Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային Իրաւունքներ (Human Rights)

Հոկտեմբեր 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ        

10 դեկտեմբեր 1948-ին Համաշխարհային մարդկային իրաւունքներու յայտարարութիւնը (Universal Declaration of Human Rights) կնքուեցաւ  Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ` Ընդհանուր ժողովի միջոցով:

Անոր նպատակն էր հիմնել ճիշդ եւ յարմար ապագայ` բոլորին համար, ինչպէս նաեւ պաշտպանել բոլորին իրաւունքները` առանց սեռի, գոյնի, ցեղի կամ կրօնի խտրութեան, անկախ կուսակցական կարծիքներէ… եւ մանաւանդ` պաշտպանելով անոնց ազատ եւ անկախ գոյութիւնը:

Փետրուար 1947-ին մարդկային իրաւունքները գրուեցան յատուկ անձերու կողմէ, որոնցմէ գլխաւորներն էին` Էլէանոր Ռուզվելթ, Փեն Չուն Չանկ եւ Շարլ Մալեք:

Ֆրանսացի դատաւոր Ռընէ Քասսեն հայրը եղաւ մարդկային իրաւունքներու (Human Rights) այս յայտարարութեան:

Այդ թուականին 58 երկիրներ որդեգրեցին եւ ընդունեցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան այս յայտարարութիւնը եւ խոստացան ամբողջութեամբ որդեգրել անոր 30 յօդուածները, որոնցմէ ամփոփ ձեւով կը յիշեմ հիմնական կէտերը, որոնք յօդուած 1-էն մինչեւ յօդուած 30 կը շեշտեն անձին հիմնական իրաւունքներուն մասին:

Ոեւէ անձ արժանի է ազատ կեանքի, ան պէտք է ազատ ծնի, իրաւունքները յարգուին` անկախ իր մորթի գոյնէն, կրօնէն, անձնական,  կուսակցական կարծիքներէն եւ պատկանած ցեղէն. ոչ մէկ անձ կրնայ զինք շահագործել իբրեւ գերի, ոչ մէկ անձ պէտք է ենթարկուի չարչարանքի կամ առանց հիմնական պատճառներու բանտարկուի, մանաւանդ` առանց փաստերու. օրէնքները պէտք է հաւասար ըլլան բոլորին նկատմամբ, ոչ մէկ անձ պէտք է առանց պատճառի կամ կասկածի հիման վրայ ձերբակալուի եւ աքսորուի:

Ամէն մարդ իրաւունք ունի պաշտպանողական կազմի մը, եթէ դատարանի մը մէջ նիւթական կարողութիւնը չունենայ փաստաբան ունենալու:

Ամէն մարդ իրաւունք ունի իր երկրին մէջ ազատ ապրելու, ազատօրէն ճամբորդելու եւ վերադառնալու իր բնակավայրը… Ամէն մարդ իրաւունք ունի ունենալու ազգային պատկանելիութիւն, քաղաքացիութիւն:

Կին եւ մարդ հաւասար իրաւունք ունին,  ազատ են ամուսնանալու եւ իրենց ազատ կամքով ընտանիք հիմնելու:

Ամէն անձ իրաւունք ունի իր անձնական տունը եւ կալուածներ ունենալու, մէկը իրաւունք չունի անոր կալուածները գրաւելու:

Ամէն անձ իրաւունք ունի մաս կազմելու իր երկրին կառավարութեան եւ մասնակցելու ազատ ու անկախ ընտրութեան… ժողովրդավարական (democratic) ձեւով:

Ամէն մարդ իրաւունք ունի բուժումի եւ հանգստութեան:

Ամէն մարդ իրաւունք ունի ուսման, գոնէ` մինչեւ նախակրթարան:

Ամէն մարդ ստիպուած է յարգել ուրիշին կարծիքը եւ ազատութիւնը:

Այս օրէնքներով Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ուզեց ապահովութիւն տալ մարդոց իրաւունքներուն… եւ խանդավառ ձեւով 58  երկիրները ստորագրեցին մարդկային իրաւունքներու վաւերաթուղթերը:

Տարիներ անցան եւ աշխարհի զանազան երկիրներ շարունակեցին իրենց անմարդկային վերաբերմունքը… եւ բացայայտուեցաւ, որ ամէն օր, ամէն ժամ հազարաւոր մարդիկ զանազան երկիրներու մէջ կը ձերբակալուին` առանց պատճառի, առանց փաստի, պարզապէս որովհետեւ յատուկ կրօն ունեցող կամ յատուկ կուսակցական կամ քաղաքական կարծիք ունեցող անձեր են, ուստի իրենց կարծիքները կ՛ոտնակոխուին:

Այս կացութեան պատճառով որոշուեցաւ հիմնել նոր հաստատութիւն մը, որ կարենար հսկել բոլոր երկիրներու մէջ կատարուող այս դէպքերուն եւ մատնանշել յանցաւոր կառավարութիւնները…

Հոս ծնաւ «Հիումըն ռայց վոչ»-ը (Human Rights Watch) 1978 թուականին Հելսինքիի մէջ, որուն պարտականութիւնն էր ստուգել եւ հսկել չարաշահումները, որոնք կը պատահէին զանազան երկիրներու մէջ եւ թղթածրար պատրաստել ու անուն մականունով ցոյց տալ այդ երկիրներուն եւ իրենց կառավարութիւններուն չարաշահումը, նաեւ` մատնացոյց ընել այն անձերը, երկիրները եւ  կառավարութիւնները, որոնք ոտնակոխ կ՛ընեն իրենց ստորագրած վաւերաթուղթերը եւ չեն յարգեր զանոնք:

«Հիումըն ռայց ուոչ»-ը հիմնող 3 նշանաւոր անձերն են` Robert L. Bernstein  Helsinki Watch, Jeri Laber եւ Aryeh Neier, որոնց անունով կը գործեն ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ:

Ասոնց վերջնական պարտականութիւնն էր ճնշում բանեցնել այդ կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի յարգեն մարդկային իրաւունքները, եւ հսկողութեան նպատակով ամէն երկիրներու մէջ գրասենեակներ բացին:

Դժբախտաբար, սակայն, այս հաստատութիւններու թանկագին գործը կը մնայ մելան` թուղթի վրայ, որովհետեւ պէտք եղած ուժը եւ ճնշումը չէին կրնար բանեցնել այդ երկիրներուն վրայ, որպէսզի ամբողջական ձեւով անոնց ստիպէին յարգելու մարդկային իրաւունքները:

Հոս է, որ այդ կացութիւնը նկատի առնելով` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ուժեղ ու հզօր երկիրներուն պարտադրեց, որ ճնշում եւ ուժ բանեցնեն այն երկիրներուն վրայ, որոնք չեն ենթարկուիր այս կազմակերպութեան օրէնքներուն:

Դժբախտաբար, սակայն, այդ զօրաւոր երկիրները, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ խօսք ունին, իրենց կարգին արգելք կենալու (վեթo) իրաւունք ունին` հակառակելու եւ պատժելու երկիրներ, որոնք ոտնակոխ կ՛ընեն «Հիումըն ռայց ուոչ»-ի օրէնքներն ու ծրագիրները:

Այս զօրաւոր երկիրներէն են, պարզապէս` քանի մը անուններ տալու համար, Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Անգլիա (Մեծն Բրիտանիա), Քանատա, Հնդկաստան, Գերմանիա  եւ քանի մը ուրիշներ:

Ինչպէս նշեցինք, այս զօրաւոր երկիրները, իրենց կարգին, յատուկ երկիրներու հետ դաշինք կնքած են` զինուորական, քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական ու նախ եւ առաջ կը հետապնդեն իրենց անձնական շահերը ու աչք կը խփեն այդ երկիրներու վայրի վերաբերմունքին:

Եթէ տարիներու ընթացքին հետեւինք եղած հարցերուն, կը տեսնենք, թէ որքա՛ն բազմացած են անմարդկային վերաբերմունքն ու անձի հանդէպ անարգանքը: Յիշեցնելու նպատակով` Պաղեստին, Իսրայէլ, Քամպոտիա, Ռուանտա, Սուտան, Պուրմա, Իրան, Լիպիա, Եմէն, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան եւ զանազան այլ երկիրներ` Լատինական Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ Հեռաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ կատարուած դէպքերուն, ուր չարչարանքն ու սպանութիւնը ամէնօրեայ երեւոյթ են, բայց եւ այնպէս, այդ կառավարութիւնները չեն պատժուած, ոչ ալ յանդիմանութիւն կրած են, պարզապէս որովհետեւ «պաշտպանուած են» այդ զօրաւոր երկիրներէն, եւ այդ երկիրներուն շահերը աւելի կարեւոր են, քան` մարդկային ամէն  տեսակի իրաւունք:

Տարիներ անցան եւ դժբախտաբար մեր կարգն ալ եկաւ. Արցախը եւս վերոնշեալ երկիրներուն կարգին անցաւ, եւ ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Ֆրանսան, ո՛չ ալ Եւրոպական Միութիւնը, որոնք այդքան «թմբուկ նուագեցին» մարդկային իրաւունքներու մասին, իրենց գլուխը այս կողմ դարձուցին:

Ա՛յս է իրականութիւնը…

Ինչպէս Լա Ֆոնթեն ըսած էր` «Իրաւունքը զօրաւորին է»:

Երբ պէտք եղած ուժը չունիս եւ մանաւանդ քարիւղ եւ կազ չունիս, ոչ ոք հետաքրքրուած կ՛ըլլայ քու մարդկային իրաւունքներովդ, բոլորը իրենց շահերուն համար կը լռեն, չտեսնելու կու տան եւ միայն օդին մէջ յայտարարութիւններով մասնակից կը դառնան քու ցաւիդ…

Մարդկային իրաւունքներու յօդուածները կը մնան մելան` թուղթի վրայ…

2023

Նախորդը

Երեւանեան Օրագրութենէս…

Յաջորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?