Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ինչո՞ւ Աւելի Ուժեղ Եւ Վճռակամ

April 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաշխարհը այսօր կը պատրաստուի նշել Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը: Քայլարշաւներ, բողոքի ցոյցեր, ակադեմական նախաձեռնութիւններ, քաղաքական ձեռնարկներ, երիտասարդական-ուսանողական համախմբումներ կը կազմակերպուին ամէնուրեք: Թշնամիին եւ բարեկամին պատգամներ հասցէագրելու, հայութեան պահանջատիրական պոռթկումը արտայայտելու առիթ եղած են  Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ամեակները: Անտարակո՛յս յիշարժան եւ անկիւնադարձային կը մնան 50-ամեակի եւ 100-ամեակի նշումները:

Եթէ 50-ամեակը հանդիսացաւ դարձակէտային փուլ` Հայ դատի քաղաքականացման ու մեր պահանջատիրական երթի վճռակամօրէն դրսեւորման առումով, 100-ամեակը, իր կարգին, հայութեան պահանջատիրութեան համապետականացման տարողութեամբ եւ Համահայկական հռչակագիրի որդեգրումով բացաւ հայրենակեդրոն աշխատանքի նոր հորիզոններ` Հայ դատի տասնեակ տարիներու ձեռքբերած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը յաւելեալ ուժականութեամբ ամրագրելով ու հայութեան արդար իրաւունքներու հետապնդումը սահմանադրական ու իրաւական պետական կենսական  բաղադրիչներով համալրելու:

109-ամեակը այսօ՛ր, պարտաւոր ենք վերածել համահայկական ու համազգային նոր երթի կարեւոր մեկնարկի:

Հայաստանն ու հայութիւնը կը գտնուին ճակատագրական, ճգնաժամային ու ողբերգական աննախընթաց կացութեան դէմ յանդիման: Ժամանակակից այս փուլին, դարձեալ ենթարկուած ենք ցեղասպանութեան, կորսնցուցած մեր հայրենիքի կարեւոր մէկ մասը, հայաթափուած է Արցախը, նորէն տեղահանուած մեր ժողովուրդը ու տակաւի՛ն, այս օրերուն, կ՛ապրինք ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցող Հայաստանի շրջաններու թշնամիին կողմէ զաւթումի սպառնալիքին տակ: Վտանգուած է հայութեան պատմական հայրենիքի մնացորդացը:

Իրերու այս կացութեան մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները` փոխանակ կասեցնելու պարտուողական ու անձնատուութեան թաւալգլոր ընթացքն ու վարքագիծը, օր ցերեկով լծուած են պարտութիւնը ամրագրելու եւ պարտուողական հոգեբանութիւնը արմատացնելու հանրութեան հոգեկերտուածքին մէջ` յանուն, այսպէս կոչուած, «խաղաղ ու բարգաւաճ Հայաստան»-ի: Իւրաքանչիւր օր կը խորանայ նաեւ ներազգային պառակտումը` հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ, եւ աւելի՛ն Հայաստանի իշխանութիւնները չեն վարանիր հայութեան արդար եւ պատմական իրաւունքներու պաշտպանութեան գործընթացը նկատել սպառնալիք, այսօրուան հայրենիքի գոյութեան ու պատերազմի ահաւորութիւնն ու սարսափը շեփորելով` պահանջատէր ազգը կը փորձեն վերածել անդիմագիծ ամբոխի:

Առ այդ` այսօր վերսթափումի ու վերազարթօնքի համընդհանուր պոռթկումը հարկ է դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան նշումը կենսաւորող հիմնական ուղենիշը:

Այո՛, աւելի ու աւելի ուժեղ եւ վճռակամ: Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Պիքֆայա եւ սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որ միասնակամութիւնը ճառագայթէ հայոց երկնակամարին վրայ` տալով նոր յոյսի, նոր պահանջատիրական երկունքի ու համազգային նոր աշխատանքի ազդանշանը:

Վերջապէս, Հայ դատի հետապնդման ջահակիր` լիբանանահայ գաղութը ունի յաւելեալ պարտաւորութիւն հայութեան ապրած այս բախտորոշ փուլին իր ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին:

50-ամեակի եւ 100-ամեակի ոգեկոչումները օրին իրենց տարողութեամբ եւ հնչեղութեամբ նոր դրոշմ մը դրին լիբանանահայութեան ծաւալած պահանջատիրական երթին մէջ: Այսօր նաեւ այդ միակամ ու յանձնառու դրսեւորումը անհրաժեշտ է կրկին ճառագայթէ:

Չմոռնանք նաեւ` ա՛յս պարագային, համայնքի քաղաքական նշանակութիւնն ու դերակատարութիւնը պէտք է մնան անխախտ, եւ իբրեւ այդպիսին ուժական ու միակամ աշխատանքը պէտք է դարձնել հիմնական կիզակէտ:

Հարկ է ունենանք այն ամուր գիտակցութիւնն ու համոզումը, որ իւրաքանչիւր անհատի բացակայութիւնը յաւելեալ փամփուշտ մըն է` տրուած ընծայ թշնամիին, ու յաւելեալ քայլ մը` զիջումի ու պարտուողականութեան:

Պէտք է առաջնորդուիլ  այն  համոզումով, որ հայ ազգը չէ պարտուած:

Հետեւաբար, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին պիտի քալենք միասնաբար` անցեալի ուժականութեամբ ու ապագայի փալուն տեսիլքով:

Պիտի քալե՛նք յաղթանակի ոգիի վերընձիւղման համար:

Պիտի քալե՛նք ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանի երազն ու տեսլականը անմար պահելու համար:

Պիտի քալե՛նք Հայաստանի ու Արցախի համար:

Պիտի քալենք մեր հայու գոյութեան երաշխիքներուն պաշտպանութեան համար:

Պիտի քալե՛նք նորահաս սերունդներու հայավայել, արժանավայել ապագային համար:

Իւրաքանչիւրիս համար այսօրուան նշանաբանը պէտք է դառնայ նոյնը`

ՆԵՐԿԱ՛Յ` ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԻՆ:

 

 

Նախորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն Եւ «Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր» Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ. Այսօր Փելիքընզ – Լէյքըրզ Եւ Թիմպըրվուլվզ – Սանզ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.