ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ձեռնադաշնակս յուսամ այս պահուն
Կ՛երգէ, կը նուագէ ճկուն մատներու
Շոյանքներուն հետ, զգացումներուն`
Ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծէ անհուն:
Թէ որ ան հեռու կը մնայ մեզմէ
Սակայն իր հոգին մեր սրտերուն մէջ`
Երազներ անգին, ճոխ մեղեդիներ,
Պարեր, կենացներ կը հրամցնէ:
Յուշանուէրս այս պիտի մնայ
Աւոյին կողմէ միշտ ալ հարազատ
Ու մենք միասին երկար տարիներ
Պիտի շարունակենք
Ընկերութիւնն մեր: