Զ. Գ. Ղ.
Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին մէջ 2 յուլիս 2023-ին «Մեծարենցեան երեկոներ»-ու այս ամրան առաջին մշակութային ձեռնարկը նուիրուած էր երաժշտահան Արմէն Տիգրանեանին ու անոր «Անուշ» օփերային: Օրուան բանախօսն էր երաժիշտ-խմբավար Զաքար Քէշիշեան: Ներկայ էին շուրջ քսանհինգ արուեստասէրներ:
Հոս կ՛արժէ արձանագրել, որ տասը տարիներէ ի վեր ամէն ամառ շուրջ չորս մշակութային ձեռնարկ կ՛ըլլար «Մեծարենցեան երեկոներ» անուան տակ, Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Դասախօսները ներկայացուած նիւթին մասնագէտները կ՛ըլլան:
Օրուան հանդիսավար Զաւէն Ղարիպեան ներկայացնելով օրուան դասախօսը` ըսաւ, որ անցնող տասը տարիներուն Զաքար Քէշիշեան «Մեծարենցեան երեկոներ»-ուն խօսած է չորս երաժիշտներու մասին, Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, Արամ Խաչատուրեան եւ Բարսեղ Կանաչեան: Այս տարի ան պիտի խօսի «Անուշ» օփերային մասին, բանաստեղծութիւն` Յովհաննէս Թումանեանի, իսկ երաժշտութիւն` Արմէն Տիգրանեանի:
Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին սկիզբը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց «Անուշ» օփերան կանխող հայ երաժշտական մշակոյթի կացութիւնը, ապա անդրադարձաւ «Անուշ» օփերայի երաժշտութեան հեղինակ Արմէն Տիգրանեանին:
Ան ըսաւ, որ Արմէն Տիգրանեան ծնած է 1879-ին, Գիւմրի (Աղեքսանդրապոլ): Մանկութեան յաճախած է տեղւոյն նախակրթարանը, ֆլիւթի դասընթացքի հետեւած ըլլալով` ծննդավայրին մէջ մաս կազմած է տեղւոյն փողային նուագախումբին: Արմէն Տիգրանեան ապա անցած է Թիֆլիս, երաժշտական դպրոց, ուսուցիչ ունեցած է Մակար Եկմալեանը եւ Կովկասի մշակութային կեդրոններէն մէկը հանդիսացող Թիֆլիս քաղաքին մէջ գործունէութիւն ծաւալող օտարազգի ուրիշ տաղանդաւոր երաժշտագէտներ:
Թիֆլիսի մէջ ան ծանօթացած է Յովհաննէս Թումանեանին ու հետագային մտերմացած է անոր: Արմէն Տիգրանեան Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» պոէմի վրայ յօրինած է «Անուշ» օփերայի երաժշտութիւնը, որ հետագային պիտի դառնար հայութեան ամէնէն սիրուած օփերաներէն մէկը մինչեւ այսօր եւ իր տեսակին մէջ պատմականօրէն պիտի ըլլար առաջին ազգային-ժողովրդական օփերան:
«Անուշ» օփերան առաջին անգամ ներկայացուցած է 1912-ին, Գիւմրի թատերասրահի տախտակէ բեմին վրայ, հոն ներկայ եղած է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանը:
Արմէն Տիգրանեան նաեւ կը յօրինէ «Դաւիթ բէկ» (վէպ, Րաֆֆի) օփերային երաժշտութիւնը: Դժբախտաբար անոր ներկայացումին չէ կրցած ներկայ ըլլալ 1950-ին Թիֆլիսի մէջ կանխահաս մահուան պատճառով:
Հոս կ՛արժէ յիշել 1900-ական թուականներու սկիզբը Կոմիտաս վարդապետն ալ փորձած է «Անուշ» օփերայի երաժշտութիւնը յօրինել, բայց միայն պատառիկներ մնացած են անկէ: Յայտնօրէն «Անուշ» օփերայի վերածելու Կոմիտասի ծրագիրը չէ իրագործուած ամբողջութեամբ:
Այդ օրը ներկաները ձայներիզի վրայ ունկնդրեցին հատուածներ «Անուշ» օփերայէն` կատարողութեամբ Գոհար Գասպարեանի եւ Աւագ Պետրոսեանի: