Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ` «Հայկական Մշակութային Շաբաթ»
Հովանաւորութեամբ Հալէպի համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, գործակցութեամբ Հալէպի համալսարանի Ուսանողական ընկերակցութեան, 22 հոկտեմբերին Հալէպի պետական համալսարանի «Ապու Պաքր ալ-Ռազի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակութային շաբթուան» ցուցահանդէսի բացումը :
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան` հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին առնչուող նիւթեր, հայկական երաժշտական գործիքներ, հայկական ասեղնագործութենէն օրինակներ, համաշխարհային համբաւ վայելող հայ դէմքեր, իսկ սահիկներով ցուցադրուեցան Հայաստանի ու արտերկրի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայութեան մասին տեղեկութիւններ:
Ցուցահանդէսի բովանդակութեան ծանօթացումէն ետք, «Պաաս» կուսակցութեան պետը, խօսք առնելով, պարզեց հայութեան կարեւոր ներդրումը Սուրիոյ պատմութեան եւ զարգացման տարբեր փուլերուն, նաեւ տիպար քաղաքացիի իւրայատուկ մօտեցումը` երկրին դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններուն մէջ:
Դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան ներկայացուց «Հայերը Սեւ ծովի ափերուն» խորագիրով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ պատմական Հայաստանի մէջ հայերուն ընդհանուր ներկայութեան` հաստատելով, որ հայերը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործուն եւ վստահելի տարր էին: Ապա ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան օրերու վիճակը` լուսարձակի տակ առնելով Պոլսոյ հայերուն մշակութային իւրայատկութիւնը, տնտեսական կարողութիւնները, գիտական յայտնաբերումները, քաղաքական կեանքի մասնակցութիւնը եւ այլն: Պուրունսուզեան ներկայացուց նաեւ Համշէնի, Խրիմի եւ Աբխազիոյ հայերու կեանքի տարբեր երեսները:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ 23 եւ 24 հոկտեմբերին:
24 հոկտեմբերին Հալէպի պետական համալսարանի «Պասել» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակութային շաբթուան» երրորդ օրուան յայտագիրը, ինչպէս` «Արմատներ» խորագիրով թատերական ներկայացում, երգահանդէս` մենակատարութեամբ երգիչ Վահէի, նուագակցութեամբ Համազգայինի էսդրատային նուագախումբին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան շարք մը ազգային երգեր ու երաժշտական կտորներ:
Հովուական Այցելութիւն Տերիքի Ազգային Ազատութիւն Վարժարան
20 հոկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Տերիք` ընկերակցութեամբ թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան կազմերուն:
Հայր սուրբը Ազգային Ազատութիւն վարժարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած աշակերտութեան ըսաւ, որ իրենք են մեր յոյսը եւ գաղութի ապագան, ու իրենցմով կը ծաղկին հայ կեանքն ու մշակոյթը, որովհետեւ իրենք են հայ լեզուին պատնէշը եւ պահապանը: Ան յորդորեց աշակերտները` միշտ տէր կանգնելու հայ գիրին ու լեզուին, որպէսզի ծաղկի հայ կեանքը:
Այնուհետեւ հայր սուրբը հանդիպում ունեցաւ թաղականութեան, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին հետ` իրազեկ դառնալու վարժարանի ներկայ իրավիճակին եւ շրջանի դժուարութիւններուն:
Իրան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-Ամեակի Նշում
26 հոկտեմբերին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 133-ամեակը, որ նկատի առնելով հայաշխարհի դէմ ծառացած գոյաբանական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը` կը դառնայ աւելի պարտաւորեցնող իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով եւ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան աշխարհաքաղաքական պայմանները ներկայացնող խօսքով:
ՀՅԴ Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը կարդաց Մելան Սեֆեան, որ ընդգծեց, թէ մեր ներկայ օրակարգը կը կազմեն մեր լինելիութեան, մեր արժանապատուութեան եւ մեր ապագայի հարցերը, իսկ նման պայմաններուն մէջ հիմնական հարցը մեր անկախ պետականութեան եւ հայրենիքի փրկութիւնն է:
Հայաստանէն հրաւիրուած լրագրող, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Ագնեսա Խամոյեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Արցախի մէջ հայ ժողովուրդի ցեղային զտումին եւ Արցախը հայաթափուելու դառն իրողութեան` ընդգծելով, որ 100 տարի առաջ մեր ժողովուրդի պայքարի կազմակերպիչն ու առաջամարտիկը դարձաւ ՀՅԴ-ն, նոյնպէս այս օրերուն մեր ժողովուրդի մեծ զանգուածի հայեացքը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ ուղղուած է Դաշնակցութեան: Ան հաստատեց, որ շնորհիւ մեր ազգային ուժերուն, մեր ժողովուրդի կամքին, մեր դաշնակիցներուն հետ ունեցած ազնիւ յարաբերութիւններուն` մենք պիտի կարենանք յաղթահարել փորձութիւններու այս փուլը եւ մեր հայրենիքին մէջ ապահովել մեր ժողովուրդի անվտանգ կեանքն ու ապագան, եւ այդ գործին մէջ իր վճռորոշ ու ազդեցիկ դերակատարութիւնը ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեան: Ան իր խօսքի սկզբնաւորութեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան ունեցած անժխտելի դերակատարութեան` հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան ընթացքին: Անդրադառնալով իրանահայ համայնքին` բանախօսը կարեւոր նկատեց իրանահայ համայնքի դերակատարութիւնը հայ քաղաքական միտքի զարգացման գործին մէջ:
Մատնանշելով սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան ստանձնած հայապահպանման առաքելութեան` Խաչատրեան անդրադարձաւ հայկական համայնքներուն եւ գաղթօճախներու մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութեան` նշելով, որ կը հայաթափուին այն գաղութները, ուր չկայ Դաշնակցութիւնը իր ուղեկից կառոյցներով:
Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի գործող իշխանութեան ազգադաւ ընթացքին եւ ձախողած արտաքին քաղաքականութեան` նշելով, որ այդ քաղաքականութեան պատճառով Հայաստանը այսօր կանգնած է գոյութենական մարտահրաւէրներու առջեւ, Արցախը հայաթափուած է, Հայաստանի մէջ են Ազրպէյճանի զաւթիչ ուժերը, Ազրպէյճանը կը շարունակէ հայակործան իր քաղաքականութիւնը` սպառնալով ուժ կիրարկել, եւ եթէ Հայաստանը նոր զիջումներ չկատարէ, կրնայ դառնալ մեծ պետութիւններու բախումի թատերաբեմ:
Բանախօսը անդրադառնալով Արցախի հարցով Հայաստանի գործող իշխանութեան հակազգային քաղաքականութեան` ընդգծեց, որ անցեալ հոկտեմբերին Փրակայի մէջ Փաշինեանը ճանչցաւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը Արցախի նկատմամբ, այլ խօսքով, ան Արցախը դասեց Ազրպէյճանի կազմին մէջ` չունենալով այդ իրաւասութիւնը: Ան ըսաւ, որ տակաւին 1992-ին անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանը կանխատեսելով նման վտանգի հնարաւորութիւնը` արգիլած էր Հայաստանին որեւէ կառավարութեան հետ բանակցիլ որեւէ փաստաթղթի շուրջ, որ Արցախը կը ճանչնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ, աւելցնելով, որ այդ որոշումը տակաւին ի զօրու է, սակայն ինքզինք ժողովրդավար հռչակած Փաշինեան իբր թէ կը պայքարի օրէնքի գերակայութեան համար, բայց ապօրինաբար ոտնահարեց խորհրդարանի որոշումը, ոտնահարեց Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը, որով կերտուած էր Հայաստանի պետականութիւնը, ոտնահարեց Հայաստանի սահմանադրութիւնը:
Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ այսօր մենք կանգնած ենք ոչ թէ պատերազմ թէ խաղաղութիւն, այլ` ցեղասպանութիւն թէ ինքնապաշտպանութիւն ընտրութեան դիմաց, աւելցնելով, որ ոեւէ ազգ, որ չի կրնար պաշտպանել իր սահմանները եւ արդար իրաւունքները, դատապարտուած է ցեղասպանութեան: Ան շեշտեց, որ յանուն արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան` պէտք է ինքնապաշտպանութեան դիմենք, պաշտպանենք երկիրը, սահմանները, մեր հայրենակիցներու արդար իրաւունքները: Մեզի համար Արցախի էջը փակուած չէ եւ չի կրնար փակուիլ: Արցախի եւ Հայաստանի լինելիութիւնը փոխշաղկապուած են, եւ առանց Արցախի` Հայաստանի անվտանգային համակարգը խիստ խոցելի է: Չկայ առանձին Արցախի հարց եւ առանձին Հայաստանի հարց, կայ հայոց պետականութեան եւ հայ ազգի գոյութեան հարց:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Փասատենայի Հայ Համայնքը Զօրակցութիւն Յայտնեց Արցախահայերուն` Միասնութեան Արշաւով
20 հոկտեմբերին Փասատենայի եւ Սան Գաբրիէլ Հովիտի հայ համայնքը հսկումով, քայլարշաւով եւ հաւաքով իր զօրակցութիւնը յայտնեց արցախահայերուն` լուսարձակի տակ առնելով մարդասիրական օգնութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով հայ ռազմագերիներու, անհետ կորածներու եւ գերեվարուած քաղաքացիներու հարցերուն վրայ:
Ձեռնարկը մեկնարկեց Փասատենայի «Մեմորիալ» զբօսայգիին մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւէն, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղիկներու զետեղում:
Ձեռնարկի հանդիսավարներ Սոնա Մովսէսեան եւ Ջիլ Սիմոնեան իրենց խօսքին մէջ ընդգծեցին հայկական ինքնութեան պահպանման ու համայնքի միասնութեան կարեւորութիւնը:
Այնուհետեւ քայլերթը շարունակուեցաւ դէպի քաղաքապետարան, ուր կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով հանդէս եկաւ Վաչէ Սեւաչեան, որ նշեց այն ողբերգական փաստը, որ աւելի քան երեք հազարամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Արցախը ամբողջութեամբ հայաթափուած է: Սեւաչեան ընդգծեց միջազգային հանրութեան լռութիւնը ազրպէյճանական ահաբեկչական գործողութիւններուն դիմաց` յոյս յայտնելով, որ միասնական ըլլալու հայ ժողովուրդին վճռակամութիւնը որոշիչ կրնայ ըլլալ:
Յանձնախումբի անդամ Ալեքսան Կիրակոսեան յայտարարեց, որ Փասատենայի հայ համայնքը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Արցախի փախստական մեր հայրենակիցներուն եւ կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու ազրպէյճանական բռնապետութեան կողմէ ապօրինի ձերբակալուած հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիները:
Բանախօսները յորդորեցին համայնքը` աջակցելու Արցախէն տեղահանուած 120 հազար հայ փախստականներուն եւ օգտակար դառնալու կարիքաւորներուն, ընդգծելով, որ հայրենիքը պաշտպանող հայ զինուորներու զոհողութիւնները չեն մոռցուիր:
Յանձնախումբի անդամ, Հայ դատի Փասատենայի մասնաճիւղի ատենապետ Տօնիկ Տօնապետեան յայտնեց, որ Փասատենայի շուրջ երեք տասնեակ հայկական կառոյցներէ կազմուած յանձնախումբը, որ կոչուած է Փասատենայի Հայկական փառատօն, կը պատրաստուէր նշելու Փասատենայի առաջին հայկական փառատօնը, սակայն ջնջուեցաւ արցախեան ողբերգական դէպքերուն պատճառով: Ան ընդգծեց, որ հաւաքը միասնականութեան ուժի զօրաւոր արտացոլացումն էր:
Կիպրոս
Մշակութային Երեկոյ` «Արարատի Գագաթն Ի Վեր» Նիւթով
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղը նոր տարեշրջանը սկսաւ 20 հոկտեմբերին, մշակութային երեկոյով, նուիրուած` դէպի Արարատ լեռնագնացութեան մասին «Արարատի գագաթն ի վեր» նիւթին:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արարատը հայերուն համար սրբազան լեռ է եւ խորհրդանիշ, սակայն Արարատը նաեւ լեռ է, ժայռաբեկոր ու կրանիթ, հող ու սառոյց եւ երեկոյի ընթացքին Մարալ Ասիլեան-Քելըր պիտի պատմէ իր եւ իր զաւկին` Գրիգոր Էմմիեանի Արարատ լերան գագաթը բարձրանալու փորձառութեան մասին:
Մարալ Ասիլեան-Քելըր իր նիւթը սկսաւ ներկայացնելով ամիսներու վրայ երկարած մարզանքներն ու պատրաստութիւնները, որոնք անհրաժեշտ էին դիմանալու համար մագլցումի դժուարութիւններուն: Անդրադառնալէ ետք լեռնագնաց խումբի Երեւան-Արարատ ճամբորդութեան, բանախօսը նկարագրեց ստորոտին կատարուած վերջնական պատրաստութիւնները, նկատել տալով, որ 16 օգոստոսին հասած են վերջնական 5136մ բարձրութեան վրայ գտնուող գագաթը, ուր ան ծածանած է հայկական եռագոյնը եւ Կիպրոսի դրօշակը:
Խօսքի ընթացքին ցուցադրուեցան ամբողջ գործողութեան ու տեսարաններու բազմաթիւ նկարներ, որոնք ներկաներուն համար առաջին անգամ կը պարզէին Արարատի ժայռերուն եւ ձիւնածածկ գագաթին հետաքրքրական մանրամասնութիւնները: Ներկայացման իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գրիգոր Էմմիեանը, որ մասնակիցը դարձած էր իր մօր արկածախնդրութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Յունաստան
Հանդիպում` Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Եորղոս Երափեթրիթիսի Հետ
18 հոկտեմբերին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Երափեթրիթիս արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի, Յունաստանի Համապոնտական միութիւններու պատուոյ նախագահ Սթեֆանոս Թանիմանիտիսի, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարասի կողմէ բաղկացած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման նպատակն էր նախարարին իրազեկ դարձնել հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու դիմագրաւած ներկայ իրավիճակներուն մասին` շեշտը դնելով յունական պետութեան եւ Յունաստանի կառավարութեան կողմէ առնուելիք կարեւոր նախաձեռնութիւններուն շուրջ:
Հռիփսիմէ Յարութիւնեան պարզեց Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ոճիրներու պատճառով ստեղծուած իրավիճակը` շեշտելով միջազգային հանրութեան անգոյ ու անբաւարար հակազդեցութիւնը ցեղային զտումը կանխելու հարցին մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակողական քայլերուն շուրջ` նշելով անոնց հակադարձելու անհրաժեշտութիւնը: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ յունական պետութեան ներգործութեան կարեւորութիւնը` յստակ քայլերու եւ նախաձեռնութիւններու որդեգրումով:
Նախարար Եորղոս Երափեթրիթիս հաւաստիացուց Յունաստանի կառավարութեան զօրակցական կեցուածքին մասին` շեշտելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու միջեւ հասարակաց բարքերու եւ արժէքներու առկայութիւնը, որ ուղեցոյց կը կազմէ պետական մակարդակի եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գծով:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ հայկական, յոյն պոնտական եւ ասորական համայնքներու ուշադրութեան կիզակէտին գտնուող տարբեր հարցերու շուրջ:
Հոլանտա
Խաչքարի Օծման Արարողութիւն` Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի, 22 հոկտեմբերին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւն: Խաչքարին հեղինակն է հայաստանաբնակ Արտակ Համբարձումեան: Խաչքարը տեղադրուած է բարերարութեամբ Արմէն Աւանէսովի, իսկ Հայաստանէն Նետերլանտներ հասած եւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած է օժանդակութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Աբրահամեանի եւ Տարօն Խաչատրեանի:
Օծման արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը ուղղեց իր պատգամը: Ան ըսաւ, որ այս խաչը օրհնուելով եւ օծուելով սուրբ միւռոնով` դարձաւ սուրբ խաչ, որուն առջեւ մենք պէտք է շարունակենք երկրպագել եւ աղօթել: Սրբազանը շեշտեց, որ պէտք է աղօթենք, որպէսզի անոնք, որոնք այսօր եւ անցեալին իրենց կեանքը զոհեցին մեր հայրենիքին համար, Արցախի համար, որոնց կեանքը սուրբ կեանք դարձաւ, պէտք է խանդավառող առիթ դառնան մեզի համար: Ան յորդորեց ներկաները` միասնաբար աղօթելու խաչքարին առջեւ հայրենիքի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնութեան համար:
Նետերլանտներու Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Պիագով իր խօսքին մէջ շեշտեց միասնութեան կարեւորութիւնը` անոր մէջ տեսնելով մեր ուժը: Ան շեշտեց, որ մեզ միաւորած է ոչ միայն համընդհանուր ցաւը, մորմոքը, այլ նաեւ` հպարտութիւնը, աւելցնելով, որ այս խաչքարը ապացոյց է հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքին եւ ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու բացառիկ քաջութեան: Ան հաստատեց, որ այսօրուան հրամայականն է համախմբել բոլորիս ուժերը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ` յանուն մեր երազանքի պետութեան կերտման:
Ձեռնարկի գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ ունեցան Ամսթերտամի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» եւ Հիրհուկովարտի ծխական համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները, նաեւ` «Արմենիա» երաժշտական կեդրոնի երաժիշտները: