Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Է՛լ Չմնաց Ելք Ու Ճար

October 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Եւ այսպէս, համաշխարհային հետաքրքրութիւնն ու ուշադրութիւնը ակնթարթային ոստումով ցատկեցին Արցախի վրայէն` ձգելով մեր խեղճ ու կրակ երկիրն ու տեղահանուած արցախահայութիւնը որբ, առանց ոչ իսկ գէթ բերանացի օժանդակութեան` միջազգային հարթակներէն: 7 հոկտեմբերին, երբ գրեցի այս յօդուածը, Իսրայէլ յայտարարած էր, որ մօտաւորապէս 250 հրեայ զոհ տուած է իսրայէլեան-պաղեստինեան կռիւներուն ընթացքին: Իսկ ի՞նչ եղան մեր 120.000 հայերը, երբ 9 ամիս մնացին շրջափակուած, սոված, մարդկային տարրական իրաւունքներէ զրկուած: Ո՞ւր էր այս համաշխարհային աշխուժ մամուլը, երբ կ՛աղաչէինք, կը պաղատէինք, որ մեր 120.000-ին ձայնը լսուի: Անոնք բաւարարուեցան մեզի տրամադրելով 10 վայրկեան` բացատրելու համար 3.000 տարուան բնիկ ժողովուրդի պատմութիւնը, եւ ապա` դատապարտելով մեզ յաւիտեան լռութեան:

Եւ այսպէս, միջազգային կազմակերպութիւններն ու գերպետութիւնները անգամ մը եւս կռնակ դարձուց մեր Դատին, մեր ժողովուրդին:

Ուրեմն պէ՞տք է գթամ ես այդ 250-ին: Պէ՞տք է վատ զգամ 250-ի կորուստին համար: Պէ՞տք է աղօթեմ այդ 250-ին եւ անոնց ժողովուրդին փրկութեան համար: Կրնայ ըլլալ: Այո՛, կրնայ ըլլալ սովորական աշխարհիկ զանգուած մը այս բոլոր նշածներս նկատէ նուազագոյն «պարտքը» այդ դժբախտ ժողովուրդին զօրակցելու եւ հանգիստ խիղճ ունենալու համար: Բայց ես եւ բոլոր ազգասէր հայերը շատ հեռու ենք այս սովորական աշխարհիկ դասակարգէն:

Իմ քովս չմնաց արտասուք, որ թափեմ այդ 250-ին համար: Բայց նոյնիսկ եթէ մնար, ամբողջը կը տրամադրէի Արցախիս: Իմ քովս չմնաց գութ այդ 250-ին նկատմամբ: Բայց նոյնիսկ եթէ սրտիս խորին անկիւնները մնացած ըլլար փափուկ բաժին մը, կը քարացնէի զայն` յանուն Արցախիս: Իմ քովս չմնաց զգացումներու այն ընդարձակ շարանը: Հոս կայ միայն զայրոյթ եւ վրէժխնդրութիւն: Շրթներուս վրայ սառած մնացին անհաշուելի աղօթքներս ժողովուրդին փրկութեան համար: Անպատասխան մնացին անթիւ աղօթքներս, աղաչանքներս, պաղատանքներս, արցունքներս, լաց ու կոծս, հեծկլտանքս եւ ողբս: Երես թեքեցին մեզմէ` թէ՛ պարզ մարդիկ, թէ՛ դաշնակիցներ, թէ՛ բարեկամներ եւ թէ՛ Աստուած:

Ուրեմն հիմա է, որ կը հասկնամ: Պատմութիւնը քանի մը անգամ մեզ փորձած է սորվեցնել այս դասը, բայց մենք չենք ուզած զայն դրոշմել մեր կարճատես միտքերուն մէջ: Օտարէն օգնութիւնը անկարելի է: Պէտք է վստահիլ մեր բազուկներուն: Պէտք է պատրաստ ըլլալ սեղանը շրջելու, ջարդելու, փշրելու, վառելու, երբ մեզի համար աթոռ չկայ: Այլեւս պէտք է մտածել մեր շահերուն եւ միայն մե՛ր շահերուն մասին:

Այն աշխարհը, ուր մենք կ՛ապրինք, բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, արդար եւ իտէալական տեղ մը չէ: Ուրեմն ինչո՞ւ տակաւին պնդագլուխ յամառութեամբ կը փորձենք քաղաքավար, բարեացակամ, զուսպ եւ կրաւորական միջոցներով պաշտպանել մեր իրաւունքը:

Ո՜վ ազգասէր հայեր. ո՜վ հայրենասէր հայեր, ձգենք այն աշխարհը, որ ունի իր հոգերը, որոնց հետ արդէն ինք գլուխ չ՛ելլեր, եւ մե՛նք ձեռք առնենք մեր ճակատագիրը: Ո՜վ երիտասարդութիւն, եկէ՛ք` համախմբուինք, ծրագրենք գործօն շարժումներ, հաստատ քայլեր, մարտունակ կեցուածքով մեր արժանապատուութիւնը ձեռք բերենք Հայաստանի դրօշին ներքեւ:

Այս բոլոր դէպքերը բաւարար են հասուն, չափահաս, հաւասարակշռուած մարդն իսկ խենթացնելու: Եւ հիմա ճի՛շդ այդ խենթերուն պահանջը կայ:

Խօսքս հիմա կ՛ուղղեմ անձիս պէս խենթացած երիտասարդներուն: Ձեզ կը հրաւիրեմ ժողովի, ծրագրենք ու արշաւենք, քանզի շատ լաւ գիտենք` է՛լ չմնաց ելք ու ճար:

 

 

 

Նախորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Յաջորդը

Ալիեւեան Համարկման Ծրագրին Էութիւնը

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.