Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւեան Համարկման Ծրագրին Էութիւնը

October 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Իր բնիկ ժողովուրդէն պարպուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դատարկ եւ ամայի հրապարակին վրայ բռունցք ճօճելով, «Կարապախ պիզիմտիր» գոչող Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախորդ օրերուն շրջագայեցաւ արցախեան գրաւեալ տարածքներու մէջ, ուր իր արտասանած խօսքերուն մէջ ոչինչ ըսաւ արցախցիներուն ազրպէյճանական հասարակութեան եւ պետական կառոյցներուն մէջ համարկուելու հոլովոյթին մասին, ոչ ալ անդրադարձաւ, այսպէս կոչուած, համարկման այն ծրագրին, որ նախատեսուած է արցախցիներուն համար: Զինուորական տարազով Ալիեւ, ընդհակառակը, պատերազմաշունչ յայտարարութիւններ կատարեց մանաւանդ Ստեփանակերտի մէջ եւ յայտարարեց, որ պարտեալ հայկական կողմը իր նախազգուշացումները անտեսեց եւ ահա` հետեւանքը: Ալիեւի` գրաւեալ Ստեփանակերտ այցելութիւնը կը զուգադիպէր քսան տարի առաջ անոր իշխանութեան հասնելու տարեդարձին:

Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած համարկման ծրագիրը, որուն կապակցաբար Պաքուի իշխանութիւնները Արցախի հայաթափումէն առաջ ակնարկութիւններ կատարեցին եւ  յայտարարեցին անոր մանրամասնութիւնները, խորքին մէջ, ինչպէս հաստատեց ազրպէյճանցի նախկին քաղաքական բանտարկեալ, քաղաքական մեկնաբան Արիֆ Եունուսով, մշակուած ու պատրաստուած է Արեւմուտքը խաբելու համար, որովհետեւ անմարդաբնակ Արցախ մը ուզող Ալիեւի համար արցախահայերու համարկման ծրագիր մը այդպէս ալ անգործադրելի նախագիծ մը մնալու դատապարտուած է:

Համարկում` ազրպէյճանական հասարակութեան, պետական կառոյցներուն եւ պետութեան հաստատութիւններուն: Ծրագիր մը, որ առաջին ակնարկով կը թուի, թէ անմեղ է եւ կը միտի Արցախի ժողովուրդը առաջնորդել եւ համարկել, որպէսզի ազրպէյճանական իշխանութեան ներքոյ արցախցիները շարունակեն իրենց հասարակական, կրթական, մշակութային եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական կեանքը, որ պիտի կառավարուի եւ տնօրինուի ըստ ազրպէյճանական կանոններուն եւ օրէնքներուն, որոնք ամրագրուած են Ազրպէյճանի սահմանադրութեամբ: Ասիկա բնականաբար կը նշանակէ, որ Արցախի ժողովուրդը համարկման հոլովոյթին ամբողջացումէն ետք պիտի վերածուի ազրպէյճանական հասարակութեան մէկ մասնիկին: Համարկման պատմութիւնը արդէն իսկ թուղթի վրայ մնացած է, որովհետեւ անոր գործադրութենէն առաջ ազրպէյճանցիք իրականացուցին իրենց բազմամեայ ծրագիրը եւ Արցախը հայաթափեցին` անոր բնիկ ժողովուրդը բռնագաղթի մատնելով: Իսկ ամբողջ միջազգային ընտանիքը, որ Արցախի ամբողջական պաշարման ինը ամիսներուն միայն ու միայն բաւականացաւ կոչերով եւ յայտարարութիւններով, ձեռնածալ դիտեց ամբողջ ժողովուրդի մը բռնագաղթը, իսկ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնն ալ Արցախ հասաւ այն պահուն, երբ արդէն ժողովուրդ չկար հոն:

Ազրպէյճանական համարկման ծրագրին էութիւնը խորքին մէջ արցախցիներու տեղահանութեան արդէն իսկ իրականացած նախագիծն էր: Ասիկա աւելի քան յստակ կը դառնայ, երբ յիշենք Ստեփանակերտի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, թէ` «Ղարաբաղի մէջ մինչեւ 2026 հարիւր քառասուն հազար ազրպէյճանցի պիտի վերաբնակեցուի»:

Համարկման ծրագիրը, այսպէս թէ այնպէս,  Արեւմուտքը լռեցնելու եւ անոր աչքին փոշի ցանելու նպատակին կը ծառայէ: Ասիկա ի մտի ունենալով` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին եւ անկէ առաջ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնները նախածրագրելու եւ պատրաստ ըլլալու պէտք է մղած ըլլան հայկական կողմը: Այլապէս Սիւնիքի, Տաւուշի եւ Արարատի մարզերուն մէջ որոշ ծրագրեր կրնան բնաւ հայանպաստ չըլլալ: Պէտք է պատրաստ ըլլալ:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Է՛լ Չմնաց Ելք Ու Ճար

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-Ի. Աղաւնիի, Ձիթենիի Ճիւղի Եւ… Նետ Ու Աղեղի Պատմութիւն

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.