Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 1, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սուրիահայ Մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի Գիրքերը Ներկայացուեցան Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ

Հոկտեմբեր 24-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտական- հետազօտական հիմնադրամին մէջ իր հեղինակած աշխատութիւնները ներկայացուց սուրիահայ մտաւորական, բազմաթիւ յօդուածներու, գիրքերու եւ երգերու հեղինակ Աւօ Գաթրճեան:

Ձեռնարկին սկիզբը բանախօսը ծանօթացուց Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, հայագէտ Հայկազուն Ալվրցեանը, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Աւօ Գաթրճեանի գիրքերուն մասին եւ յոյս յայտնեց, որ ան կը շարունակէ իր բեղուն աշխատանքը:

Գլխաւոր բանախօս Աւօ Գաթրճեան իր խօսքը սկսաւ շնորհակալական խօսքով` ընդգծելով, թէ առաջին անգամն է, որ Հայաստանի մէջ մէկ ձեռնարկով կը ներկայացուին իր բոլոր գիրքերը:

Ան իր հեղինակած աշխատութիւնները պայմանականօրէն բաժնեց 3 հիմնական ոլորտներու` բառարանագիտութիւն, հայոց պատմութիւն եւ Հայոց ցեղասպանութիւն: Ան նկատի առաւ, որ հայոց լեզուն ընդհանրապէս ընկալունակ է օտար բառերու եւ օտարաբանութիւններու հանդէպ, 2008 թուականին որոշած է հրատարակել «Բառագիտութիւն եւ օտարաբանութիւն» ուսումնասիրութիւնը, որ կը ներառէ ուղիղ 1000 օտար բառեր եւ բառակապակցութիւններ` իրենց բացատրութիւններով:

2009-ին Հալէպի մէջ լոյս տեսած է Աւօ Գաթրճեանի «Հայերէն լեզուի յապաւումներու եւ համառօտագրութիւններու բառարան» խորագրով գիրքը: Այս բառարանին մէջ ընդգրկուած են անցեալի եւ ժամանակակից արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մէջ օգտագործուող յապաւումներն ու համառօտագրութիւնները` իրենց վերծանութեամբ: Այս բառարանը մօտաւորապէս 20 տարուան տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է: Անիկա ուղղուած է` ուսանողներու, գիտնականներու, լրագրողներու եւ ընթերցողներու լայն շրջանակին:

Այնուհետեւ սուրիահայ մտաւորականը անդրադարձաւ հայոց պատմութեան ոլորտին պատկանող իր աշխատութիւններուն: Այս բնագաւառին մէջ իր կողմէ հեղինակած առաջին գիրքը «Հայկական Նախիջեւա՞ն, թէ՞ խեղաթիւրուած «NAXÇIVAN»-ն է, որ տպագրուած է 2006 թուականին, Հալէպ: 95 էջէ բաղկացած այս պատկերազարդ գիրքը կազմուած է 10 բաժիններէ.

– Ստալինեան կամայականութեամբ համայնավարութեան գործած աւերը,
– Խաբուսիկ դաշնագրերով զոհաբերուած Նախիջեւանը,
– Կարգ մը գլխաւոր բնօրրաններ,
– Ականաւոր դէմքեր,
– Մեծածաւալ խեղաթիւրում,
– Մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում,
– Հայկական պետականութեան ծրագիրներուն համար հիմնական կէտ,
– «Նախիջեւան» (երգ),
– Օգտագործուած աղբիւրներ,
– Բովանդակութիւն»:

Ըստ հեղինակին, գիրքին նպատակն է ամփոփ ձեւով ներկայացնել, որ Նախիջեւանը հայկական հող է ու Հայ դատի անքակտելի մէկ օղակը: Այս աշխատութիւնը անմիջականօրէն կ՛առնչուի Նախիջեւանի բռնագրաւման, հայաթափման եւ այնտեղի յուշակոթողներու սրբապղծման հարցերուն: Աշխատութեան մէջ համառօտ կերպով ուրուագծուած են պատմական Նախիջեւանի գաւառները, գիւղաքաղաքները ու գիւղերը` իրենց եկեղեցիներով, վանքերով, դպրոցներով, գրչատուներով, բերդերով, կամուրջներով, ջրամբարներով, գերեզմանատուներով ու խաչքարերով: Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ ժողովրդագրական տեղեկութիւններ: Աշխատութեան հարցերէն է բացայայտել Նախիջեւանի կարգավիճակը` ստալինեան կամայականութեամբ համայնավարութեան գործած աւերը, ինչպէս նաեւ խաբուսիկ դաշնագրերով զոհաբերուած իրողութիւնը: Բանախօսը աւելցուց, որ գիրքին վերջաւորութեան զետեղուած են նաեւ ձայնասկաւառակ եւ քարտէս մը: Ձայնասկաւառակին մէջ ներկայացուած է «Նախիջեւան» երգը, որուն հեղինակը եւս Աւօ Գաթրճեանն է:

2010 թուականին, դարձեալ Հալէպի մէջ, Աւօ Գաթրճեանի հեղինակութեամբ հրատարակուած է «ՀՅ Դաշնակցութեան խորհուրդներ եւ պատգամներ» աշխատութիւնը: 270 էջ բովանդակող այս գիրքը նուիրուած է ՀՅԴ կուսակցութեան 120-ամեակին:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին վերաբերեալ լոյս տեսած է Աւօ Գաթրճեանի յաջորդ գիրքը` «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» վերնագրով: Հեղինակը, իբրեւ աղբիւր, օգտուած է սփիւռքահայ եւ հայրենի 44 հեղինակներու մօտաւորապէս 100 գիրքերէ, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան հարուստ մամուլէն` «Ազդակ», «Ալիք», «Դրօշակ», «Ազդակ-Շաբաթօրեակ» («Դրօշակ»), «Կայծեր», «Հայրենիք» ամսագիր, «Վէմ»-ի թիւերէն եւ այլն:

Հեղինակին` Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով առաջին գիրքը գրի առնուած է Սուրիոյ մէջ, պատերազմի տարիներուն, հրթիռակոծութեան տակ: Խօսքը «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած եւ մահացած հայ մարզիկները» գիրքին մասին է, որ փորձ մըն է` ուրուագծելու Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր իշխանութիւններու օրով հայ մարզիկներու, ինչպէս նաեւ մարզական ակումբներու, միութիւններու, ընկերութիւններու հոլովոյթը, սկսած` նախացեղասպանութեան շրջանէն, հասնելով մինչեւ Ցեղասպանութիւն` մարզիկներու նահատակութիւնը կամ անոնց մահը գաղթի ճանապարհին եւ աքսորավայրերուն մէջ: Այս աշխատութիւնը լոյս ընծայուած է 2015 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 2 լեզուներով` հայերէն եւ արաբերէն:

69 էջ բովանդակող այս գիրքը բաղկացած է 3 մասէ` «Ներածական», «Հայ մարզական եղեռնը» եւ «Վերջաբան»: Այս աշխատութիւնը ուղղուած է յատկապէս օտարներուն, մասնաւորապէս` արաբ ընթերցողներուն: Անիկա կը մատնանշէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տուժած է ո՛չ միայն հայութիւնը, այլ նաեւ` համայն մարդկութիւնը, որովհետեւ յայտնի բժիշկներու եւ այլ արժանաւոր մասնագէտներու կողքին, սպաննուած են նաեւ բազմաթիւ մարզիկներ:

Գաթրճեանի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով հեղինակած վերջին գիրքը 622 էջ բովանդակող ստուարածաւալ աշխատութիւնն է, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութեամբ երգերուն եւ երաժշտութեան: «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ» վերնագրով այս գիրքին գլուխները հեղինակին կողմէ վերնագրուած են` իբրեւ «Արարներ»: Ինչպէս նշեց բանախօսը, Ցեղասպանութեան նուիրուած երգերուն թիւը անսահման է: Հեղինակը անդրադարձած է այդ նիւթով մինչեւ օրս բազմաթիւ լեզուներով գրուած երգերուն եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններուն: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այդ նիւթով երգերուն մէջ ամենայաճախ օգտագործուած բառերն են` նահատակ, Տէր Զօր, ցեղասպանութիւն, վրէժ, ողբ եւ այլն:

Աւօ Գաթրճեան այս գիրքը հեղինակելու նպատակով հանդիպած է այսպիսի երգերու հեղինակներու հետ եւ ստիպուած եղած է յաճախ ճանապարհորդել տարբեր երկիրներ` զանոնք ժողվելու նպատակով: Գիրքը մօտաւորապէս 10 տարուան անխոնջ աշխատանքի արդիւնք է: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով ստեղծուած է մօտաւորապէս 50 դասական երաժշտական գործ եւս:

Իր խօսքի աւարտին բանախօսը նշեց. «Մեր ուսումնասիրութեան ընդմէջէն կը պարզաբանենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան արծարծումը վաւերագրական եւ փաստավաւերագրական ժապաւէններու միջոցով եւ անոնց ընդմէջէն երգ-երաժշտութեան օգտագործումն ու դերակատարութիւնը իրենց մեծ դերը ունին թէ՛ իբրեւ յիշողութիւն ու ազդեցութիւն` հայ նոր սերունդին վրայ, թէ՛ իբրեւ քարոզչութիւն` միջազգային ընտանիքին ծանօթացնելու նպատակով, որովհետեւ անոնք մեծապէս նպաստեցին Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման` կազմակերպելով քարոզչութիւն, արթնցնելով օտարներու հետաքրքրութիւնը, ներգրաւելով անոնց կարծիքը, մղելով զանոնք դէպի Հայոց ցեղասպանութեան ինքնութիւնը եւ ճանաչումը»:

Ձեռնարկի աւարտին խօսքեր արտասանեցին նաեւ ձեռնարկին ներկայ գտնուող Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան, որոնք մեծապէս արժեւորեցին Աւօ Գաթրճեանի գիտական եւ հասարակական գործունէութիւնը: Նորա Արիսեան ներկաներուն յիշեցուց, որ Սուրիոյ մէջ գիրք տպագրելը ընդհանրապէս եւ այսպիսի բովանդակութեամբ գիրքեր հրատարակելը մասնաւորապէս դիւրին գործ չէ. պէտք է ստանալ պետական հաստատութիւններու արտօնութիւնը, եւ Աւօ Գաթրճեան համբերատարութեամբ ու հետեւողականութեամբ կրցաւ համապատասխան կառոյցներէն այսպիսի թոյլտուութիւն ստանալ:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ ներկաներուն կողմէ հեղինակին ուղղուած գնահատանքի խօսքերով եւ անոր գիրքերուն արժեւորումով:

Գէորգ Պետիկեանի Նուիրուած Գրական Հանդիպում` Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանին Մէջ Եւ Երեւանի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտներուն Հետ

Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում նուիրուած հալէպահայ գրող Գէորգ Պետիկեանի ծննդեան 80-ամեակին: Փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանը եւ բանասիրական բաժանմունքի ուսանողները ներկայացուցին անոր գեղարուեստական ժառանգութիւնը եւ արժեւորեցին արեւմտահայ մտաւորականին սէրն ու նուիրումը` մայրենի լեզուին եւ հայրենիքին հանդէպ:

«Գէորգ Պետիկեանի գրիչի ուժին մեծութեան մէջ  կը տեսնենք հայրենիքի կարօտը», նշեց Սուրէն Դանիէլեան եւ խօսելով գրողին հրատարակած 10 գիրքերուն մասին` առանձնացուց «Մայթերուն անցորդը» եւ փաստեց` «մայթերուն անցորդը» ինքը սփիւռքահայն է: Վերջինս անդրադարձաւ գրողին բազմաժանր ուղղուածութեանը, յատկապէս` թատերական ու հրապարակախօսական արձակին, որոնց  մէջ ինքը` գրողն է` կեանքը ճանչցողը եւ իրադարձութիւնները վերլուծող անհատականութիւնը:

Գրողին կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձաւ պատմաբան, բանասէրը Գէորգ Եազըճեանը: Գ. Պետիկեան ծնած է Հալէպ, կրթութիւնը ստացած է Հայկազեան վարժարանէն, այնուհետեւ շարունակած է ուսումը եւ հետագային զբաղած` ուսուցչութեամբ: Աշխատակցած է «Ազդակ» օրաթերթին ու հայերէնով հրատարակուող զանազան թերթերու եւ պարբերականներու մէջ, իսկ ներկայիս կ՛ապրի Ամերիկա: Ան կը նկատէ, որ հայկական ինքնութիւնը կը յենի հայկական մշակոյթին վրայ. Պետիկեան այդ մշակոյթը կրողն է, իր բազմաժանր ստեղծագործութիւններով` «Կը թափանցէ մարդոց հոգիներուն, իսկ առաջին հերթին` իր հոգիին խորերը». արձակ պատմուածքներ, թատերագրութիւն, բանաստեղծութիւն` պարզ ու մատչելի, ոչ վերամբարձ ոճով գրուած ստեղծագործութիւններ. այս է հեղինակին յատկանշական ոճը: Պետիկեանի հրապարակախօսութեան մէջ նաեւ կ՛արտացոլան Արցախի մասին տագնապներ, ինչպէս նաեւ` ազգային ցաւեր, հայապահպանութեան պայքար:

Պատմաբանը ցաւով նկատեց, որ սփիւռքը ամէնօրեայ պայքարի մէջ է, յատկապէս ամերիկեան ովկիանոսի մէջ համահայկական ջանքեր պէտք են ուծացման դէմ պայքարելու համար, եւ առ այսօր չունինք ռազմավարութիւն` սփիւռքի հետ կապուած:

Գէորգ Եազըճեան յուսաց, որ 80-ամեակը կը դառնայ նոր խթան` անոր գրական պայքարին մէջ:

Գէորգ Պետիկեանի գրականութեան տարբեր շերտերուն անդրադարձան` «Սփիւռք» կեդրոնի աւագ գրադարանավար Նելլի Թադէոսեանը, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի մասնագէտ Վեհանուշ Մուրատեանը, մագիստրոսի կարգի 2-րդ լսարանի ուսանողուհի Աննա Կոստանեանը:

Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ, ամպիոնի գիտաշխատող Քնարիկ Աբրահամեանը հատուածներ կարդաց «Գրադարանս» գիրքէն: Պսակաւորի 1-ին լսարանի ուսանողուհի Ժաննա Յովհաննիսեան կիթառով կատարեց երգեր` Տէրեանի «Իմ խաղաղ երեկոն է հիմա» եւ համշէնահայ բարբառով` «Կ՛ուզիմ Նէննի» երգերը:

«Գրողը անընդհատ կը վերադառնայ դէպի անցեալ, իր ստեղծագործութիւնները կը կառուցէ երկու հակադիր աշխարհներու վրայ. առաջինը Հալէպն է, միւսը` այդ մեծ աշխարհը` Ամերիկան», ընդգծեց Նելլի Թադէոսեան. հայրենիքէն դուրս հայը օտարական է, սփիւռքահայութիւնը իր կեանքը մաշեց օտար երկինքներու տակ:

Վեհանուշ Մուրատեան ներկայացուց «Տարին, որ անցաւ» գիրքը, որ 2020 թուականի Արցախի պատերազմի ու քաղաքական փոթորիկներու մասին է: Ելոյթ ունեցողը կը ներկայացնէ տագնապող անհատին ու գրողին. «Մարդ մը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ»…

Բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեան շնորհաւորեց գրողը, խօսեցաւ հեղինակին գրական, փորձագիտական, փիլիսոփայական  ուղերձներուն եւ  գրական ստեղծագործութիւններուն արեւմտահայ լեզուական ոճական ատաղձին մասին` յորդորելով  զայն դարձնել աւարտական աշխատանքի նիւթ: Գրողին անհատականութեան եւ ստեղծագործութիւններուն անդրադարձաւ Մարիամ Ստեփանեան:

Ձեռնարկի աւարտին Գէորգ Պետիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենիքի մէջ այսպիսի ձեռնարկ կազմակերպուելուն համար եւ նշեց. «Այս հաւաքը առիթ կու տայ, որ այսուհետեւ հաւաքեմ ապրումներու պահերս, որոնց առջեւ մարդը կը տատանի վարագոյրի նման. մտքիս նոր խօսք եւ ներշնչում կ՛առաքէ»: Գրողը իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է, արեւմտահայ գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կծկուիլ: Բացի այդ` սփիւռքի մէջ օրէ օր կը նուազի հայերէն խօսող եւ հայերէն գրող մարդոց թիւը, եւ դիւրին բան չէ արեւմտահայ գրող ըլլալը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Գ. Պետիկեանի կինը` Լիզան, հիւրեր սփիւռքէն, դասախօսներ, ուսանողներ:

Հաղորդենք նաեւ, որ 21 հոկտեմբեր 2023-ին «Յառաջ» կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Հայաստանի վարչութեան եւ «Յառաջ» կեդրոնին, տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը նախկին ճեմարանական, վաստակաշատ կրթական մշակ, գրող, ազգային գործիչ, Ամերիկայէն հիւրաբար Երեւան գտնուող Գէորգ Պետիկեանին հետ:

Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Հայաստանի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Րաֆֆի Աւետիսեանը, ապա Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանը կարդաց Գ. Պետիկեանի «Մոգականը» խորագրով յօդուածը:

Ներկաները յուզումնախառն զգացումներով ունկնդրեցին եւ վերապրեցան Ճեմարանի անմոռանալի օրերը: Անոնք մտովի փոխադրուեցան ծննդավայր Հալէպ ու Ճեմարանի դարպասէն ներս մտնելով` փնտռեցին իրենց դասընկերներն ու ուսուցիչները:

Գէորգ Պետիկեան հաճելի պատումով անդրադարձաւ իր կեանքին, գրական ստեղծագործութիւններուն եւ իբրեւ աւելի քան քառորդ դարու ուսուցիչ-տնօրէն, նաւարկելով յիշողութեան գետին վրայ, կիսեց իր անմոռանալի յուշերը սիրելի աշակերտներուն հետ:

Այս հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ  Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսեանը:

Տնօրէնուհին ամփոփ ձեւով ներկայացուց Ճեմարանի ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ձեռք բերած յաջողութիւնները:

Աւարտին Գէորգ Պետիկեան ներկաներուն նուիրեց իր նոր լոյս ընծայած «Քերթուածներու հաւաքածոյ»-էն օրինակներ:

Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարար. «Դիմեցինք ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ին, Որպէսզի Թոյլտուութիւն Ձեռք Բերէ` Այցելելու Լեռնային Ղարաբաղ Եւ Արձանագրելու Պատմամշակութային Նմուշները»

Ֆրանսայի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ Մալաքի երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկի` մատենադարանի նոր մասնաշէնքի դահլիճին մէջ կայացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ Մալաքի միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարը նախ ողջունեց Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարը եւ ապա ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ մշակութային համագործակցութեան շատ լայն շրջանակ մը կայ, որ կ՛ընդգրկէ թէ՛ ժամանակակից արուեստի, թէ՛ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտները: Ժաննա Անդրէասեանի խօսքով, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտը մեր կարեւորագոյն հարցերէն է. անիկա յատկապէս սուր է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմական մշակութային ժառանգութեան վտանգման առումով:

«Լեռնային Ղարաբաղի պատմական մշակութային ժառանգութեան հարցը Ֆրանսայի մեր գործընկերներուն հետ քննարկումներու հիմնական նիւթն է: Պիտի փորձենք գտնել միջազգային գործուն մեքանիզմներ, որոնք կ՛օգնեն բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը եւ պաշտպանուածութիւնը: Այս օրերուն ամէնէն կարեւոր հարցերէն է` վստահ ըլլալ, որ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանուածութեան ամենատարրական հարցերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապահովուած են, բայց, ցաւօք, մենք չունինք այդ վստահութիւնը, որովհետեւ 2020 թուականէն ի վեր չի յաջողուիր Լեռնային Ղարաբաղ գործուղել միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն, որ կը կարողանայ այնտեղ արձանագրել մշակութային ժառանգութեան իրավիճակը», նշեց Ժաննա Անդրէասեան` ընդգծելով, որ հարցը աւելի սրեցաւ 19 սեպտեմբեր 2023-ի իրադարձութիւններէն ետք, երբ հայկական բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք 5000-է աւելի յուշարձաններ եւ 20-է աւելի թանգարաններ մնացին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ:

«Այս արժէքներուն պաշտպանութիւնը մեր ամէնէն կարեւոր հարցերէն է: Լեռնային Ղարաբաղէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման պատճառով կը տեսնենք, որ վտանգուած է նաեւ ոչ նիւթական ժառանգութեան պահպանութեան հարցը», նշեց նախարարը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող հայկական պատմական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցին` Ֆրանսայի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ Մալաք նշեց, որ հարցը միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնելու համար ֆրանսական կողմը պատրաստ է ներդնել առաւելագոյն ջանքեր:

Ֆրանսայի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարը յայտնեց, որ իրենք պաշտօնական դիմումնագրով ներկայացած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, որպէսզի վերջինս թոյլտուութիւն ձեռք բերէ այցելելու Լեռնային Ղարաբաղ եւ արձանագրելու բոլոր պատմական մշակութային նմուշները` զանոնք նոյնականացնելու համար:

Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարը տեղեկացուց, որ  պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ ALIPH միութեան ներկայացուցիչները, որոնք կը զբաղին պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով: Ֆրանսայի կառավարութեան տրամադրած նիւթական միջոցներով անիկա կրցաւ արբանեակային տարբեր պատկերներ, լուսանկարներ նոյնականացնել, եւ արդէն ձեւաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած ժառանգութեան տուեալներու շտեմարանը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շամախիի Շրջակայ Բնակավայրեր Եւ Հոգեւոր Կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Վանք

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Նաքպայի (Պաղեստինի 1948-ի Աղէտը) Յիշողութիւնը, Տանջող Զուգահեռները Եւ Իսրայէլի Դերը»-Միջազգային Հակամարտութիւններու Կարգաւորման Ձախողութիւնները

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 13, 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Յուլիս 31, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?