Բոլորիդ թոյլտուութեամբ յայտարարեմ, որ գիրքի մը հրատարակութիւնն ու անոր նուիրուած շնորհահանդէսը, գէթ ինծի համար, «ծնունդի, ապա մկրտութեան» ուրախ ու շնորհալի առիթներ են: Հետեւաբար այսօրուան մեր հանդիպման առիթը նուիրական է, ու պէտք է նաեւ բոլորիս համար ըլլայ ցնծութեան առիթ:
Ինչպէս ամէն երեխայ ունի իր ծնողը, իւրաքանչիւր գիրք պայմանականօրէն ունի իր հեղինակը, հետեւաբար անկարելի է անդրադառնալ գիրքի մը մասին՝ առանց անոր հեղինակին ծանօթանալու, ապա ծանօթացնելու, որպէսզի կարենանք պեղել ու գտնել գիրքին արժէքը ձեւաւորող միտքն ու ժառանգութիւնը:
«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքին հեղինակը յանձինս՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, մարդկային տեսակի առումով տիպարն է բարձրագոյն արժէքներ կրող մերօրեայ մարդուն: Ան տարիներու ընթացքին իր ազնիւ վարքով ու անխոնջ աշխատանքով միշտ փորձած է վեր առնել մարդու այնպիսի կերպար մը, որուն բացակայութիւնը մեր կեանքի մէջ շատ յաճախ զգալի է:
Դոկտ. Ճէպէճեանը իսկական քրիստոնեայ մարդու կերպարն է, որուն համար նուիրուածութիւնը կենսակերպ է, իսկ անշահախնդիր զոհողութիւնը՝ գերնպատակ:
Եւ ինչ կ’ակնկլենք այսպիսի անհատէ մը, որուն կեանքի նաւը շրջելով երկրէ երկիր, միայն ու միայն դարձած է բարութեան ակունքները որոնող եւ Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքը հաւատացեալներուն փոխանցող պարկեշտ առաքեալ:
Կարծեմ հարցնելու կարիք չկայ, թէ ո՞վ է Հրայր Ճէպէճեան հայը: Սփիւռքահայ մամուլի գրեթէ բոլոր հասցէները հիւրընկալած են ու կը հիւրընկալեն շարք մը նուիրեալներու անուններ, որոնցմէ ամենապատկարելիներէն մէկն է դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը: Ան իր հայրենաշունչ ու հայրենանպաստ հրապարագրութեամբ, քանի մը տասնամեակներ շարունակ, դարձած է հայ մարդու տագնապներուն անվերապահ թարգմանը, սփիւռքի մէջ անոր ինքնութեան կնճռոտ խնդրի վերլուծողը:
Ակնյայտ է, որ հեղինակը իր յօդուածներով, ինչպէս միշտ, կը ջանայ մշակել ապագայի նախատեսութիւններ, կը փորձէ որոնել անկախ ուղիներ եւ նոր հորիզոններ, ինչպէս կը վկայէ իր յօդուածներէն մէկուն խորագիրը՝ «Հայուն փրկութիւնը իր խելքին մէջ է»:
Հեղինակը խոր պաշտամունք ունի իմացականութեան, որ գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկն է ոեւէ մտաւորականի: Այդ իմացականութիւնը ի գործ կը դնէ ճշմարտութիւններ որոնելու եւ յայտնագործելու, չէզոքացնելու, ինչո՞ւ չէ, չքացնելու ամէն խաբէութիւն, նենգութիւն, որոնք կը վխտան մեր իրականութեան մէջ, եւ որոնք, կարծէք, պաշտօնական, այսինքն սովորական եւ բնական երեւոյթներու վերածուած են այսօր:
Արդարեւ, հայու անաղարտ եւ օրինակելի պատկերի իսկական արտացոլումն է դոկտ. Ճէպէճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ան իր միտքն ու գրիչը ի գործ դրած է տարիներու ընթացքին աշխարհով մէկ ներկայացնելու, իր կեանքով, հայ մարդու տեսակը, անոր տեսիլքը, կամքն ու յուսատու նայուածքը ապագայի նկատմամբ, մէկ խօսքով աշխարհասփիւռ հայութեան ու հայ մտքի ինքնակոչ դեսպանն է:
Գրեթէ իր բոլոր յօդուածներուն մէջ միշտ կը գտնէք հայու ստեղծագործ հետքը, դարերէն եկած ու սլացող տեսիլքը, շինարարի անխոնջ կամքը եւ ամենակարեւորը՝ անխորտակելի յոյսը: Հետեւաբար հեղինակի որոշումը շատ դիպուկ էր՝ կոչել իր նորատիպ ժողովածուն «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» անունով:
Ահա այսպիսի «հօր»՝ հեղինակի մշակած գիրքին քննարկումը չէինք կրնար ընել չ’անդրադառնալով նոյն ինքն հեղինակի մասին:
***
Մեր տրամադրութեան տակ դրուած գիրքին քննարկումը կը սկսինք բովանդակութեան մասին անդրադառնալով:
Բաւականին հաստափոր գիրքը կը բաղկանայ բազմաթիւ յօդուածներէ, որոնք գրի առնուած են 2018-2022 տարիներու ընթացքին:
Ընթերցանութեան հաճոյքը յաճախակի վայելողները կրնան հաստատել, թէ որքան հարազատ ու մերօրեայ բառապաշարով նկարագրուած ու նոյն ինքն մեր աշխարհասփիւռ առօրեան ներկայացնող պատկերներու խճանկաներ են անոնք:
Բոլորին մէջ կը գտնենք քիչ մը մեզմէ պոկուած պատառիկներ, մեր մտքի հայելիներէն արտացոլացող մտածումներ, երբեմն նոյնիսկ մեր յուզականութեամբ շաղախուած:
Իր տեսակին մէջ գնահատելի ներդրում մըն է առկայ ժողովածուն՝ նկատի ունենալով, որ հեղինակը՝ որպէս ճամբորդ, ինքնակամ ու մէկ մէկ աշխատանքային պայմաններու բերումով գրեթէ իր այցելած բոլոր վայրերուն մէջ միշտ փնտռած է շնչող ու արարող հայ մարդը, գուցէ անոր հետքը վեր առած է անոր շնորհքն ու իր ապրած միջավայրին մէջ բերած նոր որակն ու բարձրորակ արժէքը:
Ներկայ ժողովածուն, իր շարք մը յօդուածներուն մէջ, տրամաբանական համեմատականներով ներկայացուցած է մեր ազգային կեանքին մէջ ուռճացած դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները ու զանոնք զուգահեռաբար համեմատած է այլ ազգերու, հաւաքականութիւններու կեանքի հետ:
Նշմարելի է հեղինակի հոգատար մօտեցումը իւրաքանչիւր յօդուածի նկարագրային բաժնի մէջ: Ան մանրակրկիտ ներկայացումով մեզ՝ ընթերցողներս կը փոխադրէ այլ վայրեր, ուր իւրաքանչիւր հայորդի ծաղկեցուցած է իր ճիգին համաձայն, անոնց հայաշունչ ներկայութիւնը կը դառնայ նաեւ մերը, մեր իսկ գիտակցութիւնը գրգռող, նաեւ յոյզերը բորբոքող ճշմարտութիւն: Կ’ապրինք անոնց տագնապները, որոնք տարբեր չեն մերիններէն ու կը փայփայենք նոյն վառ երազները, որոնք թռիչք ստացած են մեր հոգիներէն:
Հետեւաբար մեր տրամադրութեան տակ դրուած սոյն հատորը ընթերցելէ ու քննելէ ետք, անոր բովանդակութիւնը կարելի է ամփոփել երեք գլխաւոր միտքերու մէջ.-
- Հաւատացեալ հայուն դարաւոր տեսիլքը վառ է ու կը մնայ միշտ վառ, մինչեւ այն ատեն, երբ աշխարհացրիւ հայութեան անխոնջ հոգիներուն մէջ վառ է նախահօր Հայկի կտակած ազատատենչ հայու կերպարը, այն կերպարը որ այսօրուան նիւթապաշտ աշխարհի ցուրտէն պատսպարուելու համար գիտէ ջերմանալ՝ իր խորքը ճարճատող հաւատքի հուրով, եւ անոր լոյսով նաեւ գտնել ճշմարտութեան արդար ուղին: Այո հայ մարդը, ուր որ ալ ըլլայ, որ միջավայրի մէջ ալ գտնուի, ան կ’առաջնորդուի իր անաղարտ հաւատքով՝ հաւատք Աստուծոյ հանդէպ, հաւատք իր եղբայրներուն հանդէպ եւ վերջապէս հաւաք իր նկատմամբ: Որովհետեւ մարդ միայն իր ուժերուն հաւատալով չի կրնար ունենալ սեփական տեսիլք, այլ վստահելով իր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ վերջապէս հաւատալով զիրենք միացնող Հօր Աստուծուն:
- Արարող ու զարգացող հայուն կամքը, որ անկոտրուն է եւ ծլարձակող: Կամք, որ ստացած է իր ամրութիւնը պապենական հողի ժայռերէն, սիգապանծ լեռներու վրայ ծնունդ առած իր նախնիներու պատգամը միշտ թելադրած է զինք ըլլալ խիզախ, անխորտակ, ձախողութիւններուն դէմ չընկրկող, որովհետեւ կեանք կը նշանակէ ապրիլ, իսկ ապրիլը՝ յարատեւ պայքար ու յառաջխաղացք:
- Վերջապէս յոյսը, ինչպէս յիշատակուած է աւետարանին մէջ, յոյսը ամօթով չի ձգեր, այն յոյսը որ ապրելու անսպառ ուժն է մեր մէջ, ամէն հայու մէջ, ամէն հաւատացեալ մարդու մէջ, ու կը թելադրէ ապրիլ այն յոյսով, որ ամենավերջը կը մեռնի: Այն յոյսը, որ անձրեւոտ աչքերու սրբիչն է, այն յոյսը, որ ցաւոտ հոգիներու բալասանն է: Այն սրբազան յոյսը, որ մեր ազգի պարտութիւնները դէպի կատարեալ յաղթանակներու առաջնորդողն է:
Յիրաւի, գոհաչափ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը բերին այս գիրքին իրականացման ծրագիրը մշակելու եւ տպագրութիւնը իրագործելու համար, առաջին հերթին վաստակաշատ՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին եւ անոր ազնուափայլ տիկնոջ, հատորի խմբագիր՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեանին: Թող այս հատորը ուրախութիւն, հպարտութիւն, ապագայի վառ տեսիլք, անխոնջ կամք ու մշտադալար յոյս շնորհէ իր բոլոր ընթերցողներուն։
Սրտանց բարի եւ յաջողակ երթ կը մաղթենք գիրքի հեղինակին:
Խօսք Նուիրուած Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին