ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Հայ ըլլալ` կը նշանակէ դառնալ հայրենիքին ու հայութեան բարօրութեան եւ ազատութեան ռահվիրան, իսկ յանձնառու հայ ըլլալ` կը նշանակէ գործել սուրբ գաղափարի համար, եթէ պէտք ըլլայ, հասնելու համար մինչեւ կամաւոր նահատակութիւն:
Քանի մը օր առաջ, երբ կ՛ընթերցէի Արցախի լուրերը, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, անմիջապէս Լիզպոնի «ԽԵՆԹԵՐԸ» եկան միտքս, եւ ես ինծի ըսի. «Ո՞ւր էք, հայրենի Արցախը պէտք ունի ձեր նմաններուն, որովհետեւ ձեզի համար Արցախի ազատութիւնը ուրիշ նշանակութիւն չունի, եթէ ոչ` «Ազատութիւն կամ մահ»:
Ես այսօր պիտի չխօսիմ Լիզպոնի 5-ին մասին, այլ պիտի խօսիմ անոնց հետ:
Դո՛ւք, տղա՛ք, ընկերնե՛ր, դո՛ւք մաս կազմեցիք հերոսներու փաղանգին եւ անմահացաք:
Դո՛ւք ձեր գարուն կեանքերը զոհեցիք կառչելու համար մեր սրբազան հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողին, բայց ուրիշներ այդ հողերը ծախեցին թշնամիին… Ափսո՜ս:
Տղա՛ք, ձեր գաղափարը հիմնուած էր «յարատեւ կռիւ եւ յարատեւ պայքար» համոզումին վրայ, սակայն այսօր կռիւ եւ պայքար մոռցած են կարծես:
Մենք կը հաւատանք, որ ձեր նահատակութեամբ դուք սնուցանեցիք այլ հերոսներ, որոնք պայքարեցան եւ նահատակուեցան Արցախի ազատութեան յաղթանակի համար:
Դո՛ւք ընտրեցիք ձեր ճամբան` քաջ գիտնալով, որ այդ ճամբան անվերադարձ է:
Դո՛ւք լաւ գիտէիք, որ առանց հայրենիքի` չկայ ապագայ եւ ընտանիք:
Հինգ հերոսներ, դո՛ւք հայրենասէր, խիզախ հայեր էիք, որ ձեր որոշումով ցնցեցիք թշնամին եւ համայն աշխարհը: Անոնք լաւ իմացան, թէ հայ զինուորը կամ երիտասարդը մահէն չի վախնար:
Դո՛ւք այնպիսի անձնազոհներ էիք, որ հայրենիքի ազատութիւնը ձեզի համար գերագոյն նպատակ էր, իսկ դաւաճանի մը համար գերագոյն նպատակը այն է, որ ձեր եւ ձեր ընկերներուն թափած արեան փոխարէն` հողերը յանձնէ թշնամիին… Հոս` նորէն ափսո՜ս:
Լիզպոն 5 կը նշանակէ խոնարհիլ 5 սուրբերու յիշատակին առջեւ:
Լիզպոն 5` այսինքն նորանոր գարուններու ծնունդ տալ:
Լիզպոն 5` ազգի արժանի զաւակներ, հերոսներ դառնալ:
Լիզպոնի տղա՛ք, ձեր օրինակով քալեցին շատ մը երիտասարդներ` Արցախի սրբազան հողին վրայ, որոնք փորձեցին ազատագրել Արցախ հայրենիքը` չխնայելով իրենց գարուն կեանքերը:
Սարգիս, ընկեր, դո՛ւն չմեկնած` արդէն անուանեցիր քեզ եւ քու ընկերներդ ԽԵՆԹԵՐ, ըսիր` «Խենթերն են գտնում հնար»…
Սիրելի՛ Լիզպոնի 5 ԽԵՆԹԵՐ, հայրենիքը միշտ պէտք ունի ձեզի նման ԽԵՆԹԵՐՈՒ, եթէ հիմա ըլլայիք, անողնայար խրտուիլակ մը չէր ըլլար հայրենիքի մէջ…
Սիրելի՛ 5 ԽԵՆԹԵՐ, թէեւ 40 տարի անցաւ, սակայն տակաւին համայն հայութիւնը մոմերը ձեռքերնին` կը խոնարհի ձեր շիրիմներուն առջեւ` երգելով «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ը:
Յարգա՛նք ձեզի` 5 ԽԵՆԹԵՐ: