Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Համահայկական Համայնքային Գործունէութիւն. Ներքին Կանոնագրական Աշխատանք

Յուլիս 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Բազմահազար գաղթականներէ բաղկացած հայկական միատարր հատուածներ պարունակող հին գաղութներու մէջ յառաջացուցած անկայուն պայմաններու ազդեցութիւնները այլազան շրջաններու եւ ի մասնաւորի Հալէպի, Պէյրութի, Երուսաղէմի, Պաղտատի, Կիպրոսի, Փարիզի եւ այլ նորակազմ գաղութներու վրայ բացորոշ հակադրութիւններու եւ հակասութիւններու դուռ բացած են:

Հին ժամանակներէն եւ վերջերս գաղթած տարբեր հատուածներու ղեկավար տարրերուն միջեւ սուր տարբերութիւններու եւ տնտեսական  տագնապներու ստեղծման պատճառ դարձած են: Սփիւռքի մէկ գաղթօճախէն դէպի ուրիշ միջավայրեր արտագաղթը արագօրէն թափ առաւ 1920-1930-ական թուականներուն` Միջին Արեւելքի եւ Յունաստանի գաղթավայրերէն դէպի Լատին Ամերիկայի երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, հետագային աւելի եւս ընդարձակելով ծիրը նորաստեղծ սփիւռքեան գաղթօճախներուն, որոնք տակաւին չէին ձեւաւորուած մէկզմէկու հետ գործակցութեան պահանջով:

Եկեղեցական ոլորտին մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մակարդակով, զանգուածային տեղափոխութիւններու եւ արտագաղթի պատճառով սփիւռքի գաղութներուն կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ տեսչութիւնը եւ վերակազմութիւնը ամրապնդելու նպատակով որոշ կազմակերպչական աշխատանքներ պէտք էր կատարուէին:

1928-ին Պէյրութի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, իսկ հետագային ալ Հալէպի եւ Կիպրոսի իրաւասութեան Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսին կողմէ փոխանցումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսի հովանիին ներքեւ` Անթիլիասը կեդրոն ունենալով, ստեղծեց երկուութիւն մը: Նշեալ շրջաններուն վրայ հետագային կ՛աւելնային նոր թեմեր` հեռակայ երկիրներու մէջ գտնուող հայկական աշխուժութեան կեդրոններու մէջ, որոնք նախապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հոգածութեան տակ մնացած էին, ինչպիսին էր պարագան Հարաւային Ամերիկայի հայրապետական պատուիրակութեան` կեդրոն ունենալով Արժանթինի Պուէնոս Այրես մայրաքաղաքը:

Սփիւռքահայ գաղութներու կազմակերպման եւ վերակազմութեան սկզբնական ժամանակաշրջանին հայ գաղթականութիւնը թշուառ վիճակի մէջ մնացած էր, մինչ աւելի կանուխ այդ նոյն գաղութներուն մէջ հաստատուած հայկական տարրը ընդհանրապէս բարեկեցիկ էր: Տարաբնակ եւ նորագաղթ տարագիր հատուածներուն միջեւ որոշակի արմատացած տարբերութիւններուն վրայ կ՛աւելնային արեւելահայութեան քաղաքական եւ ընկերային այլ ապրելակերպն ու մօտեցումները, եկեղեցական արմատացած սովորութիւններն ու վարժութիւնները եւ տասնեակ տարիներ շարունակ իրարմէ հեռու ապրած սերունդներուն միջեւ ընկերային բացորոշ տարբերութիւններուն զուգահեռ` աբեղեանական եւ մեսրոպեան   ուղղագրական եւ լեզուական տարբերութիւնները: Այս բոլորը կը ստեղծէին խորացող ճեղք մը հայկական ազգային արժէքներու ըմբռնողութեան մէջ` անցնող դարու քսանական թուականներէն մինչեւ յիսունական թուականները տիրած դիւանագիտական մօտեցումներէն ետք, երբ Հայ առաքելական եկեղեցին, Մխիթարեան զոյգ միաբանութիւնները եւ Հայ աւետարանական մարմինները ընդհանրական իրենց ծրագիրներով, անխտրական մօտեցումներով եւ ոչ կուսակցական ըմբռնումներով կը նպաստէին արհաւիրքէն փրկուած զանգուածներու պայմաններուն բարելաւումին` կրթական, ընկերային եւ այլ ոլորտներու մէջ, մինչեւ որ եկաւ սերունդ մը, որ գլխաւորաբար համընդհանուր բեւեռացումի եւ երկուութեան շեշտադրումով, ստեղծելով պայքարի ոչ ազգային պատկերացում, ոչ ազգային արեւելում եւ կոյր յեղափոխական անհասանելի հետապնդում, վիպային թռիչքի զարթօնքով տիրացաւ ոչ փայլուն արդիւնքի` ներկայի եւ գալիք ժամանակներու ինքնախաբէական «անյաղթ» դիմակով:

Երկփեղկումներու մեղմացում պիտի յառաջանար Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի նշումին, ինչ որ յատկանշուեցաւ յաւելեալ մերձեցումով 100-ամեակին եւ Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումի արարողութեան: Այդ յաւելեալ մերձեցումի կայծերը հրահրուեցան երիտասարդական հեռատես մղիչ ուժով ու նախաձեռնութիւններով եւ ներկայի ճարտարագիտական, գիտական, արուեստի, մշակոյթի, մարզական, ընկերային, ռազմական, երկրաչափական, ստեղծագործական, առողջապահական, լրատուական, վաճառականական եւ մարդկային ոգիով:

Սովի պայմաններուն մէջ գտնուող հատուածներու հաշտարար հեռատեսութիւնը` չոր հացով գոյատեւելու եւ գոյապայքարի ֆիզիքական պաշտպանողական ստիպողական  պայմաններուն բերմամբ, ինչպէս նաեւ ստեղծելու ապագայի վերակենդանացումին եւ վերածաղկումի տուեալները` պահելու մեր ազգային նկարագիրի տոկունութիւնը, եղած  է եւ կը մնայ Հայաստանի եւ Արցախի մեր ներկայ կացութեան բարելաւման գրաւականներէն մէկը:

Ազգային գոյատեւման յոռեգոյն պատկերը միայն մշակոյթի պահպանումով կը մշտնջենականանայ, եւ այդ մշակոյթին պաշտպան կանգնիլը` ուղղակի ստեղծագործական աշխատանքի պահուն, տարաբնակ եւ տարագիր բոլոր անհատներուն եւ կազմակերպչական կառոյցներուն կողմէ պէտք է դառնայ սեփականութիւնը ազգի բոլոր զաւակներուն:

Այս չափազանցօրէն արագ երկփեղկումը Ցեղասպանութեան ոճիրներէն անմիջապէս ետք, ապա ծայրայեղօրէն դանդաղ մերձեցումը, երկրորդ սերունդի համար յիշողութեան տխուր էջեր են, իսկ չորրորդ եւ հետագայ սերունդներուն համար` պատմական էջեր: Երիտասարդական խանդավառ եւ յառաջխաղացքի մղիչ ուժերու զգալիօրէն նոր եւ աշխուժ առաջնորդութեան մը համար, առողջ եւ անվիճելի ղեկավարութեան մը համար տարուող աշխատանք է, որ լուսաւոր հեռանկար մը կը ստեղծէ ազգաշինութեան:

Ամէն ոք կը տեսնէ ներկան` շարունակական նիւթ դարձնելով յաջող կամ ձախող քայլերը, ինչպէս նաեւ` գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար վիճելի կացութիւն  ստեղծող յաճախակի շարժառիթները: Այս բոլորէն անդին, սերունդի մը նուաճելիք հեռանկարին առումով` նուազագոյն 20-30 կամ հարիւրաւոր տարիներու վրայ երկարող, հազուադէպօրէն կը հանդիպինք պատմական արժանիքներ կրող եւ միասնականութեան խթանիչ ուժ եղող տուեալներ ընդգրկող ներքին կանոնագրական սկզբունքային տուեալներու անխտիր բոլոր կուսակցութիւններուն մէջ: Այդտեղ չկայ մեր ազգային արժեւորումներուն մակարդակով մէկ խորհուրդի եւ ազգային վերին մարմինի մէջ մէկտեղուելու հրամայականը, միասնական այդ ըմբռնողութեան եւ առաջնորդութեան հաւատարմագրուելու անհրաժեշտութիւնը, ազգային աւագանիի բազմաթիւ հեղինակաւոր ներկայացուցիչներու արժանի ցանկերով, հեռանկարային տեսլականով եւ յատկանշական ձեռքբերումներու բացատրողական:

Սփիւռքեան ամէն մէկ գաղութի մէջ հակադրուող խմբակցութիւններ հակամարտութեան մէջ կ՛ըլլան տեղական պետական աթոռներ զբաղեցնելու համար: Ատիկա ներքին բանակցութիւններով օգտակար, ազդեցիկ եւ գործադրելի արդիւնքի կը յանգի համայնքային վերին մարմինին մէջ գործակցաբար եւ համաձայնաբար ներկայացուցիչ տարրերու հետ. աւելի՛ն` հիւրընկալ երկրին բարգաւաճման նպաստելով ընտրանի ներկայացուցիչներ ներկայացնելով եւ գործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելով:

Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքի կապերը մասնայատուկ բնոյթ չունէին սկզբնական շրջանին: Մօտ երկու հարիւր հազար հայերու ներգաղթի կազմակերպչական աշխատանքներով, հայրենիքի վերակառուցումով եւ շինարարական աշխատանքներով զբաղած էր Խորհրդային Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէն: Սկսելով Սարդարապատի հերոսամարտէն մինչեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանը եւ անկէ ետք,  նպաստի աղբիւրներու հետապնդումը բազմապատկելով սփիւռքի գաղթօճախներէն եւ այդ առիթով ալ հետագային ստեղծելով համայնավար միութենական կուսակցութիւններ աջակից բաժանմունքներով` գործնական ընկերային բարեկեցութեան եւ ընդհանուր կացութեան բարելաւման երկարամեայ դժուարին աշխատանքը ընթացքի մէջ դրուած էր: Այս իրողութեան դիմաց, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետներէն Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ Դաշնակցութիւնը այլեւս անելիք չունի» խօսքը նոր դռներ պիտի բանար Դաշնակցութեան ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը հետապնդելու առումով` թիկունք կանգնելով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր ազգային վարչական կառոյցներուն` ազգապահպանման իբրեւ գլխաւոր ազդակ, այս ձեւով հակադրուելով ՍԴ Հնչակեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւններու  համապատասխան կեցուածքին` Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ: Նորաստեղծ խորհրդային տնտեսական եւ կրօնական քաղաքականութիւնը, համապատասխան չըլլալով ազգային մեր քրիստոնէական արմատացած ըմբռնումներուն, ընդհանրապէս լաւ աչքով չէր դիտուեր արտասահմանի հայկական շրջանակներուն կողմէ: Այս հակադիր տուեալներուն պատճառով երկփեղկումը աւելի եւս թափ պիտի ստանար: Անկախութեան տարեդարձներու նշումը եւ անոր համապատասխան  Խորհրդային Հայաստանի եւ ազատ ու անկախ հայրենիքի եռագոյն դրօշները խորհրդանիշ ընդունելով` եկեղեցական տագնապներ պիտի հրահրուէին ազգային եւ ընկերային ձեռնարկներու ընթացքին: Այս երեւոյթին յոռեգոյն պատկերը եղաւ Շիքակոյի մէջ ամերիկահայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Դուրեանի դաշունահարումը եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ ծնունդ տուաւ երկարատեւ պայքարի առիթներ ստեղծելու: Զուգահեռ, 1936-ին եւ անոր յաջորդող տարիներուն Ստալինի եւ Բերիայի կողմէ կազմակերպուեցան մտաւորականներու զանգուածային մաքրագործումներ, եւ հայերու նկատմամբ ոչ բարեհաճոյ մօտեցումներու, աքսորներու եւ սպանդներու այդ օրերուն մոռցուեցաւ ազգային դատը, երեւոյթ մը, որուն դէմ պիտի կանգնէր մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանը:

Ահա այս պայմաններուն մէջ պիտի սկսէր հակառակութիւնները գործակցութեամբ փոխարինելու երեւոյթը, հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն, եւ միացեալ ճակատ կազմող կազմակերպութիւններու միջեւ առաջնահերթութիւն կը տրուէր միասնական տուեալներով Ս. Էջմիածինի հայրապետական նուիրակ Գարեգին արք. Յովսէփեանի ամերիկահայոց թեմի առաջնորդ եւ ապա Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեան, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ գերմանական բանակին մաս կազմող որոշ զօրամասեր կը պատրաստուէին մտնելու ի մասնաւորի ղարաբաղեան հողեր` դէմ առ դէմ կռուելու համար խորհրդային յառաջատար լեգէոնին դէմ, որուն հայկական զօրաբաժինը մուտք կը գործէր հիթլերեան Գերմանիոյ հողեր:

Ոչ հեռանկարային դիւանագիտական հայեցակէտերու պատճառով,  գաղափարականօրէն իրարու հակադիր հայկական ազգային հոսանքներու եւ կուսակցութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները ժամանակաւոր հանդարտ ընթացքէ մը ետք, ազգային եւ եկեղեցական կալուածներուն մէջ հին կիրքերով լեցուած եւ զարգացած ըլլալով, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի յիշատակում  անցան խստօրէն ժխտական մթնոլորտի մէջ: Ազգակործան վէճերով եւ կործանարար արարքներով վիհը լայնցաւ հայութիւնը բաղկացնող զանազան հատուածներու միջեւ: Անոնք անհամաձայն էին Հայկական հարցի սահմանումին եւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ միացեալ ու անկախ հայրենիքի ծրագիրին շուրջ: Հայրենիք մը, որուն մաս կը կազմեն` Էրզրումը, Վանը, Տարօնը, Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն, ինչպէս նաեւ` Նախիջեւանն ու Արցախը: Այս ծրագիրին շուրջ պատկերացումը մինչեւ հիմա կը մնայ անյստակ եւ անորոշ` պետականաշինութեան աշխատանքի հետապնդումի ազգային հեռանկարային դիւանագիտական տնտեսական եւ ռազմավարական ճամբու քարտէսի հարթակներ շրջագիծին մէջ: Դիրքորոշումներու դրսեւորման եւ նախատեսելի բազմաթիւ քաղաքական, ընկերային եւ պետական մակարդակի վրայ այլ շարժառիթներու եւ աշխատանքներու շարունակական հետապնդումներով կ՛ընթանայ ներկայիս մեր ազգային պետականութեան ամրապնդումի գոյապայքարը:

Այս պայմաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը կարելի եղաւ նշել հայ երեք յարանուանութեանց եւ ազգային երեք կուսակցութիւններու գործակցութեամբ, ինչ որ նոր մեկնակէտ մը պիտի ըլլար Հայ դատին հետապնդման տեսանկիւնէն, եւ որ հիմք ալ կը հանդիսանար Ս. Էջմիածինի եւ Անթիլիասի պատկանող թեմերու ձեւաւորման` ազգային ղեկավար նոր տարրերու իմաստուն ու խաղաղ գործելակերպով եւ միջկուսակցական միասնական կեցուածքով, իւրաքանչիւրը հաւատարիմ մնալով հանդերձ իր կուսակցական դաւանանքին: Այս մօտեցումը Լիբանանի աղէտալի պատերազմին ընթացքին որդեգրուած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան շնորհիւ հեռու պահեց լիբանանահայութիւնը յաւելեալ վնասներէ եւ թափ տուաւ հայկական պահանջատիրական պայքարին:

Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններուն փոխյարաբերութիւնները բնականոն հունի մէջ մտան Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութենէն ետք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութենէն ջնջուեցան նոր թեմերու ընդունման առնչուած յօդուածները, գոյացաւ սկզբունքային համաձայնութիւն մը, ուր յայտարարուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի «ընդհանրական հովուապետ» ըլլալու հանգամանքը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ թեմերու վերադարձի սկզբունքը նախապէս գոյութիւն ունեցող իրավիճակին: Այստեղ տեղին է յիշեցնել Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. վեհափառ հայրապետին  սարդարապատեան խիզախ կեցուածքը` Ս. Էջմիածինը վճռականօրէն կանգնեցնելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ընդհանրական հովուապետի հանգամանքին մէջ: Նոյն Սարդարապատի ճակատամարտին Ղեւոնդ Երէցն էր Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչ Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը, նոյնինքն` հետագային Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ եւ ի վերջոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա.:

Անցնող դարու վաթսունական եւ եօթանասունական թուականներուն Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ մշակութային կապերու ամրացումով, «Հայրենիքի Ձայն»-ով սփիւռքահայութիւնը առիթը ունեցաւ տեղեակ մնալու մայր հայրենիքի ազգային կեանքի յառաջդիմութեան տուեալներուն: Այդ թուականներուն Հայաստանը փիւնիկի բարձրաթռիչ կամքով վեր յառնած էր իր երբեմնի քայքայուած վիճակէն, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները կը զարգանային  համադրուած եւ կազմակերպուած փոխադարձ այցելութիւններով: Այս բարենպաստ ժամանակաշրջանին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետը  արտասահմանեան թեմեր յաճախակի այցելութիւններով եւ միեւնոյն ժամանակ այլազան հանդիպումներ ունենալով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ` յատկանշական յառաջընթաց մը ստեղծեց:

Ազգային-եկեղեցական գետնի վրայ յատկանշական եղաւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւնը` Կիլիկեան Աթոռի իր հովուապետութեան բիւրեղեայ ժամանակաշրջանէն ետք: Ան հայրապետական կոնդակով եկաւ յայտարարելու, որ Հայ եկեղեցին մէկ է` ներդաշնակ լծականութեամբ առաքելական նուիրապետական աթոռներուն միջեւ, երկու կաթողիկոսութիւններու միւռոնի միախառնումէն ետք, երբ արդէն ընտրուած էր  Ամենայն Հայոց հայրապետ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեամբ համահաւասար կարեւորութեամբ դռները բաց պահուեցան հայկական բոլոր կառոյցներուն հետ, որոնց ներկայացուցիչները, առանց խտրականութեան, ընդունուեցան վեհափառ հայրապետին կողմէ: Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեամբ պահպանուեցան եւ աւելի եւս կազմակերպուած վիճակ մը պարզեցին ազգային-եկեղեցական մարմինները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նպաստեց Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն:

Լիբանանեան կեանքին եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ քաղաքական ելեւէջները կրկին ու կրկին անգամներ պատճառ դարձան գաղութներու հայկական կեանքի տկարացման` ստեղծելով նօսրացում. կենցաղային վերակազմաւորումը փոխադրուեցաւ հայկական մէկ գաղութէ ուրիշ երկրի գաղութ:

Միասնականութեան մղումը եղաւ կատարելապէս ամբողջական` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախորդող չորս տարիներու համագործակցական աշխատանքներու պտղաբերումով, որուն համար շահեկան հրապարակային յայտնութիւնը անհամբեր սպասումով կ՛ակնկալուի տեսնել` հրամցնելով խթանիչ ուժ, իբրեւ միասնականութեան կերտումի լայնածաւալ կարելիութիւններու գործնականացման գրաւական:

2020-ին «Պի. Պի. Սի.»-ի գնահատումով աշխարհի տարածքին հայոց թիւը տասներկու միլիոնի շուրջ էր, որոնց քառորդը միայն հայաստանաբնակ էր: Այս հաստատումը մեր սփիւռքի տեսողութեան մէջ համահաւասար ընդհանրացումներու սկզբունքային տուեալ է` ընդգրկելու իբրեւ հեղինակաւոր աղբիւր:

Ներկայի քաղաքական պայմաններուն զարգացումներով կրնայ նախատեսելի ըլլալ աւելի քան 20 երկար տարիներու հեռապատկերի տեսլականով պետականութեան ամրապնդումը` ի տես ներկայիս հասանելի ոչ հայկական ազգային «ցեղապաշտական» ընթացքին: Ներկայիս Հայաստանի պետական սահմաններուն մէջ հետզհետէ աճող թափով կարելի է տեսնել ոչ հայկական քաղաքացիական բնակութիւններ, մինչ հայերը համոզումով պէտք է թափեն մեղուաջան աշխատանք եւ համոզումով կերտեն հայրենադարձութեան անմիջական կանխահաս հոսք` ի հեճուկս հետզհետէ տկարացող սփիւռքեան ոստաններուն մէջ դանդաղօրէն խամրող հայկական ներկայութեան:

Եզրակացութիւնը եւ մերօրեայ թելադրութիւնը. առանց ժամանակ կորսնցնելու`  աշխատիլ ամրապնդել հայրենադարձութեան կազմակերպչական աշխատանքը, ներկայիս ալ շատ ուշ եւ շատ աւելի դժուար` արցախաբնակութիւնը: Ներկայ պայմաններուն մէջ մեր աշխատանքին կիզակէտը պէտք է դարձնել հայրենիքի բնակչութեան բազմապատկումը` ապահովելով մնայուն բնակութիւն հաստատելու բաղձանք ունեցող իրերայաջորդ սերունդներու հոսքը դէպի Հայաստան,  ամրապնդելու հայկական պետականութիւնը իր միջազգային համամարդկային համապարփակ առումով եւ հարկադրաբար հեռու` ընդհանրական ցեղապաշտական որակում ստացած հայկական բնոյթէն:

 

 

Նախորդը

«Մեծարենցեան Երեկոներ» – Այնճար. «Անուշ Օփերա»

Յաջորդը

Ի Զարմանս Մեզի Եւ Խանասորի Հերոս Տղոց (25 Յուլիս 1897)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?