաջորդը

«Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) Ծրագիրը` Երաշխաւորը Սփիւռքահայուն

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?